Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՐԱՒԷՐ

Այսպէ՛ս, բոպիկ, բաց լանջքով,
Դէպի դաշտե՜րը երթանք։
Միթէ, ըսէ, ո՛վ գեղուհիս, ոճիր չէ՞
Քօղարկել ծոցը սիւքերու համբոյրին,
Չընե՜լ խորան զայն ծոթրենի խունկերուն
Եւ աստղերու աստուածավառ նայուածքին.
Չէ՞ մեծ եղեռն՝ ըլլալ սիրող ու չըքնաղ՝
Եւ պիղծ քաղքին պատերուն տակ քաշքըշել
(Ծածկելու մեծ խընամքով)
Մերկ ժըպիտները աչքերուն, հրայրքն այտին,
Ծամերը սեւ, սըրտի՜ խեղդան, ու թովիչ
Ըստինքներն այն՝ որոնց առջեւ՝ առնական
Հոգին աչքի մէջ կ՚ոստնու։

Դէպի դաշտե՜րը երթանք…
Աղբիւրներուն երգին մէջ,
Եւ յասմիկի ողկոյզներուն ներքեւ լուրթ,
Իրերն ամէն պիտի ժըպտին մեր աչքին.
Պիտի մեր մէ՛ջ ըզգան, մեր մէ՛ջ մըտածեն,
Զի (հոն միայն մե՛նք գերբնական) պիտ՚ ըլլաս
Դու Բնութեան սիրտն ու ես ուղե՛ղը անոր։
Սէզերուն վրայ, սաղարդներուն տակ սարսռուն՝
Նըման աստղէ կամ բուռն հովէ մը ծընած
Մենք վըհուկի ոգիներ՝
Պիտի ընենք, համբոյրներով երդունցող,
Մեծ ուխ<տ>ը այն մեծ սէրին՝
Զոր սըրտիս հետ, սըրտէս <աւել> սընուցի.
Հոն, առջի հեղ ըլլալով,
Դըրժըւելու կասկածանքին դէմ ըմբոստ,
Ո՛հ, պիտի սիրտս ականջէդ վար դատարկեմ.
Պիտի պատմեմ, ժըպիտներէդ խրախուսուած,
Գաղտագողի դեգերումներս ետեւէդ
Այրող կարօտըս ձայնիդ,
Կամ օր մ՚հոգւոյդ տիրացումին համար՝ իմ
Ջերմ աղօթքներս երկու սեռի սուրբերուն.
Յետոյ թուեմ պիտի վէրքերըս բոլոր
Որոնք խոտող նայուածքէդ դե՜ռ կը մըխան.
Եւ ոտն առ ոտն ես պիտ՚ յուզուիմ, զըսպըւած
Հրաբուխն ինծմէ պիտի ժայթքէ բոցերն հին,
Հին սէրերու դըրժըւած,
Եւ յոյսերու մոխիր, գուցէ եւ արցունք
Լաւաներու հեղեղով։
Ոտքիդ առջեւ ջըրվէժ մը ես պիտ՚ ըլլամ,
Եւ դուն վերեւս՝ իմ շառաչէս ահաբեկ՝
Պիտի դողաս ճիւղի մը պէս մորենւոյ
Ո՛հ, այն ժամուն, ներէ, կո՛յս,
Գուցէ Սիրոյ նիւթը շուրթիս վըրայ հեստ՝
Այնպէ՜ս գոռայ զերդ մըրրիկ՝
Որ դու մըռայլ բիբերուս մէջ դալկանաս…
Կանտ, նոյեմբեր, 1905