ՀԱՒԱՏԱՄՔ
Արծիւ
կամ
խոզ,
Վատ
կամ
մարտիրոս,
Սատիւրոս
կամ
արքայ,
Քահանայ
կամ
դահիճ,
Սիրահար
կամ
դաւաճան,
Հրեշտակ
կամ
զինուոր,
Հանճար
կամ
յիմար,
Ես
կը
հաւատամ։
Հակառակ
տարակոյսին
եւ
ապացոյցին,
Հակառակ
կիսաստուերին
կամ
ձանձրոյթին,
Արհաւիրքին,
անօթութեան
եւ
ապագային,
Հակառակ
յուսահատութեան
մանգաղին
Եւ
ողջակէզի
հրէշներուն,
Հակառակ
արիւնազանգ
ածուներուն,
Հակառակ
իմ
նմաններուս
ձեռքերուն,
Ես
կը
հաւատամ։
Օրէնքներէն
եւ
շղթաներէն
անդին,
Բառերէն
եւ
շուշաններէն
անդին,
Երկինքէն
եւ
ջուրէն
անդին,
Ձայներէն
եւ
թեւերէն
անդին,
Աստուածներէն
եւ
խաչերէն
անդին,
Դրուժան
աշխարհներէն
անդին,
Լսածներուս
խորշանքէն
անդին
Ես
կը
տեսնեմ,
կը
զգամ
եւ
կը
շնչեմ,
Փարիզէն
եւ
Սոդոմէն
անդին,
Ոչինչէն
եւ
բոլորէն
անդին
Նոյն
իսկ
իմ
անձէս
անդին
Ես
կը
հաւատամ։
Ես
կը
հաւատամ
մարդուն։
LEON
MOUSSINAC