Դատապարտեալը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Զ
       Վերոյիշեալ դէպքերէն երկու երեք օր յետոյ, երկուշաբթի առաւօտ մը, 1880 թուականի դեկտեմբեր 8—ի երկուշաբթի առաւօտը, Ղալաթիոյ եւ Ստամպոլի կողմը կը փսփսային չարաշշուկ լուր մը։ Հայրապետ էֆէնտի ըստ սովորութեան, երբ եկաւ իւր վաճառատունը, մի քիչ վերջ երկու վաճառականք իրեն եկան գոյներնին նետած։
       —Խէր ըլլայ, ի՞նչ կայ, ի՞նչ ունիք , հարցուց Հայրապետ էֆէնտի , յետ բարի լոյս աստծոյ բարիէն։
       —Հանսօնի վրայ բան մը իմացա՞ր , հարցուցին եկողները։
       Դանակի մը պողպատէ սուր բերնին պէս հատու էր այդ հարցումը։ Հայրապետ էֆէնտիին ալ գոյնը նետեց։
       Մեր ընթերցողներէն անոնք, որ տեղեակ չեն Պոլսոյ դրամական եւ առեւտրական հրապարակաց սովորութեանց, իրաւունք ունին բացատրութիւն մը պահանջել մեզմէ, թէ ինչո՞ւ պարզ հարցումէ մը այնքան այլայլեցաւ Հայրապետ էֆէնտի։ Կը պատասխանենք, թէ Պոլսոյ դրամական եւ առեւտրական հրապարակաց համար սնանկութեանց յատկացեալ եթէ ոչ բոլորովին պաշտօնական, գէթ կէս պաշտօնական օրն երկուշաբթի առաւօտն է։ Իսկ մեծ սնանկութիւն մը ծանուցանելու համար նուիրագործեալ բանաձեւն է. «Բան մը լսեցի՞ր այս ինչ տան վրայ »։ Բայց մի քանի ժամ վերջ, երբ լուրն այլեւս կ՚աժաննայ, այն ատեն կ՚սկսին ազատօրէն ըսել. «այսինչ տունը սնանկացաւ »։ Ուրեմն մեր այս բացատրութիւններէն կարելի է հետեւցնել, թէ 1880 դեկտեմբերի 8—ի երկուշաբթի առաւօտը Հանսօնի տունը սնանկացած էր։ Իսկ երկու վաճառականներուն եւ Հայրապետ էֆէնտիի այլայլութենէն կրնաք գուշակել, թէ այս սնանկութեան մէջ վնասուց կարեւոր բաժին մ՚ալ իրենց կը պատկանէր։
       Հայրապետ էֆէնտի, երբ պատասխանեց իւր այցելուներուն, թէ «բան մը չէ լսած », արդէն յուսակորոյս էր։
       —Գրասենեակն այսօր գոց է, ըսին։
       Այո՛ , այդ աւուր առաւօտուն նոքա, որ կ՚անցնէին Ղալաթիոյ Պանք փողոցէն, կը տեսնէին, թէ անգլիացի համբաւաւոր դրամատան շէնքին մէկ դուռը փակ էր եւ միւսը կիսաբաց։ Հայ բեռնակիր մը կայնած էր դրան առաջ. թոյլ չէր տար, որ հանդիպողը ներս մտնէ։ Իրեն ուղղուած հարցումներուն բեռնակիրը մէկ պատասխան ունէր.
