ԿԼԻՄԱՅ
Ատանայի
Կլիման
Եգիպտոսի
նման
տաք
է,
սակայն
Սիհուն
գետին
ջուրը
շատ
մաքուր
եւ
առատ
ըլլալուն,
առողջութեան
տեսակէտով
բնական
մեծ
բարիք
մ’եղած
է
Ատանայի
եւ
շրջակայից
համար:
Մայիսէն
կ’սկսի
տաքը
եւ
ամառուան
մէջ
մանաւանդ
Յուլիս
եւ
Օգոստոս
ամիսները
ջերմաչափը
՝
սանթիկրատ
մինչեւ
35-38
կը
բարձրանայ
շուքին
մէջ:
Ահա
այս
տաքին
շնորհիւն
է
որ
Ատանայի
արգասաբեր
հողը
կը
հասցնէ
բամպակ,
շուշմա,
արմաւինիի
պէս
տաք
երկիրներու
յատուկ
պտուղներ:
Իսկ
ձմեռը
առանց
ձիւնի
եւ
քիչ
անձրեւով
չոր
եւ
խիստ
ցուրտ
մը
կը
տիրէ:
Ատանայի
մէջ
ձիւն
շատ
քիչ
անգամ
տեղացած
է,
հազիւ
երեք
չորս
տարին
անգամ
մը
մի
քանի
սանթիմի
չափ
կը
տեղայ,
զոր
ալիւրի
պէս
կը
ժողվեն
տեղացիները
եւ
կը
պահեն
օրերով:
Ատանա
քաղաքը
շրջապատուած
է
շատ
գեղեցիկ
պարտէզներով
ու
ծառերով
եւ
ունի
բազմաթիւ
այգիներ,
որոնց
կոկիկ
ու
ճերմակ
տուները
սքանչելի
տեսարան
մը
կը
կազմեն:
Նոյնպէս
շրջակաները
կը
գտնուին
մեծ
ու
պզտիկ
բազմաթիւ
չիֆթլիքներ
այսինքն
մեծ
երկրագործներուն
ընդարձակ
ագարակներու
ցանուքաղի
բանւորի
տուներ:
Ամառուան
եղանակին
մանաւանդ
գիշերները
սոսկալի
տաքին
հետ
թունախայթ
մժեղներն
ալ
անտանելի
են: