ԴԱՐՁ
Ես
հեռաւոր
տընակ
մ'ունիմ
Շինուած
լիճին
ափն
ամայի:
Դուռը
բաց
է.
հոն
մտերիմ
Ճրագս
է
վառ
ու
կը
նայի:
Անկէ
մեռել
մ'հանեցին
դուրս.
Աքսորեցին
հոգիս
անկէ:
Այժըմ
շեմին
վըրայ
կատուս
Աղիողորմ
կը
մըլաւէ:
Օր
մը
նորէն
դառնամ
գուցէ.
Մարա՜ծ
գըտնեմ
ճըրագս
յաւէտ.
Դողդոջ
ձեռքս
դուռը
գոցէ.
Ու
լամ
լացող
կատուիս
հետ: