Դատապարտեալը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ե
       Աւանդութիւն է, որ երբ աշխարհ կու գանք, իւրաքանչիւրն ի մէջ պահապան հրեշտակ մը ունի իւր մօտ, որ կը հսկէ իւր վրայ— հաւանօրէն երբ միտքն ուրիշ բանով զբաղած չէ—։ Թերեւս կարենանք ըսել, թէ՝ այդ պահապան հրեշտակներն երբեմն մարդկային կերպարանք կը զգենուն եւ շատ անգամ կը ներկայանան մեր տուները հօրաքրոջ մը կամ մօրաքրոջ մը դիմագծերուն ներքեւ։ Արդեօք հօրաքոյր մը, մօրաքոյր մը պահապան հրեշտակներ չե՞ն փոքր տղաքներուն համար, երբ սոքա վշտացեալ հօրմէ կամ մօրմէ, կ՚երթան հանգչեցնել գլուխնին անոնց գոգին մէջ։ Թէպէտեւ Սաթինիկ երեխայ չէր համարուէր, սակայն սրտի յուզումը ստէպ մոռցնել կու տայ տարիքի խտրութիւնը։ Երբ մեկնեցան աղջիկտեսի եկողները, Սաթինիկ գնաց ուղղակի մօրաքրոջ սենեակն եւ առանց երկար բարակ նախաբաններու, պարզապէս ըսաւ.
       —Մօրաքոյր, քեզ բան մը ըսե՞մ, ես այդ մարդը չեմ ուզեր. թող պարապ տեղը նորէն գալու նեղութիւնը յանձն չառնեն։
       Շիտակն ըսելու համար մօրաքոյրն յանկարծակիի չեկաւ։ Աղջիկտեսի արարողութեան միջոցին լաւ դիտած էր, որ Սաթինիկ տխուր էր. մօրաքոյրը չէր կարծեր, որ այդ տխրութիւնը լոկ պատկառոտ ամոթխածութեան մը նշանը լինի։ Հասկցած էր, թէ Սաթինիկ չէր զգացած մեծ հրապոյր մը Քերովբէ էֆէնտիի տեսութենէն. ինքն ալ արդէն համոզուած էր, թէ Քերովբէ էֆէնտի Սաթինիկի յարմար ամուսին մը չէր։ Բայց եւ այնպէս մօրաքոյրը պարտ անձին համարեցաւ շոյել, համոզել Սաթինիկն ողոք խօսքերով. որպէսզի հնազանդի իւր հօրը. վերջը շատ աղէկ կ՚ըլլար։
       Ի՞նչ ըսենք, ի՞նչ դժբախտ կ՚ըլլար աշխարհս, եթէ ամէն ոք ի մէնջ՝ խմբագիր, քարոզիչ թէ մօրաքոյր կամ հօրաքոյր, ո՛վ ոք ալ լինին, առանց ո՛ եւ է դիւանագիտութեան, իրենց համոզումը միշտ ամենայն պարզութեամբ եւ անկեղծութեամբ յանկարծաթափ յայտնէին։— Բարեբախտաբար մեր բնածին զգացմունքն իսկ կը դիմադրեն մեզ՝ հպատակիլ այս տխուր հարկին։ Բայց ինչ որ ալ կ՚ըսէր Սաթինիկի մօրաքոյրը, Սաթինիկ «չեմ ուզերէն » զատ ուրիշ պատասխան չունէր։
       Մօրաքոյրն, որ պէտք եղած յորդորները կարդացած լինելուն պատճառաւ իւր խղճի պարտականութիւնը կատարած կը համարէր, այլ եւս ազատօրէն խօսեցաւ.