       —Այսօր տօն է։
       Ստոյգ է, որ յաջորդ օրն Յղութեան տօնն էր Հայոց, բայց ուղիղն ըսելով ո՜չ ոք կրնար մտածել, թէ անգլիացի բողոքական դրամատէրները Հայոց տօնին նախատօնանքը կատարեն։ Խեղճ հայ բեռնակիրն, որ հաւանօրէն առաջին անգամն ըլլալով կեանքին մէջ, սուտ պիտի խօսէր, ասկէ աւելին չէր կրնար ստեղծել. ուստի մեղադրելի չէր։
       Հայրապետ էֆէնտի եւ իւր երկու ընկերակիցքն անմիջապէս Ղալաթիայ անցան, գնացին յոյն վաճառականի մը մօտ . ցաւալի լուրն իրականութիւն էր եւ տխուր ետ դարձան։ Ձգենք միւսներն եւ միայն Հայրապետ էֆէնտիին համար ըսենք, թէ այդ սնանկութեան մէջ մեծ կորուստ ունէր. հարկ չկայ գործողութեանց մանրամասնութիւններուն մտնել, վասնզի մենք ալ չենք գիտեր. սաչափը մեզ յայտնի է, որ Հանսօնի սնանկութիւնը մեծ հարուած մ՚էր Հայրապետ էֆէնտիի։
       Հայրապետ էֆէնտի գաւառացի այն Հայերէն էր, որք դեռ գրեթէ տղայ Պոլիս կու գան, առանց մէկ ստակի։ Կը մտնեն իբր սպասաւոր վաճառականի մը մօտ եւ օր մը կը տեսնեն, թէ մարդ եղած են, կամ թէ ճիշդն ըսելով՝ առեւտուրի մարդ եղած։ Անտարակոյս գիտէք, թէ փոքր ինչ տարբերութիւն կայ այս երկու բացատրութեանց միջեւ։ Հայրապետ տոկուն բնաւորութիւն ունէր. աշխատութենէ չէր խորշեր. գործ սորվեցաւ եւ ինքն իրեն դիրք մը ստեղծեց։ Տասը տարիներէ ի վեր էր այլեւս «երեւելի » վաճառականաց դասն անցած էր եւ «Ծօ Հայրապետ »ը եղած էր «Հայրապետ էֆէնտի »։ Հայ եւ Յոյն վաճառականք իրենց գլուխ ունենալով Քերովբէ էֆէնտին, շատ կը յարգէին զնա։ Կը կարծէին, թէ բաւական հարստութեան տէր էր, սակայն այնպէս չէր։ Վիճակը լաւ էր, բայց մեծ հարստութիւն չունէր. միայն թէ վարկը գործածելու եղանակը լաւ գիտէր։ Հանսօնի սնանկութիւնն ամէն ինչ կը խանգարէր։ Հայրապետ էֆէնտի ձեռքը շատ ապրանք ունէր, բայց պատրաստ դրամ չկար. փոխանակագրեր ունէր վճարելու քիչ ատենէն եւ այժմէն շուարած էր։
       Նոյն իրիկուն տուն վերադարձաւ շատ դաժան եւ յուսահատ։ Սակայն յուսահատութիւնը լաւ խորհրդական մ՚է միայն անոնց համար, ոյք անձնասպանութեան տրամադրութիւն ունին։ Հայրապետ էֆէնտին շատ հեռի էր այդպիսի «փափուկ » զգացումներ տածելէ, հետեւաբար հարկ էր մտածել, որ ելից հնար մը գտնէ եւ կը յուսար, թէ շուտով կը գտնէ այդ հնարն։ Իւր յոյսը Քերովբէ էֆէնտին էր։ Նա միայն կարող էր գործին գլուխը անցնիլ, ժողվել ուրիշ վաճառականներ, աշխատիլ, որ Հայրապետ էֆէնտիին օգնութիւն լինի։
