Ատանայի կեանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿ

Ատանայի Հայութիւնը հակառակ թրքախօսութեանը սկիզբէն ի վեր միշտ ջերմեռանդ եւ թունդ եկեղեցասէր եղած է: Եկեղեցիին անունով պահանջուած գումարներն ամենայն սիրով կը վճարէին:

Ատանայի մէջ Հայ Եկեղեցիին պաշտպանութեան եւ յառաջդիմութեանը համար ամենամեծ ծառայութիւններ մատուցանողն եղած է Պզտիկեան ազնուատոհմ գերդաստանը, որուն թոռներուն կազմած բազմաճիւղ ընտանիքներն մինչեւ այսօր հոգի կուտան իրենց Եկեղեցիին պաշտպանութեանն ու լուսաւորութեանը համար:

Երեսուն երեք տարուան Համիտեան քաղաքականութեան ի գործ դրած Հայասպան հալածանքներն շատ մեծ յուսահատութեան մատնեցին՝ ուրիշ տեղերու պէս Ատանային ալ Հայութիւնը: Եւ ասոր հակառակ Կաթոլիկ եւ Բողոքական եկեղեցիներուն վայելած օտարի ազդեցութեամբ առանձնաշնորհումներն պահ մը շլացուցին ու մագնիսեցին շատ մը Հայեր եւ սակայն քսան տարի առաջուան տիպար Առաջնորդն Գեր[աշնորհ] Տ. Մկրտիչ Արք[եպիսկոպոս] Վեհապետեանը մեծ գործունէութիւն ցոյց տուած էր այլակրօնութեան հոսանքին դէմ. այլ աւաղ այն ատենուան բռնապետական կառավարութեան դարձուցած սադայելական էնթրիկներովն ակամայ հեռացուեցաւ խեղճ Սրբազանը եւ որով Ատանացիք զրկուեցան իրենց պաշտելի Առաջնորդէն: Ասոր յաջորդեց Մարաշցի Տ. Խաչատուր Ծ[այրագոյն] վարդապետն որ մի քանի տարի ըստ կարողութեան ծառայելէ ետքը չի կրցաւ կառավարութեան հետ համաձայնիլ եւ աս ալ ստիպուեցաւ հեռանալ:

Կիլիկիոյ կաթողիկոսական կրկնակի ընտրութիւններուն Ատանայի մէջ կատարուիլը, ի վերջոյ Ն[որին] Ս[ուրբ] Օծութեան Տ. Սահակ Կաթողիկոսի ընտրութիւնը եւ մեծամեծ հանդէսներով Ատանա մուտքը եւ Ն[որին] Ս[ուրբ]   Օծութեան այն ատեն ցոյց տուած գործունէութիւնները հրապուրեցին Հայ ժողովուրդն եւ Հայերը համախմբուեցան եկեղեցւոյ շուրջը ու պինդ կերպով յարեցան ու փարեցան իրենց Մայրենի Եկեղեցիին:

Քիչ ետքը Առաջնորդ ընտրուեցաւ Արմաշի փառքերէն Տ. Մուշեղ Եպիսկ[ոպոս] Սերովբեան, որն որ շատ կարճ միջոցի մը մէջ իրականացուց իր մասին տածուած յոյսերն: Տ. Մուշեղ Սրբազան երկաթէ կամքով եւ անդուլ ջանքով կուրծք տուաւ ամէն տեսակ դժուարութեանց: Մանաւանդ նոյն ատենուան բռնակալ Կուսակալ Պահրի փաշայի հետ ունեցած չափազանց մտերմութիւններն, ա՛լ աւելի ասպարէզ տուին արձակ համարձակ շարժելու, որով մեծ ազդեցութեան տիրացած էր մեր տիպար Առաջնորդը: Անշուշտ Առաջնորդին ազդեցութեանը համեմատ Հայ ժողովուրդին պատիւն ալ բարձրացած էր:

Տ. Մուշեղ Սրբազան թէեւ քիչ մը խիզախ, սակայն շատ մեծ կարողութիւն ցոյց տուաւ Ատանայի Առաջնորդութեան պաշտօնին մէջ: Խօսեցաւ, խրատեց, սաստեց, յանդիմանեց, պոռաց, կանչուըռտեց, գանձեց, ծախսեց, շինեց շտկռտեց եւ կանգնեց Ազգ[ային] հսկայ կալուածներ: Կատարեալ յաջողութեամբ կազմակերպեց, հոգի տուաւ եւ կանոնաւոր շաւղի մը մէջ դրաւ Եկեղեց[ական] ու Կրթական գործերն: Վերջապէս մէկ խօսքով ըրաւ ինչ որ կարելի էր: Եւ այս դիրքով Բողոքական ու Կաթոլիկ Հայերն կը նախանձէին հարազատ Հայերու վիճակին եւ նոյն իսկ շատեր Մայրենի Եկեղեցւոյ գիրկը վերադառնալ կը մտածէին, ինչպէս ոմանք դարձան:

