Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ. Հայկական Բողոքականութիւն կամ Արխիվալցւոց աղանդը

Թոնդրակեցիներու կեդրոններէն՝ Հարք գաւառի Խնուս աւանի եւ շրջակայից մէջ այս աղանդի հուրն ի սպառ մարած չէ, հակառակ առ այս եղած մեծամեծ ջանից, զի 1829ին՝ Թուրք եւ ռուս պատերազմին ատեն՝ այս կողմերէն դէպ ի Կովկաս գաղթող ու Աղեքսանդրաբոլ ու անոր շրջակայքը հաւաքուող գաղթականութեան մէջ՝ կը տեսնուի այս աղանդը, մանաւանդ Արխիվալ գիւղն, որոյ վասն եւ այս աղանդն Արխվալեան կ՚անուանենք: Աղեքսանդրաբոլի եւ Կաղզուանի մէջ ալ կային այն աղանդաւորներէն: Արխվալցիք իրենց վարդապետութիւնը գաղտնի կը պահէին ուրիշներէն. այլոց հետ եկեղեցի կ՚երթային, կը մկրտուէին ու կը հաղորդուէին ձեւական կերպով. սակայն ապա ի չափահասութեան ըստ իրենց աղանդի վերստին կը մկրտուէին եւ Հաղորդութիւն կ՚առնէին իրենց երէցներէն՝ որք մասնաւոր տարազ չէին կրեր. ասոնք ունէին եւ կրօնաւորաց գաղտնի ձեռնադրութիւն, սակայն ոչ իբր Խորհուրդ:

Ռուս կառավարութիւնն եւ Էջմիածնայ Սբ. Սինոդը կը ստիպուին անոնցմով զբաղվիլ 1837-1839 եւ այդ մոլորութեանց առաջքն առնել աշխատիլ( [1] ):

Էջմիածնայ Սբ. Սինոդը Արխվալցւոց աղանդը Լուտերական Աւետարանական եկեղեցւոյ վարդապետութեանց համաձայն կը գտնէ, ու այս աղանդաւորներէ չորսին խոստովանութիւնը ձեռքը կը բերէ, որք գրեթէ իրարու նման ըլլալնուն՝ անոնցմէ երկուքը մէջ կը բերենք աստ:

Աւասիկ Աւօս Մարտիրոսեանի խոստովանութիւնը.

1. Տասը պատուիրանքը պահեցէք որ տուեց Աստուած՝ Մովսէսին.

2. Քրիստոս չէ Աստուած, այլ Որդի Աստուծոյ եւ մեզ բարեխօս, նստելով ընդ աջմէ Հօր:

3. Միայն Քրիստոս ճանաչեցէք եւ Հայր, մնացեալ ինչքան սուրբ կան եւ եղեալ են աշխարհիս վրայ՝ սուտ են:

4. Չպէտք է ուխտ գնալ յԷջմիածին կամ յԵրուսաղէմ:

5. Մեղքն յԵկեղեցին առաջի Աստուծոյ խոստովանեցէք միայն:

6. Միւռոնն Էջմիածնի սուտ է, եւ մկրտելոյն չէ հարկաւոր, այլ երբ մի բուռն ջուր երեխայից վրայ թափէք՝ կը մկրտուի, զի Քրիստոս ջրով հրամայեց մկրտել:

7. Միշտ եկեղեցի գնացէք, եւ քահանային խոստովանելու ժամանակն ձեր մեղքն մի ասէք, որ չիմանան, այլ հասարակաբար խօսեցէք:

8. Միշտ եկեղեցի գնացէք որ չլինի թէ մեր ազգն իմանայ մեր այս գործը, այլ առ երես կատարեցէք ամէն ինչ, եւ այնքան ծածուկ կացէք, որ ժամանակ գտնամք, եւ եթէ կարողասցուք՝ բոլորը դարձնեմք այն հաւատքին վերայ. եւ երդուանք, որ թէ մեզ կտոր կտոր առնէին չէինք պարտ յայտնել:

Կարապետ Մկրտիչեանի խոստովանութիւնն սապէս կարելի է համառօտել. Քրիստոս Աստուած չէ: Խաչը ոչինչ է: Հայոց մկրտութիւնը եւ միւռոնը սուտ են, հարկ է վերստին մկրտել միւռոնի հետքը (գազանի մուհրը) հանելու համար: Մարիամ կոյս չէ, այլ ապականեալ: Ոչ սուրբ կ՚ընդունին եւ ոչ անոնց բարեխօսութիւնը: Պատարագ, Հաղորդութիւն [2], Խոստովանութիւն չեն ընդունիր: Երեսնին խաչ չեն հաներ, անոնց համար ծնրադրութիւնն աւելորդ է, պահք պահելը սխալ է. ժողովոց եւ հայրապետաց կանոնները սուտ են:

Արխվալցիք ունէին «Բանալի Ճշմարտութեան» անուն վարդապետական մատեան մը, որոյ մի պակասաւոր օրինակը կը գտնուի Էջմիածնայ մատենադարանին մէջ: Այս գործի ճակտին վրայ արձանագրուած է, «Գրեցաւ ի թուականին Փրկչին 1782, իսկ Հայոց ՌՄԼ ի գաւառս Տարօնայ»: Այս գիրքը թէպէտ 149 էջերէ բաղկացեալ է եւ 20 գլուխներու բաժնուած, սակայն ձեռքը անցուած այս օրինակի շատ մը թերթերն ինկած ու հանուած եւ ինչ ինչ բառերը քերուած են. որով կարելի չէ կատարեալ գաղափար մը կազմել այս վարդապետութեանց վրայ: Այս գործը հրատարակեց եւ թարգմանեց անգղիերէն լեզուի, Փրոֆ. Կոնիբեր 1898ին, յորմէ կ՚ընենք հետեւեալ ամփոփումները:

Ա. Մկրտութիւնը խորհուրդ մ՚է, որու ենթարկեալք պարտին ուսանիլ, հաւատալ ու ապաշխարել, եւ յետ այնու միայն ենթարկիլ մկրտութեան. ուստի եւ ներելի չէ երեխայից մկրտութիւնը: «Երեխայք ոչ ունին զապաշխարութիւն, ոչ ունին զուսումն, եւ ոչ ունին զհաւատ սուրբ, վասն այնորիկ ոչ է ճշմարիտ մկրտութիւն նոցա եւ ոչ փրկութիւն»։ Եւ առ այս՝ վկայութեան կը կոչէ Յիսուսի խօսքը. «Երթայք յաշխարհ ամենայն, եւ քարոզեցէք զԱւետարանն ամենայն արարածոց: Որ հաւատայ եւ մկրտիցի՝ կեցցէ, եւ որ ոչն հաւատայ՝ դատապարտեսցի» (Մարկ. ԺԶ. 15-16): Եւ կը յաւելու. «Եթէ ոչ ոք հաւատասցէ, ապաշխարեսցէ, ոչ կարէ մկրտիլ եւ արդարանալ, մաքրիլ ի մեղաց եւ ազատիլ ի կապանաց սատանայի… որք ոչ ունին զհաւատ, զապաշխարութիւն, զյոյս եւ զսէր, ոչ կարեն մկրտիլ եւ ոչ մերձենալ ի սուրբ մարմին եւ արիւն Որդւոյն Աստուծոյ»։

Այս գործի մէջ կնքահայրը սուտ վկայ եւ աւանակ կ՚անուանուի, զի նա իբր թէ երախային կողմանէ հաւատք, յոյս, սէր եւ մկրտութիւն կը հայցէ քահանայէն, մինչդեռ երեխան ատոնց եւ ոչ մէկէն գիտակցութիւն ունի: Եւ կ՚առաջարկուի երեսնամեայ մկրտել միայն, որպէս կ՚ընեն այժմու Մկրտչականաք:

«Բանալի ճշմարտութեան»ը կը պատուիրէ երէցին, մանկան մը ծննդեան 8-րդ օրը անոր տունը երթալ եւ վրան աղօթք մը կարդալ, յորում ի մէջ այլոց ըսուած է. «Խնդրեմք ի քէն, պահեա զերեխայս զայս ի չարէ եւ դիր աջ քո սուրբ ի վերայ երեխային եւ պահեա զսա յամենայն փորձութենէ Աշխարհի… զի անցուսցէ զժամանակս իւր տղայութեան եւ եղիցի քեզ Որդւոյդ եւ Սուրբ Հոգւոյդ հաճելի, եւ հասո զսա ի Սուրբ Մկրտութիւն… եւ ած զսա ի չափ ժամանակի Սուրբ Մկրտութեան…»:

Բ. Խոստովանութիւնը եւ թողութիւնը կը դատապարտէ: «Զմեղս արանց եւ կանանց քննել իմանալ եւ թողութիւն շնորհել՝ զոր Տէրն մեր հրամայէ ասելով. թէ՝ ո՜վ կարէ թողուլ զմեղս, եթէ ոչ մի Աստուած»։

