Դատապարտեալը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ժ
       Անցեալ տարի յունիսի սկիզբները Թիֆլիսէն վերադարձայ Պոլիս։
       Յաջորդ օրը Չերազ ինձ այցելութեան եկաւ Արեւելքի խմբագրատունը։ Իհարկէ խօսելու բաւական նիւթեր ունէինք. կարելի չէր խմբագրատան մէջ ըստ հաճոյս տեսակցիլ. հարկ էր մեկուսանալ. գնացինք միասին Ֆօկըլի մօտ, ուր գարեջուր խմելով կը խօսակցէինք։ Պատմեցի մանրամասնօրէն Ներսէս Սրբազանի ընտրութեան վերաբերեալ զանազան պարագաները։ Բացատրեցի այն «գերընտիր » պատճառներն, որով Մելքիսեդեկ Սրբազան կրցած էր լինել երկրորդ ընտրելի։ Վերջապէս ինչ որ կարելի չէր ըսել անսուրբներու, ամէնը խօսեցայ։
       Երբ լմնցուցի , ըսի.
       —Վերջապէս, եղբայր, այս խնդիրներով յագեցած եմ. քիչ մ՚ալ ինձ Պոլսէն լուր տուր։
       —Նոր բան մը չկայ։ Թիֆլիս Արեւելք չէի՞ր ստանար։
       —Այո, կ՚ստանայի, բայց գիտես թէ ի՛նչ որ ընդհանրութեան համար է, միշտ մասնաւորելու համար ամենէն աւելի հետաքրքրականը չէ։— Եթէ ունիս ինձ քիչ մը գայթակղական դէպքեր պատմէ, շնորհակալ կ՚ըլլամ։
       —Միշտ կը չափազանցես , ըսաւ Չերազ , «գայթակղական » ըսելով միտքդ Ֆիգարօյի, Էվէնըմանի ոճով լուրերու համար է. բայց մենք ո՛չ դուքսեր, ո՛չ դքսուհիներ եւ ո՛չ ալ խոշոր դրամատէրներ ունինք, որոնց կեանքի քրոնիկը մեզ զբօսցնէ։ Միտքս եկաւ. այդ եղանակաւ փոքրիկ բան մ՚ալ Բերայ պատահեցաւ։ Լսեցի՞ր Արամին դէպքը։
       —Ի՜նչ դէպք. չէ՛, եղբայր, բան մը չեմ գիտեր, դեռ երեկ գիշեր հասայ։ Մեր եա՞ն Արամը։
       —Այո, նոյն ինքն, անցեալ ամիս օրուան դիւցազնը նա էր. գեղեցիկ առեւանգութիւն մը ըրաւ։
       —Առեւանգությո՞ւն. գործը կը ծանրանայ։ Հեղինէ՞ն։
       —Կը ճանչնա՞ս Հայրապետ եւ Քերովբէ էֆէնտիները։
       —Անտարակոյս։
       —Առաջնոյն աղջիկը եւ երկրորդին կինը, կամ լաւ եւս՝ նախկին կինը, տիկին Սաթինիկը։
       —Պատմութիւննին լսած եմ, բայց անձամբ չեմ ճանչեր. ի՞նչպէս կին է։
       —Մարգարիտ մը , ըսաւ Չերազ ուժով մը ձեռքիս վրայ խփելով։
       Գարեջրի գաւաթները վերստին լեցուցինք։
       —Կ՚աղաչեմ քիչ մը տեղեկութիւն տուր ինձ, զբօսնուլ կ՚ուզեմ , որովհետեւ, ըսի քեզ, գլուխս լեցուած է այդ կաթողիկոսական խնդրով. նիւթական մարդ մը դարձեր եմ. քիչ մը ցնցուիմ։
       —Շիտակն ըսելով, ես ալ մանրամասնութիւնները չեմ գիտեր, եւ գրեթէ խորհրդաւոր դէպք մ՚է Բերայի համար։ Շատ հետաքրքիրները գիտէին , թէ Արամ կ՚ախորժէր Սաթինիկի ընկերակցութենէն։ Ախորժիլը սիրելու նախադուռն է։ Մայիսի սկիզբները գիշեր մը Սաթինիկ եւ Արամ տան դրան առաջ կ՚իջնեն քիչ մը պտտելու։ Ճամփանին կ՚երկնցնեն, կառք մը պատրաստ է, կը մտնեն մէջը։ Մտրակէ՛, կառավար, եւ շունչերնին Բանկալթի կ՚առնեն. յաջորդ օրը անտի ալ կը չուեն։
       —Աղէկ արագաշարժ են։ Ա՞յժմ…
       —Այժմ այլ եւս վրանին խօսող չկայ։ Առանձնացած են Զինճիրլի-Գույու, եւ կ՚ըսուի, թէ գեղջկական կեանք կը վարեն։ Այն ժամանակէ ի վեր Արամը գրեթէ անտեսանելի դարձած է։
       —Սիրոյ գինովութիւնն է, բայց այդ տղան ի՞նչ խելքի կը ծառայէ. ըրածը իմաստուն գործ չէ։
       —Սիրտը միշտ իմաստութիւն չգիտեր։
       Վաղուց կը ճանչնայի Արամը. զինքը կը սիրէի առանց հետը շատ ընտանի լինելու. ինքն ալ ինձ հետ աղէկ էր . իւր դիւցազնութիւնը հետաքրքրութիւնս շարժեց. փափագեցայ, որ զինքն այս նոր ընտանեկան վիճակին մէջ տեսնեմ։ Ուրիշ պատճառ մ՚ալ ունէի այցելելու։ Թիֆլիս եղած ժամանակս օր մը Տիկին Արծրունի ինձ ըսաւ. «Դու կը կարենաս սրտի վէպիկներ գրել, արի՛, մի անգամ փորձիր ». խոստացայ հնազանդիլ եւ փորձել։ Նորավէպ մը պիտի գրէի Մշակին։ Ահա նիւթ մը, ըսի ինքնին, զոր կրնամ ուսումնասիրել եւ դիտել, թէ հանգոյցն ի՛նչպէս պիտի քակուի։ Այս մտածութիւնն ունենալով առաջարկեցի Չերազին անմիջապէս Զինճիրլի-Գույու երթալ Արամին այցելութեան։
       —Հարսանիքի չհրաւիրուեցանք, աչքի լոյսի՞ երթանք , պատասխանեց խնդալով։
       —Արարողութիւններու չենք նայիր։
       Ֆօկըլէն ելանք։ Նստանք կառք մը եւ գրեթէ մէկ ու կէս ժամու ճանապարհորդութենէ վերջ հասանք Զինճիրլի-Գույու։ Կառքէն իջնելով մտանք այն կարմիր տնակը, որ շրջապատեալ ծառերէ, գարնան հովանաւոր հանգստավայր մը կ՚ընծայէ այցելուներուն։ Քիչ մը խոնջեալ էինք։ Վերստին գարեջուր խմեցինք եւ հարցուցինք Արամին ո՛ւր լինելը։ Այդ գիւղակին մէջ ամէնքը զիրար կը ճանչեն. մեզ մատնանիշ ըրին քիչ մը հեռուն սիրուն փոքրիկ տուն մը՝ կորսուած ծառերու մէջ։ Չերազ այցետոմսին վրայ երկու տող գրեց, ես ալ անունս աւելցուցի եւ մէկուն ձեռօքը ղրկեցինք։ Տասը վայրկեան չանցած տեսանք, որ Արամ կուգայ գլուխը բաց, սպիտակ բաճկոնակ մը հագած, հողաթափները ոտքին, ուրախ զուարթ։
       —Է՛հ, էհ, գիւղացի ազնուական մը , ձայնեցինք իրեն։
       —Այո՛, երանի՜ երկրագործաց, ըսուած է, գոչեց ինքն, ալ դեռ մեզ չմօտեցած։
       Եկաւ. դէմքին վրայ մանկական զուարթութիւն կար. իրարու ձեռք սղմեցինք եւ սկսանք խօսակցիլ, ո՛ր ատեն Պոլիս հասնիլս հարցուց եւ զարմացաւ լսելով, թէ առջի գիշերն հասեր եմ եւ նոյն օրը զբօսավայր մը կը գտնուիմ։
       —Զբոսանքի չեկանք, ըսի, քեզ մասնաւորապէս աչքի լոյսի եկանք։
       —Ստո՞յգ, շատ շնորհակալ եմ, երթանք մեզի. կինս իմացաւ ձեր գալը եւ կ՚սպասէ։
       Գնացինք, աղւորիկ աղախին մը դուռը բացաւ վեր ելանք։ Չերազ արդէն ծանօթ էր տիկնոջ, Արամ զիս ալ ներկայացուց եւ նստեցանք։ Շատ գեղեցիկ տպաւորութիւն մը ըրաւ յիս տիկին Սաթինիկ. սիրուն կին մը, բաւական գիրուկ, սեւ խոշոր աչքերով, սքանչելի մազեր ոպինիազի գոյն. բարեհասակ վայելչութիւն։ Դէմքը զուարթ էր, բայց զուարթութեան մէջ լրջութիւն մը կար. միայն շատ մանրակրկիտ դիտելով կարելի էր նշմարել ամենաթեթեւ մելամաղձութեան մը հետքերն։ Իւր խօսակցութիւնը յայտնի կ՚ընէր, թէ որքան ուսեալ է եւ բարեկիրթ։ Մեր խօսակցութիւնը ընդհանրապէս Ռուսիոյ Հայոց վրայ էր, անոնց սովորութեանց, բարքերու մասին տեղեկութիւններ կը հաղորդէի։
       Միջոց մը Տիկինը սենեակէն դուրս ելաւ եւ պահ մը ետքը. գալով, հրաւիրեց զմեզ պարտէզ իջնել եւ թեթեւ նախաճաշիկ մը ընել։ Իջանք պարտէզ։
       Որքան հեռուն կրնար դիտել աչքերնիս միայն կանանչ կը տեսնէինք։ Մշակուած դաշտեր, անմշակ հողեր, բլրակներ, ծառաստանք, ցան եւ ցիր տուներ, խորին լռութիւն, մեղմիկ հով, ամէն ինչ բանաստեղծական էր, ամէն ինչ կը զուարթացնէր հոգին։
       Շատ ախորժելի ժամանակ անցուցինք։ Չերազ լիայորդ ապացոյցներ կուտար իր սրամտութեան եւ անդադար կը հնարէր ճաշակաւոր բառախաղեր. Տիկին Սաթինիկ միշտ պատրաստ էր նրբամիտ պատասխաններու։ Ես, գլուխս անոնցմէ աւելի տաքցած, նշանաւոր կը հանդիսանայի արտառոց կարծիքներ յայտնելու մէջ։ Արամ սիրուն պատմութիւններ ունէր։
       Իրիկուան մօտ էր , երբ վերջացաւ նախաճաշիկնիս, սուրճ մ՚ալ խմեցինք եւ հարկ եղաւ բաժնուիլ։ Արամ եւ Տիկինը շատ շնորհակալութիւններ յայտնեցին եւ թախանձեցին մեզ կրկին իրենց երթալ։
       —Թախանձելու հարկ չկայ, ըսինք , մանաւանդ երբ քիչ մը տխրութիւն տեսնենք մեր շուրջը, ձեր մօտ վազելու ենք, որպէսզի ձեր զուարթութեամբ եւ ձեր երջանկութեամբ սրտերնիս ուրախանայ։
       Մեր բարեմաղթութիւններն ըրինք։ Մինչեւ կարմիր տունը Արամ եւ Սաթինիկ մեզ ընկերացան, կրկին կրկին մնաք բարովներն ըսինք եւ կառք նստելով մեկնեցանք։
