Պատմութիւն հրակիզման Կոստանդնուպոլսոյ (1660 տարւոյ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Եըլմազ Էօզթունա Պէյի՝ անցեալ տարւոյ վերջերըլոյս տեսա «Պիւյիւք Թիւրք ՄուսիքիսիԱնսիքլօբէտիսիե հանրագիտարանին համար Օսմանեանշրջանին Ստանպուլի մէջ գործունէութիւն ցոյցտուած, մի քանի Եւրոպացի երգահանի մահուանթուականները, ննջեցելոց տոմարէն ճշդելունպատակաւ, Յուլիս ամսոյ վերջերը ՖէրիգիւղիԼատինաց Գերեզմանատունը այցելեցինք։ Այս առթիւաչքէ անցուցինք հին ու նոր դամբարաններն ուշիրիմները։

Թաքսիմի Լատինաց Հին Գերեզմանատունէն, 1864-ինփոխադրուած օտարազգիներու պատկանողտապանաքարերու միջեւ, մեծ երջանկութիւնը ունեցանքհանդիպելու նաեւ, Տէր Կոմիտասի՝ Վիդոր (Վիկտոր) եւԶամպետա անունով երկու անծանօթ թոռներուն, հայերէն արձանագրութիւն կրող տապանաքարին։Նոյնպէս անծանօթ եղող իրենց հօրը՝ ՄկրտիչԱպարանեցիի անունը տապանագրին մէջ արձանագրուածըլլալով հանդերձ, դժբախտաբար մայրերնուն անունըչէ նշանակուած։

Նկատի առնելով թէ՝ անվեհեր Նահատակը հինգ դուստրունեցած է, անոնցմէ ո՞րը անոնց մայրը ըլլալը ճշդելանկարելի է, որովհետեւ իրենցմէ միայն Աղաւնիինծննդեան թուականը (1691) ծանօթ է։ Իր զաւակներըըլլալնին քիչ հաւանական է, քանի որ Վիդորին ծնածատենը ինք 42, իսկ Զամպետային ծնած ատենն ալ 44տարեկան էր։

Հռիփսիմէ դուստրն ալ մայրերնին չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ 1699-ին մեռած է։ Հետեւաբար՝ Սողոմէ, Թարթիպչա եւ կամ Մարիանէ դուստրերէն մին, անոնցմայրը ըլլալը կարելի է ընդունիլ։

Տապանաքարը շուրջ 50 x 80 սմ. մեծութիւն ունի՝ եւերկաթագիր, փորագիր ու մասամբ փակագիր տառեր կըկրէ։ Արձանագրութիւնը ստորեւ կը ներկայացնենք։

Վիդոր Զամպետա

ԱՅՍ Է ԵՐԿՈՒ ԹՈՐՔ ԱԼ ՆԱՀԱՏԱԿ ՏԷՐ ԿՈՄԻՏԱՍԻՆ
ԵՒ ՀԱՅՐ ՍՈՑԱ ՊԱՐՕՆ ՄԿՐՏԻՉ ԱՊԱՐԱՆԵՑԻՆ
ՎԻԴՈՐ ԱՂՋԻԿՆ ԾՆԱՒ Ի ՄՕՐԷՆ 1730 ԵՒ ԻՐԵՔԻՆ
ԵՒ ԱՄՍԵԱՆՆ ՕԳՈՍՏՈՍԻ 30 ԵՒ ՄԵԿԻՆ
ԵՒ ԾՆԱՒ ԱՂՋԻԿՆ ԶԱՄՊԵՏԱ 1730 ԵՒ ՀՆԳԻՆ
ԵՒ ԱՄՍԵԱՆՆ ՄԱՐՏԻ ՔՍԱՆ ԵՒ ԵՐԿՈՒՔԻՆ
ՈՐ ՓՈԽԵՑԱՆ ԱՌ ՅԻՍՈՒՍ ԵՐԿՈՒՔՆ ՄԵԿ ԱՒՈՒՐԻՆ
ԹՎԻՆ ՓՐԿՉԻՆ 1740 ԵՒ ՄԵԿԻՆ
ԵՒ ԱՄՍԵԱՆՆ ՕԳՈՍՏՈՍԻ 20 ՈՒԹԻՆ
ԵՒ ՈՎ ՅԻՇԵՆ ՍՈՔԱ ԲԱՐԵԽՕՍ ԼԻՑԻՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆԻՆ։

Տապանագրին առաջին տողին մէջ յիշուած «թորքեբառը պէտք է ուղղել «թոռքեի «Ալեը կ՚ենթադրենք թէ՝կարմիր նշանակող թուրքերէն բառն է։ Հաւանաբար՝գլխատուելով նահատակուելուն պատճառաւ, իրժամանակակիցները այսպէս յորջորջած են զինքը, ինչպէս որ Վարդան Մամիկոնեան ալ, «Կարմիր Վարդանեկոչուած է։ 28 Օգոստ. 1741-ին, երկուքը միասին մահացածըլլալնէն, կարելի է ենթադրել թէ՝ կամ արկածի մը զոհգացած են՝ եւ կամ ժանտախտի դէպքի մը։Արձաագրութիւնը վերէն վար մէջտեղէն գծով մըերկուքի բաժնուած է, եւ երկու բաժանմունքին վերիմասն ալ՝ աղեղնաձեւ վերջացած է։