Գ. Պատկերաց եւ ոսկիէ ու արծաթէ շինուած եկեղեցական առարկայից յարգումը կը դատապարտէ: «Էք հետեւող հօրն ձերոյ չարին զոր ետ ձեզ զօրէն իւր, այսինքն զանհաւատս մկրտել, զպատկերս պաշտել, զարծաթ եւ զոսկի ի ձեւ պատկերի… առնել եւ երկիրպագանել»։

Դ. Սրբոց բարեխօսութիւնը կը մերժեն, եւ աւելորդապաշտութիւնները կ՚այպանեն: «Դարձեալ հաւատայք դուք ի բարեխօսութիւն Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի եւ ոչ այլոց». եւ առ այս իբր վկայութիւն տայ հետեւեալ հատուածը: «Քանզի մի է Աստուած եւ մի միջնորդ Աստուծոյ եւ մարդկան, մարդն Յիսուս Քրիստոս» Տիմ. Բ. 5): Կ՚ըսէ. «Ոմանք ուրացեալ են զպատուական միջնորդութիւն եւ բարեխօսութիւն սիրելի Որդւոյն Աստուծոյ եւ հետեւեալ են մեռելոց եւ մանաւանդ պատկերաց, քարից, փայտից, ջրոց, ծառոց, աղբերաց, եւ այլ ամենայն ունայն իրաց, որպէս առնեն եւ երկիրպագանեն, զխունկս եւ զմոմս ընծայեն եւ զոհս մատուցանեն, որք սոքա ամենեքեան են հակառակ Աստուածութեան:

Ե. Մարիամայ միշտ կոյս համարուելուն դէմ կը խօսի. «Աւետարանիչք եւ սրբազան առաքեալք, նաեւ Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս նախ քան զծնունդ Մարիամու՝ կոյս ասեն եւ յետ ծննդեան՝ կին կոչեն եւ կուսութիւն նորա ի բաց բառնան»: Արդարեւ Յիսուս իսկ իր մայրը քանիցս կին անուանած է (Յովհ. Բ. 4 եւ ԺԹ. 26): «Յիսուսի շատ մը եղբայրներ ու քոյրեր ունենալը յիշելով՝ կու տայ հետեւեալ վկայութիւնը. «Ո՞չ սա է հիւսանն որդի, ո՞չ մայր կոչի Մարիամ, եւ եղբարք սորա՝ Յակովբոս, եւ Յովսէս եւ Սիմովն եւ Յուդա, եւ քորք սորա ո՞չ ամենեքեան առ մեզ են» (Մատթ. ԺԳ. 55):

Զ. Այս գործին մէջ ճիգ մը կայ ներկայացնելու Յիսուս իբրեւ որդի մարդոյ եւ գլուխ Եկեղեցւոյ, առանց խոստովանելու անոր Աստուածութիւնը: Քրիստոս արարած համարուած է եւ ոչ արարիչ: Առ այս մէջ բերուած են հետեւեալ վկայութիւններն. «Գլուխ ամենեցուն Քրիստոս եւ գլուխ Քրիստոսի Աստուած»: Այսպիսի վկայութիւն չկայ Սբ. Գրոց մէջ, կ՚երեւի թէ առ Կորնթացիս Ա. Թղթոյն ԺԱ. «Գլուխ կնոջ՝ այր եւ գլուխ Քրիստոսի՝ Աստուած» խօսքին վրայ ձեւուած է:

«Քրիստոս մեռաւ եւ Աստուած յարոյց զնա ի մեռելոց» ըսած է. սակայն այսպիսի խօսք չկայ Սբ. Գրոց մէջ:

«Յիսուս Քրիստոս որ հաւատարիմ է արարչի իւրոյ որպէս եւ Մովսէս յամենայն տան նորա» (Եբր. Գ. 2):

Աշխարհի վախճանին մասին կ՚ըսէ, «Հայր երկնաւոր, Աստուած ճշմարիտ, ոչ յայտնեաց զօրն դատաստանի որդւոյն իւրոյ սիրելւոյ, որպէս եւ ասէ վասն կատարածի աշխարհի թէ՝ ոչ ոք գիտէ, ոչ հրեշտակք յերկինս, եւ ոչ Որդի, բայց միայն Հայր»: Ակնարկելով Մարկոսի (ԺԳ. 32) խօսքը, եւ ասով ալ ցոյց կու տայ թէ՝ Յիսուս որդի Աստուծոյ է եւ ոչ Աստուած:

