ՆՇԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Ատանայի
երիտասարդ
այրերն
սովորաբար
քսան
եւ
հինգէն
երեսուն,
իսկ
աղջիկներն
տասնութէն
քսանեւհինգ
տարեկանին
մէջ
կ’ամուսնանան:
Ամուսնութեան
տարիքը
հասած
երիտասարդի
մը
նշանախօսութիւնը
ծնողքը
կ՚որոշէ
եւ
երիտասարդին
կամքը
կ’ուզէ
յարմար
ազգական
կամ
բարեկամի
մը
միջոցաւ:
Երիտասարդին
հաւանութիւնը
առնելէ
ետքը,
մայրը
կ’ընտրէ
աղջիկը
եւ
իր
ամուսնոյն
կը
հաղորդէ,
հայրը
իր
մասին
աղջկան
ձիրքերէն
աւելի
հօրը
կամ
ազգականներուն
յատկութիւնները
նկատի
կ’առնէ
եւ
որոշումը
տրուելէ
ետքը
երիտասարդին
կը
հաղորդուի
կրկին
նոյն
ազգականին
միջոցով:
Երիտասարդը՝
իր
ծնողացը
յարմար
դատածին
համար
ընդհանրապէս,
մեծ
«Այո»ն
կ’ըսէ
եւ
անմիջապէս
նշանի
պատրաստութեան
կը
ձեռնարկուի:
Իրենց
կարողութեան
համեմատ
ապարանջան,
օղ
եւայլն
պատրաստուելէ
ետքը,
ազգական
կամ
բարեկամ
մէկ
երկու
մարդիկ
աղջկան
հօրը
քովը
կը
ղրկուի
«խօսք
կապ»ի:
Աղջկան
հայրը
արդէն
կռահած
անցուդարձը
եւ
եկողներուն
նպատակը,
կատարեալ
անտարբերութիւն
մը
ցոյց
կուտայ:
Զարմանքով
եւ
բռնի
տխրութիւնով
մտիկ
կ’ընէ
յանձնակատարներուն
առաջարկը
եւ
առանց
տատամսելու,
անմիջապէս
աղջկան
պզտիկութիւնը
մէջ
բերելով
առաջարկը
կը
մերժէ,
ինքզինքը
միշտ
ծանրէն
ծախելով:
Եւ
վերջապէս
եկողներն
կ’աղաչեն
որ
գոնէ
մտածելու
խօսք
տայ
եւ
«մտածելու»
խօսք
առնելով
կուգան:
Մէկ
երկու
օր
ետքը
նորէն
միեւնոյն
մարդիկը
եւ
քահանայ
մը
մատանի
մը
առնելով
կ’երթան
եւ
հիւսիսէն
ու
հարաւէն
խօսելէ
ետքը,
խօսքը
կը
բերեն
նպատակին
եւ
նորէն
աղջկան
հայրը
շատ
հազով
նազերէ
ետքը,
քահանան
ոտքի
կ’ելլէ
եւ
աղջիկը
ներս
կանչելով
«Պահպանիչ»ը
կ’ըսէ
ու
մատանին
կ՚անցունէ
աղջկան
մատը:
Հետեւեալ
իրիկունը
երիտասարդին
ամբողջ
ծանօթներն
ու
ազգականները
հրաւիրուելով
«շէրպէթ
խմելու»
կամ
«շաքար
ուտելու»
կ’երթան
աղջկան
տունը
մօտ
ազգականներն
իրենց
հետ
տանելով
արժէքաւոր
նուէրներ:
Աղջկան
տունէն
վերադառնալով
երիտասարդին
տունը
կուգան,
ուր
զուարճութիւններ
ու
խրախճանութիւններ
կը
կատարուին:
Հին
սովորութեամբ
մինչեւ
պսակին
օրը
նշանուած
տղան՝
չէր
կրնար
տեսնել
իր
նշանածին
երեսը
եւ
սակայն
հիմա
ամենէն
առաջ
տղան
կը
տեսնէր…