14
Առ
Պ.
Տ .
Ադամեան
իմ.
Այն
վերջին
նամակիդ
փոխարէն,
յորում
ճշմարիտ֊բարեկամական
գորով
մը
կը
հեծկլտար,
ուզեցի
սրտիս
անդունդներէն
աստղերու
դուրս
հեղեղել,
այլ
աւա՜ղ,
այն
անդունդները
բոլորովին
ցամքած
գտի:
Շնորհակալ
եմ
որ
զիս
կը
մխիթարես,
սակայն
ես
արդէն
ըսած
եմ,
թէ
բնաւ
մահուանէ
վախ
չ՚ունիմ,
վասնզի
տքնեցայ
ինքզինքս
զզուեցնել
աշխարհէն.
եթէ
ցաւ
մ՚ունիմ,
այն
է
թէ
զքեզ
վերջին
անգամ
չը
պիտի
կարենամ
տեսնել ,
վասնզի
յանկողնի
եմ,
ա՛լ
դուրս
ելնելու
կարողութիւն
չը
մնաց
վրաս.
սանդուղէն
վար
իջնելու
հարկ
է
որ
յենարանին
կրթնիմ:
Ալ
բոլորովին
յայտնի
առաջին
օրէն
գիտէի
եւ
միշտ,
մինչեւ
անգամ
բան
մը
չունեցած
ատենս,
անդրդուելի
պահեցի
այն
,
թէ
ես
«երկնքի
հիւանդութիւնն
»
ունիմ:
Ափսո՛ս,
շատ
հեռու
կ՚երեւի
ինձ
փթթինազարդ
Գարունը,
ձմրան
ձիւները
իմ
սիրած
հետ
(ուր
միատեղ
շատ
անգամ
իրարու
սիրտ
կը
ծծէինք
)
զիս
ալ
կ՚սպառնան.
եթէ
քու
գալուստդ
գարնան
,
շատ
կը
սոսկամ
որ
ո՛չ
մտերմական
ժպիտդ
հետեւաբար
ո՛չ
ալ
գարնան
փթթումը
պիտի
տեսնեմ:
Ալ
բոլորովին
մարմնոյս
հետ
միտքս
ալ
տկարացաւ,
մարեցան
խանդերս…
ո՛չ ,
չեմ
կրնար
գրել,
ցամաք
են
բոլոր
գրածներս…
կ՚ուզէի
շատ
բաներ
գրել
իմ
այս
նուաղեալ
ժամերուն…
ափսո՛ս,
կ՚ուզէի
իբրեւ
յաւէրժական
յիշատակ
երկտող
տաղ
մը
գրել
քեզ,
սակայն
իմ
մէկ
լաւ
եւ
փայլուն
ժամուս
կ՚ուզեմ
գրել,
ցամաք
չը
լինի…
իսկ
եթէ
դժբախտաբար
չը
կարենամ
գրել,
գրուած
համարէ
զայն
իմ
հողերուն
վրայ:
Կ՚աղաչեմ,
եթէ
ժամանակ
ունենաս,
նամակներդ
ստէպ
եւ
երկար
ըրէ՛,
ո՜րչափ
սիրելի
են
ինձ
անոնք.
մնաս
բարեա՜ւ…
(չըլլա՜յ
յաւէրժական)…
Ի
տեսութի՜ւն:
Պ.
1871
Նոյեմ.
23
Սկիւտար