Դ
Վերջին
քանի
մը
տարուան
ընթացքին
մէջ
Ռուսիոյ
եւ
Թուրքիոյ
հայոց
յարաբերութիւնները
աներեւակայելի
կերպով
ընդարձակուած
եւ
մտերմացած
էին։
Արեւելք
թերթի
հիմնարկութենէն
առաջ
Թուրքիոյ
հայերը
շատ
քիչ
բան
կ՚իմանային
Ռուսիոյ
հայոց
կեանքէն։
Ու
փոխադարձաբար։
Հայաստան
կրթութիւն
տարածող
ընկերութեանց
հաստատմամբը,
1876էն
սկսեալ
կանոնաւոր
յարաբերութիւններու
սկզբնաւորութիւն
եղաւ
Կ.
Պոլսոյ
եւ
Ռուսիոյ
հայոց
միջեւ,
միջնորդը
Մշակ
թերթն
էր։
Նորահաստատ
կապերը
հզօրապէս
պիտի
ազդէին
ազգային
կեանքին
եւ
Պոլսոյ
օրագրութեան
վրայ։
Ա՛լ
անկէ
ետքը
Մշակ
»
խմբագրութիւնը
իրեն
համար
բերան
մը
ուներ
Թուրքիոյ
հայոց
մէջ։
Արեւելք
ի
հրատարակութիւնը
սկսելէն
քանի
մը
ամիս
ետքը,
Մասիս
ը
այլեւս
կարող
չէր
շարունակուիլ,
ու
1884
յուլիսին
իբրեւ
օրաթերթ
ըլլալէ
կը
դադրեր
երեսուն
երեք
տարուան
թերթը,
եւ
կու
գար
անձնատուր
ըլլալ
Արեւելքի։
«Արեւելքի»
լայնածաւալ
էջերը
բաց
էին
Մշակ
ի
վարիչներուն
առջեւ։
Գրիգոր
Արծրունի,
Րաֆֆի,
Առաքելեան,
Մալումեան
կ՚երեւէին
Արեւելք
ի
մէջ։
Կովկասէն
ամէն
մշակական
Արեւելք
ը
իբր
իր
թերթը
կը
նկատէր։
Ազգային
ամէն
խնդիր
թէ՛
Մշակ
ի,
եւ
թէ՛
Արեւելքի
մէջ
գաղափարներու
կատարեալ
համերաշխութեամբ
կը
քննուէր։
Զգացումներու
եւ
մտածութիւններու
համանմանութիւնը
երեւան
կու
գար
հանրային
ուրիշ
գործերու
մէջ
ալ։
Հարկ
է
սակայն
այս
առթիւ
յիշեցնել,
որ
հիմակուան
Արեւելք
ը
ո՛րեւէ
առնչութիւն
չունի
1884ի
Արեւելքին
հետ։
Անունը
եւ
հաստատման
թուականը
միեւնոյնն
են։
Մարդիկն
ալ
փոխուած
են,
ուղղութիւնն
ալ։
Ու
իբր
միջանկեալ
հարկ
է
յիշեցնել,
որ
նոյնիսկ
նախին
Արեւելք
ը
մշակականութեան
մղուեցաւ
ո՛չ
թէ
հաւաքական
հաւանութեամբ,
այլ
անհատական
ազդեցութեամբ։
Արեւելք
կը
խմբագրուէր
վարչական
մարմնի
մը
հսկողութեամբը։
Երբ
1890
փետրուար
12ին
վարչական
մարմնին
մէջ
փոփոխութիւններ
տեղի
ունեցան,
Արեւելք
ալ
սկսաւ
դադրիլ
Մշակ
ի
հետ
ո՛եւէ
համերաշխութենէ։
Այդ
միջոցին
Պոլսոյ
մշակականները
առժամապէս
ուրիշ
հանդէս
հրատարակեցին,
վասնզի
ժամանակը
«երկունքի
մէջ
էր»։
Իսկ
1891ին
Արեւելք
բոլորովին
հակամշակական
եղաւ,
մասնաւորապէս
Քէչեանի
ազդեցութեամբը։
Բայց
1891ին
ալ
հիմնուեցաւ
Հայրենիքը։
***
Կովկասի
հետ
սերտ
յարաբերութիւնները
տարօրինակ
կերպով
ազդեցին
Թուրքիոյ
հայոց
վրայ։
Մինչեւ
այն
ատեն
Հայաստան
Կ.
Պոլսէն
կը
ներշնչուէր,
հիմակ
սկսաւ
Ռուսիոյ
հայոցմէն
ալ
գաղափար
ստանալ։
Մշակը
ամէն
կողմ
կը
տարածուէր.
Րաֆֆիի
վէպերը
մտան
ամէն
քաղաք,
ամէն
գիւղ,
ամէն
տուն,
ամէն
խան։
Այսպէս,
Թուրքիոյ
հայոց
պոլսական
գրականութիւնը
1878էն
մինչեւ
1890
կը
փոխուի
տիրապետող
գաղափարներուն
եւ
զգացումներուն
ազդեցութեամբ։
Կը
ներշնչէ
ժողովուրդին,
կը
ներշնչուի
ժողովուրդէն։
Իսկ
երբ
կը
հասնինք
1890
թուականը՝
կը
հասկնանք,
թէ
ճգնաժամի
մը
մօտ
է
Թուրքիոյ
հայութիւնը։
Գրականութեան
մէջ
նմանը
չտեսնուած
իրարանցում
կայ։
Բուռն
ոգորում
մը։
***
Հանգստութեան
միջնարար
մը,
որ
եօթը
ամիս
կը
տեւէ։
Այդ
միջոցին
Արեւելք
կը
պատկերացնէ
մաս
մը
հայոց
հանդարտասէր
ձգտումը։
Բայց
շատ
չանցած,
1891
յուլիս
13—25ին
նոր
Հայրենիք
ը
կը
հիմնուի
Յ.
Շահնազարի
կողմէ։
Այն
բոլոր
գաղափարները,
որոնք
տասնըհինգ
տարիէ
ի
վեր
կը
խտանային
հայոց
մտքերուն
մէջ,
այն
բոլոր
զգացումները,
որոնք
այդ
ժամանակամիջոցին
հայոց
ոգիները
կը
տագնապէին,
ատոնք
ամէնքը
կու
գան
կը
համբարին
Հայրենիքի
մէջ։
Ու
հոնկէ
կը
թրթռին
հայ
աշխարհը։
Մարտնչող,
կտրուկ,
զարնող
գրականութիւն
մը
երեւան
կու
գայ
Հայրենիքի
մէջ,
բայց
միշտ՝
հրապարակագրութեան
հովանաւորութեամբ։
Մեր
ժամանակակից
գրականութիւնը
Հայրենիքի
մէջ
կը
պայթեցնէ
իր
բոլոր
գեղարուեստական,
լեզուաբանական
զօրութիւնը։
Գրողները
կարծես
նախազգացումն
ունենան
մօտալուտ
պատահարներու։
Բան
մը
իրենց
կ՚ըսէ,
թէ
քիչ
մը
եւս
ու
ա՛լ
ազգին
քովը
պիտի
չըլլան։
Կը
զգան,
թէ
կափարիչ
մը
պիտի
դրուի
կէս
դարու
գաղափարական
գրականութեան
վրայ։
Ու
կ՚ուզեն
անեղծելի
դրոշմով
շիրիմը
«կնքեալ
պահել
մինչեւ
ցգալուստ»։