Ա
Գեղունի
ին
մէջ
ընդարձակ
յօդուածով
մը
խօսեցանք
Թուրքիոյ
հայոց
արդի
գրականութեան
վրայ։
Մեր
չուկէտը
եղաւ
1850
թուականը,
եւ
կանգ
առինք
1880ին։
Հիմա
կ՚ուզենք
այդ
ժամանակամիջոցէն
մեկնելով
հասնիլ
մինչեւ
մեր
օրերը։
Բայց
պէտք
կը
զգանք
Գեղունի
ին
տեսութիւնը
նախապէս
համառօտ
մը
ծանօթացնել
Բազմավէպի
ընթերցողներուն
ալ,
որպէս
զի
կարենան
առանց
դժուարութեան
հետամտիլ
մէկ
թուականէն
միւսին
փոխանցմանը։
***
Թուրքիոյ
հայոց
մտաւորական
շարժումին
կեդրոնավայրը
Պոլիսը
եղած
է,
վասն
զի
հոն
կը
կեդրոնանայ
իրենց
տնտեսական
եւ
քաղաքական
կեանքը։
Օսմանեան
մայրաքաղաքը
ընդհանուր
ազգային
կեանքին
վրայ
գերազդեցիկ
իշխանութիւն
ունեցաւ,
շնորհիւ
հոն
հիմնուած
վարչական
եւ
կրօնական
ազգային
նոր
իշխանութեան
մը,
որ
Պատրիարքութիւնն
է։
Մեր
արդի
գրականութիւնը
երեք
ճիւղաւորմամբ
զարգացաւ.
հայրենագիտական,
թարգմանական,
հրապարակագրական։
Մխիթարեանները
մշակեցին
առաջինը,
տոհմային
պատմութեան
եւ
լեզուի
մեծամեծ
հարատարակութիւններով,
որոնց
կցորդեցին
դասական
գրքերու
հայացումը։
Իզմիր՝
եւրոպական
արդի
մատենագրութիւնը
տարածեց
մեր
մէջ։
Կ.
Պոլսոյ
յատկանիշը
հրապարակագրութիւնը
եղաւ։
Ինչ
որ
ընդհանուր
առումով
Թուրքիոյ
հայոց
գրականութիւնը
կը
կոչուի՝
պոլսականն
է։
Հայաստան
մատենագրութիւն
չունի.
գլխաւորապէս
այն
պատճառաւ,
որ
հայրենի
հողին
վրայ
տպարանի
հաստատութիւնը
անհնարին
եղած
է։
Կ.
Պոլսոյ
գրականութիւնը
հրապարակագրական
եղաւ
եւ
հրապարակագրական
մնաց,
վասն
զի
իրեն
նպատակ
մը
առաջադրած
էր՝
ցեղին
վերածնունդը։
Յաջողութիւնը՝
մաքառում
է։
Միեւնոյն
ատեն
հայ
ժողովուրդը
կ՚ընդլայնէր
ազգայնութեան
ըմբռնումը։
Լոկ
պատմական—կրօնական
հայրենիքի
մը
զգացումին
կը
միացնէր
պատմական—աշխարհական
հայրենիքի
մը
գաղափարն
ալ։
Օրագրութիւն,
ատենաբանութիւն,
թատրոն,
բանաստեղծութիւն,
միեւնոյն
շարժումէն
մղուած
կը
յառաջանային։
Եւրոպական
դաստիարակութեամբ
զարգացած
նոր
երիտասարդութիւն
մը
այդ
շարժումին
վարիչն
էր։
Պոլսոյ
եւ
Իզմիրի
մտաւորական
շարժումին
ամբողջութիւնը
հատուածներու
բաժնելով,
իւրաքանչիւրը
պատկերացուցինք
իրեն
յատուկ
դէմքի
մը
ուրուագրութեամբ։
Տեսանք,
որ
ազգային-կրօնական
աւանդութեանց
անվթար
պահպանումին
ախոյեանը
կը
կանգնի
պրուսացի
Տէրոյենց
Չամուրճի
պատուելին,
խաւարեալներու
պետը։
Լուսաւորչականներուն
կ՚առաջնորդէ
Պալեան—Ռուսինեան—Օտեան
գեղարուեստասէրներու
խումբը.
Պէշիկթաշլեան՝
հայրենիքին
երգիչն
է.
Ծերենց—Շիշմանեան՝
վիպասանը։
Մամուրեան
ու
Չիլինկիրեան
եւրոպական
արդի
գրականութիւնը
կ՚ընտելացնեն
հայոց,
ու
միանգամայն
նոր
հրապարակագրութեան
մը
նախաձեռնութիւնը՝
կ՚ունենան։
Դուրեան՝
սրտի
բանաստեղծը։
Շահնազարեան
վարդապետ՝
նոր
տիպար
եկեղեցականն
է։
Մատաթիա
Գարագաշեան
հայոց
պատմութիւնը
գիտականօրէն
քննող
կը
հանդիսանայ
ու
մեր
նոր
աշխարհաբարը
գրաբարին
մէջ
կաղապարելու
կը
տքնի։
Այս
դէմքերէն
իւրաքանչիւրը
խումբ
մը
կը
ներկայացնէ.
այդ
խումբերուն
համախմբումը
հայ
մտաւորականութիւնն
է
1850էն
1880։