       —Ի՞նչ տպաւորութիւն ունեցար , հարցուց ինձ Չերազ։
       —Շատ գեղեցիկ. իրաւ որ վիճակնին նախանձելի է. կը մաղթեմ որ միշտ այսպէս ուրախ մնան , սակայն…։
       —Ի՞նչ սակայն։
       —Սակայն, չեմ գիտեր ի՛նչ ըսեմ ապագային համար։ Արամ շատ ուրախ էր եւ անհոգ. կը փափաքէի զինքն աւելի ծանր տեսնել . հաստատ կամքի եւ յարատեւութեան անհերքելի նշանները չտեսայ իւր դէմքին վրայ։
       Սաթինիկ աւելի ծանր էր եւ կ՚ըմբռնէր իւր վիճակին փափկութիւնը։
       —Ի՜նչ, կասկածնե՞ր ունիս ապագային համար։
       —Ստոյգ ոչինչ կրնամ ըսել, բայց շատ բան կարելի է։ Այս տղան, ինչպէս ըսաւ, օրէնսգիտութեան ուսումը նոր աւարտած, հետամուտ է դիւանագիտական ասպարեզի մէջ մտնել եւ իրեն ապագայ պատրաստել. ուրեմն հովուական կեանք մը չպիտի անցնէ։ Մեր ընկերական օրէնքներն եւ սովորոյթք յայտնի են։ Ապահարզանի օրէնք չկայ. ուստի կարող չպիտի լինի իւր կնոջ հետ ընկերութեան մէջ մտնել. ամէն հաղորդակցութիւնէ զրկեալ պիտի լինի, ստիպեալ ժամանակին մեծ մասը տունը անցընել, եւ գիտես թէ միշտ միասին ապրիլ կը փթացնէ սիրոյ սլաքները։ Վերջապէս քսաներկու-քսաներեք տարեկան երիտասարդ մ՚է, մինչեւ մահ չկըրնար փակեալ մնալ տան մէջ։ Եթէ զաւակներ ունենայ, դժբախտութիւն մ՚է, եւ հաւանական է, որ չունենայ։ Վերջապէս, եղբայր, երբ մարդ մը կը ձանձրանայ, այն ատեն ամէն ինչ կարելի է սպասել անկէ։ Ինչ եւ է, ամէն ինչ չենք կրնար գուշակել։ Թերեւս Արամին սիրտն այնքան փափուկ լինի, որ սիրելու եւ սիրուելու երջանկութիւնը ամէն փառքէ, ամէն ապագայէ գերազանց դասէ, մանաւանդ, որ բարի երիտասարդ մը կ՚երեւի եւ անխիղճ ըլլալու չէ։
       —Հաշուոյ մէջ չե՞ս դներ Քերովբէ էֆէնտիի մահն։
       —Հաւանականութեանց ամենէն վերջինն է այդ։ Այդ խոշոր, մեծղի, անհոգ արարածը տրամադիր չէ շուտով անդրաչուելու։ Մեր մէջ խօսելով, եթէ նա քիչ շատ պատուոյ զգացման տէր մարդ լինէր, միթէ անպատի՞ժ կը թողուր Արամը։
       —Տեսնենք։ Մեղք է Սաթինիկը։ Իցէ՜ թէ Արամ չպատրաստէ խեղճին նոր դժբախտութիւն մը, որ անդարմանելի պիտի լինի։
       —Մաղթենք։
       Խօսակցութիւննիս ուրիշ նիւթերու վրայ դարձուցինք, հասանք Բերայ եւ բաժնուեցանք իրարմէ։ Ես որոշեցի յաճախ այցելել Արամին։ Օրթագիւղէն մօտ էր, կրնայի քալելով երթալ եւ վերադառնալ։ Երբ կ՚սկսին փչել աշնան առաջին հովերն, անտի մինչեւ գարնան կէսը Զինճիրլի—Գույու՝ կը սեպուի Բերայի եւ Օրթագիւղի դաշտային զբօսանաց կեդրոններէն մին։