2.
(«Աշնան
տըժգոյն
գիշեր
մըն
էր
ձմրահուպ»)
Աշնան
տըժգոյն
գիշեր
մըն
էր
ձմրահուպ,
Կը
ցոլային
երկինքն
աստղեր
բիւր՝
ասուպ,
Չոր
թերթերուն
խորերն
լուսինն
իր
բեկբեկ
Շաղն
կը
ցօղէր՝
ամրան
վարսիցն
աղեբեկ.
Շամբին
մէջ
թարմ
կը
թաւալէր
վըտակը,
Փաղփուն
աստղեր
կը
յատակը,
՚Ւ
անոր
ալեացն
հեշտիկ
մրմունջը
միայն
Սիրոյ
քնարին
վերջին
լարին
էր
ողբ՝
ձայն…
Սիւքը
կ՚սուլէր
տերեւներուն
մէջ
թեթեւ,
Դէմքիս
վըրայ
կը
սահեցնէր
շղարշէ
թեւ.
Նա
իր
շնչովն
զիս
գոհ
ընել
կը
կարծէր,
Բայց
կ՚արծարծէր
սրտիս
սիրոյն
վառ
կայծեր:
Ոգի
մ՚անցաւ
սըրտէս,
չթողուց
հոն
ըստուերն՝
Յիշատակ
մը
…
միայն
գիտեն
այս
աստղերն…
Համբուրից
տխուր
յիշատակ
մ՚էր
սիւքին
շունչն,
Իր
դողդոջ
ձայն
տերեւներուն
այս
շըշունջն.
Անոյշ
ժըպիտն
ու
վեհ
նայուածք
այս
ալին,
Մետաքս
վարսերն
սեւ
հողին
տակ
կը
հալին…
Տըժգոյն
ճակտին
տըխուր
պատկերն
այս
լուսին…
Ո՜հ,
կեանք
պէտք
է
տալ՝
սիրտ
տրուի
թէ
կուսին…
Կը
սիրէ
նա ,
նայուածքիդ
մէջ
կը
թօշնի…
Ոխի
մէջ՝
քար,
սիրոյ
մէջ՝
վարդ,
սիրտ
մ՚ունի…
Անոյշ
աչեր,
ժըպիտ
արցունք
տեսայ
լոկ,
Կուրծըս
վարսեր
լանջ
մ՚ըզգաց
սիրատրոփ.
Սիրոյ
մրմունջ՝
հառաչ
լսեցի
բեկբեկ
խօսք,
Դողդոջ
ու
գիրգ
պաղ
ձեռք
մ՚ըզգաց
ձեռքըս
սոսկ.
Թեւերուս
մէջ
լոյս
մը՝
հով
մը
մարեցաւ…
Էակ
չէր
նա,
այլ
սէր,
հուր,
շունչ,
ժըպիտ ,
ցաւ…
Ըստուեր
մ՚էր
նա,
որ
սահեցաւ
զերթ
թախիծ,
Բայց
կանգ
առաւ՝
փոս
մը,
քար
մը
ցըցուց
ինձ՝
Յիշատակ
մը՝
գերեզման
մը՝
սուրբ
սափոր…
Ուր
կը
յածի
հեկեկով
սիրտս
ցօղաթոր…
Երանի
թէ
ըլլամ
ես
շիթ
մ՚արտասուք՝
՚Ւ
անհետանամ
դամբանիդ
քով
սիրասուգ,
Եւ
կամ
թէ
խոտ
մ՚ըլլամ
ու
հոն
ես
ցամքիմ…
Ո՜հ,
կեանք
պէտք
է
տալ՝
սիրտ
տրուի
թէ
.
Դարեր
անցնին
շուքըդ
պիտի
չը
մեռնի,
Արցունքներով
կեանքըս
պիտի
ուշ
թոռմի,
Շիրմիդ
վարդերն
դեռ
չը
թօշնած
գըրկեմ
քեզ,
«Կեանք
կու
տաս
սիրտ
թէ
տաս
»
ըսին
ետեւէս…
1869,
Օգոստոս
10