Դատապարտեալը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ա
       Երբ Նօայլի տիկին Մարքիզուհին երեւցաւ իւր օթեակին մէջ, միւս օթեակներու հանդիսականք ոտքի ելան ամէնքը միասին, իբր մէկ զսպանակէ մղեալ։ Պարողք ընդհատեցին պարերն եւ յարգանօք դարձուցին իրենց երեսները դէպի մեծ օթեակն։ Հանդիսականք եւ պարողք կ՚ողջունէին Ֆրանսայի Տիկին մը , որ շնորհած էր իւր հովանաւորութիւնը Ազգանուէր Հայուհեաց պարահանդէսին։ Նուագածուք խրոխտահնչակ հնչեցուցին Մարսէյեէզը։ Քաղաքավարական այս պարտաւորութեան կատարումը գրաւեց տասը վայրկեաններ։ Որքան ալ կարճ երեւի այս ժամանակամիջոցն՝ ի նկատ առնելով գիշերուան երկայնութիւնը, բայց եւ այնպէս անախորժ միջադէպ մը համարեցին նոքա , ոյք խանդ ու աւիւն կտրած, կը սուրային, կը սլանային։ Ամէն թռիչ, որ արգելքի մը կը հանդիպի եւ կը կասի, դժգոհ կը մնայ։ Այդ վայրկեաններու դժգոհաց մէջ անհամբեր կը հանդիսանային մի քանի երիտասարդներ, ոյք շրջապատած էին սեւ տօմինօ հագած կին մը եւ կը ջանային լսել նորա իսկական ձայնը։ Երբ վերջացաւ ընդունելութեան արարողութիւնը, մեր երիտասարդք քաջաբար շարունակեցին իրենց ռազմագիտութիւնը սեւ Տօմինօյին շուրջը։ Ի զուր էին ամէն ջանք. սեւ Տօմինօն, լաւ պարածածկեալ, կը պատասխանէր նշանացի, կամ թէ կեղծ ձայնիւ։ Կինը, որ զմեզ կը գերազանցէ երկու պարագաներու մէջ, կեղծաւորութեան եւ անկեղծութեան մէջ, պարահանդէսն սքանչելի առիթ մը կը համարի կատարելապէս օգուտ քաղելու՝ իւր սեռին կեղծելու համար ունեցած բնաձիր յատկութիւններէն։
       Հանգստեան միջոց մ՚էր , փոքրիկ, կեղծ ծխափող մը բերանը. հագուած անգղիացի նաւաստիի տարազով, պարահանդիսի սրահէն աշխուժիւ ներս մտաւ երիտասարդ մը, արձակ համարձակ։ Օթեակներու հայեկներէն մի քանին անոր վրայ յառեցան։ Նաւաստին աչքերը ժուռ ածեց չորս կողմը եւ նշմարելով սեւ Տօմինօն եւ նորա Ասպետն, որ անդիմակ էր, գնաց ուղղակի անոնց մօտ։ Ասպետն սկսաւ խնդալ, նաւաստին, առանց խօսելու, բացաւ գլուխն, ողջունեց Տօմինօն ու Ասպետն եւ հտպտական շարժումներով մատոյց իւր բազուկը Տօմինօյին։ Ո՛չ Ասպետը, ո՛չ Տօմինօն դիմադրութիւն ըրին։ Նաւաստին ու Տօմինօն թեւ թեւի անցուցած անմիջապէս հեռացան։ Նուագածուք վալս մը կը հնչեցնէին։