Դատապարտեալը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԱ
       Հարկ չենք տեսներ պատմել աստ, թէ որքա՜ն դառնացած էին Արամի եւ Սաթինիկի ընտանիքները։ Ի հարկէ այլ եւս ամէն յարաբերութիւն խզուած էր ծնողաց եւ որդւոց միջեւ։ Ո՛չ Սաթինիկի հայրն, ո՛չ ալ նորա ամուսինն հետամուտ եղած էին զնա բռնի բաժնել Արամէն։ Ի՞նչ ընէին այդ աղջիկը։ Նա այլեւս արտաքսեալ էր ընկերութենէ. նա մեռած էր իրենց համար։ Նորա անունն իսկ կ՚ուզէին մոռնալ։ Արամի մայրն ու քոյրն ալ շատ լացեր էին, կորուստնին շատ մեծ համարելով։ Առեւանգութեան առջի օրերն իրենց տունը սգոյ տուն մ՚էր, ուր իրենց ցաւակցութեան կուգային ամէն բարեկամք, ամէն ազգականք։ Անվրդով էր միայն Արամին հօրեղբայրը, վասնզի նա կը ճանաչեր իւր եղբօրորդին. նա կը յուսար, մանաւանդ թէ կը հաւատար, որ «խելքը շուտով գլուխը կուգայ»։
       —Ըրածը տղայութիւն մ՚է, այս ալ կ՚անցնի, կ՚ըսէր. վերջապէս ո՛չ պսակուած են, ո՛չ ալ կրնան պսակուիլ։
       Իւր յոյսերուն մասնակից ըրած էր մինչեւ աստիճան մը Արամի մայրն ալ։
       Խորամանկ մարդ էր այդ հօրեղբայրը. բաւական փորձառութիւն ուներ, համոզուած էր, թէ Արամ օր մը չէ օր մը կը ձգէ այդ կինը, մէկդի կ՚ելլնէ։ Իրեն անկ էր աշխատիլ, որ այդ օրը շուտ հասնի եւ լրտեսել յարմար առիթը։
       Չեմ կարծեր, որ մեր ընթերցողք սպասեն, որ ըսենք թէ հօրեղբայրն իւր եղբօրորդին փրկելու համար ունեցած վեհանձն խորհրդոց մէջ րոպէ մը իսկ մտածած լինի Սաթինիկի վիճակին վրայ։ Ի՞նչ պիտի լինի այդ կինն, եթէ օր մը Արամ զնա լքանէ։ Ա՜հ, երկիւղ չկայ թէ խղճահարութեան ամենաթեթեւ ստուեր մը մէկ երկվայրկեան իսկ մթացնէր այդ «գործնական » մարդուն սիրտը։ Իւր խեղճ եղբօրորդին բռնուած էր ճիւաղի մը ճիրաններուն մէջ, պէտք էր փութալ փրկել զնա։ Սաթինիկ իրեն համար «հասարակաց կին» մ՚էր, թո՛ղ ըլլայ ինչ որ կ՚ուզէ. ով գիտէ, ուրիշ քանինե՜ր պիտի գտնէ։ Այդ հօրեղբայրն երանութեան արժանի այն անձերէն էր, որոնց սիրտն ու միտքն երբեք չեն տանջուած մեր ընկերութեան ըրած զոհերու դժբախտութեամբք։ Ոչ մէկը բարձր եւ ազնուական մտածութիւն կարող եղած էր մերձենալ իւր սրտի սահմաններուն։ Գէշ մարդ չէր, բայց դրական մարդ էր։ Ո՞չ ապաքէն՝ բաւական են մեր ընտանեկան շրջանակներու մէջ եղած տառապանք. ի՞նչ հարկ խորհիլ նաեւ օտարին ցաւոց վրայ, մանաւանդ այդպիսի կանանց վիճակը հոգ ընել։ Հին ամիրայի մը խօսքն իրեն նշանաբանն էր. «Շատ մեղքցողը մեղքննալու կ՚ըլլայ» կ՚ըսէր։ Աշխարհս շատ ծանր է, կեանքն ահագին բեռ մ՚է. փափուկ ու ազնիւ զգացմունք շա՜տ թեթեւ, շա՜տ խարխուլ ու բարակ հիմունք են այդ ծանր շէնքն ապահով եւ հաստատուն պահելու համար. կոշտ քարեր պէտք են եւ ո՛չ թէ նուրբ մարմար։
