Նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
13 Առ Պ. Տ . Ադամեան
       Բարեկա՛մ.
       Չեմ գիտեր թէ ի՛նչ գրեմ. ո՜հ , դժուար է խօսիլ անհունի մը համար, անհունը շուրթեր չը կրնար ունենալ, անհունն ինքն իր մէջ կը թաղուի, ինքն իր մէջ կը փողփողէ:
       Ես ալ առաջինը չ՚եմ (թող այս խօսքը քեզ չը տխրեցնէ ), իմ հոգին յառած է դալկահար եւ անհուն աշխարհի մը, զոր երկինք կը կոչեն… Ա՜հ, բարեկամ, կ՚ուզեմ զգալ թէ երկին մը կայ, վասնզի դժուար է ինձ հաւատալ թէ աշխարհ մը կայ ինձ համար… եւ ի՜նչ աշխարհ… Ես ըսած եմ անգամ մը, թէ աշխարհ Աստուծոյ՝ այն գերմարդկային տիտանին ձանձրոյթի մէկ հառաչն է, հառաչ մը, որ աշխարհաստեղծութենէ առաջ գահոսային խառնակութեան մը վրայ յառաջ եկաւ… Աղէտալի՜ փոթորիկ Աստուծոյ մը սրտին, անհուն անապատի՜ մը:
       Դու կ՚ըսես վերջին նամակիդ մէջ. «Իբր թէ յաստիս միայնակ, «ո՞ւր ես » կը գոչես ինձ. այդ հարցումդ զիս տխրեցուց, միթէ սրտիդ ծալուցը մէջ անգամ չը գտա՞ր զիս»:
       Ա՜հ, միթէ յիշատակ կը բաւէ՞ ամենասիրելւոյ մը կրակոտ յիշատակը միթէ կը բաւէ՞ անոր համար, որ «մնաս բարով»ի տխուր թել մ՚է դարձած, որ «դալկութեանց բուրաստանին » կ՚որդեգրի, յանցա՞նք է միթէ բարեկամ մը կարօտիլ, անոր հոգւոյն ծարաւին ըլլալ, անոր խօսիցն ու ժպիտներուն անօթին ըլլալ… ո՛չ, չը բաւեր ինձ յիշատակդ, դու ինքնին միայն չը բաւես ինձ. ինչպէս որ ես Վարդանի՝ դու ալ իմ ցուրտ ու անթարթ աչերը պիտի փակես… Մի՛ տխրիր բարեկամ… ես տխուր֊զուարթ մ՚եմ. ո՛չ, դողդոջ երջանիկ մ՚եմ… մահու դալուկը իմ ճակտին վրայ կը պլպլայ իբրեւ մելամաղձոտ ժպիտ մը, դալկահար ժպիտ մը որ զիս երկնքի հետ կը միաւորէ:
       Երբ լսեցի որ գարնան հոս պիտի գաս, սիրտս անհուն ուրախութեամբ մը զեղուեցաւ… Ինչո՞ւ արդեօք ինձի ղրկած նամակովդ այս լուրը չը տուիր:
       Գիտեմ որ սիրելի է քեզ կարդալ եւ հեղեղել ամենասիրելւոյ մը յիշատակը… ուստի Վարդանի գերեզմանին ուղղեալ սա ներփակեալ տաղերգութիւնը ղրկեցի:
       * Սա խօսքը թէ՝ «Մեր անիծից ահաւորութիւնը, օր մը պիտի սարսռի հարկաւ այն գերագոյն անգութը, զոր մենք Աստուած կը կոչենք » զքեզ ահաւոր բանաստեղծ մը նկարեց իմ առջեւ…:
       Մնաս բարեաւ, ի տեսութի՜ւն:
       Պ. Դուրեան
       1871 Հոկտ. 14
Սկիւտար