Անուրջներուս
դղեակներ
են
հոյակապ,
Պատրանքն՝
անոնց
խաւարամած
խոր
վիրապ։
Աչքերուս
մէջ
պատկերըդ
կայ
փորագիր,
Անոր
համար
ես
զանոնք
միշտ
կը
փակեմ,
Ի՞նչ
փոյթ
թէ
դուն
երթաս
փնտռել
նոր
երկիր,
Ես
կը
նայիմ
ետեւէդ
լուռ՝
ժպտադէմ։
Իմ
սէրս
վայրի
մշտադալար
մըն
է
պերճ,
Անոր
համար
տերեւաթափ
չունի
ան,
Կիւսն
ու
հուրին
ոստերուն
տակ
բարձրաբերձ,
Գիշեր
ցորեկ
ճռուողելով
կուգան
ման։
Ինծի
ի՞նչ
հոգ՝
մեղկ
հեշտութիւնն
յափրանքին,
Երբ
իմ
վայելքս
գիտէ
ըլլալ
լուռ
հատնում,
Դեռ
չի
գրկած
գարունները
զուարթագին
Բենլոբ
մ՚եղայ
յար
ըսպասող
ու
տրտում։
Անուրջներըս
դղեակներ
են
հոյակապ,
Պատրանքն՝
անոնց
խաւարամած
խոր
վիրապ։
1904,
Պօլիս