Ատանայի կեանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿՐԹԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿԸ

Ատանայի կրթական վիճակը քսան տարիէ ի վեր կանոնաւոր շաւղի մը մէջ կ’ընթանար: Աբգարեան վարժարանին կանոնաւոր ընթացք մը տուող եւ գրեթէ Կեդրոնական վարժարանի աստիճանին մօտեցնողն եղած էր բարեյիշատակ հանգուցեալ ուսուցիչ Սարգիս էֆ[էնտի] Գազանճեան, զոր դժբախտաբար երիտասարդ տարիքին մէջ թոքախտը խլեց Ատանացւոց ձեռքէն, որուն յաջորդեց Այնթապցի Թաթուլ էֆէնտի, որուն տնօրէնութեանը միջոցին աշակերտած էի Աբգարեան վարժարանին: Ասոնցմէ վերջ հետզհետէ տնօրինութեան կոչուեցան ծանօթ Համբարձում Ամատունի էֆ[էնտի] որ վերջը Տ. Մեսրովպ վարդապետ ձեռնադրուեցաւ եւ Սիսի Աթոռին միաբաններէն ու Ֆէքէյի մենակեացն է, Կեսարացի Տէր եւ Տիկին Յովհաննէս էֆ[էնտի] Գունտուրուճեան, Պոլսեցի ծանօթ գրագէտ Տիրան Չրաքեան, Կ. Պոտիկեան եւ ամենէն վերջը Տ. Մուշեղ Սրբազանի հրամանով Պոլսէն բերուեցան Տէր եւ Տիկին Արամ էֆ[էնտի] Նիկողոսեան, որոնց պաշտօնը կիսկատար մնաց աղէտին հետեւանքով [1]: Վերջին տարիներու մանչերու վարժարանին չափով աղջկանց Աշխէնեան վարժարանին ալ ոյժ կը տրուէր, կարգ մը վարժուհիներ եւ կարուհիներ բերուելով Պոլսէն: Ասոնցմէ զատ Տ. Մուշեղ Սրբազանի օրով կանոնաւոր երկսեռ մանկապարտէզ մը հաստատուեցաւ Արամեան վարժարանին մէջ, որուն համար ամենէն շատ աշխատողներն եղան Օրիորդ Շնորհիկ Նշանեան (Տիկին Պօղոս Եղիաեան), եւ քոյրերը Օր[իորդ]ք Զապէլ եւ Էօժէն: Այսպէս Կրթական գործին բաւական մղում կը տրուէր, որուն շնորհիւ Ատանայի Հայութիւնը կարճ միջոցի մը մէջ մեծ յառաջադիմութիւններու արժանացաւ: Այս շրջանին պիտի բացուէր Կիլիկեան գիշերօթիկ վարժարանը նոր շէնքերուն մէջ, որոնք հիմա աւերակոյտ մ’են:

Ատանայի նախկին Աբգարեան եւ վերջը Մուշեղեան վարժարանները ունէին երկսեռ (2000) երկու հազարի չափ ուսանողներ եւ տարեկան պիւտճէն էր (1500) հազար հինգ հարիւր ոսկի:



[1]            Ատանայի կրթական գործին մէջ ամենէն շատ ծառայողներն եղած են տեղացի ուսուցիչներէն Վահան Քէշկէկեան, Տիգրան Պետրոսեան եւ Յակոբ Տ. Պօղոսեան էֆէնտիները: