ԳԵՂՕՆ՝
ԱԼԻՍԻՆ
Դուն
կոկոն
մ'էիր,
Մայրիկըդ
ճաճանչ,
Իր
համբոյրին
տակ
Բացուեցար
կակաչ:
Դուն
կըծիկ
մ'էիր,
Մայրիկըդ
կարժառ.
Իր
կեանքին
թելէն
Թել
առիր
մեծցար:
Դուն
ջահի
պատրոյգ,
Մայրըդ
իւղ
վըճիտ.
Զինքը
ծըծելով
Լոյսն
առիր
կեանքիդ:
Դուն
խունկ
մըն
էիր,
Մայրըդ
խընկաման.
Իր
բոցէն
հալած՝
Բոյրն
եղար
ձեր
տան:
Դուն
սազ
մըն
էիր,
Մայրըդ
սազերգու.
Իր
մատերուն
տակ
Սիրերգ
մ'եղար
դու:
Թէ
կ'ուզես
ըլլալ,
Ալիս,
իմաստուն,
Մօր–սէրը
պսակէ
Պսակով
աստղերուն:
1
յունուար,
1915