       —Աղէ՛կ, աղջի՛կս, հոգդ մի՛ ըներ։ Այս իրիկուն հօրդ խօսիմ, ուզածդ ըլլայ, թող քեզի պէս աննմանին էրիկ պակսի։
       Երեկոյին, սեղանէն վերջ, երբ առանձին էին Հայրապետ էֆէնտի եւ տիկինը, մօրաքոյրը խօսք բացաւ։ Սաթինիկի մայրը բան մը չըսաւ եւ շատ զարմանք ալ չյայտնեց. վերջապէս ինքն ալ կին էր։ Բայց Հայրապետ էֆէնտի այլայլեցաւ, կրակ կտրեցաւ, երբ իւր ականջներուն բաղխեց Սաթինիկի «ոչ կարեմք»ը։
       —Ի՜նչ, սա հանըմի՞ն ալ խօսք կ՚իյնայ եղեր, ըսաւ հայրը, որ չէր կարող մտքին մէջ սղմեցնել, թէ՝ աղջիկ մը կրնայ կամք ունենալ եւ այնքան աներես լինիլ, որ ըսէ թէ՝ այս մարդը կ՚ուզեմ, այն մարդը չեմ ուզեր։
       Մօրաքոյրը կը ջանար հանդարտեցնել զնա եւ անուշիկ անուշիկ խօսքերով համոզել։
       —Կնի՛կ, ի՞նչ կ՚ըսես , կը պատասխանէր մոլեգին հայրը , աս աղջիկը խե՞նդ է ի՞նչ է։ Երկինքը փնտռած ատեննիս՝ գետինը գտանք։ Ասանկ մարդ հազարին մէջ մէ՛կ հատ չկայ, մե՛կ հատ. աղա՛յ մարդ է, աղա՜յ մարդ։ Վարժապետի կնի՞կ ըլլալ կ՚ուզէ, ի՛նչ ըլլալ կ՚ուզէ։ Չէ՛, էֆէնտիմ, չէ՛, իրեն հարցնող չկայ, թէ ո՛վ կ՚ուզես, ո՛վ չես ուզեր։ Մենք իրեն չափ խելք ունինք, մենք գիտենք, թէ որո՞ւ պիտի տանք, որո՞ւ չպիտի տանք, թող ետքը երթայ մեզի աղօթք ընէ։
       Որքա՜ն դժբախտութիւններէ զերծ պիտի մնար աշխարհ, եթէ մի քիչ սակաւաթիւ լինէին մեր «բռնի բարերարները »։ Կը սխալի՞նք արդեօք, եթէ ըսենք, որ մարդկութիւնը պարտական է իւր աղէտից մեծագոյն մասն անոնց, ոյք կ՚ուզեն, հակառակ մեր կամաց, մեր բարերարներն հանդիսանալ։ Այսպէս էր Սաթինիկի հայրն ալ։
       Հարկ չկայ պատմել մանրամասնօրէն, ինչ որ պատահեցաւ Հայրապետ էֆէնտիի տան մէջ այդ օրն եւ անոր յաջորդ օրը։ Սաթինիկի ո՛չ մայրն, ո՜չ մօրաքոյրը կարող եղան համոզել զինքը։ Աղջիկն այլեւս չէր տեսներ հօրը երեսը։ Հայրապետ էֆէնտի վերջապէս պարտաւորեցաւ հաղորդել իւր փեսացուին թէ՝ աղջիկն յանկարծ հիւանդացած լինելով կը խնդրէր յաջորդ շաբթուան թողուլ իրենց երկրորդ այցելութիւնը։ Սաթինիկի հայրն ապահով էր, թէ քանի մը օրուան մէջ աղջկան խելքը գլուխը կը բերէ։
       Ո եւ է վտանգ չկար, որ Քերովբէ էֆէնտին կարենար մտքէն իսկ անցընել, թէ այդ հիւանդութիւնը պատրուակ մը լինի։ Այդ գերախանչ արարածը համոզուած էր, բայց լրջաբար եւ խղճի մտօք համոզուած, թէ Պոլսոյ բոլոր աղջիկներն, առանց բացառութեան, իւր տրամադրութեան ներքեւ էին։ Ըսե՞նք նաեւ, թէ «երեւելի վաճառականներու » մէջ Քերովբէ էֆէնտի միայն ինքը չէ, որ այնպէս հաստատ համոզում ունի։ Բայց այս խնդիրը մեր աղջիկներուն վերաբերեալ խնդիր մ՚է, հետեւաբար մեզ անկ չէ դատաւոր կանգնիլ, մենք այս չափը գիտենք, թէ Սաթինիկ բոլորովին համակարծիք չէր Քերովբէ էֆէնտիին հաւակնութեանց եւ թէ իւր «հիւանդութիւնը » յաջորդ շաբաթն ալ տեւեց. եւ ո՞ գիտէ երբ պիտի առողջանար, եթէ անակնկալ պատահարներ այլ կերպ չտնօրինէին։