6.
ԱՐԵՒԱԳԱԼԸ
Հորիզոնէն
վար
լոյսի
պար
մը
կ'իջնէ,
Ընդելուզուած`
ճաճանչներով
ոսկեհիւս.
Շուտ
կ'անհետի
մութն,
ու
խաւար
կու
տայ
խոյս,
Աշխարհ
արփւոյն
հուր
գալուստը
կ'ողջունէ:
Կենդանութիւն
կը
հագնին
դաշտ
ու
լեռներ,
Զուարթ
երգերը
միշտ
կը
լսուին
գեղջուկին.
Ու
զմրուխտի,
ադամանդի
երանգներª
Կը
փողփողին
մէջը
լոյսի
վառ
գըրկին:
Խորհուրդներու
մըռայլը
շուտ
կը
մարի,
Բընութեան
այս
հըրատ
զարթօնքին
հանդէպ,
Ու
կը
հրճուի
յուսահատ
սիրտը
կարի՜:
Կը
սրբըւին
թօնուտ
աչքերը
տըխուր,
Ուրախութեան
ժպիտներուն
տակ
անհուն.
Ցնծուն
երգով
կը
լեցուի
սիրտը
թափուր:
<1901,
Յունիս>