Դ.
«Արեւելք»ին
առաջին
շրջանը։
Հին
սերունդէն
մնացողները։
Երկրորդ
սերունդին
ներկայացուցիչները։
«Մասիս»ի
եւ
«Արեւելք»ի
միացումը։
«Արեւելքի»
առաջին
շրջանին
ուղղութիւնը
իր
մեծ
գիծերուն
մէջ
համառօտ
մը
պարզելու
համար,
խօսքը
կը
փոխանցենք
Գրիգոր
Զօհրապի։
Հանրածանօթ
փաստաբան
գրագէտը
1892
օգոստոսին,
«Մասիս»
հանդէսին
մէջ,
որուն
խմբագիրն
էր,
«Արեւելք»ին
պատմութիւնը
կ՚ամփոփէր
հետեւեալ
գնահատումով,
որ
ճշմարտութիւն
մըն
է
այդ
թերթին
սկզբնաւորութեան
առաջին
տարիներուն
համար։
«Պոլսոյ
նոր
լրագրութիւնը,
կ՚ըսէ
Զօհրապ,
«Արեւելք»ով
կը
սկսի.
աւելի
շատ
իմաստասիրութիւն
հանրային
խնդիրներու,
աւելի
մօտ
տեղեկութիւն
եւրոպական
ազգերու
վրայ,
անհատական
գձուձ
խնդիրներն
ու
վէճերը
տեղի
տալով
ընդհանուր
տեսութիւններու.
հայ
լեզուն
այս
կամ
այն
խմբագրապետի
գծած
անձուկ
սահմանները
կոխոտելով,
վերստացած
իր
ժողովրդեան
բարբառի
անկախութիւնը,
խմբագրութիւնը՝
դադրելով
արհեստ
մը
լինելէ,
արուեստ
դառնալու
համար.
գրական
նոր
սեռեր,
գրական
նոր
մարդերու
ձեռքով,
ամէնքը
միեւնոյն
անփոփոխ
նպատակին
կապուած՝
հասարակութեան
պէտքերուն
ըմբռնումը։
Ահաւասիկ
նոր
լրագրութիւնը»։
Այս
ընդհանուր
տեսութեան
մէջ
մենք
մասնաւոր
ուշադրութիւն
կը
դարձնենք
գրականութիւնը
շօշափող
ակնարկութեան
միայն,
որուն
նկատմամբ
վերապահում
ունինք։
Նոր
լրագրութիւնը
հանրութեան
աչքերուն
մէկէն
ի
մէկ
նոր
գրականութիւն
մը
չցուցադրեց,
եւ
ոչ
ալ
պատրաստուած
նոր
գրագէտներու
ստուար
կամ
նօսր
խումբով
մը
ներկայացաւ
ժողովրդին
առջեւ։
Նորութիւնը
ժամանակին
գործը
պիտի
ըլլար,
թէեւ
կարճ
ժամանակի
մը։
Գրական
այն
բոլոր
անունները,
որոնք
մէկ
երկու
տարուան
մէջ
հետզհետէ
յայտնուելով,
Արեւմտեան
հայոց
ժամանակակից
մատենագրութիւնը
պիտի
ներկայացնեն
ու
մտքերու
վրայ
պիտի
գերիշխեն,
այդ
անունները
դեռ
անծանօթ
են։
Ոմանք
Պոլսոյ
թաղային
վարժարաններէ
տակաւին
նոր
շրջանաւարտ
եղած
են.
իրենց
մտքերուն
մէջ
տեսակ
մը
գաղափարներ
աղօտափայլ
ուրուագծիլ
կը
սկսին.
սրտերնին
կը
խռովի
զգացումներէ,
որոնց
որոշ
գիտակցութիւնը
չունին.
օրուան
գրական
միջավայրը
զիրենք
կ՚ահաբեկէ
եւ
կը
խրտչեցնէ
իր
գերմարդկային
ձգտումներովը
ընդ
հովանաւորութեամբ
«մեծ»
անուններու։
Ո՞ւր
երթան
այդ
պատանիները,
որոնք
սրբազան
կոչումը
կը
զգան
իրենց
անձին
մէջ.
ի՞նչպէս
քայլափոխեն։
Ուրիշներ,
թէեւ
քիչ
մը
աւելի
տարիքոտ,
բայց
իրենք
եւս
շուարեալներ
կը
թուին։
Խանդավառ
պատանիներ
էին
1878—79ին,
ու
հիմակ
արդէն
ինքնամփոփումի
պէտքը
կը
զգան։
Իրենց
հաւատքին
մէջ
տկարացածներ
են։
Ո՞ւր
երթան,
ի՞նչ
ընեն
ասոնք
ալ։
Ու
ամէնքը
սակայն
իրարու
պիտի
հանդիպին
«Արեւելք»ի
խմբագրատան
մէջ,
իրարու
պիտի
կապուին
գրական
եղբայրակցութեան
սուրբ
սիրով
մը,
որուն
նմանը
յետոյ
այլեւս
պիտի
չշողայ
մեր
գրականութեան
մէջ։
Պիտի
յառաջանան
ամրակուռ
վաշտ
կազմած,
ըմբոստանալով
հիներուն
դէմ,
եւ
հիմը
դնելով
ընկերաբան—գեղարուեստ
գրականութեան
մը։
Սպասելով
այդ
օրուան,
որ
շատ
պիտի
չուշանայ,
առայժմ
մենք
յիշեցնենք
այն
ժառանգութիւնը,
որ
1850ի
շարժումէն
1880—84
թուականին
մնացած
էր։
***
Մեռած
էին
ոմանք
այն
գեղեկասէր
գրագէտներէն,
որոնք
1850ին
եւ
անկէ
ետքը
երեւցեր
էին.
