Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԻԼՈՅԻ ԱՍՏՂԻԿԻՆ

Քու մարմարեայ հպարտ վիզդ է՝ որ այսօր
Դուրս կարկառուած կործանումէն դարերուն՝
Իբրեւ շուշան կամ նունուֆար մը աղուոր
Կ'իշխէ բոլոր մեծ Արտերուն վրայ խոհուն:

Աչքերուդ մէջ ամբողջ լոյսը կը ցոլայ
Հելլէնական մըշտապայծառ Երկնքին,
Ցայտեց հոգի մ'այդ բիբերէդ մարմարեայ՝
Երբոր ինկան մուրճին ներքեւ հանճարին:

Արձանէդ իսկ գորով ու կեանքը կը բղխի՝
Կարծես ծընած ըլլայիր նոր՝ ծովէն գէջ,
Կարծես վիհին լուս կաթիլները աղի
Դեռ շողային այտերուդ զոյգ փոսին մէջ:

Բայց քու թեւերդ ո՞ւր մնացին, ո՛վ Աստղիկ.
Խորը ծովո՞ւն՝ թէ տարրերուն՝ ընկղմած
Դեռ կ'որոնեն Սիրոյ մարգրիտն ըզմայլիկ՝
Ճակտին համար մեր Աշխարհին զառամած:

1913, մայիս, Բերա