       Բայց, գեղեցի՜կ մտածութիւն, երթալ ըսել անձի մը. «Ծանր վիճակի մէջ եմ, փրկէ զիս, թէպէտեւ մենք զքեզ կ՚արհամարհենք ու պիտի արհամարհենք ալ, ինչպէս պիտի տեսնես փորձով »։ Հայրապետ էֆէնտի չէր կարծեր, թէ Քերովբէ էֆէնտին ընդունակ լինի այդքան առաքինութեան եւ զնա չէր ալ մեղադրեր։ Արդարեւ Հայրապետին վիճակը բաւական ծանր էր։ Աղաչե՞լ, պաղատե՞լ աղջկանը, այդ անկարելի էր։
       Ի հարկէ Հայրապետ էֆէնտի տան մէջ կը խօսէր այս խնդրոց վրայ Տրդատի հետ։ Իբր գործնական մարդ, նա որոշած էր «դուռը պզտիկցնել », այսինքն ծախսերը թեթեւցնել։ Տունը իրենցն էր, այդ մասին հոգ չկար, ծառաները պէտք էր պակսեցնել, դաշնակի ուսուցիչը ճամբել։ Երկու տղոց համար մինչեւ սեպտեմբեր վարժարանի ծախսը կանխիկ վճարուած էր. այդ մասին ալ հոգ մը չունէին։ Միւս զաւակը, որ Բարիզ էր, զայն ալ բերել տալու էր։ Հոգ չէ, ինչ որ սորվեցաւ՝ կը բաւէր. թող գար հօրն օգնական լինէր, վաճառատան գրագիրը կը ճամբէին, նա անոր կը յաջորդէր, խնայողութիւնը կրկին կը լինէր, վերջապէս Հայրապետ էֆէնտի իւր ծախսերը կէս առ կէս կ՚իջեցնէր։
       Այս խօսակցութիւնը տեղի կ՚ունենար դեկտեմբերի 10—ին, Հանսօնի սնանկութենէն երկու օր վերջ։ Սաթինիկ արդէն գիտէր մեծ պատահարը , եւ մասամբ մը գոհ էր, որ ամուսնութեան վրայ ատեն մը խօսք չէր բացուէր։ Այն գիշեր մօրաքոյրն ըստ սովորութեան Սաթինիկի սենեակն եկաւ եւ սկսաւ տեղեկացնել նմա ամէն ինչ։
       —Ա՜խ, աղջիկ, եկուր սա բանը մի՛ ըներ. մեղք է հարիկդ , Քերովբէ էֆէնտին կրնայ ամէն բան կարգի բերել։ Բայց անո՞ր ինչ ըսենք։ Թէ՛ աղջիկ չտանք եւ թէ՛ ըսենք, որ մեզի աղեկութի՞ւն ըրէ։ Չէ՛, ադ չըլլար։
       Այս խօսքերէն վերջ աւելցուց.
       —Իրա՛ւ, նայէ, ամենէն պէտքինը մոռցայ, շատ պիտի ուրախանաս։ Գիտե՞ս, հայրդ այս ուրբաթ պիտի գրէ եղբօրդ, որ ինչ սորվեցաւ՝ ձեռք կուտայ, ելլէ գայ. ի՞նչ ընէ մարդը, գրագիրը պիտի ճամբէ, տեղը ան պիտի դնէ։
       Չէ՛, Սաթինիկ չուրախացաւ։ Սիրտը կտոր—կտոր եղաւ, երբ իմացաւ թէ եղբայրը ետ պիտի բերուի, այն զոր այնքան կը սիրեր. այն երիտասարդը, զոր մեծ ապագայ մը կը խոստանար. նա պիտի գար ջախջախեալ եւ յուսաբեկ, պիտի նետուէր խանի մը անկիւնը հաշուետետրներու վրայ մքլելու։ Թէ իրենք փայլուն վիճակ մը չպիտի ունենային, այդ բնաւ Սաթինիկի փոյթը չէր։ Մի՞թէ միշտ փարթամ եղած էին։ Եւ յետոյ դպրոցէն նոր ելած էր, տակաւին անմեղ էր եւ կը հաւատար, որ երջանկութեան անհրաժեշտ պայմանը հարստութիւնը չէ։ Եւ սակայն սկսաւ խորհիլ եղբօրը վիճակին վրայ։