ոմանք
ալ
դեռ
ողջ
էին,
առանց
գրականութեամբ
պարապելու։
Նախորդ
երկու
սերունդներու
մեծ
տաղանդներէն
շատերը
սակայն
դեռ
երեւան
կու
գային։
Ասոնց
մէջ
առաջին
տեղը
կը
գրաւէր
Գրիգոր
Օտեան,
ոչ
թէ
յորդառատութեամբը՝
այլ
մատենագրական
պերճափայլ
յատկութիւններովը։
Քաղաքական
հոյակապ
անձնաւորութիւնը,
որ
1876ի
օսմանեան
յեղափոխութեամբը
Թուրքիոյ
կայսրութեան
մէջ
ամենաազդեցիկ
դեր
մը
ստանձնած
էր,
որմէն
իր
ազգն
ալ
սքանչելապէս
պիտի
օգտուէր,
այդ
անձնաւորութիւնը
1881էն
ետքը,
խորտակուած,
ջախջախուած
տարագրեալ
մըն
էր
Փարիզ,
ուրկէ՝
«Վահրամ»
ծածկանունով՝
«Մասիս»ին
կը
խրկէր
յօդուածներ,
որոնք
1882—83ի
մեր
գրականութեան
է՛ն
պերճ
էջերը
կը
մնան։
Բայց
Օտեանին
գաղափարները,
գոնէ
իրենց
ամբողջութեամբը,
պիտի
չկրնային
հրապուրել
նոր
հասնող
երիտասարդութիւնը,
որուն
մտքին
ու
սրտին
վրայ,
բարեբախտաբար,
պիտի
չկրնային
հզօրապէս
ազդել։
«Մեծ
վտարանդին»
իր
հոգեկան
վշտերուն
ու
մարմնական
տառապանքներուն
մէջ
մխիթարանքի
պէտք
ունէր.
հանդարտութեան
ըղձացող
մը,
անոյշ
լեզուի
կարօտը
քաշող
մը։
Անիկա
ա՛լ
մեղմափայլ
վերջալոյսը
սիրող
միսթիքն
էր,
ու
երիտասարդութիւնը
միջօրէին
կիզիչ
արեգակովն
է
որ
կը
տաքնայ,
կը
վառի,
կը
բեղմնաւորի
ու
կը
բեղմնաւորէ։
Դառնացած
սիրտը
Հալէվիի
«Աբբայ
Կոնստանդէն»
խնկաբոյր
վէպը
կը
սիրէ
եւ
զայն
իր
քրոջը
թարգմանել
կու
տայ,
հրաշալի
հայաբանութեամբ։
Ալպէր
Տէլբիի
մը
«Մարքիզ»ին
վրայ
կը
սքանչանայ,
եւ
իր
խնդրանքովը
«Մասիս»ի
խմբագիր
Կարապետ
Իւթիւճեան
զայն
կը
հայացնէ։
Զոլային
եւ
անոր
դպրոցին
ամենաջերմ
թշնամին
է։
Մամուրեան
շատցուցած
է
իր
թարգմանութիւնները,
ու
իբրեւ
հրապարակագիր
կը
շարունակէ
գրել,
սակայն
առանց
ո՛եւէ
հրապուրիչ
եւ
ուշագրաւ
նորութեանց։
Գրիգոր
Չիլինկիրեան
միշտ
կը
մնայ
ֆրանսաբան
հայերէն
գրող
մը։
Նամակի
ձեւով
կը
հրատարակէ
1882—83ին
Կ.
Պոլիս
ըրած
ուղեւորութիւնը։
Ոճը
ծայրայեղօրէն
սեղմուած
է.
գրական
ինչ
ինչ
հաճելի
գիւտերու
խառնուած
են՝
«եւ
սակայն
կը
շարժի»ն,
«ամպոց
շփումէն
լոյս
կը
ծագի»ն
եւ
ուրիշ
հասարակ
տեղիք,
որոնք
մեզ
հեգնօրէն
կը
ժպտեցնեն։
Պոլսոյ
հայկական
կեանքը
հարեւանցիկ
ակնարկ
մը
միայն
կը
գրաւէ։
Մասնաւորապէս
անուշադիր
անցած
են
քանի
մը
բիւր
պանդուխտները։
«Հոթենթա
նստած,
այդ
հատորը
գրել
կարելի
էր»,
կը
դիտուի։
Բժիշկ
Յովսէփ
Շիշմանեան
իբր
հրապարակագիր
եւ
վիպասան
երեւան
կուգայ,
Ծերենց
ծածկանունով։
Իր
յօդուածները
ախորժանքով
կը
կարդացուին.
