Րաֆֆի եւ հայ վիպասանութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
Դ
       Ռուսիոյ հայոց մէջ գրական անձինք միշտ կանգնած են բարձր պատուանդանի վրայ, եւ ժողովուրդը կ՚արտասանէ նոցա անուններն ակնածութեամբ եւ համակրանօք։ Ռուս ժողովուրդը մեծապէս նպաստած է այս զգացմանց եւ գաղափարաց զարգացմանն ի հայս։ Հրապարակախօս, վիպասան, պատմաբան, գրականութեան ամէն ճիւղերուն պատկանող անձնաւորութիւնք վայելած են ամէն ատեն ռուս ազգին սէրը, եւ իրենց ազդեցութիւնը միշտ մեծ եղած է իրենց ազգին վրայ։ Ռուս ազգը մին է ի նոցանէ, որք ինչքան ալ թերութեանց ենթակայ լինին, բայց եւ այնպէս հայրենեաց սէրը իրենց առաքինութեանց գլխաւորն է։ Հայրենասեր ժողովուրդ մը պէտք է նաեւ լինի գրասէր։ Ազգային ոգւոյ զարթնում եւ ազգային գրականութեան բարգաւաճում ժամանակակից են միմեանց։
       Միեւնոյն երեւոյթը ակներեւ կը տեսնուի Կովկաս, եւ այսօր ազգային մատենագիրն կը գտնուի անդ այնպիսի դրութեան մէջ, որ անծանօթ էր Նալբանդեանցներու եւ Նազարեանցներու։ Պ. Րաֆֆիի յոբելեանին առթիւ ի հանդէս եկած բուռն համակրանաց արտայայտութիւնը շոշափելի ապացոյցն եղաւ Ռուսիոյ հայոց մատենագրական սիրահարութեան։
       Գրական յոբելեա՜ն. գիւտ մ՚է Ռուսիոյ հայոց կողմանէ, եւ այդ բառի նշանակութիւնը տակաւին անծանօթ է մեզ։ Ո՞վ ի մէնջ օր մը մտածեց թէ՝ ո՞ր գրագէտն առ մեզ բոլորած է իւր աշխատանաց քսան եւ հինգ տարուան շրջան մը։ Թերեւս յաջորդ տարուայ մէջ տօնենք կրթական յոբելեան մը, բազմաշխատ եւ բազմարդիւն ծերունւոյ մը, Պ. Քրիստոսատուր Ղազարոսեանի մեծ վաստակոց սկզբնաւորութեան քսան եւ հինգերորդ ամանորը, բայց գրական յոբելեան մը ծափահարելու նշանը տակաւին չենք տեսներ։
       Խանդն ընդհանուր է. ամենափոքր գիւղն մրցում կ՚ընէ մեծ համալսարանին հետ. ամէն ոք բորբոքեալ է միեւնոյն ոգւով, եւ յամենուստ կը տեղան առ Պ. Րաֆֆի ապացոյք այդ սրտաբուխ սիրոյն։ Այդ ապացոյք յայտ հանդիման ցոյց կուտան, թէ ինչպէ՞ս բանաստեղծ մը կարող է եղած է ներգործել իւր ազգի վրայ։
       Արդեն մեր նախորդ յօդուածոց մէջ խօսեցանք ի մասին այն ներդաշնակութեան, որ գոյացած է ժողովրդեան զգացմանց եւ հեղինակներու գործոց միջեւ, եւ եթէ ամէն կողմանէ առ Պ. Րաֆֆի առաքեալ յիշատակներն մեր աչաց առաջ ունենանք, կը տեսնենք թէ ինչպէս կապուած են միմեանց հետ Րաֆֆի եւ հայ ժողովուրդն։
       Րաֆֆիի համար Ռուսիոյ ամէն կողմերէն դրամական նուէրներ ղրկուեցան ի Տփղիս։ Երիտասարդներու մասնախումբ մը կեդրոն էր այդ հաւաքմանց։ Մշակ սիրով կը հիւրընկալեր առաքուած նուէրներն։
       Մատենագրութեան զարգացման փափագողք անտարակոյս շատ գոհ կը լինին, երբ հեղինակի մը նիւթական վիճակի բարւոքման լուրն առնեն։ Գրագէտի մը համար միայն տաղանդ ունենալ չբաւեր, այլ լաւ քսակ մը ալ անհրաժեշտ է։ Հեղինակներն որքա՛ն ալ կաշկանդուին օրինաց շրջանակին մէջ, բայց եւ այնպէս այդ կաշկանդումն այնքա՛ն ծանր չէ, որքան ստիպեալ լինիլ նիւթական անձկութեան պատճառաւ լռել։ Պ. Րաֆֆիի գտած դրամական քաջալերութիւնը չենք ըսեր թէ այնքան մեծ է, որ այսուհետեւ զինքն ազատ պիտի կացուցանէ բոլորովին ոեւէ մտածութենէ, բայց գումարն որքա՛ն ալ լինի, զի մեզ քանակն անծանօթ է, դիտելու կետն այն է, թէ՝ Ռուսիոյ հայ ժողովուրդն սկսած է վերահասու լինիլ այն ճշմարտութեան թէ՝ ազգ մը, որ լաւ մատենագրութիւն մ՚ունենալ կը փափագի, պարտաւոր է նաեւ լաւ վճարումներ ընել։ Ռուսիոյ Հայք դեռ նոր կքայլափոխեն յառաջադիմութեան այս շաւղին մէջ եւ կը մաղթենք կատարեալ յաջողութիւն։
       Սակայն դրամական նուէրներն երկրորդական կրնան համարուիլ համեմատութեամբ ուրիշ կարգի նուէրներու։ Հեղինակի մը սրտին շատ աւելի քաղցր է իրեն սիրահար սրտի մը արտայայտութիւններն, քան ոեւէ նիւթական փոխարինութիւն։ Ի՞նչ դրամ կարող էր այնքան յուզել Միւսէի մը հոգին, քան տեսնել երիտասարդ մը, որ յուշիկ յուշիկ իւր ետեւէն կ՚երթար եւ իւր բերնէն ձգած գլանիկի մը մնացորդն վեր առնելով իբր մասունք կը պահպաներ։ Խնդրեցի Պ. Րաֆֆիէն, որ հաճի ինձ ցոյց տալ մի քանիներն այն յիշատակներէն, զոր իւր ընթերցողը ընծայած են հեղինակին։ Դժբախտաբար ժամանակ անցաւ եւ ամենէն կարող չեմ յիշել, եւ օրինակածներս այժմ հազիւ թէ կարող եմ կարդալ, զի գրեթէ ջնջուած են։
       Մոսկվայի հայ հասարակութիւնը, որ միշտ այնքան հոժարակամութեամբ մասնակցած է մեր զարգացման ամէն ձեռնարկներու, անտարակոյս պէտք էր գեղեցիկ կերպով ներկայանար գրական այդ տօնախմբութեանը։
       Թաւշապատ գորգի վրայ արծաթէ թանաքաման մը եւ ուղիչ մը Մոսկվայի հայոց զգացմանց ապացոյցն են։ Թանաքամանը (ըստ մեզ կաղամար) նուրբ շինուած մ՚է ընտիր ճաշակով, եւ զարդարեալ ոսկի փառաւոր գրչով մը։ Բաւական է ըսել, թէ այդ գործը Ռուսաց արքայական ոսկերիչ Պ. Խլեպնիկովի մատանց ամենէն գեղեցիկ վաստակոց մին է։
       ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԷՆԻՑ 1859 ՐԱՖՖԻ 1884
       Ժողովուրդի մը շնորհակալութիւններն երկու բառով բացատրել հնարաւոր է. այդ երկու բառերը ցոյց կուտան թէ հայ հասարակութիւնը եւ Րաֆֆի միմեանց հետ կապուած են շատ սերտ կապերով։
       Սակայն Մոսկվայի հասարակութիւնը չբաւականանար թուի թէ լակոնական ոճով, այլ կուգայ վայրկեան մը, որ իրենց սիրտը կարոտ է աւելի պերճախօս արտայայտութեանց, եւ ահա իրենց խանդավառ հոգւոց բարեմաղթութիւններն գեղեցիկ ուղերձներով ի յայտ կուգան։ Շատ սիրուն գրութիւն մը պահպանուած արծաթապատ սքանչելի թղթապանակի մը մէջ, կյայտնէ, թէ Րաֆֆի ինչե՜ր ըրած է Հայոց համար։