       Կնոջ մը սրտին մէջ միշտ մեծ տեղ մը կը գրաւէ եղբօր սէրն։ Այդ սէրն բուռն զգացում մը չէ, հանդարտ, անոյշ, ջերմիկ զգացում մ՚է։ Հեռաւորութիւնը, բացակայութիւնը, կարօտը շատ անձկալի ըրած էին Սաթինիկի համար իւր եղբայրն։ Երբ մեկնեցաւ մօրաքոյրը, Սաթինիկ ինկաւ թիկնաթոռի մը մէջ, տխուր տխուր կը մտածէր։ Մտօքը կը թռչէր Փարիզ, կը տեսնէր եղբօրը՝ ծռած կմախքներու եւ դիակներու վրայ, կ՚աշխատէր լի յոյսերով եւ եռանդեամբ եւ ահա՛ յանկարծ խեղճ տղան մնաք բարով կ՚ըսէր ամէն յոյսի, ամէն ապագայի։ Քրոջ սիրտը լեցուած էր։ Ամէն քսան տարիք մարտիրոսութեան իղձ ունի։ Սաթինիկ, որ այնքան փափուկ զգացումներ ուներ, որոշեց զոհել ինքզինքն, զոհել իւր եղբօրը։ Մտաւ անկողին եւ երազեց միշտ եղբօրը վրայ։ Առաւօտուն կանուխ ելաւ, գնաց մօրաքրոջն իմացուց, թէ պատրաստ է ամուսնանալու Քերովբէ էֆէնտիին հետ։ Դիւրին է երեւակայել բարի կնոջ խնդութիւնը, յետոյ անմիջապէս աւետեց մօրը եւ Հայրապետ էֆէնտիին. էֆէնտին արտաքուստ ոչինչ ցոյց տուաւ, բայց իհարկէ սրտէն գոհ էր։ Իւր գործոց յաջող կարգադրութան ամենամեծ արգելքը վերցուած էր։
       —Աղէ՛կ, աղէ՛կ , կ՚ըսէր ինքնին , եւ տունէն ելաւ գնաց գործին։
       Ճամփան ինքնին կ՚ըսէր.
       —Արդէն գիտէի ասանկ պիտի ըլլայ։ Երբ աղջիկը կը տեսնէ, թէ հօրը գործը աղէկ չէ, հոտ կ՚առնէ, թէ տունը մնալու վախ կայ, ուզած պարոնը պիտի չառնէ. տե՛ս, նայէ՛, այն ատեն աչքին ինչպէս աղւոր կ՚երեւայ հօրը ցոյց տուած մարդը։ —Է՜հ, աշխարհս ասանկ է։
       Խե՜ղճ Սաթինիկ։
       Հարսանեաց հանդէսը կատարուեցաւ 1881—ի Ս. Սարգսին, փառաւոր հարսանիք, որ մի քանի օրեր Բերայի, Գատը-գիւղի եւ Օրթագիւղի ընդհանուր խօսակցութեանց առարկան էր։ Հարսանեաց օրեր որքա՜ն մայրեր նախանձալից էին Սաթինիկի բախտին։ Եւ, սակայն, գացէք վեր առէք անգամ մը այն ոսկի թելերը, ոյք կ՚սքօղեն հարսին երեսը, չէ՞ք տեսներ այն արցունքները, որ կը կաթկթին անոր աչքերէն։ Այդ ոսկին դիմակ մ՚է սրտի վշտերն ամրածածուկ պահելու, բայց ոչ մէկ դիմակ, որքան ալ անճանաչ ընէ դէմքը, կարող է զնա փոխել։
       Չենք ուզեր Սաթինիկի հետ մտնել իւր նոր տան մէջ եւ քայլ առ քայլ հետեւիլ իւր ընտանեկան կենաց եղերերգութեան։ Համբերեց խեղճը երկու տարիներ, բայց սակայն հասաւ վայրկեան մը, ուր համբերութիւնն ալ սահման մը ունեցաւ. եկաւ ժամանակ մը, յորում այլեւս անհնարին էր իրեն կենակցիլ ամուսնոյն հետ։ Օր մը, 1883 թուականի սկիզբներն, եկաւ ծնողաց տունն եւ չվերադարձաւ այլեւս։