Սիլիհտարի պարտէզները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Կարապետ աղայի դպրատանը պատահած դէպքէն յետոյ անկարելի էր այլեւս հոն յաճախել։ Հարկ եղաւ ուրեմն որոշում մը առնել։

Մաքրիկ մօրաքոյրս կ’ուզէր որ մայրապետներուն դպրոցը երթամ, որպէսզի Ֆրանսերէն սորվիմ. մեծ մայրս կը փափաքէր որ մեզ երկուքս դնեն Մեզպուրեան վարժարան, ուր կը յաճախէին Սկիւտարի բարեկեցիկ եւ հարուստ ընտանիքներու աղջիկները։ Գալով Երանիկ մօրաքրոջս՝ այն կարծիքը ունէր որ այդ բոլորը պարապ բաներ են։

Իշտէ Պօղոսը եւ Պետրոսն ալ դպրոց գացեր են, ի՞նչ են եղեր, կ’ըսէր ան ու կ’առաջարկէր մեծը կար կարողի մը քով աշկերտ դնել, իսկ պզտիկը՝ որ խելօք եւ հմուկ [1] չոճուխ էր, առայժմ պահել տունը։

Հայրս բոլոր կարծիքները լսելէ յետոյ յայտնեց թէ թաղային վարժարանէ դուրս բոլոր միւս դպրոցները անընդունելի էին իրեն համար։

Թաղին դպրոցը, կ’ըսէր հայրս, գիտեմ, շատ թերութիւններ ունի, բայց մերն է, մեր ամենուսն է։

Եւ ահա օր մը մեզ երկուքս առաջնորդեցին Ս. Խաչ վարժարանը, որուն մուտքի թուղթերը հայրս գացեր առեր էր տնօրէնէն։

Այն ատեն ես տասը տարեկան էի եւ քոյրս՝ վեց տարեկան։

Որոշուած էր որ քոյրս պիտի չդնէին ծաղկոցը, որ գէշ եւ անխնամ վիճակի մէջ էր եւ ամէնքը կը կոչէին խամրոց։

Երիտասարդ եւ սիրուն վարժուհի մը բռնեց մեր ձեռքերէն եւ տարաւ աղջկանց բաժնի երկրորդ հարկի ընդհանուր սրահը, ուր այդ ժամուն հաւաքուած էին բոլոր դասարաններու աշակերտուհիները։

Անմիջապէս դպրոցներու յատուկ ծամուած թուղթի, մելանի եւ փոշիի հոտը մեզ դիմաւորեց։ Վարժուհին մեզ առաջնորդեց մեզ համար որոշուած տեղը եւ ժպտելով պահ մը խօսեցաւ ընդհանուր հսկիչին հետ, որ թուխ, կարճահասակ եւ գէր օրիորդ մըն էր։

Ես եւ քոյրս՝ Մաթիլտ, դեռ անվարժ դպրոցական նստարաններու, կռնակնիս դարձուցինք գրասեղանին եւ նստեցանք մեզ համար հանգիստ, ոտքերնիս կախած դուրսի կողմը։ Անմիջապէս քրքիջներ լսուեցան մեր շուրջ բոլորը եւ մեզ առաջնորդող վարժուհին իր խօսակցութիւնը ընդհատելով եկաւ մեզ տեղաւորեց ինչպէս հարկն էր։

Յետոյ գիրք մը բացին եւ ինձ տուին, որպէսզի կարդամ։ Ես արդէն շատ սահուն կը կարդայի. վերցուցի ընթերցանութեան գիրքը եւ սկսայ ձայնս ձգել եւ կարդալ, ինչպէս սորված էինք Կարապետ աղայի մեթոտով։ Հարկ եղած վանկին վրայ շեշտը կը դնէի, վանկը կ’երկարաձգէի եւ ձեռքովս գրասեղանին զարնելով կը նշանակէի երկարաձգման չափը։ Ընդհանուր ծիծաղ եւ քրքիջ տակն ու վրայ ըրին սրահը։ Հսկիչ վարժուհին իր սեղանին առաջ անցած մէկ ձեռքով անվերջ քանակը կը զարնէր սեղանին եւ միւսով կը զանգահարէր, որպէսզի սրահը հանդարտի։ Աչքիս ծայրով կը տեսնէի որ մեծ աղջիկները կողերնին բռնած կը նետուէին մէկ աջ եւ մէկ ձախ ու կը մարէին խնդալէն։ Առաջին պահուն չհասկցայ որ իմ արտասովոր ընթերցանութեան եղանակս էր որ առաջ կը բերէր այդ ծիծաղները եւ տակն ու վրայ կ’ընէր սրահը, բայց երբ հասկցայ, տաք ջուր իջաւ գլուխէս վար, որուն յաջորդեց պաղ քրտինք։ Քոյրս, Մաթիլտ, կու լար, իսկ ես կը նայէի ամբողջ սրահին ոխերիմ զգացումներով։

