Արեւմտեան հայոց արդի գրականութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Արեւմտեան մեր արդի գրականութիւնը ռուս եւ թուրք վերջին պատերազմէն կը թուագրի։ Տաճկահպատակ հայուն ժամանակակից հանրային կեանքը ուսումնասիրողը կը տեսնէ թէ անոր քաղաքականութեան ու մտաւորականութեան պատմութիւնները իրարու ընդելուզեալ ամբողջութիւն մը կը ներկայացնեն։ Հայ մատենագրութեան ոգին ընկերային եղած է. գրական մարդը իր ցեղին օգուտ մը պարգեւելու առաջադրութեամբ երկասիրելով, բարոյացուցման նպատակի մը կը հետամտի, գիտակցաբար կամ բնազդմամբ։ Մեր ժամանակակից գրականութեան ձգտումը ուսումնասիրելու համար պէտք է վերջին քառորդ դարուն մեր քաղաքական կեանքին փոփոխումները յիշել։
       Մինչեւ 1879 թուականը Թուրքիոյ հայը իր վիճակին բարեփոխումը երբեք յանկարծահաս դէպքերէն ակնկալած չէր։ Ի նպաստ իրեն եւրոպական միջամտութեան մը վրայ յուսադիր չըլլալուն, իսլամին հետ կը վարուէր «մեր ազգային քաղաքականութիւնը» կոչուած դարաւոր աւանդութեանց շարունակութեամբ, ջանալով տնտեսապէս ու մտաւորապէս բարգաւաճիլ, միջավայրին թոյլատրած սահմաններուն մէջ։ Ու յամրընթաց կը յառաջանար դէպի իտէական մը, զոր դարերէ ի վեր հեռուն, շա՜տ հեռուն աղօտալոյս իմն կ՚ընդնշմարէր։ Քառորդ դար մը առաջ պատահած Արեւելեան ցնցումը այս «ազգային քաղաքականութիւնը» սաստկահար հարուածեց եւ հայ ժողովուրդը դէմ յանդիման անծանօթին նետեց։ Այդ օրէն բացուեցաւ նոր թուական մը, որ երկու շրջանի կը բաժնուի։ Առաջինը կը սկսի 1879ին ու կը վերջանայ 1895ին։ Երկրորդը՝ 1896էն մեկնելով կը շարունակուի։ Թէ՛ մէկ եւ թէ՛ միւս շրջանին մէջ, գրականութիւնը ցեղին վերածնունդի երկունքին սատարեց, մտքերու եւ սրտերու վրայ գերազդեցիկ իշխողութեամբ։