պատմական
հմտութեամբ
լեցուն
են։
Իր
վիպասանութիւնները՝
մեր
անցեալի
կեանքէն
առնուած՝
դիւրընթեռնլի
են։
«Թորոս
Լեւոնին»
Պոլիս
կը
հրատարակուի,
բայց
երկրորդ
տպագրութիւնը
այլեւս
չի
թոյլատրուիր,
ու
Ծերենցի
բոլոր
գործերը
Թիֆլիսէն
հրապարակ
կ՚ելլեն,
որով
անոնց
վրայ
Պոլիս
քիչ
կը
խօսուի։
Մատաթիա
Գարագաշեան,
նախկին
վիեննացի
Մխիթարեան
մը,
երկասիրեց
«Քննական
հայոց
պատմութիւն»
մը,
շատ
հմտութեամբ
գրուած։
Առաջին
հատորը
Պոլիս
տպուեցաւ,
իսկ
երկրորդը
Թիֆլիս։
Քիչ
կարդացուած
է
իր
հայեվարին
համար,
որ
գրաբարի
եւ
աշխարհաբարի
այլանդակ
խառնուրդ
մըն
է,
ընթերցման
համար
անտանելի։
Յայտնուեցան
կին
գրողներ
ալ։
Տիկին
Թագուհի
Մելիք
Ազարեանց
(օրիորդ
Շիշմանեան)
իր
յօդուածներէն
զատ,
գրականութեան
մասնակցեցաւ
«Գարնան
մի
ասուպ»
վիպակով
մը,
որ
փափուկ
զգացումներով
գրուած,
բարոյական
գաղափարներու
կը
ծառայէ։
Իբր
վիպասանուհի
մը
ճանչցուեցաւ
տիկին
Սրբուհի
Տիւսաբ։
Իր
գործերը՝
«Մայտա»,
«Արաքսիա»,
«Սիրանոյշ»
աւելի
բարոյախօս
քարոզներ
են
քան
թէ
վէպեր։
Անոնց
շատ
մը
էջերը
պիտի
կրնային
իբր
առաջնորդող
յօդուածներ
ընդունելութիւն
գտնել,
բայց
անհնարին
էր,
որ
իբր
վիպասանութիւն
հաճելի
դառնային։
Վէպերուն
անձնաւորութիւնները
ճառախօսներ
են,
ու
ոմանք՝
գերաբուն
արարածներ։
Իրար
սիրող
երիտասարդ
մը
ու
երիտասարդուհի
մը,
երբ
սենեկի
մը
մէջ
միս
մինակ
են,
սիրահարը
իր
խօսքը
սիրուհիին
կ՚ուղղէ,
զայն
«ո՜,
կոյս»
անուանելով,
ինչպէս
Գաբրիէլ
հրեշտակը
իր
խօսքը
կ՚ուղերձէր
Մարիամին։
«Մայտա»ն
քիչ
շատ
ընթերցող
ունեցաւ,
իբր
երախայրիք
մը,
բայց
միւս
հատորները
աննշմարելի
անցան։
Ուրիշ
գրողներու
ընդհանուր
խումբին
մէջէն
երեք
անուն
մասնաւոր
յիշատակութեան
արժանի
են,
վասն
զի
1870ի
գրական
սերունդը
կը
ներկայացնեն
ու
շարունակողները
եղան՝
թէեւ
ոչ
մեծ
յաջողութեամբ՝
հայ
գրականութիւնը
մտքով
ու
ձեւով
եւրոպականացնել
փափաքողներուն։
Ու
ատոնցմէ
երկուքը
դեռ
մինչեւ
հիմակ
Պոլսոյ
օրագրութեան
մէջ
կ՚երեւին։
Այդ
երեք
գրողներն
են՝
Մինաս
Չերազ,
Ռեթէոս
Պէրպէրեան,
Եղիա
Տէմիրճպաշեան։
***
Մինաս
Չերազ,
որ
1890էն
ի
վեր
ֆրանսերէն
թերթ
մը
կը
հրատարակէ,
արդէն
1879էն
յետոյ
հայ
գրականութեան
համար
կամաց
կամաց
կ՚աներեւութանար։
Պերլինի
վեհաժողովէն
յետոյ
հրատարակեց
քաղաքական
երկու
տետրակ,
—
եւ
ասոնց
հետ՝
օրագիրներու
մէջ
քանի
մը
յօդուած,
Եւրոպայէն
«Արաքս»ի
ղրկուած
մէկ
երկու
գրութիւն,
կը
ներկայացնեն
1879էն
ի
վեր
Չերազին
գրական
գործունէութեան
հաշուեկշիռը։
Կրնանք
ըսել
թէ,
շատ
հաւանօրէն,
Մինաս
Չերազ
մեր
գրական
շարժումին
վարիչներէն
մէկը
պիտի
ըլլար,
առանց
Պերլինի
ուղեւորութեանը,
որուն
հետեւանքովը
քաղաքական
գործերու
խառնուեցաւ
եւ
չկրցաւ
շարունակել
գրականութեան
համար
աշխատութիւնները։
«Երկրագունտ»
հանդէսը,
զոր
Շահնազարեան
Կարապետ
վարդապետ
վաթսունական
թուականներուն
Մանչէսթըր
հիմնած
էր,
1869—70
թուականին
շարունակուեցաւ
Պոլսոյ
Նուպար—Շահնազարեան
վարժարանին
աշակերտներուն
