ՀԱՅ 
    
     ԵՒ 
    
     ԹՈՒՐՔ 
    
     ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  
 
    
     Ատանայի 
    
     հայ 
    
     եւ 
    
     թուրք 
    
     ժողովուրդներն 
    
     տարիներէ 
    
     ի 
    
     վեր 
    
     իբրեւ 
    
     եղբայր 
    
     ապրած 
    
     էին 
    
     եւ 
    
     շատ 
    
     մօտէն 
    
     գրեթէ 
    
     առանց 
    
     ազգի 
    
     խտրութեան 
    
     կը 
    
     կենակցէին 
    
     ու 
    
     կը 
    
     վարուէին 
    
     իրարու 
    
     հետ: 
    
     Նոյնիսկ 
    
     1895ի 
    
     Հայկական 
    
     ջարդէն 
    
     Ատանան 
    
     ազատ 
    
     եւ 
    
     անվնաս 
    
     մնաց, 
    
     շնորհիւ 
    
     տեղացի 
    
     մի 
    
     քանի 
    
     ազդեցիկ 
    
     Թուրք 
    
     երեւելիներու 
    
     եւ 
    
     աւելի 
    
     ճիշդը 
    
     Հայ 
    
     եւ 
    
     Թուրք 
    
     անկեղծ 
    
     մտերմութեանց: 
    
     Այն 
    
     ատենը՝ 
    
     Ատանայի 
    
     Թուրքերն 
    
     եթէ 
    
     ուզէին 
    
     մէկ 
    
     ժամուան 
    
     մէջ 
    
     կրնային 
    
     լափել 
    
     Ատանայի 
    
     Հայութիւնը, 
    
     առանց 
    
     ամենափոքր 
    
     ընդդիմութեան 
    
     մը, 
    
     սակայն 
    
     նոյն 
    
     ատենուան 
    
     կուսակալին 
    
     աչքաբացութիւնը՝ 
    
     տեղացի 
    
     Թուրք 
    
     երեւելիներու, 
    
     մանաւանդ 
    
     Շէյխ 
    
     Ղարիպ 
    
     զատէ 
    
     Հաճի 
    
     Ճէմալ 
    
     էֆ[էնտի]ի 
    
     (որուն 
    
     տղան 
    
     Ֆուատ 
    
     էֆ[էնտի]ն 
    
     ալ 
    
     այսօր 
    
     Ատանայի 
    
     ամէնէն 
    
     լուսամիտ 
    
     Հայասէրն 
    
     է) 
    
     ջանքերուն 
    
     եւ 
    
     տեղացի 
    
     ժողովուրդին 
    
     անկեղծ 
    
     մտերմութեանցը 
    
     շնորհիւ 
    
     Ատանան 
    
     ազատած 
    
     էր 
    
     1895ի 
    
     Հայկական 
    
     ջարդէն: 
    
     Այն 
    
     ատենը 
    
     Ուրբաթ 
    
     օր 
    
     մը 
    
     միայն 
    
     պզտիկ 
    
     խլրտում 
    
     մը 
    
     եղաւ 
    
     եւ 
    
     սակայն 
    
     բարեբաղդաբար 
    
     մէկ 
    
     երկու 
    
     զոհով 
    
     խնդիրը 
    
     փակուեցաւ: 
    
     Իսկ 
    
     եթէ 
    
     Հաճընն 
    
     ալ 
    
     ազատութեան 
    
     համար 
    
     Ուլնիոյ 
    
     օրինակին 
    
     հետեւէր 
    
     շատ 
    
     հաւանական 
    
     էր 
    
     թէ 
    
     Ատանան 
    
     1895ին 
    
     տակնուվրայ 
    
     ըլլար 
    
     եւ 
    
     հիմակուան 
    
     աղէտին 
    
     պէտք 
    
     չի 
    
     տեսնուէր:
  
 
    
     Ահա 
    
     այսպէս 
    
     Ատանայի 
    
     հայ 
    
     եւ 
    
     թուրք 
    
     յարաբերութիւններն 
    
     միշտ 
    
     մտերմական 
    
     եւ 
    
     եղբայրական 
    
     եղած 
    
     են: 
    
     Միայն 
    
     մէկ 
    
     երկու 
    
     բռնապետ 
    
     թուրքեր 
    
     ուզած 
    
     են 
    
     հայութիւնը 
    
     հալածել 
    
     որոնք 
    
     իրենց 
    
     փափաքին 
    
     չէին 
    
     կրցած 
    
     արժանանալ:
  
 
    
     Փոքր 
    
     Ասիոյ 
    
     շատ 
    
     կողմերը 
    
     թուրքերուն 
    
     բերնին 
    
     ծամոցը 
    
     եղող 
    
     կեավըր 
    
     բառը 
    
     Ատանայի 
    
     մէջ 
    
     գրեթէ 
    
     գոյութիւն 
    
     չունէր 
    
     եւ 
    
     ընդհակառակը 
    
     Թուրքերը 
    
     մեծ 
    
     յարգանքով 
    
     կը 
    
     վարուէին 
    
     հայերուն 
    
     հետ 
    
     եւ 
    
     փոխադարձաբար:
  
 
    
     Շատ 
    
     անգամներ 
    
     հայ 
    
     եւ 
    
     Թուրք 
    
     երիտասարդներուն 
    
     միասին 
    
     պտըտիլը 
    
     տեսնելով 
    
     անկարելի 
    
     կ’ըլլար 
    
     իրարմէ 
    
     զանազանել, 
    
     թէ՛ 
    
     դէմքով, 
    
     թէ՛ 
    
     տարազով 
    
     եւ 
    
     թէ՛ 
    
     վարուելակերպով 
    
     իրարմէ 
    
     բնաւ 
    
     չէին 
    
     տարբերfր. 
    
     անունով 
    
     միայն 
    
     կը 
    
     յայտնուէին: 
    
     Եւ 
    
     սակայն 
    
     դժբախտաբար 
    
     1895ի 
    
     համիտեան 
    
     ջարդէն 
    
     ետքը 
    
     Կեսարիայէն 
    
     եւ 
    
     ուրիշ 
    
     տեղերէ 
    
     Ատանա 
    
     գաղթող 
    
     եւ 
    
     համիտի 
    
     կամքին 
    
     հետեւող 
    
     կարգ 
    
     մը 
    
     թալանի 
    
     եւ 
    
     ջարդի 
    
     սիրահար 
    
     մոլեռանդ 
    
     Թուրքեր 
    
     չարփոխեցին 
    
     Ատանացի 
    
     տեղացի 
    
     Թուրքերն 
    
     ալ 
    
     եւ 
    
     ասոնք 
    
     ալ 
    
     կամաց 
    
     կամաց 
    
     սկսան 
    
     թշնամիի 
    
     աչքով 
    
     նայիլ 
    
     հայերուն: 
    
     Բայց 
    
     Ատանայի 
    
     հայերն 
    
     ամէն 
    
     բան 
    
     կը 
    
     սպասէին 
    
     եւ 
    
     միայն 
    
     ասանկ 
    
     վայրագ 
    
     ջարդ 
    
     մը 
    
     չէին 
    
     սպասեր 
    
     իրենց 
    
     եղբայր 
    
     կարծած 
    
     եւ 
    
     օրօրոցէն 
    
     ի 
    
     վեր 
    
     միասին 
    
     մեծցած 
    
     հայրենակից 
    
     Թուրքերէն: 
    
     Չի 
    
     հասկցուեցաւ 
    
     թէ 
    
     ո՞ւրկէ 
    
     դրդուեցան: