Թուրքիոյ հայոց գրականութիւնը (1880—1900)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Բ
       Քանի մը տարուան մեծամեծ դէպքերը Թուրքիոյ ընդհանուր վիճակը փոխած ըլլալով, բնականաբար հայ կեանքն ալ պիտի կրէր պատահարներուն հզօր ազդեցութիւնը։ Խաղաղութեան թուականը, որ 1888էն յետոյ կը բացուի, նոր կեանք մը կ՚այգորէ հայ ցեղին ալ։ Անդին հորիզոնը նոր արշալոյսի մը ծագիլ կը թուի։ Զայն աւետողը պատրիարք մըն է։
       Հայ ազգին պատրիարքէ մը դէպի նոր կեանք այս առաջնորդութիւնը, արդէն կը հաստատէ ժողովուրդին ու եկեղեցականութեան միջեւ յարաբերութեանց բարեփոխումը։ Սահմանադրութիւնը վերջ մը դրած ըլլալով պատրիարքարանին միահեծան իշխանութեանը, այլեւս ո՛չ եկեղեցական, ո՛չ աշխարհական կրնան ժողովուրդը ճնշել։ Ատելութեան շարժառիթները օրէ օր կը պակսին։ Միեւնոյն ատեն երկու ժողովրդական պատրիարք՝ Խրիմեան եւ Վարժապետեան՝ մտքի եւ սրտի յատկութեանց շնորհիւ կը յաջողին պատրիարքութիւնը եւ հետը՝ եկեղեցականութիւնը յարգելի ընել։ Գում—Գաբու կը հառին ազգին ամէն ըղձանքները։
       Սագըզ—Աղաճիի պատրիարքարանն ալ հանդարտած է։ Մաքառումները վերջացած են փոխադարձ զիջողութիւններով։ Նոր պետ մը՝ Ազարեան պատրիարք՝ հաշտարար քաղաքականութեամբ մը ժողովուրդը կը սիրաշահի։
       Վախճանի մը յանգած են ուրեմն այն բոլոր մարտնչումները որոնց նպատակակէտն էր ներքին բարեկարգութիւն, կամ ազգային—եկեղեցական իրաւունքներու պաշտպանութիւն։
       Վերջացեր են նաեւ կրօնական հալածանքները։ Աշխարհական հայրենիքի գաղափարը կը միացնէ հայ ցեղը։ Նոյնիսկ կրօնական իշխանութիւնները՝ Գում—Գաբու, Սագըզ—Աղաճ, Ֆինճանճըլար—Եոգուշը, այդ գաղափարին պաշտօն կը մատուցանեն։ Հայաստանի տնտեսական, բարոյական, մտաւորական վիճակին հոգածութիւնը կը գրաւէ մտքերը։
       Հայաստանը կը փնտռուի, ու հայրենագիտական գրականութունը կը զարգանայ։ Հայաստանի հնախօսութեան հեղինակին յաջորդները մեզի կու տան Շիրակ, Սիսուան, Այրարատ, Սիսականք։ Սրուանձտեանց գրչովը կը պեղէ Հայաստանը ու կու տայ Գրոց եւ Բրոց, Հնոց եւ Նորոց, Մանանայ, Համով Հոտով, Թորոս Աղբար ։ Հայաստանի կեանքէն հայաստանցիի մը գրած վէպը կ՚ունենանք, Սեդրակեանցի (Տէվկանց) Շահէնը։
       Հայրենի երկրին հին ու նոր կեանքի ուսումնասիրութիւնը օր մը ճամբայ պիտի բանայ զուտ հայկական կեանքէ գրականութեան մը։ Առ այժմ նոր գրականութեան հայացումը կը նախապատրաստէ։ Օտար հողի վրայ ծնած կամ հոն փոխադրուած հայ միտքերը պիտի նմանին այն հայոց, որոնց հայրերը օտար երկրի մէջ ատենօք մոռցեր են հայրենի աւանդութիւններ ու լեզու։ Օր մը իրենց թոռները վերստին կը հայանան, սպասելով հայրենիք վերադարձի օրուան։
       Ընթերցող ժողովուրդին ճաշակն ալ նրբանալ սկսած է։ Թարգմանուած գրքերը՝ ըլլան անոնք մեծ հեղինակութիւններ, ինչպէս՝ Հիւկոյի Թշուառները , ըլլան զբօսցնող վէպեր, ինչպէս՝ Տիւմայի Մոնթէ Քրիստոն, հայ միտքը քիչ շատ ընտելացուցած են եւրոպական ոճին։ Հիմակ հայ գրագէտը պիտի ջանայ հայկական համով հոտով եւ եւրոպական ոճով գրել։
       ***
       Ինչպէս քաղաքական ու մտաւորական, նոյն եւ գրական փոխանցումի թուականի մը սկզբնաւորութիւնն է 1878 տարին։ Բայց պատմական երկու թուականներու միջեւ ճշդագիծ սահմանագլուխ մը չ՚երկըննար։ Քսաներորդ դարուն առաջին տարիները որոշակի ինչո՞վ կը տարբերին վերջացող դարուն ետքի օրերէն։ Այսպէս եւ մեր կեանքը։ Կը զգա՞նք փոփոխման օրը. բայց կը փոխուի՜նք, կը փոխուի՜նք։
       Նոր գրականութեան ծագումէն երեսուն տարի վերջը, շատ փոխուած տեսարանի մը առջեւն ենք։ Պէշիկթաշլեան՝ վաղուց է մեռած, առանց իր տաղանդին արժանաւոր մեծկակ գործ մը ձգած ըլլալու։ Մեռած է Ռուսինեան։ Կը թողու սահմանադրութիւն մը, Ներքին Կանոնագիր մը, պերճախօս ատենաբանութիւններ, բայց ո՞ւր է չմոռցուող գիրքը։ Դուրեան՝ յոյսեր տուած մեկներ է։ Եւ Օտեան՝ վտարանդի մըն է։ Հեռու անոնցմէ, զոր կը սիրէր։ Երանութիւնը մահուան մէջ փնտռող յուսահատը։ «Աշխարհէ զզուած եմ, ելլամ երթամ աշխարհէ։ Երթա՜մ ի լոյս աստուածատեսութեան»։ Ա՛լ բոլորովին անկապաշտ գրագէտ։
       Այդ սերունդէն երիտասարդացած է Շիշմանեան, այլափոխմամբ Ծերենցի։ Ուժեղ ու կորովի մարդ է. ցեղ մը սրտապնդող տիպար մը։ Հրապարակագրութիւնը չէ թողած, վասն զի արիւնը դեռ կ՚եռայ, բայց ա՛լ մարտնչող մը չէ։ Մարտնչի որո՞ւ դէմ։ Նոր դարը կը գուշակէ. եւ անոր տոմարին մէջ ալ կ՚արձանագրուի։ Հիմակ է, որ իրարու ետեւէ կը գրէ այն վէպերը, որոնք օրուան կարօտին յագուրդ կու տան։