խմբագրութեամբը։
Մինաս
Չերազ,
այդ
դպրոցը
ուսանող,
իր
առաջին
յօդուածները
տպագրեց
այս
հանդէսին
մէջ։
Անոնք
ետքէն
«Գրական
փորձեր»
անունով
հատորը
եղան։
Ասկէ
զատ
հրատարակած
է
«Ազգային
դաստիարակութիւնը»,
«Գրիչ
եւ
սուր»,
«Դամբանականներ»։
Այս
գործերը
իրենք
իրենց
մէջ
նշանաւոր
յատկութիւններ
չունին,
բայց
ենթադրել
կուտան
թէ
հեղինակը
աշխատութեամբ
պիտի
կրնար
առաջնակարգ
հայ
գրագէտ
մը
ըլլալ։
Բաւական
բան
գիտէ,
իր
նիւթերուն
տէրն
է,
մասնաւորապէս
լեզուականին։
Տարտղնած,
թոյլ
ու
արձակ
ոճով
չի
գրեր,
այլ՝
զուսպ
ու
կտրուկ։
Պարբերութիւն
մը
շինելու
ընդունակ
է,
ինչ
որ
կարծուածին
չափ
դիւրին
արուեստ
մը
չէ։
Կորով
ունեցող
կ՚երեւի։
Դիւրազգաց,
գորովալիր,
փափկամիտ
գրագէտը
պիտի
չըլլայ։
Դեռ
պատանի
եւ
արդէն
իր
«ես»ը
ծայրայեղօրէն
պաշտող։
Մինչեւ
1879
Մինաս
Չերազ
մեծ
գրականութեան
համար
կրնայ
սկսնակ
մը
համարուիլ,
ցոյց
տուած
յատկութիւնները
ապագային
համար
գրաւական
են.
բայց
երբ
Պերլինէն
կը
վերադառնայ,
ա՛լ
այնուհետեւ
ինչ
որ
կը
հրատարակէ,
եւ
յատկապէս
իր
ուղեւորական
նկարագրութիւնները
«Արեւելք»ի
մէջ
1885ին,
ամէնքն
ալ
տկար
են։
Ո՛չ
գաղափար
կը
տեսնուի
անոնց
մէջ,
ոչ
ալ
գրական
տաղանդ
մը
կը
յայտնուի։
Իրաւ
է,
թէ
քանի
մը
գեղեցիկ
հատուածներ
«Արեւելք»ի
ներքին
գրաքննութեան
կողմէն
ջնջուեցան,
վասն
զի
կառավարութեան
ուշադրութիւնը
արթնցնելու
կասկածը
կու
տային.
բայց
հրատարակուածներն
ալ
գրական
համբաւի
մը
արժանաւոր
չեն։
Ալ
այնուհետեւ
Մինաս
Չերազ
ատեն
մը
Կեդրոնական
վարժարանին
մէջ
կրթական
պաշտօնեայ,
ետքէն
ալ
ֆրանսերէն
թերթի
մը
խմբագիր,
հայ
մատենագրութեան
համար
յիշատակ
մը
միայն
կը
մնայ,
որ
հետզհետէ
պիտի
աղօտանայ
եւ
պիտի
մարի,
եթէ
մատենագրական
կարեւոր
աշխատասիրութիւն
մը
զինքը
չվերակենդանացնէ։
Ռէթէոս
Պէրպէրեան
Խասգեղ
թաղին
վարժարանին
աշակերտներէն
է
եւ
մօտաւորապէս
երսունհինգ
տարիէն
ի
վեր
ծանօթ
է
իբր
ուսուցիչ
եւ
գրող
մարդ։
Արձակ
եւ
ոտանաւոր
բազմաթիւ
գրածներ
ունի՝
հեղինակութիւն
եւ
թարգմանութիւն,
ու
կը
շարունակէ
գրել։
Իր
արժանիքներուն
առաջինը
ատենաբանելու
ձիրքն
է։
Յորդահոս
կը
խօսի,
ընդհանրապէս
դատարկաբան
մը
չէ,
բայց
երկարաճառ
է
ու
կրկնութիւններէ
չի
խորշիր։
Ծանր
լրջութիւն
մը
կը
յատկանշէ
իր
ատենաբանութիւնները,
որոնց
մէջ
սակայն
հազուադէպ
է
նորութեան
մը
հանդիպիլ։
Գրաւոր
գործերն
ալ
ճառախօսութեանցը
հանգունատիպ
են։
Գլխաւոր
հեղինակութիւնն
է
1883—84ին
հրատարակած
կարգ
մը
քրոնիկները,
որոնք
իբր
հատոր
ալ
երեւցան
«Մարդիկ
եւ
իրք»
վերնագրով։
Օրը
օրին
ապրուած
կեանքի
այդ
պատկերներն
ալ
տարապայման
լրջութեամբ
ծանրաբեռն
են։
Անոնք
ալ
ճառախօսութիւններ
են
կամ
առաջնորդող
յօդուածներ,
եւ
յաճախ՝
յաւիտենական
բարոյականի
մը
դասախօսութիւնները,
որոնք
երբ
փրփրերախ
զայրոյթի
մը
բորբոքմամբը
հրապարակը
կը
նետուին,
ժպտիլ
կու
տան,
վասն
զի
բռնազբօսիկ
բան
մը
կը
մատնեն։
Պէրպէրեան
քանի
մը
օտար
լեզուի
հմուտ
է,
իսկ
հայերէնի՝
քաջատեղեակ.