       Իւր նպատակին ապահովապէս հասնելու առաջին միջոցն համարեց հօրեղբայրն երես չդարձնել Արամէն. իւր խորհրդոց ձեռնտու չէր, որ Արամ միայն այդ կնոջմէն սէր տեսնէ։ Սրտանց կը սիրէր իւր եղբօրորդին եւ գիտենք, թէ արեւելեան բարուց մէջ հօրեղբայրն որքան բարոյական մեծ ազդեցութիւն ունի եղբօրորդւոց վրայ։ Արամ ալ իւր հօրեղբայրը շատ կը սիրէր, հետեւաբար գոհ մնաց եւ ուրախ եղաւ, երբ իւր առեւանգութեան յաջորդ շաբաթը, հանդիպելով հօրեղբորը, տեսաւ, թէ սա յոյժ չափաւոր կերպով խոժոռ էր . միայն այնքան, որքան պաշտօնապէս պէտք էր լինել։ Հօրեղբայրն առաւ զնա եւ մտան Բերայի գարեջրատուններէն մին. «Աստուած շնորհք տայ» ըսելով խնդիրը փակեց, եւ Արամ ալ ժպտեցաւ։ Խօսեցան գործին վրայ։ Հօրեղբայրը կը մատակարարէր Արամի եւ քրոջն հօրենական ժառանգութիւնը, որ անշարժ կալուած էր։ Խոստացաւ ամբողջապէս վճարել ամէն ամիս Արամին իւր բաժինն եւ այս խոստումը կատարեց, մանաւանդ որ երբեմն իւր գրպանէն ալ կուտար։ Արամ գոհ եղաւ. անպատեհութիւն մը պակսած էր, վասնզի իւր վիճակը լաւ չպիտի լինէր, եթէ դրամական գործոց համար դժուարութիւն տեսնէր իւր ընտանիքէն. շնորհակալ էր հօրեղբորմէն եւ աւելի սկսաւ յարգել զնա։ Հօրեղբայր եւ եղբօրորդի շաբաթ մի անգամ կամ աւելի կը տեսնուէին իրարու հետ. բնականաբար Սաթինիկի վրայ խօսք չէին բանար։
       Արամ ու Սաթինիկ հանգիստ կերպով Զինճիրլի-Գույու անցուցին ամառն ու աշնան մէկ մասը։ Յաճախ կ՚այցելէի իրենց, երբեմն մենակ, երբեմն բարեկամներով։ Արամ նոր գրքեր կը գնէր, կարդալու աւելի ժամանակ կը զոհէր եւ որոշած էր մեկնիլ Զինճիրլի Գոյուէն։ Այնքան կենալը բաւական կը համարէր։
       Հոկտեմբերի սկիզբն Արամ ուզեց Բանկալթի փոխադրուիլ. գիտէր թէ Բերա գալու դեռ ժամանակ կար։ Սաթինիկ ոչ միայն չէր ուզեր Բերա բնակիլ, այլ եւ կը փափաքէր հեռի մնալ Բանկալթիէն ալ. որքան հնար է առանձին ըլլալ, առանձին իր Արամին հետ։ Սակայն Արամ սկսած էր զգալ, թէ ծանր էր իրեն համար բոլորովին անջատուիլ ընկերութենէ, մանաւանդ որ բաւական ատենէ ի վեր հետամուտ լինելով պաշտօն մը ձեռք բերելու, ստիպեալ էր, թէ յաջողեր, բնակիլ եթէ ոչ Բերա, գէթ Բանկալթի։ Արամ կ՚ուզէր մտնել դիւանագիտական ասպարէզն. իւր փափագն էր դեսպանատան մը մէջ պաշտօնի մտնել։ Հօրեղբայրը շատ աշխատեցաւ այս նպատակին իրագործման եւ յաջողեցաւ։ Հոկտեմբերի երկրորդ շաբթուն Արամ եւ Սաթինիկ փոխադրուեցան Բանկալթի, ուր վարձեցին վերնայարկ մը՝ երեք սենեակով. տանտէրն յոյն կին մ՚էր։
       Զբաղմունք, տեղւոյն հեռաւորութիւն ինձ արգիլեցին այդ միջոցին աւելի յաճախ այցելել Արամին, բայց իրեն ստէպ Բերայ կը հանդիպէի։ Շատ գիշերներ մեր բարեկամական խումբը Բերայ կը հաւաքուի միասին ճաշելու, խօսելու եւ զբօսնելու։ Մէկ երկու անգամ տեսանք, որ Արամ ընթրիքը կ՚ընէր Բերայի ճաշարաններէն մին։ Մեզնէ մին դիտել տուաւ անգամ մը, թէ առաջ Արամ սովորութիւն չունէր դուրսը ճաշելու։
       —Կ՚երեւի թէ, պատասխանեց Չերազ ինձ նայելով , ձանձրոյթն սկսած է։