Առաջին անգամն էր որ իրապէս հաղորդակցութեան կը մտնէի արտաքին աշխարհին հետ։ Նոյնիսկ Կարապետ աղային դպրատունը, դեռ երբեք, իմ խարիսխէս, մայրենի տունէս չէի կտրուած։ Առաջին անգամն էր, ուրեմն, որ առանց տնեցիներուն մէկն ու մէկին պաշտպանութեան, երկու քոյր նետուեր էինք դուրսի անծանօթ եւ թշնամական աշխարհին մէջ։

Ընդարձակ սրահը իր շարք-շարք նստարաններով, որոնք վրաներէն անհամար գլուխներ կը դառնային դէպի մեզ, ալեկոծ ծովու մը տպաւորութիւն կ’ընէր։ Քոյրս կը շարունակէր լալ աղիողորմ հեծկլտանքներով եւ ես կը նայէի շուրջ բոլորս՝ կառչելու տեղ մը փնտռելով։ Ոչ մէկ բարեկամական նայուածք չէր պատասխաներ իմ ակնարկիս։ Այն ատեն չեմ գիտեր ի՛նչ ուժէ մը մղուած ելայ նստարանին վրայ եւ կանգնեցայ։ Ձեռքերս կապեր էի կռնակս եւ շուրջս կը դիտէի, դառնալով մէկ եւ միւս կողմը։ Հսկիչ վարժուհին եկաւ ինձ մօտ, կրկին նստեցուց եւ խրախուսելու համար ինձ ըսաւ թէ շատ լաւ կը կարդայի, բայց թէ ոչ պոռալու պէտք կար, ոչ ալ վանկերը շեշտելու։

Ինձ դրին երրորդ դասարանը եւ քոյրս՝ վեցերորդ։ Այն հանգամանքը, որ ընտելացած էի գրաբար ընթերցանութեան, ինձ վարկ տուաւ դասարանիս մէջ։ Շուտով ուշադրութիւն գրաւեցի նաեւ պատմութեան եւ աշխարհագրութեան մէջ, որովհետեւ ոչ միայն շատ ուժեղ յիշողութիւն ունէի, այլեւ միտքս պահածս պատմելու ընդունակ էի, իսկ յիշողութեան բացերը կը լրացնէի ճարպիկ կերպով։ Դասատուներս առհասարակ ուշադրութիւն կը դարձնէին ինձ։ Կը համարէին որ շատ ընդունակ աշակերտ եմ, բայց ծոյլ, որովհետեւ երբեք չէի պատրաստեր գրաւոր դասերս։ Դասամիջոցներուն, ցերեկուան արձակուրդին եւ իրիկունը դպրոցէն արձակուելէ յետոյ, անսանձ եռանդով անձնատուր կ’ըլլայի խաղերու։ Յաճախակի կը կորսնցնէի գիրքերս եւ տետրակներս, երբեմն նոյնիսկ կրկնոցս եւ կրկնակօշիկներս։ Թէ՛ դպրոցը եւ թէ տունը ամէնքը կը գանգատէին ինձմէ, կը սաստէին, կը պատժէին եւ նոյնիսկ կը ծեծէին։ Ես, որ հիւանդութեան եւ այլ պատճառներով եղած էի երեխայ մը, որուն հետ միշտ քնքշութեամբ կը վերաբերուէին, այժմ դարձեր էի պատուհաս մը, որ չէին գիտեր ի՛նչպէս զսպել։

Որովհետեւ ոչ ոք, ոչ ինձ գանգատող ուսուցիչները, ոչ իսկ հայրիկս չէին գտած միջոցը ուղղութիւն տալու, հուն մը տալու այն ուժերուն, որ իմ մէջս կը բարձրանային, ինձ կը դրդէին եւ որոնք կ’արտայայտուէին երբեմն իբր բուռն զգացումներ եւ յաճախ ինձ կը մղէին ըստ երեւոյթին անտրամաբանական շարժումներու եւ արարքներու…։

Այլ սակայն չեմ կարող ըսել թէ դժբախտ երեխայ եղած եմ. այդ տարիներուն դժբախտութեան գաղափարն իսկ չունէի։ Իմ անհատական տրամադրութիւններս կը հանդիպէին բուռն դիմադրութիւններու եւ ես կը պայքարէի անընդհատ Ֆիզիքապէս եւ խելքով։ Երբեք չէի համարեր որ ուժէս վեր է այդ պայքարը եւ նահանջելու ոեւէ գաղափար չունէի։ Կը պայքարէի տնեցիներուն դէմ, դպրոցին դէմ, իմ տարեկիցներուս դէմ, անդուլ անդադար։ Երբեմն ժամանակաւոր յաղթանակ մը կը տանէի, բայց շատ աւելի յաճախ կը պարտուէի։ Բայց այդ պարտութիւնները ոչ ինձ կը դառնացնէին եւ ոչ ալ կը յուսահատեցնէին։ Պարտութիւնը կը մարսէի, կը չեզոքացնէի, անմիջապէս ընդունելով որ պարտուած եմ եւ կը վերսկսէի նոր պայքարի։ Այդ էր իմ կեանքի անհրաժեշտութիւնը եւ այդպէս ալ մնաց մեծնալէս յետոյ իմ կեանքի բոլոր շրջաններուն, տարբեր պայմաններու եւ հանգամանքներու մէջ։



[1] Խօսք լսող։