գրաբար
հրատարակութիւններ
ալ
ունի։
Իր
սիրած
լեզուն
այն
գրաբարախառն
աշխարհաբարը
եղաւ,
որ
խժդժալուր
կը
հնչէ
ու
անհասկանալի
է,
բայց
երեսուն
տարիներու
յամառ
դիմադրումէ
յետոյ,
վերջապէս
հպատակեցաւ
ժամանակակից
հայեվարին։
Միտք
մը
պէտք
է,
որ
արտակարգ
նախապաշարմամբ
ճնշուած
ըլլայ,
որպէս
զի
աւելի
քան
քառորդ
դար
անկարող
գտնուի
ըմբռնել
լեզուական
բնաշրջումի
անդիմադրելի
օրէնքները,
որոնց
կը
հպատակին
ժամանակակից
գրագէտները
կէս
դարէ
ի
վեր։
«Առաջին
տերեւք»ին
հեղինակը,
«Հերման
եւ
Տորոթէ»ին
թարգմանիչը,
հակառակ
իր
լեզուագիտական
տաղանդին,
չկրցաւ
մեր
աշխարհաբարին
զարգացմանը
սատարել,
վասն
զի
անբնական,
ուստի
եւ
անմատչելի
լեզուով
մը
գրեց։
Ու
պէտք
մը
չենք
տեսներ
երկարօրէն
փաստաբանելու,
թէ
անհնարին
է
ժողովուրդի
մը
մտաւորական
զարգացումին
նպաստել,
անոր
գաղափարներուն
վրայ
պահպանողական
կամ
առաջդիմական
ազդեցութեամբ
ներգործել,
երբ
այդ
ժողովուրդին
կը
խօսուի
չհասկցուելիք
բարբառով
մը։
Եղիա
Տէմիրճիպաշեան,
իսկականէն
զատ
ուրիշ
շատ
մը
անուններով
ալ
ճանչցուած
է,
որոնց
մէջ
էն
ծանօթը՝
«Գրասէր
Ատոմ»ը։
Չերազի
ու
Պէրպէրեանի
պէս
ինք
ալ
Խասգեղ
թաղէն
է
եւ
աշակերտած
է
Նուպար–Շահնազարեան
վարժարանին։
Երեսունըհինգ
տարիէ
ի
վեր
անդադրում
շարունակութեամբ
կը
գրէ։
Հրատարակած
էջերը
բիւրերով
կը
համրուին։
Եթէ
անոնց
մէջէն
ընտրանօք
փոքր
հաւաքածոյ
մը
ընել
կարելի
ըլլար,
այդ
հատորիկը
պիտի
կրնար
իբր
մեր
ժամանակակից
մատենագրութեան
լաւագոյն
գործերէն
մէկը
մնալ
եւ
միշտ
կարդացուիլ։
Շատ
դժուարին
է
այս
հեղինակը
դատել։
Իրմէն
էջ
մը
ընթերցողին
համակրանք
կը
ներշնչէ,
եւ
ուրիշ
էջ
մը
հակակրանք
կ՚ազդէ։
Ու
նոյնիսկ
միեւնոյն
յօդուածին
շարունակութեանը
մէջ
շուարած
կը
մնաս
որոշելու
համար,
որ
փախուկի՞
մը
թէ
առողջ
մտքի
մը
հանդէպ
կը
գտնուիս։
Հարիւրներով
օրինակներ
այս
հաւաստումս
կրնան
ապացուցանել.