       Խարկով կարող չէր ետ մնալ Մոսկվայից։ Համալսարանական ուսանողք, որք մինչեւ այն ատեն իրենք զիրենք բաւական սեգ կը կարծեն, կամ անտարբեր հեղինակի մը համար գորովալիր զգացումներ արտայայտելու, այդ համալսարանականք իրենց կարգին յաղթուած են Պ. Րաֆֆիի գրչեն եւ մի յոյժ գեղեցիկ թանաքաման ղրկելով իրենց յիշատակ առ Պ. Րաֆֆի, Խարկովի համալսարանի հայ ուսանողութիւնը յայտնած է թէ՝ ի՛նչ որ ալ լինին իրենց աւանդուած ուսումներն, ինք ունի սիրտ մը ազգային սիրով բաբախող։
       Իրաւ է, որ չպակսեցան ազնուամիտ անձինք, որք այս ցոյցերն իբր հակա—կառավարական ցոյցեր նկատելով, ըստ այնմ տեղեկագրեր ուղղեցին ուր որ անկ է. Ռուսիոյ մէջ հեղինակներն պարտաւոր են սպասել ամէն տեսակ քաջալերութեանց, ամէն տեսակ խոչընդոտներու։
       Երկար պիտի տեւէ մի առ մի թուել այն ամէն յիշատակները, որք Ռուսիոյ հայոց եւ ի մասնաւորի միջակ դասու ազնիւ զգացմանց արտայայտութիւնք են։ Մեկ կողմ կը տեսնես Տուրգենեւի, Ռուսաց ազգային մեծ վիպասանի ամբողջ գործերն, գեղեցիկ կազմով, նուիրուած Ներսէսեան սանուց կողմանէ։ Պատանի ուսանողք զգացուած Տուրգենեւի մելամաղձիկ նկարագրութիւններէ, չէին կարող թերեւս այլ կերպով հայ վիպասանին արտայայտել իրենց զգացումներն, քան այդ նուէրով ցոյց տալ, թէ հայ պատանեկութիւնն այլ գիտէ, իւր սրտին հետ միացնել իբր մարդ եւ իբր հայ սուրբ զգացումներ։
       Գեղարուեստից ներկայացուցիչք անտարբեր հանդիսատեսներ չեն պաշտօնակցի մը տօնախմբութեան։ Պ. Յովհաննիսեան ի Մոզդոկէ կը նուիրէ հեղինակին պատկեր մը, ուր տխրադէմ կին մը զաւակաց ձեռքերէն բռնած՝ կ՚ողբայ աներեւոյթ եղած ցան ու ցիր քաղաքներու շիրմաց վրայ։
       Այդ պատկերին հանդէպ Սահակ Մեսրոպ են, որք աւելի տխուր կ՚ընծայեն այդ աւերակաց անցելոյն եւ ներկային միջեւ տարբերութիւնը։ «Աղբիւրի» խմբագիրն է, որ այս փափուկ նուէրն ըրած է։
       Աւերակաց եւ Սահակ Մեսրոպի մօտ կը տեսնես Պ. Րաֆֆիի պատկերն, զոր հեռագրատանց մէջ աշխատող հայ երիտասարդ մը իւր հանգստեան վայրկեաններէ օգուտ քաղեր է պատրաստելու համար։
       Սակայն այս յոբելեանի ոգին շատ պարզ կերպով բացատրած է երիտասարդի մը վրձինն ու գրիչն։ Քնար մը իւր մէջ պարուակած հետեւեալ տողերէն կը բացատրէ ամէն ինչ.
       Իմ կեանքից անցան տարիք քսան ու չորս
Բայց ես մինչ այսօր մնացի վիրախօս,
Իսկ այսուհետեւ գիտեմ՝ հայերէն
Մի քանի բառեր կարդալ ու խօսիլ։
Ի՞նչ տեղից գիտեմ, հարցուր ընթերցող,
Կամ՝ ինձ հայերէն ո՞վ էր ուսուցող,
Այդ մարդն էր Րաֆֆին իւր անմահ գրչով,
Որ լեզուս բացեց իւր սուրբ գրքերով։