Տ. Մուշեղ Սրբազան չքնաղ կարողութեամբ մը յաջողեցաւ հասութաբեր կալուածներ շինել ի նպաստ Եկեղեցւոյ: Պաշտօնավարութեան առաջին տարին իսկ հանգանակութեան ձեռնարկելով աներեւակայելի յաջողութեամբ մեծ գումար մը ձեռք ձգեց եւ անմիջապէս մի քանի կարեւոր կալուածներու շինութեան ձեռնարկեց: Քաղաքին կեդրոնը եւ Աբգարեան վարժարանին քովը գտնուող Հայոց հին եւ անպէտ գերեզմանատունը երկուքի բաժնելով մէջտեղէն ճամբայ մը անցուց, ճամբուն երկու կողմը խանութներ շարեց եւ որոնց վրայ դէմ առ դէմ ու կամուրջով մը իրարու միացած հսկայ վարժարան մը բարձրացուց, որ պիտի ըլլար «Կիլիկեան Գիշերօթիկ Վարժարան»ը:

Այս միջոցին էր որ տեղացի Թուրքերը դժուարութիւններ հանել ուզեցին. պահ մը գերեզմաննոցին տէր եղան եւ վերջն ալ Եըլտըզ հեռագրեցին որ «առանց արտօնութեան» վարժարաններ կը շինուին»: Սակայն Տ. Մուշեղ Սրբազան յաղթեց այս ամենուն շնորհիւ Պահրի փաշայի հետ ունեցած սերտ յարաբերութեանց: Վերջապէս սոյն հսկայ շէնքերուն ծախքէն բացուած ահագին գումարներն ալ հանգանակութեամբ վճարեց եւ քիչ մաս մը բաց մնաց: Նոյնպէս Աբգարեան վարժարանի խարխուլ շենքը փլցունելով քիչ անդին կառուցանել տուաւ նորաձեւ երկրորդ վարժարան մը: Այսպէս եկեղեցին օժտուեցաւ մեծամեծ շենքերով ու կալուածներով եւ որոնց աստիճանով բարձրացաւ Ազգին պատիւն ու վարկը: Այս վիճակներով Ատանայի մեր Եկեղեցական վիճակը շատ փայլուն եւ նախանձելի էր շնորհիւ Տ. Մուշեղ Սրբազանի ջանքերուն:

Ատանա ունէր երկու եկեղեցի. Մայր Եկեղեցի եւ Ս. Ստեփանոս: Մայր Եկեղեցւոյ բակին մէջ կը գտնուի Ազգ[ային] Առաջնորդարանը եւ Արամեան Մանկապարտէզը, որոնք բարեբախտաբար ազատեցան հրդեհներէն: Իսկ Ս. Ստեփանոս Եկեղեցին որ Պզտիկեան մեծ գերդաստանին ծախքովը շինուած էր եւ որուն բակին մէջ կը գտնուէին աղջկանց Աշխէնեան դէմ առ դէմ զոյգ վարժարանները, ամբողջովին այրեցան ու աւերակ դարձան, որոնց մէջտեղը գտնուող եւ հրաշքով ազատող վերապրողներէն մէկն ալ այս տողերը գրողն է:

Ատանայի մօտակայ գիւղերէն Հայ-գիւղ եւ Ինճիրլիք գիւղի մէջ եւս կը գտնուէր եկեղեցի եւ քահանաներ, որոնք ամբողջապէս այրուեցան ու քանդուեցան: Ատանայի եկեղեցիներն ունէին տասնի չափ քահանաներ, Տ. Յակոբ, Տ. Գրիգոր, Տ. Եզնիկ, Տ. Աբրահամ, Տ. Արսէն, Տ. Կարապետ, Տ. Գէորգ, տասնեակ մը ժամկոչներ եւ լուսարարներ, եւ այլն:

Վերջերս Տ. Մուշեղ Սրբազան շինել պիտի տար Ազգ[ային] Առաջնորդարանը, այլ աւա՜ղ ջուրն ինկաւ ամէն բան…: