Թուրքիոյ հայոց գրականութիւնը (1880—1900)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Զ
       Գեղունիէն հոս շարունակուած այս տեսութիւնը կը վերջացնենք քանի մը նկատողութիւններով, որոնք կրնան իրենց կարգին ընդարձակ յօդուածներու նիւթ մատակարարել։
       ***
       Պէտք չէ մեղադրել Կ. Պոլսոյ գրագէտները, եթէ մեծ խնամքով պատրաստուած ընդարձակ գրքեր չեն կրնար հեղինակել։ Ժամանակը կը պակսի իրենց։ Իւրաքանչիւր գրագէտ պէտք է զբաղի իր անձնական գործովը։ Գրելու համար հարկ է հանգստի ժամերէն կորզել։ Ու գիտենք, թէ Պոլսոյ երթեւեկութեանց եղանակները որքան յոգնեցուցիչ են։ Առտուն տունէն պէտք է կանուխ դուրս ելլել, ու իրիկուան յոգնած դադրած ներս մտնել։
       Օրագրողներն ալ լաւագոյն վիճակի մէջ չեն։ Թերթի մը հազարումէկ հոգերը չեն թոյլատրեր խնամոտ աշխատութիւն մը։
       Հայաստանի գրողները աշխատելու լաւագոյն պայմաններու մէջ կը գտնուին։ Երթեւեկութեանց դժուարութիւններէն ազատ են. մանաւանդ ձմեռը երկար ժամերով տուներնին կը մնան ամէն օր։
       Պոլսոյ հայ գրողները նաեւ չեն վայելեր ինքնազարգացման դիւրութիւն։ Ո՛չ հայերէն, ո՛չ օտար լեզուներով գրքերու մատենադարան կը գտնեն։ Եւ ոչ ալ միշտ առձեռն պատրաստ են հանդէսներ ու գրքեր։ Պէտք է միշտ գնել, ու ենթադրելով իսկ թէ դրամական դիւրութիւն չպակսի —ինչ որ հազուադէպ պարագայ մըն է—բայց եւ այնպէս գիրք հայթայթելու դժուարութիւնները շատ են։
       Այս տեսութեանց մէջ պարզուեցան նաեւ այն կարգ մը պատճառներն ալ, որոնք կը ջլատեն մեր գրականութեան բարգաւաճումը։ Շատ երկար պիտի ըլլայ ուրիշ խոչընդոտներու թուումը։ Յիշատակման առիթները պիտի չպակսին։
       Իսկ առ այժմ բաւական համարենք ըսել, որ երբ նկատողութեան կ՚առնենք բոլոր այն հանգամանքները, որոնք մտաւորական բարգաւաճման դէմ պատնէշ կը կանգնեն Թուրքիոյ հայոց համար, ձայն մը մեր սրտէն մեզի կ՚ըսէ, թէ կէս դարու մեր գրականութիւնը իր բոլոր թերութիւններովը մէկտեղ, դարձեալ տոհմային հզօր կենսականութեան ապացոյցն է։ Պիտի չվարանինք զայն հրաշագործութեան մը ծնունդ նկատել։
       Ու ցեղային հաստատ հաւատքն է այդ հրաշքը պարգեւողը։ Պահենք հաւատքը, ու օր մը հրաշքը հզօրագոյն պիտի փայլի։
       ՀՐՊԵՏ
«Բազմավէպ» էջ 321—328