անոնցմէ
հատ
մը
միայն
պիտի
յիշատակեմ,
գաղափար
մը
տալու
համար
այս
հանրածանօթ
գրագէտին
մտաւորական
կազմուածքին
վրայ։
Պոլիս
1887—88
թուականին
օրագրութեան
մէջ
վիճաբանութիւն
բացուեցաւ
մեր
տառերուն
պոլսական
ու
արարատեան
հնչումներու
տարբերութեանց
մասին։
Այս
առթիւ
Տէմիրճիպաշեան
«Արեւելք»ի
խմբագրութեան
կը
տանի
լրջօրէն
ուսումնասիրուած
յօդուած
մը,
որ
իբր
զուտ
մասնագիտական
խնդիր
մը,
տպարանին
կը
յանձնուի
առանց
ներքին
գրաքննութեան
կողմէն
նախապէս
ամբողջակի
ընթերցման։
Թերթը
մամուլին
տակ
դրուելու
միջոցին
է,
որ
խմբագրութիւնը
պատրաստուած
էջերը
կարդալու
ատեն
կը
տեսնէ,
թէ
յօդուածագիրը
բ,
պ,
գ,
կ,
դ,
տ
տառերուն
արտասանական
խնդիրները
քննելէ
յետոյ,
անմիջապէս
հառաչաձայն
ոգում
մը
կ՚ուղերձէ
առ
Նիրվանան
հնդկային,
անոր
ծոցը
անեացեալ
հանգչելու՝
պաղատագին
աղերսանքներով։
Յօդուածագիրը
վերջին
տողերուն
ջնջումը
չի
թոյլատրեր,
իսկ
ամբողջին
ալ
հետաձգումը
անհնարին
ըլլալով,
գրութիւնը
անփոփոխ
հրապարակ
կ՚ելլէ։
Տեմիրճիպաշեան
միշտ
փոփոխական
մը
եղած
է,
իր
մէկ
օրը
միւսին
չէ
նմանած։
Որոշ
գաղափարներու
մարդը
չէ,
ո՛եւէ
հաստատ
կամ
անհաստատ
համոզում
չունի,
իմաստասիրական
դպրոցի
մը
չ՚աշակերտիր։
Անշուշտ
կ՚ընդունինք,
թէ
խորհող
միտք
մը
միշտ
միեւնոյն
համոզումներով
կաշկանդուած
մնալու
պարտաւոր
չէ։
Շարունակ
սորվելու
եւ
մտածելու
աշխատութեան
պէտք
պիտի
չմնար,
առանց
ինքզինքը
սրբագրելու
ցանկութեան։
Տարրական
ճշմարտութիւն
մըն
է,
թէ
«անո՛նք
չեն
փոխուիր,
որ
չեն
մտածեր»,
բայց
գրագէտ
մը
երբ
երկուշաբթի
առտու
իբր
հաւատացեալ
մը
կը
ներկայանայ
ժողովրդին
ու
երեքշաբթի՝
անհաւատ
մը,
երբ
չորեքշաբթի
հոգեպաշտութիւն
կը
քարոզէ
եւ
ուրբաթ՝
նիւթապաշտութիւն,
եւ
շաբաթ
օր՝
յօդուածի
մը
սկիզբը
ինքզինքը
Օկիւստ
Քոնթի,
Սբէնսրի
եւ
Լիթրէի
աշակերտ
դաւանելէ
յետոյ,
յօդուածին
կիսուն
ահա
խաչին
կը
փարի
եւ
իր
«արիւնոտ
սիրտը»
Քրիստոսի
ոտքերուն
տակ
կը
դնէ,
յաջորդ
շաբթուն
Քրիստոսի
դէմ
մարտնչելու
պայմանաւ,
այն
ատեն
կը
հասկնանք,
թէ
շատ
խորհելով
փոփոխութիւն
կրող
լուրջ
մտքի
մը
հետ
չէ,
որ
գործ
ունինք։
Բայց
Տեմիրճիպաշեան
կը
նմանի
Վենետկեան
այն
նեղլիկ
ջրանցքներուն,
որոնք
մէկ
արեւածագէն
մինչեւ
միւսը
այլագոյն
կ՚երփերանգին
մերթ
զուարթատես,
մերթ
մելամաղձիկ,
մերթ
պայծառափայլ,
մերթ
նսեմաստուեր՝
ըստ
օրուան
պահուն,
եւ
ա՛լ
ինչպէս
որ
իրարու
քով
վազեն,
իրար
ետ
մղեն,
իրար
համբուրեն,
իրար
բզկտեն,
իրարու
աղապատին
ու
իրարմէ
փախչին
ճառագայթներն
արեւուն,
բազմերփին
գոյները
վարագոյրներու՝
կարմիր,
շափիւղեայ,
կանաչ,
դեղին,
կապոյտ,
ու՝
ցոլացումներն
հանդիպակաց
տաճարներու,
պալատներու,
տնակներու։
Գրական
այդ
յարափոփոխ
մարդը
զգայնիկ
մըն
է.
հրճուանք
մը,
մահ
մը,
փայփայանք
մը,
թշնամանք
մը,
օդին
փոփոխութիւնը,
իրիկնամուտ
մը,
օրուան
ո՛եւէ
մէկ
ժամը,
ընթերցումի
մը
տպաւորութիւնը,
յիշատակի
մը
զարթնումը,
մարդկային
չարութեան
մը,
առաքինութեան
մը
լուրը,
վերջապէս՝
կեանքի
այն
բոլոր
դիպուածները,
որոնք
կու
գան,
կ՚անցնին,
կ՚երթան,
կը
վերադառնան,
անոնք
ամէնքը
Տէմիրճիպաշեանը
գրչին
ու
թուղթին
կը
վազցնեն։
Սրտագրաւ
էջեր
շատ
գրած
է։
Դագաղներու
շուրջը
թափած
արցունքները
հոգիէ
բխած
են
ու
դեռ
մինչեւ
այսօր
անոնք
կը
նամէտեն
հոգիներն
անոնց,
որ
աներեւութացեալներ
ճանչցեր
են։
Տրտմաթախիծ
կը
մեղկացնէ
հոգիդ,
երբ
հիւծախտաւորներու
մահճի
շուրջը
կը
հեծկլտայ։
Ժամանակը
մաշեցուցած
չէ
Մելանիայի
քրոնիկները,
վասն
զի
խանդավառութիւնն
է
եղած
անոնց
ներշնչարանը։
Տէմիրճիպաշեան
ուրիշները
շատ
սիրած
է.
միշտ
գուրգուրական
խանդաղատանքով
իր
թեւերուն
ներքեւ
համապարփակած
է
ամէն
նոր
գրողներ,
ու
անոնց
հետ՝
հիները
կամ
հինցողներն
ալ։
Երբեք
նորածիլ
խոտի
մը
վրայ
կոխել
ուզած
չէ,
խորհելով,
որ
«թերեւս
անոր
ներքեւը
կեանք
մը
պահուըտած
կայ
ու
օր
մը
կրնայ
բացուիլ
ու
ուռճանալ»։
Իր
գգուանքները
յաճախ
մահաբեր
եղան
սկսնակներու,
որոնք
երես
առին,
շփացան։
Տէմիրճիպաշեան
եթէ
ուրիշները
գգուեց,
իր
անձին
համար
աւելի
սիրավառ
եղաւ,
ինչ
որ
աններելի
յանցանք
մը
չէ.
բայց
դժբախտութիւնը
այն
եղաւ,
որ
իր
անձը,
իր
ընտանիքը,
իր
ազգականները,
ներքին
կեանքի
բոլոր
մանրամասներովը
շարունակ
բազմաթիւ
տարիներ
գրական
հանդիսաբեմին
վրայ
ցուցադրեց.
գրական
ամօթխածութիւնը
չյարգեց։
Պիտի
կրնար
լաւ
վիպասան
մը
ըլլալ,
եթէ
իր
եւ
իրեններուն
ցաւերը
փոխանակ
մերկապարանոց
հրապարակ
դնելու,
զանոնք
մարմնացնէր՝
մտացածին
անձնաւորութիւններու
մէջ,
որոնց
կեանք
ու
հոգի
պիտի
ներշնչէր
իր
զգայնութիւններովը։
Տէմիրճիպաշեան
գեղոճ
գրագէտ
մըն
է։
Բառերուն
բանաստեղծել
կու
տայ.
անոնցմէ
լոյս
ցատկեցնելու,
զանոնք
գունագեղ
ընծայելու
գաղտնիքը
ունի։
Գեղարուեստական
պարբերութիւններ
շինելու
տաղանդին
տիրացած
է։
Ոչ
ոքին
աշակերտն
է,
ոչ
ոքին
ալ
վարպետն
է
եղած։
Օտեանին,
Ռուսինեանին
նման
ինքն
ալ
կը
գրէ
աշխարհաբարով
մը,
որ
մեր
ընթացիկ
ու
օրէ
օր
կատարելագործուելու
վրայ
եղող
լեզուն
չէ։
Այդ
մինչեւ
աստիճան
մը
նորալուր
աշխարհաբարները
տհաճելի
չեն
հնչեր,
բայց
ոչ
ոք
կարող
է
անոնց
նմանողը
ըլլալ,
ոչ
ոք
ալ
կ՚ուզէ
հետեւիլ։
Այս
հանրածանօթ
գրագէտը
շատ
բան
կարդացած
է,
բայց
շատ
բան
իւրացուցած
չէ։
Ամէն
տեսակ
նիւթերու
վրայ
գրելու
մոլութենէն
բռնուեցաւ,
առանց
մէկ
նիւթ
մը
խորապէս
ուսումնասիրած
ըլլալու.
ուստի
եւ
գեղեցիկ
ոճով
մը
գրուած
բազմակոյտ
յօդուածներ
մեր
գրականութեան
տալէն
յետոյ,
չի
կրնար
մտաւորական
կեանքին
մէջ
ժողովուրդին
վրայ
տիրապետող
առաջնորդ
մը
համարուիլ։
Եւ
անձնամոլ
գրականութեան
ճիւղին
մէջ
ցաւագար
հետեւողներ
ունեցաւ։
***
Թէեւ
1850էն
ի
վեր
Իզմիր
ու
Պոլիս
բազմաթիւ
թերթեր
հրատարակուած
էին,
բայց
անոնցմէ
շատերը
այլեւայլ
պատճառներով
աներեւութացեր
էին։
Թիւրքիոյ
հայոց
անդրանիկ
օրագիրը,
«Արշալոյս
Արարատեան»,
դեռ
1884ին
իբր
շաբաթաթերթ
կը
հրատարակուէր
Իզմիր.
