Ատանայի կեանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔ

Ատանայի ամենափայլուն անցեալին մէկ մանրանկարը ներկայացնելով զգացնել ուզեցի կորուստին աստիճանը եւ բացուած վէրքին անդարմանելիութիւնը: Եւ սակայն դժբախտաբար Ատանայի ահռելի ջարդէն ետքը խուժանաթերթն Իթիտալ կարգ մը վայրահաչութիւններէ ետքը կը գրէր «մեր Ատանան ասկէ ետքը շատ լաւ պիտի ըլլայ»:

Ջարդին սկզբնապատճառները մասամբ հրատարակուած են։ Իսկ ներկայ հրատարակութեանս վերջին մասերը ականատեսի տպաւորութիւններ են, որոնք յառաջաբանը պիտի ըլլան ի մօտոյ հրատարակելի «ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ» պատկերազարդ ընդարձակ երկիս:

 

ՎԵՐՋ