Ատանայի կեանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՃԱՌԱԿԱՆԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿ

Ատանա վաճառականութեան հազուագիւտ կեդրոն մ՚էր: Վաճառականութիւնը գրեթէ Հայոց ձեռքն էր, մի քանի Թուրք եւ Յոյն վաճառականներէ զատ մնացեալներն ամբողջութեամբ Հայ էին:

Ինչպէս ըսինք Ատանա երկրագործութեամբ փայլած եւ յառաջդիմած էր: Ատանայի գանձը Չուգուր Օվայի արգասաբեր հողն է: Ատանա կ՚արտադրէ գլխաւորաբար բամպակ, շուշմա, ցորեն, գարի, շաքարեղէգ, նարինջ եւլն:

Ատանայի երկրագործները ժամանակին մեծ դժուարութիւններով կը ծախեն եղեր իրենց բերքերը, սակայն վերջերս բոլորովին հակառակն էր, Եւրոպական տուներ մանաւանդ Գերմանացիներ՝ մասնաճիւղեր հաստատած էին Ատանայի մէջ, որոնք երկրագործին բերքը մէջտեղ չեկածէն հինգ վեց ամիս առաջ ծախու կ’առնէին (ալավէրա) եւ մեծամեծ գումարներ կը վճարէին երկրագործներուն, որով ժողովուրդը դրամական անձկութենէ չէր նեղուեր:

Ատանայի վաճառաշահութիւնը տեսնելով Եւրոպական մեծամեծ տուներ հետզհետէ ճիւղեր ու գործակալութիւններ կը հաստատէին եւ որով Ատանա եղած էր երկրորդ Եգիպտոս մը: Ամէն ասպարէզ դիւրութիւններ կը վայելէր Եւրոպական սրամտութեան շնորհիւ, երկրագործը կը ստանար տարուէ տարի նորահնար մեքենաներ, հարիւրաւոր պաթէօզներ (Bateuse) եւլն. որոնց ընծայած դիւրութեանց շնորհիւ հետզհետէ կը կազմուէր նորանոր չիֆթլիքներ: Վերջին տարիներս մէկ քանի Եւրոպացիներ եւ Եգիպտացիներ ալ Ատանա գալով չիֆթլիքներ գնեցին եւ երկրագործութեան սկսան, կազմելով ամէն կերպով կատարելագործեալ չիֆլիքներ: Ահա այսպէս Ատանայի վաճառականութեան բուն աղբիւրը եղող երկրագործութիւնն օրէ օր կը զարգանար եւ հսկայ քայլեր կ՚առնէր եւ երկիրն ալ կը յառաջադիմէր նոյն աստիճանով:

Եւրոպական տուներու տնօրէններ եւ գործակալներ ամէն կարգի արհեստաւորի եւ կամ վաճառականի ոտքը գալով յանձնարարութիւններ կ՚առնէին, միշտ իրարմէ աւելի մեծ դիւրութիւններով:

Թուրքիոյ մէջ ճիւղ բանալու որոշում տուող Եւրոպական տուները Պոլիսէն ետքը կը բանային Ատանա: Շահու համար Թուրքիա պտոյտի ելլող գործարանատէր (Fabricateur) կամ մեծ հաստատութեան մը տէրը կամ տնօրէնը կուգար ուղղակի Ատանա:

Ատանայի մէջ կը գտնուէր (26) քսանեւվեցի չափ բժիշկ եւ (13) տասներեք դեղագործներ: Ասոնցմէ զատ կը գտնուէին բազմաթիւ արհեստաւորներ. ոսկերիչ, մուճակագործ, կօշկակար, պղնձագործ եւլն. որոնց ամենքն ալ իրենց յատուկ մասնաւոր շուկաներն ունէին: Արտածումին բաղդատմամբ մեծաքանակ ներածում կ’ըլլար Եւրոպայէն ամէն տեսակ ապրանքներէ:

Վերջապէս երկրի մը յառաջդիմութեան առաջին ազդակն եղող վաճառականութեան աստիճանը շատ բարձր եւ նախանձելի վիճակի մը հասած էր շնորհիւ Հայոց անխոնջ ջանքերուն: