Դրախտի երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Անհաւասար պայքարին մէջ՝ անտիական այս սիրոյն,

Երկար օրեր՝ արհաւրալից, անարեւ,

Հաստատաքայլ հետեւեցայ այն ճամբուն,

Ուր կանգնած էր վէս արձանըդ ձիւնագոյն,

Եւ քրտնաթոր այլ տիրական, մի՛շտ կորովի,

Ոգորումի մարտը մղել հոն ուխտեցի յարատեւ։

Սիրոյ ուխտին ե՛ս, դրուժա՞ն ամենեւին.

Արեւները թող այն ատեն խաւարին,

Ալպիօնեան խրոխտացումներդ կնոջային

Երբէք օր մը ինձ չի տուին

Անկանգնելի վշտաբեկումն լքեալին.

Կոհակ մ՚եղայ որ ժայռերուն լերկ գանկն ի վեր,

Խօլ, գոտեպինդ, անվեհեր,

Կատաղութեան ժայթքումներով մաքառի։

Ալիքներու ոգորումներն ամեհի,

Հնչեցուցին գոռ երգերու թրթռումներ,

Ո՛չ ցրտութիւն, արհամարհանք, ոչ մոռացում,

Զիս կանացի պչրանքներուն պարտեալն ըրին.

Ու վիրաւոր եղնիկի պէս թափառուն,

Ես ապրեցայ լեռ, ձոր ու սար,

Արեւին տակ ոսկեսար։

 

Անձաւներու մենութեանց մէջ անվրդով,

Նոճիները սգազգեաց ու դարաւոր

Ի՜նչ զգայնոտ՝ խորհրդապահ կռինչներով

Ձայնակցեցան սիրոյ երգիս հոգեխռով,

Ու կոխոտուած անանուխի տերեւները մշկաբոյր

Ի՜նչ դարձդարձիկ ոլորտներ

Բուրվառեցին եթերն ի վեր։

* * *

Անհաւասար պայքարին մէջ այս սիրոյն,

Մայր բնութեան սէգ տարրերէն

Ես սորվեցայ հետեւիլ միշտ այն ճամբուն

Ուր կանգնած էր վէս արձանըդ ձիւնագոյն,

Եւ քրտնաթոր այլ տիրական,

Մաքառումի մարտը մղել եռանդուն։

 

1904, Պօլիս։