Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅ ԵՒ ԹՈՒՐՔ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ատանայի հայ եւ թուրք ժողովուրդներն տարիներէ ի վեր իբրեւ եղբայր ապրած էին եւ շատ մօտէն գրեթէ առանց ազգի խտրութեան կը կենակցէին ու կը վարուէին իրարու հետ: Նոյնիսկ 1895ի Հայկական ջարդէն Ատանան ազատ եւ անվնաս մնաց, շնորհիւ տեղացի մի քանի ազդեցիկ Թուրք երեւելիներու եւ աւելի ճիշդը Հայ եւ Թուրք անկեղծ մտերմութեանց: Այն ատենը՝ Ատանայի Թուրքերն եթէ ուզէին մէկ ժամուան մէջ կրնային լափել Ատանայի Հայութիւնը, առանց ամենափոքր ընդդիմութեան մը, սակայն նոյն ատենուան կուսակալին աչքաբացութիւնը՝ տեղացի Թուրք երեւելիներու, մանաւանդ Շէյխ Ղարիպ զատէ Հաճի Ճէմալ էֆ[էնտի]ի (որուն տղան Ֆուատ էֆ[էնտի]ն ալ այսօր Ատանայի ամէնէն լուսամիտ Հայասէրն է) ջանքերուն եւ տեղացի ժողովուրդին անկեղծ մտերմութեանցը շնորհիւ Ատանան ազատած էր 1895ի Հայկական ջարդէն: Այն ատենը Ուրբաթ օր մը միայն պզտիկ խլրտում մը եղաւ եւ սակայն բարեբաղդաբար մէկ երկու զոհով խնդիրը փակուեցաւ: Իսկ եթէ Հաճընն ալ ազատութեան համար Ուլնիոյ օրինակին հետեւէր շատ հաւանական էր թէ Ատանան 1895ին տակնուվրայ ըլլար եւ հիմակուան աղէտին պէտք չի տեսնուէր:

Ահա այսպէս Ատանայի հայ եւ թուրք յարաբերութիւններն միշտ մտերմական եւ եղբայրական եղած են: Միայն մէկ երկու բռնապետ թուրքեր ուզած են հայութիւնը հալածել որոնք իրենց փափաքին չէին կրցած արժանանալ:

Փոքր Ասիոյ շատ կողմերը թուրքերուն բերնին ծամոցը եղող կեավըր բառը Ատանայի մէջ գրեթէ գոյութիւն չունէր եւ ընդհակառակը Թուրքերը մեծ յարգանքով կը վարուէին հայերուն հետ եւ փոխադարձաբար:

Շատ անգամներ հայ եւ Թուրք երիտասարդներուն միասին պտըտիլը տեսնելով անկարելի կ’ըլլար իրարմէ զանազանել, թէ՛ դէմքով, թէ՛ տարազով եւ թէ՛ վարուելակերպով իրարմէ բնաւ չէին տարբերfր. անունով միայն կը յայտնուէին: Եւ սակայն դժբախտաբար 1895ի համիտեան ջարդէն ետքը Կեսարիայէն եւ ուրիշ տեղերէ Ատանա գաղթող եւ համիտի կամքին հետեւող կարգ մը թալանի եւ ջարդի սիրահար մոլեռանդ Թուրքեր չարփոխեցին Ատանացի տեղացի Թուրքերն ալ եւ ասոնք ալ կամաց կամաց սկսան թշնամիի աչքով նայիլ հայերուն: Բայց Ատանայի հայերն ամէն բան կը սպասէին եւ միայն ասանկ վայրագ ջարդ մը չէին սպասեր իրենց եղբայր կարծած եւ օրօրոցէն ի վեր միասին մեծցած հայրենակից Թուրքերէն: Չի հասկցուեցաւ թէ ո՞ւրկէ դրդուեցան: