Նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
6 Առ Պ. Տ . Ադամեան
       Սրտակից բարեկա՛մ.
       Ժամանակէ՛ մ՚ի վեր է որ քեզ նամակ մի գրեցի, որ անպատասխանի մնաց. չցաւեցայ յայդ, հասկցայ որ պատասխանելու կամ միջոց չ՚ես ունեցած կամ կարեւորութիւն չ՚ես տուած, թէպէտ կրնայի այն ատեն եւս նամակ մը երկրորդել սակայն ի՞նչ պիտի գրէի. ի՞նչ կրնայ գրել այն՝ որուն սիրտը դատարկ է. պիտի մակաբերես արդ իւրովի, թէ քանի որ այժմ կը գրեմ՝ անշուշտ սիրտս լցուն ըլլալու է. ՜. ՜. ՜. այո՛, առելի է նա սգալի յիշատակի մը արտոսրով:
       Ես գրեթէ խաղաղ կը նիրհէի, երբ Մայիս 21ի սեւ գիշերն կը քրտնէր, երբ հոգի մը սրտերու եւ գերեզմանի մէջտեղ կը կողկողէր:
       Փըտտեցան նորա ոսկերքը հիմա, հարթ եւ անյայտ եղաւ նորա հողակոյտը… Չ՚էի ուզեր հաւատալ թէ պիտի մեռնի մինչեւ այն ժամանակ, երբ իր վերջին նուաղեալ նայուածքներէն մին արձակած ատեն, դեռ ինձ չհասած երկուքիս մէջտեղ ինկաւ՝ մարեցաւ… մինչեւ այն ատեն, երբ խղդուկ ձայնը տխուր «մնաս բարով»ի մէջ կը մարէր… Ա՜հ , յիշատակներ կան, որոնք իրենց շարունակութեանը մէջ միշտ միեւնոյն շանթերն են…: Սրտիս ծալուցը մէջ միայն մէկ կորովի խորշ մը կրցի իր տխուր դամբանականը արտասանելու վերապահել :
       Ինչպէս որ տեղ մ՚ըսած եմ, մարդկութեան վառարաններէն մէկուն՝ վարժարանի մը մէջ, սեւ ճակատագիրը երկաթեայ պսակով մը մեր գլուխները իրարու մօտեցուց, սեղմեց, ի մի խմորեց գաղափարները, եւ մեզ՝ մանուկ հանճարներս՝ դալկահար շանթերու փունջ մ՚ըրաւ. եւ այդ սեւ ճակատագրիս պըլլուած շանթերէն մին կը մարի ահա բոլորովին, տխուր վերջալոյս մը պատկերելով իր սիրելեաց սրտին խոր:
       Տխո՜ւր խոստովանութիւն:
       Ես Վարդանի շարունակութիւնն եմ:
       Ազնիւ բարեկամ, ձմեռը քեզ կը գրէի թէ կը մսիմ՝ արդ կը դողդոջեմ , բերնէս միշտ արիւն կը հոսի, կը հիւծիմ, ճակտիս վրայ կենաց շիկնոտ ժպիտը կը տժգունի: Անդուլ կերպով քնարս կը թօթուեմ անհուն «մնաք բարով»ի մը համար անոնց, որոնք իրենց ծալքերը ինձ չը բացին, այլ միայն դուրսէն ճաճանչեցին, նախ կնո՜ջ… երեւակայութեանս տիրուհւոյն… երազի այն երփներանգ աստղին կամ ճաճանչոտ ծաղկին… ո՛չ աւելի՜ն, շողերու եւ բոյրերու թագուհւոյն…
       Ա՜հ, ներա մէկ շողը երազ մը կը վառէ, ներա մէկ բոյրը սրտի մը մթին խորանը կը խնկարկէ…: Մեռնի՜լ թարմ եւ երազկոտ… մեռնի՜լ առանց մարմարեայ ճակտի վրայ խորշոմ մը գծուելու , առանց շուրթեր համբոյրով մը բորբոքելու, առանց հոգին ժպիտով մը հրդեհելու , մեռնիլ. ՜. ՜. ՜ տխուր է այդ, սակայն ...............................................................................................................
       Շատ կը ցաւիմ որ պիտի կարենայիր անցեալները հոս գալ, բայց դարձեալ սեւ ճակատագիրը արիւնոտ ձեռքը կարկառեց մեզ ու խառնակեց ամէն բան: Չ՚եմ գիտեր թէ նորէն գալուդ համար միջոց պատրաստուա՞ծ է. եղբայրդ քանի մի օր է տեսած եւ հարցուցած չ՚եմ:
       Ա՜հ, կ՚ուզեմ հետդ տեսակցիլ. դարձեալ ես նոյնն եմ, միայն թէ քիչ մը գերեզմանի հակած եւ խոկմանցս գագաթնակէտը յառած եմ: Կը յուսամ որ ալ քենէ նամակ մի կ՚ընդունիմ, կամ քիչ օրէն հոս կը տեսնուինք…:
       Բարեկամդ
Պ . ԴՈՒՐԵԱՆ
       1871 Յուլիս 6
Սկիւտար