Գործիս առաջին էջին մէջ իսկ ըսուած է «Տեառն մերոյ Յիսուսի՝ որդւոյն հօրն երկնաւորի»։ Դաւանանքի մասին ըսուած է, «Խոստովանիմ եւ հաւատամ, պաշտեմ եւ երկիրպագանեմ զՀայր Աստուած, եւ զՈրդին միջնորդ եւ բարեխօս եւ Սբ. Հոգին բաշխող շնորհաց մեզ հաւատացելոցս»:

Է. Հոգին Սուրբ ներկայացուած է իբր Աստուծոյ հոգին եւ ոչ անոր հաւասար անձնաւորութիւն:

Գործիս մէջ ստէպ կ՚ըսուի «Հոգի Հօրն երկնաւորի»։ Ըսուած է նաեւ «Առնուլ զսուրբ մկրտութիւն հոգւոյն Հօրն երկնաւորին»։

Ի մի բան ըստ այս գործին՝ Յիսուս Աստուծոյ զաւակն է, իսկ Հոգին Սուրբ անոր հոգին է, բայց ասոնք Աստուած չեն եւ ոչ ալ հաւասար հօր՝ որ արարիչ է:

Ը. Եկեղեցւոյ խորհուրդներն երեքն են, Ապաշխարութիւն, Մկրտութիւն, եւ Հաղորդութիւն որք կատարեալներուն տրուելու են եւ ոչ թէ՝ երախայից, անապաշխարողաց եւ անհաւատից:

Թ. Ըստ այս աղանդաւորաց պատուիրանք Յիսուսի Քրիստոսի վեց են, ուսումն, ապաշխարութիւն, հաւատ, մկրտութիւն, հաղորդութիւն, սէր՝ որ է գլուխ ամենեցուն:

Ժ. Երեխաներն անմեղ կը ծնին, կ՚ըսէ, եւ անոնց նախամարդոցմէ ժառանգած սկզբնական մեղքը կը մերժէ: «Երախայք որք ծնին ի մարցն իւրեանց՝ ոչ ունին զմեղս, զսկզբնական եւ ներգործական»։

ԺԱ. Մարդոց հոգւոյ փրկութեան համար կարեւոր են ապաշխարութիւն, ուղիղ դաւանանք, մկրտութիւն եւ հաղորդութիւն:

«Բանք Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի որք փրկեն զմարդն՝ են չորք, Ապաշխարութիւն, Ուղիղ դաւանութիւն, Սբ. Մկրտութիւն, եւ Սբ. պատուական մարմին եւ արիւն Տեառն Յիսուսի Քրիստոսի»։

ԺԲ. Դրոշմը, կարգ քահանայութեան, վերջին օծումն եւ պսակի արարողութիւնը անհրաժեշտ չեն համարիր: «Դրոշմն, Կարգ քահանայութեան, Վերջին Օծումն եւ Պսակն ոչ են փրկութիւն հոգւոյ մերոյ, այլ են անհարկ եւ ոչ հարկաւորք»։

Քահանան պէտք է լինի այր առաքինի եւ բարեպաշտ, եւ այդպէս վկայուելու է իշխանաց եւ ժողովրդեան կողմանէ առաջի Եպ[իսկոպո]սի, եւ յետ աղօթից եւ ընթերցուածոց Եպիս[կոպոս]ն երիցս կը փչէ անոր երեսն ըսելով՝ «Ահա փչումն Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի բացցէ զմիտս քո, ով սիրելի որդեակ իմ, եւ զօրացուսցէ զքեզ ի գործս քո»։ Եւ քառասուն օր Աւետարան կարդալով՝ իսկապէս կ՚առնու զՍբ. Հոգին:

ԺԳ. Սբ. ժողովոց եւ նուիրապետութեանց օրէնսդրութիւնն ու կանոնները կը մերժէին: «Նոքա են տնօրինողք սուտ օրինաց» կ՚ըսէ:

Այս ամէնէն կ՚եզրակացնենք թէ, այս աղանդաւորներն եւրոպական այժմու Բողոքականութենէ շատ աւելի յառաջ կ՚երթային իրենց մերժումներուն մէջ: Իրենց մէջ կը գտնուէին տարբեր կերպով խորհող ու աւելի արմատականներ, որպէս ստիպեն մեզ հաւատալ անոնցմէ ոմանց խոստովանութեանց մէջ դիտուած տարբերութիւնները:



[1]            Փորձ հանդէս, 1889 (Էջ 91-130):

[2]            Անշուշտ ըստ Հայ եկեղեցւոյ Հաղորդութիւնն ըսել կ'ուզէ, զի ինչպէս պիտի տեսնանք՝ իրենք կը հաղորդուէին: