Ատանայի կեանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՌԱՋԻՆ ԽՕՍՔ

Օսմ[անեան] Տէրութեան աննման քաղաքներէն Ատանայի փայլուն եւ նախանձելի կեանքն վերջացաւ եւ հիմա նոր Ատանա մը մէջտեղ կուգայ, որուն համար կը յուսացուի թէ շնորհիւ երիտասարդ ոյժերու նախկին վիճակին մօտենայ:

Սոյն հրատարակութեանս նպատակը՝ կսկծալի ցաւեր նորոգել չէ, երբե՛ք, այլ միայն չքնաղն Ատանայի անմոռանալի յիշատակին յարգանք մը ընծայել եւ միանգամայն բազմաթիւ հետաքրքիրներու անզուսպ փափաքին գոհացում տալ է:

Ատանայի՝ գոնէ վերջին հարիւր տարուն կեանքը, մանրամասն եւ ճշգրիտ պատկերացնելու համար տարիներով աշխատիլ հարկ է: Ներկայ աշխատասիրութիւնս՝ Ատանայի վերջին քսան եւ հինգ տարուան կեանքին համառօտ մէկ տեղեկագրութիւնն է: Մանաւանդ վերջին տարիներուն մասին տրուած մանրամասն եւ ճշգրիտ տեղեկութիւններն կը յուսամ թէ լոյս պիտի սփռեն շատերու համար մութ մնացած կէտերու վրայ:

Յ[ակոբ] Յ. Թ[էրզեան]