Րաֆֆի եւ հայ վիպասանութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
Գ
       Երբ մի հեղինակ սիրելի է մտքիդ ու սրտիդ հաւասարապէս, կարծես թէ փան մը կը պակսի ի քեզ, թէ այդ հեղինակի կենաց մանրամասնութիւններուն իսկ տեղեակ չլինիս։ Հեղինակին ներքին կենաց եւ իւր գործոց մէջ թուի թէ սերտ կապ մը կայ, եւ առանց այդ կեանքն գիտնալու կարծես դժար է ըմբռնել հեղինակին ոգին։ Երբ անցեալ տարի Ժիւլ Հոշ հրատարակեց իւր սիրուն գիրքը «Բարիզցիք իրենց տան մէջ», այդ գիրքը շատերնիս ուրախութեամբ ողջունեցինք, վասն զի ի դէպ կուգար, մեզ զանազան մեկնութիւններ տալ ֆրանսացի մեր սիրած հեղինակներու ներքին կեաց, մինչեւ իսկ տան մէջ ապրելու եղանակի վրայ։
       Բնական էր, որ երբ Թիֆլիզ էի, առիթ որոնէի այս հետաքրքրութեանս գոհացում տալ։ Կ՚ենթադրէի Րաֆֆիի մասին, թէ այս հետաքրքրութեան մասնակից են Թուրքիոյ հայոց մէջ Րաֆֆին սիրողներէն բազումք։ Երբ կ՚ուզէի տեղեկութիւն ստանալ պ. Րաֆֆիի ներքին կենաց վրայ, համոզուեցայ, թէ այս տեսակ խնդիրներու մէջ հետաքրքրութիւնը մինչեւ ո՛ր աստիճան օգտակար գիւտերու ծնող կրնայ լինիլ։
       Թիֆլիզ հասնելուս երկրորդ օրն ապրիլ 26 եշ. երեկոյեան դէմ էր. մինչ կ՚անցնէի արքունի փողոցեն, տեսայ թէ հեռուէն կուգար միջահասակ, բաւական լայն մի պարոն, կապոյտ ակնոցներով։ Քովեն անցնելով ձեռք երկնցուցի։
       —Բարեւ, պ. Րաֆֆի, ինչպէ՞ս էք։
       —Բայց, պարոն….
       Եւ զարմացած կը նայեր, թէ ո՞վ է անծանօթն, որ զինքը կը ճանչէր։ Ծանօթացուցի զինքս, եւ երկար չկեցայ, վասնզի ընկեր ունէի։
       Յաջորդ օրը երբ միասին էինք, պ. Րաֆֆի զարմացմամբ կը հարցներ, թէ ինչպէ՞ս բազմութեան մէջ զինքն ճանչցայ, վասնզի ոչ զինքը տեսած էի եւ ո՛չ ալ լուսանկարը։ Ընկերս ալ ամենեւին բան մը չէր ըսած։
       Վասնզի, այս է պատասխանս, խուռն բազմութեան մէջ գեղեցիկ տաղանդ մը անտես չանցնիր. չեմ գիտեր ի՜նչ շնորհք կայ դէմքին վրայ, որ մագնիսական զօրութեամբ կը քաշէ տեսնողն։
       Րաֆֆիի լուռ բնաւորութիւնը, մի քիչ խորհրդաւոր դէմքը, շարժումներն ոչ ինչ ի նմա ենթադրել կուտայ, թէ վիպասան լինելու համար առեղծուած լիներ։ Սակայն երբ օր մը կը տեսնես զնա, շլաբկան հանած, գլուխը բաց, այն ժամանակն է, որ այդ գեղեցիկ ճակատը, որ արդարեւ վսեմ ճակատ մ՚է, կը հակադրէ զքեզ մտածել, թէ ի՛նչ որ ալ լինի արտաքին երեւոյթը, այդ ճակատն կրողը սքանչելի կերպով բանաստեղծ, վիպասան կրնայ կոչուիլ։
       Թէ օր մը բարեկամաբար սեղանի մը վրայ Կախեթու գինին հանկարծ մի քիչ շատ փախչի եւ երեւակայութիւնդ փոխադրուի աչքերուդ մէջ ու տեսնես, թէ վիպասանը որպիսի բարեկամական գորով ցոյց կուտայ, այն ատեն կ՚ըմբռնես, թէ արտաքուստ անտարբեր երեւցած կերպարանք մը շատ տաքուկ սիրտ կը կրէ։ Եւ վիպասան մի մը տաքուկ սիրտ չունի կը նմանի կնոջ մը, որ կուզէ գեղեցիկ կոչուիլ առանց ունենալու աղուոր աչքեր։
       Պ. Րաֆֆին տեսնելուս միւս օրն էր, որ միասին գնացինք իւր տունը անցնելով այն լայն, մեծ ու անհոգ փողոցներէն, որ քիչ շատ բնակչաց բնաւորութեանը հարմարցուած են։ Կ՚ուզէ՞ք ճանչնալ ժողովուրդի մը բարքը, կացութիւնը, գաղափարներն. երբ կը մտնէք քաղաք մը, պտտեցէք փողոցներն եւ շուտով ըստ բաւականին գաղափար մը կը կազմէք ձեզ հետաքրքրող այս կետերուն վրայ։
       Մտանք միապաղաղ Սոլոլակի թաղը եւ հասանք Սվեչնիկեան տան դուռը։ Դուռը արդէն բաց է, եւ անմշակ քիչ մը հողի վրայէ անցնելով, փայտէ սանդուղի մը աստիճաններէն ելնելով, ներս մտանք սենեակի մը մէջ, զոր պատեր պաշարեր էին գարնանային տերեւներն։ Ո՞ւր ենք, քարակերտ փողոցի՞ մէջ, թէ այգեստան մը։ Կանանչ տերեւներն մթնշաղ գոյն մը կ՚ընծայեն բնակարանին. փոքրիկ սենեկին մէջ, փոքրիկ գրասեղան մը կայ, որու վրայ անհնարին է նշմարել փոշւոյ հիւլէ մ՚իսկ։
       Ըսած են, թէ «ոճը մարդն է», բայց ուրիշներն ալ կ՚ըսեն, թէ «կարասիքը մարդն է»։
       Չափաւոր մեծութեամբ գրասեղանին ձախակողմն է մի գրադարան, ուր կը պահուին մեյմէկ օրինակ հեղինակին գործերէն, եւ մի քանիներն իւր սիրած գրքերէն։ Պ. Րաֆֆիի աշխատանաց սենեկի հանդէպ ուրիշ մի սենեակ կը պարունակէ գրքեր աւելի մեծ քանակութեամբ։
       Ուր որ աչքերդ ածես Րաֆֆիի սենեկի մէջ, ակներեւ կը տեսնես գեղեցիկ ճաշակով օժտեալ տանուտերը։ Գրքերը կազմուած են գեղեցիկ, թաւշապատ, ոսկեզօծ։ Գրասերներու համար հեշտութեանց մեծագոյնն է իրենց ափերովը գգուել գեղակազմ մատեան մը։ Իւր փարթամութեանց մէջ Ռոչիլտներէն մն, որ այնքան դժբախտ վախճան ունեցաւ, երկու մեծ հրճուանք ուներ, աղքատաց բարիք ընել եւ աչքերն պարարել ի տես փառակազմ գրոց մատենադարաններու։
       Րաֆֆիի սենեկին մէջ մի քանի պատկերներ, պարսկական սօֆայ մը եւ նստանք, կ՚ամբողջացնեն համեստ կարասիքը։
       Այս տեսարանը ինձ համար տարօրինակ էր. չէի կրնար ըմբռնել թէ ինչպէս մի մարդ կարող է գրել, երբ մեծ գրասեղանի մը վրայ իւր թեւերն ազատ չի պարզեր, երբ գրքերու կոյտ մը զինքը չի պաշարեր, եւ գրասեղանը չնմանիր քաոսի մը։— Բայց այդ կոկիկ, պարզ սենեկին մէջ Պ. Րաֆֆի կ՚ամփոփէ իւր միտքը, կը չափաւորէ հուգւոյն թռիչը Ռուսիոյ մէջ գրող մը, նոյնիսկ երբ օրագրի մէջ կը գրէ, պարտաւոր է ամէն միջոց ձեռք առնել, իւր եռանդը սահմանափակ ընելու համար….
       Եթէ հեղինակը ինքնին չփութայ օրագրի մը էջերուն մէջ հրատարակելիք յօդուածոց կամ վիպասանութեանց մասին շղթայապիրկ ընել իւր միտքը, արդէն Պ. Մանասթրեանց անդ կեցած է։ «Մշակ» օրագրի մէջ հրատարակեալ վիպասանութեանց կամ պատմական գրուածոց ձեռագրերն տեսա. արիւնաներկ թանաքը շատ սքանչելի տողեր կիսամեռ անդ ձգած է։ Մարդ կ՚ապշի, որ քաղաքակրթութեան մեծ դարուն վերջերը տակաւին օրագրութիւնը ենթարկեալ լինի մեծ պետութեան մը մէջ ամէն անզարգացած մանասթրեանցներու հաճոյից, եւ մեծ տաղանդ մը պարտաւոր լինի իւր ամենէն գեղեցիկ տողերն զոհել ոեւէ անձի հիմարական մտածութեանց։ Տասնեւիններորդ դարու վերջերը անհանդուրժելի է այդ ընդդէմ մտաց բարբարոսութիւնը…. Ի՛նչ, ահեղ պետութիւն մը ափ մը հանդարտ եւ հաւատարիմ ժողովրդէն կը սարսափի՞, որ նորա մամուլը այսքան չարաչար կը կաշկանդէ։
       Սակայն չյուսահատինք քաղաքակրթութեան յաղթանակէն։ Մտաց արտայայտութիւններն ատեն մը ուրիշ կարմիր գոյնով կը ներկուէին.
       այժմ արեան տեղ յաջորդած է կարմիր թանաքն, իւր կարգին նա ալ անհետ կը լինի։
       Բայց մինչեւ որ անհետ լինի, իցէ՛ թէ Ռուսիոյ կառավարութիւնը փոխանակ խաւարամիտ կատքոֆներու, ունկն դներ մարդկութեան ճշմարիտ բարեկամներու ձայնին, որք միանգամայն ազգաց բարեկամներն են։
       Երիտասարդ, լի կորովով կ՚երեւի Ռուս ժողովուրդը, սակայն մտքի կաշկանդումը շատ շուտ անդամալոյծ կ՚ընէ յոյժ քաջառողջ երեւացող ազգն իսկ։
       «Մարդկային ցեղ մը կրնայ ուրիշ ցեղերէ վերջ երեւան գալ պատմութեան մէջ, բայց միանգամայն անկման դրոշմովը դրոշմուած լինիլ, այնքա՛ն շուտ կը ծերանան ժողովուրդը ստրկոթեան մէջ, այնքա՛ն քիչ ժամանակ կը բաւէ կորաքամակ ընելու զիրենք եւ կերպարանափոխ։ Տեսար զանոնք երեկ. լի, զեղուն էին կենդանութեամբ. այսօր կ՚անցնիս, բայց այլեւս զիրենք չես ճանաչեր։ Շատ աւելի վատ է հեշտութիւնը, երբ խնդրոյ առարկայ են ժողովուրդք, որք բնաւ ազատ չեն եղած։ Անոնց ամէն մէկ օրը մի դար կը հաշուի։ Կը կարծէք, թէ երիտասարդ են, զի ոչինչ ըրած են, իբր այն, թեւ ի անյիշատակ ժամանակաց անտի ստրկութիւնն չլիներ աշխատութեանց ամենէն դժնդակը։ Ի հեռուստ ձեզ թուի, թէ՝ են նոքա պարզամիտ առաքեալք ապագային, եւ սակայն նոցա ճակատներու վրայ արդէն դրոշմեալ են վաղահաս ծերութեան կնճիռներն, զոր անիրաւութեան թմբրական արեգակն ի նոսա փորած է իրենց օրորոցին մէջէն։ Մերձեցէք դեռատի այդ ցեղերուն. ինչ կը գտնէք. մահամերձ ծերունիներ, որք տակաւին կեանք չվայելած արդէն հիւծեալ են» . Գինէ. «Իմաստասիրութիւն Ֆրանսայի պատմութեան»)։
       Իմաստասիրին ցաւած ոգւոյն արտայայտութիւններն կը փափագինք, որ օր մը չլինին տխուր իրականութիւն։ Վասն զի եթէ իբր մարդ ամէն ազգաց եւ ժողովրդոց զարգացման եւ մեծութեան փափագողներն ենք, անշուշտ իբր հայ կը տենչանք, որ քաղաքակրթութեան մէջ շուտ յառաջանան, որչափ հնար է շուտ, այն պետութիւնը, որոց հովանւոյն ներքեւ կ՚ապրին հայեր։ Տիրապետող ժողովուրդի քաղաքակրթութիւնը մեծապէս կը ներգործէ հպատակ ազգին զարգացման վրայ։
       Եւ սակայն առայժմ առկախ կը թողունք մեր այցելութիւնը Րաֆֆիի տան մէջ, եւ յաջորդ շաբթուան կը պահենք ներկայացնել զանազան առարկաներ, որոց միջոցով Կովկասու եւ Անդրկովկասու հայ ժողովուրդը կարծած է աւելի զգալի կերպով արտայայտել իւր համակրանքն առ Պ. Րաֆֆի։