բայց
շատ
չանցած,
դաւի
մը
զոհ
երթալով
պիտի
խափանուէր։
Պոլիս
հայատառ
թրքաբարբառ
երեք
թերթ
կը
հրատարակուէր,
մինչ
հայերէն
լեզուով՝
«Մասիսը»
միայն։
Կային
ուրիշ
մէկ
երկու
օրագիր
ալ,
բայց
մերթ
ընդ
մերթ
երեւան
կու
գային։
Երիտասարդ
հրապարակագիր
մը,
Բիւզանդ
Քէչեան՝
որ
1879ին
յայտնուած
էր,
իբր
աշխատակից
մը
«Մասիս»ին
մէջ
մտնելով,
կարող
եղաւ,
իր
օրագրողի
առաջնակարգ
յատկութիւններովը,
հինաւուրց
թերթը
երիտասարդացնել,
զայն
հեղաշրջել
ու
գրականութեան
հանդիսարան
մը
եւ
վիճաբանութեան
մարզարան
մը
ընել։
Բայց
գանգատ
մը
կը
տիրէր.
թէ
Թիւրքիոյ
ամբողջ
հայութիւնը
հայերէն
միակ
թերթի
մը
ձեռք
մնացեր
է։
«Արեւելք»ին
հրատարակութիւնը
հանրային
պահանջ
մը
կը
գոհացնէր։
Սակայն
նոր
թերթին
երեւումէն
քանի
մը
ամիս
ետքը
տեսնուեցաւ,
թէ
ո՛չ
«Մասիս»ը,
ո՛չ
«Արեւելք»ը
պիտի
կրնային
դիմանալ.
երկուքէն
մէկուն
անհետացումը
անխուսափելի
չարիք
մը
կը
թուէր։
Գլխաւոր
պատճառը,
որով
երկու
թերթ
միաժամանակ
չէին
կրնար
ապրիլ,
այն
էր,
որ
գիները
սուղ
էին։
Օրագիր
մը
հատով
կը
ծախուէր
40
փարայի
(մօտաւորապէս
6—10
կոպէկ).
տարեկան
բաժնեգինը.
նոյն
համեմատութեամբ.
ուստի
երբ
«Մասիս»էն
երկու
երեք
հարիւր
բաժանորդ
«Արեւելք»ին
անցան,
հինաւուրց
թերթը
սարսեցաւ։
Այդ
գումարը
իր
բոլոր
շահը
կը
ներկայացնէր,
խմբագրական
ծախքերը
մէջ
ըլլալով։
Իսկ
«Արեւելք»,
որ
դրամագլուխ
մը
դրած
էր,
զայն
սպառած
տեսնելէ
յետոյ,
իրեն
անհնարին
էր
«Մասիս»էն
առած
կամ
նոր
ստացած
քանի
մը
հարիւր
բաժանորդներովը
ապրիլ։
Գիներու
զեղչում
մը
երկու
թերթերն
ալ
պիտի
փրկէր։
Փորձը
ետքէն
ցոյց
տուաւ,
որ
աժանագին
լրագրութիւն
մը
իր
առջեւը
ծաւալման
մեծ
ասպարէզ
բաց
ունի։
Բայց
այդ
միջոցին
«Արեւելք»ի
վարիչներէն
ոմանք
կ՚ընդդիմանային
գինը
աժանցնելու
ոեւէ
առաջարկի,
իսկ
«Մասիս»
նորութեան
փորձը
ընելու
համարձակութիւն
չէր
ունենար։
Չմոռնանք
նաեւ,
որ
օրագիրները
այն
ատեն
հիմակուան
պէս
ծանուցումներով
առատօրէն
օժտուած
չէին։
Այս
դժուարին
կացութեան
մէջ,
«Մասիսի»
տէրը՝
Կարապետ
Իւթիւճեան,
եւ
«Արեւելք»ի
վարչութիւնը
համաձայնեցան
երկու
թերթերուն
միացմանը։
Միացում
բառը
ճիշդ
չէ.
«Մասիս»ը
կ՚աներեւութանար,
անոր
տէրը
«Արեւելքէն»
ամսական
որոշ
գումար
մը
ստանալով։
Այս
միացումը
հայ
մամուլին
համար,
ազգային
կեանքին
համար
դժբախտութիւն
մըն
էր,
որուն
դառն
հետեւանքները
շուտով
զգալի
պիտի
ըլլային,
ինչպէս
կը
տեսնենք
յաջորդ
էջերուն
մէջ։
«Բանբեր
գրականութեան
եւ
արուեստի»
Ա
գիրք,
1903,
էջ
174-206։