9
Առ
Մեծ.
<ապատիւ
>
Ա.
Էֆ.
<ենտի
>
Լուսինեան
Կ .
Պոլիս
Եղբայր
իմ,
Շնորհակալ
եմ
որ
միշտ
կը
յիշէք
զիս.
«յուշը»
քոյրն
է:
Կը
ցաւիք
անշուշտ
որ
ես
փոխադարձաբար
չ՚եմ
խօսիր:
Ձեզ
յիշեցուցած
եմ
արդէն,
որ
ես
«վսեմ»ին
առջեւ
կը
պապանձիմ.
պատասխանելու
համար
բաւական
կը
համարիմ
երբ
արտօսր
մը
աչքիս
ետեւը
կ՚այրի,
եւ
շունչ
շուրթերուս
կը
,
մանաւանդ
հիմա
որ
հոգւոյս
կենսաբոյր
ծաղիկը
թօշնած
է,
եւ
նորա
տեղ
վէրք
մը
կը
մխայ
ներսս:
Երկու
տող
բան
չ՚եմ
կարող
գրել,
երեւակայութեանս
մէջ
ցուրտ
մշուշ
մը
կայ
թանձրացած,
վայր
ընկան
գլխուս
աստղերը,
սեւ
ամպերը
:
Հիւանդութի՛ւն
եւ
ամբուժութի՛ւն,
գերեզմանի
այդ
երկու
ստինքը
կը
ծծեմ.
յուսահատութի՛ւն,
գերեզմանի
այդ
սեւ
կաթը
կը
խմեմ…
Ինձ
համար
չկայ
յոյս,
անդունդին
մէջ
շիւղի
մը
պլլուած
եմ.
իմ
փրկութիւնս
է
աստղի
մը
պլլուիլ,
եթէ
սեւ
ճակատագիրս
ճերմակ
բիծ
մ՚ունի…:
Ազնի՛ւ
Եղբայր ,
ո՞վ
դրդեց
գորովիլ
իմ
վրաս,
ունկն
դնել
անձի
մը
,
եւ
զուարթ
թիթեռնիկ
,
սիրել
նոճիի
մը
շուքը…
Ազնի՛ւ
Եղբայր,
թիթեռնիկով
մը
նոճի
մը
սգաւորութենէ
չը
դադրիր,
այլ
գուցէ
նորա
ցուրտ
շուքին
ներգործութեան
ներքեւ
գողտր
թիթեռն
մը
թօշնի…
Ա՜հ,
մթագնաց
է
երեւակայութիւնս.
ո՜հ,
ո՞ւր
էք
կրակք
իմ…
…
եւ
ա՛լ
չը
պիտի
.
Շունչն
անցաւ
Ձեր
վրայէն,
որ
աստղերը
կարող
է
մարել…:
Դեռ
կ՚ուզեմ
գրել,
բայց
կը
թէ
այնչափ
ուժաթափ
են
այս
խօսքերը
որքան
գունաթափ
է
զանոնք
ներշնչող
հոգին…
Իմ
մէն
մի
խօսքերս
Դուք
Ձեր
վառ
երեւակայութեամբ
մէկ
մէկ
գրքեր
ըրէք
եւ
զիս
պիտի
լաւ
կարդաք
այն
ատեն,
լաւ
պիտի
սուզիք
յ՚իս:
Եղբա՛յր
իմ,
ներեցէք
գրութեանս
աններդաշնակութեանը.
ի՜նչ
ուղղութիւն
պահանջել
աւրուած
դաշնակէ
կամ
նուագարանէ
:
Ի՜նչ
գրելս
չեմ
գիտեր:
Կ՚աղաչեմ,
բաւ
համարեցէք
քնարի
մը
այսչափ
հեծեծանքը:
Քանի
որ
ժամանակնիդ
ներէ՛,
կ՚աղաչեմ,
Ձեր
սիրալիր
գրութիւնքը
մի՛
զլանաք
որոնք
միշտ
զիս
պիտի
ի
վսեմն:
Դուք
ինձ
տալ
խոստացած
էիք.
եթէ
կարելի
է
զանոնք
շնորհելու
փութացիք,
վասնզի
առանց
կարդալու
բան
մ՚ունենալու՝
դուրս
չ՚ելնելու
ստիպուած
շատ
կը
նեղուիմ:
Ներա
հետ
ի՞նչ
ունեցաք,
մինչեւ
հիմա,
կ՚աղաչեմ,
տեղեկութիւն:
:
Պ .
Դուրեան
1871
Սեպտ.