Դատապարտեալը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Գ
       Հազիւ տասն եւ վեց տարեկան, Սաթինիկ կը թողուր դպրոցը, բայց ոչ շատ ուրախութեամբ։ Յորմէհետէ խելահաս եղած էր, իր օրուան կեանքն երկու մասերու կը բաժնուէր. մին գոհութեան, միւսը՝ դժգոհութեան։ Զուարթ էր դպրոցէն երբ ներս մտնէր , ձանձրոյթ կ՚զգար տան մէջ։ Բնութենէն օժտեալ ընտիր ձիրքերով, Սաթինիկի համար դպրոցն այն գեղաժպիտ դաշտն էր, ուր արեւը, օդը կը նպաստէին նմա աճիլ եւ ուռճանալ։ Կը սիրէր գրագիտութիւնը, կը սիրէր գեղարուեստները, կը սիրէր ընկերները, կը սիրէր ուսուցիչները։
       Բայց դպրոցէն երբ տուն կը վերադառնար, դժուարութեամբ կը շնչէր, ինչպէս գարնան աղւոր օրերը շատ անգամ թեթեւ մէգ մը կը պատէ իրիկունները Վոսփորն եւ կ՚արգելու շնչառութիւնն ու մենք մեզ կը հարցնենք. «Ի՜նչ, մի՞թէ այս իրիկունս շարունակութի՞ւնն է այս աւուր առաւօտուն», նոյն տարբերութիւնը կը գտնէր Սաթինիկ իւր առաւօտեան եւ երեկոյեան կեանքին միջեւ։ Գորովը բուն դրած էր այդ աղջկան սրտին մէջ եւ սակայն պարտաւոր էր չներել, որ իւր սրտէն խանդաղատանաց թռիչ մը սլանայ։ Իւր հայրն ու մայրը թէպէտ երկար ատենէ ի վեր ի Պոլիս, այլ սակայն գաւառացի էին, եւ գիտենք թէ գաւառացիք, մինչեւ մէկ սերունդ, որքա՛ն պնդութեամբ հաւատարիմ կը մնան իրենց ընտանեկան աւանդութեանց, սպասելով, որ իրենց որդիքն անխնայ ամէն ինչ յեղաշրջեն։
       Ընտանեկան կենաց մէջ Սաթինիկի ծնողք հաւատարիմ աւանդապահներ էին արեւելեան սովորութեանց։ Չենք կարող ըսել թէ չունէին սէր իրենց զաւակաց համար, բայց մի՞թէ խոհեմութիւն էր գուրգուրալ անոնց վրայ գգուանօք, սիրակաթ համբոյրներով։ Չէ՛, այդ տունը չէր պարտէզ մը, ուր տղայք ուրախ զուարթ թռչըտէին, ճռուողէին, զբօսնուին։ Այդ տունը զօրանոց մ՚էր, ուր կը տիրէր խիստ կարգապահութիւն։ Դէմքերն անժպիտ էին անդ։ Եւ սակայն Սաթինիկ անձկակարօտ էր ազատ օդոյ, սիրոյ եւ գգուանաց։
       Եւ ի՞նչ խօսէին. այնքա՜ն մեծ էր անջրպետն ի մէնջ Սաթինիկի ստացած կրթութեան եւ իւր ծնողաց մտաւոր կազմակերպութեան։ Այդ ծնողք ոչինչ գիտէին. իրենց համար տառապանաց մեծագոյնն էր այն դժնդակ հարկն, յորում պարտաւորեալ էին արտասանել հայերէն մի քանի բառեր։ Սաթինիկ կարող չէր նաեւ հրճուանք մը որոնել իրենց այցելուներու ընկերակցութեան մէջ։ Սաթինիկի ծնողաց սալօնի գոհարները միեւնոյն տիպարներն էին։ Թէ նոքա խօսէին Պատրիարքի կամ իրենց գաւառի առաջնորդի վերաբերեալ մի քանի խնդրոց մասին, արդէն սաւառնած կը համարուէին մտքի ամենաբարձր բնագաւառները։
       Թէպէտեւ Սաթինիկի ծնողքը բաւական առատութեամբ զաւակներ ունէին, բայց նոքա չէին կարող համապատասխանել Սաթինիկի փափագանաց։ Երկու փոքրիկ եղբայրները Գուրգէնի գիշերօթիկ կրթարանն էին եւ արձակուրդի միջոցին կրնային գալ։ Քոյր մը եւս կար, շատ պզտիկ, որ իւր խնամոց գլխաւոր առարկան էր։ Արդարեւ մեծ եղբայր մը ունէր՝ Տրդատը, որ չափաւոր կրթութիւն մը ստացած էր եւ բաւական ալ սրամիտ, բայց չարշը կը բուրէր։
       Սաթինիկ իւր սէրը կեդրոնացուցած էր միւս եղբօրը վրայ, իրմէն երկու տարօք մեծ, բայց նա հեռու էր, շա՜տ հեռու. Բարիզ բժշկութիւն կ՚ուսանէր եւ հազիւ կրնար վերադառնալ չորս տարիներէ վերջ։ Չո՜րս տարի, տասն եւ վեց տարեկան աղջկան մը համար արդէն իւր կեանքի պատմութեան կէսն է։
       Եւ սակայն Սաթինիկ շուտ կը մխիթարուէր. նա կ՚զգար թէ իւր ճակատագիրը չէր երկար ատեն այդ մթնոլորտին մէջ ապրիլ , մօտ չէ՞ր արդեօք վիճակի փոփոխութեան օրը։ Իրիկունները, երբ կը վերջացնէր դաշնակը, կը խորասուզուէր վիպասանութեանց ընթերցման մէջ։ Շատ կը սիրեր— ինչպէս պէտք է սիրէ նուրբ, ազնիւ զգացում տածող ամէն ոք , Ֆէօյէի վէպերը, կը կարդար զայնս ու կ՚երազէր, կը գոցէր ստէպ վէպը, ականջ կը դնէր պահ մը Բերայի ժխորին, յետոյ կը դիտէր երկինքը, Պոլսոյ այն սիրուն երկինքն, ուր ձմեռ թէ գարուն երփներանգ ամպիկները յաւէտ կը գեղածփին։ Կ՚երազէր ու կը վերանար, սրտի աչքերովը կ՚երեւակայէր երիտասարդ մը, մտատիպար մը։ Կռթնած այդ երիտասարդի բազկին, կը մտնէր կեանքի մէջ եւ կ՚ապրէր, կ՚ապրէր որպէս կ՚ախորժէր։ Ա՜հ, ինչպէս արդէն կը սիրէր ջերմիկ սիրով այն երիտասարդն, որոյ դէմքի գծերը կը գծէր իւր երեւակայութեան մէջ, եւ որոյ հոգւոյն պատկերը կը դրոշմէր իւր սրտին մէջ։