Ատանայի կեանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՊՐՈՒՍՏ

Ատանայի ժողովուրդին երկսեռ աղքատիկ դասակարգը ամառուան տաքին Ատանայի շրջակայ գիւղերը եւ ագարակները երթալով բամպակի շերամները կը ժողուէին որուն իբրեւ վարձք կ՚առնէին ըստ սովորութեան իրենց ժողվածին մէկ ութերորդ կամ տասներորդը, զոր ծախելով կը ճառէին շատեր իրենց տուներուն վարձքը, վճարելու համար տան տիրոջ Նոյեմբեր 1ին: Իսկ ձմեռը կիները գիշեր ցորեկ կ՚աշխատէին, շերամին բամպակը կեղեւէն քաշելով ու զատելով, որուն կ՚ըսեն տեղացիք գօզա շիֆլէմէք, եւ ասոր ի վարձ կ’առնէին իւրաքանչիւր չէքիի (40 օխա) համար 2-3 դահեկան: Շատ ընտանիքներ, մանաւանդ այրի կիներ իրենց ապրուստը կը հոգային սոյն աշխատութիւնով:

Ատանացիք դարերէ ի վեր երկրագործ եղած են ընդարձակ ագարակներու ժառանգութեամբ սերունդէ սերունդ, եւ երկրագործութեան կը պարտէր Ատանան իր յառաջդիմութիւնը: Երկրագործ դասակարգը ամառը կ՚աշխատէր եւ ձմեռը գրեթէ հանգիստ կ՚ընէր: Հարուստներէ զատ միջին եւ ստորին դասակարգէն շատ քիչեր իրենց անձնական տուները ունէին, մեծամասնութեամբ վարձքով եւ այն ալ սուղ վարձքով կը նստէին: Ահա այս պատճառով էր, որ մէկ տունի մէջ շատ անգամ երկու, երեք, մինչեւ չորս եւ աւելի ընտանիքներ կը նստէին։ Տուները ունէին ընդարձակ բակեր, շատ անգամ հինգ տասը տուն մէկէն մէկ բակի մէջ կը գտնուէին եւ այս պատճառով նաեւ աղքատիկ կաթնավաճառներու թաղերու մէջ կապած կովերուն ներկայութեամբը երբեմն թաղեր մեծ գիւղի մը տպաւորութիւնը կուտային: Ահա այսպէս Ատանան շնորհիւ յառաջդիմութեան թէ՛ մեծ ու աննման քաղաք մ՚էր եւ թէ երկրագործութեամբ մեծ գիւղ մը:

Ատանայի ժողովուրդը շատ ժրաջան էր, ամառը այն ամենասոսկալի կիզիչ արեւին դէմ ագարակներու մէջ մրջիւններու պէս կ՚աշխատէին եւ ձմեռն ալ ընդհակառակը մեծ մասով հանգիստ կ՚ընէին: Աշխատութեան մասին շատ ճշդապահ էին, ժամանակին կ՚աշխատէին եւ ժամանակին հանգիստ կ’ընէին: Երկրագործները ամառը կ’աշխատէին եւ ձմեռը կ՚ուտէին, իսկ արհեստաւորներն ու պանդուխտները ցորեկը ոգի ի բռին կ՚աշխատէին իրենց օրականը շտկելու համար եւ իրիկունը կը տեսնուէր որ իրենց հաճոյքին ու զուարճութեան մէջ թաղուած էին: Հոս տեղն է յիշել մսավաճառ մեր սիրելի Միսաքը, որ իր հսկայ կազմուածքով ու գեղեցիկ դիմագծերով եւ մանաւանդ հազուագիւտ ոյժովը մեծ համարում կը վայելէր, Ատանայի Հայութիւնը կը գուրգուրար գասապ Միսաքին վրայ որուն ներկայութիւնը ծակէ ծակ կը փախցնէր Թուրք եւ Հայ գապատայի չարագործները: Իրիկունները միշտ գլուխը տաքցուցած պատւոյ սահմանին մէջ կը դողացնէր շուկաներն ու թատրոնները. «Գասապ Միսաքը եկաւ» լուրը կը բաւեր որ ամէն մարդ պատիւն ճանչնար եւ իր պատեանին մէջ քաշուէր եւ այս պատճառով էր, որ թատրոնի տէրերը մասնաւոր վարձքով իրիկունները Միսաքը կը հրաւիրէին իրենց քով: Մեր անմահ Միսաքը չափազանց պատուախնդիր էր, ընդհանուրին պատիւին պաշտպանութանը համար ամէն վտանգ աչքի կ՚առնէր: Ահա այսպէս Ատանացիք ընդհանրապէս իրենց ճակտին քրտինքովը հանգիստ ու կանոնաւոր կեանք մը կը վայելէին: