1.
ԿԸ
ՍԻՐԵՄ
ԶՔԵԶ
Ո՜հ,
ո՞վ
ես
դու,
սէ՞ր,
երկնային
շո՞ւնչ
կամ
հո՞ւր,
Քու
սեւ
անո՜ւշ
աչերդ
չունի
գիշերը,
Վարդը
չունի
քու
լանջդ
ամբիծ
ձիւնաթոյր,
Լուսին
չունի
քու
վարդագոյն
այտերը:
Ցայգն՝
աստղերուն
փաղփուն ,
լուսնոյն
սիրադէմ,
Ցերեկն՝
ալեաց,
ծաղկանց
ժըպտիս,
մէկուն
…
գէթ.
Իսկ
քեզ
համար
ես
արցունքով
կ՚աղօթեմ,
Դու
չես
շնորհեր
նայուածք
մ՚ինձ
սեւ
աչերէդ:
Արդեօք
էա՞կ
մ՚ես,
թէ
երկնից
զըւարթուն.
Կը
նախանձին
գեղոյդ
վըրայ
վարդ ,
լուսնակ,
Ձայնիկդ
ապշած
լըսելով
քաղցր
ու
թրթռուն՝
Նոճեաց
խորերն
կը
սգայ
լըռին
լուսինեակ:
ի՜նչ
քաղցր
է,
եթէ
ըլլամ
ես
զեփիւռ,
Եւ
գըգուելով
մազերդ
խարտեաշ
եւ
անօսր,
Տամ
շունչս
յուշիկ
այտերուդ
վըրայ
վարդասփիւռ,
Սըրբեմ,
եթէ
կայ
աչքերուդ
մէջ
արտօսր:
Պարտէզիդ
մէջ
իցի՜ւ
թէ
վարդ
մ՚ըլլամ
ես,
Եւ
երբ
դու
գաս
առաւօտուն
ժըպտով
պերճ,
Որ
քու
այտերդ
կարմիր
գունովըս
ներկես,
Թոռմիմ
…
փափկիկ
ձեռքիդ
մէջ
տամ
կեանքիս
վերջ:
Երանի՜
թէ
վըտակ
մ՚ըլլամ
ես
վըճիտ,
Եւ
երբ
յուշիկ
նըստած
մօտ
իմ
եզերքին՝
Պատկերանայ
հայելոյս
մէջ
քու
ժըպիտ,
Պըղտորելով
կապոյտ
ալիքըս
ցամքին:
Այլ
ոչ,
ա՛նգութ,
եթէ
ունիս
սիրահար,
Իցի՜ւ
թ՚անոր
գերեզմանին
վէմն
ըլլամ,
Եւ
հոն
թափած
դառն
արցունքներդ
ծըծեմ
յար,
Ըզգամ
դէմքդ
…
այլ
ոչ,
թէպէտ
վէմն,
այլ
կու
լամ:
Ո՜հ,
դու
սիրէ,
գըգուէ,
ժպտէ,
Հայ
աղջիկ,
Քեզի
համար
պիտի
մեռնիմ,
թո՛ղ
պլպլուն
Արցունք
մ՚հեղու
դագաղիս
վրայ
սեւ
աչիկդ,
Տըխուր
շիրմիս
վերեւ
երգէ
թո՛ղ
պլպուլն: