Ատանայի կեանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔԸ

1908 Յուլիս 10ի Մեծ Յեղափոխութեան լուրը առաջին անգամ Ատանա հասաւ: Այս աւետաբերէն երկու օր առաջ Ատանայէն Պոլիս մեկնած էր Առաջնորդ Տ. Մուշեղ Սրբազան: Բռնապետութեան տակ ճնշուած ու ճզմուած Հայ ժողովուրդն արդէն վախկոտ ու շրջահայեաց, մի քանի օր ականջէ ականջ փսփսալով անցուց, միշտ իրարմէ խնդրելով որ գաղտնի մնայ ըսուածը: Շատերը Եըլտըզի մէկ խաղը կամ փորձը նկատեցին եւ վերջապէս Պոլսական թերթերն հասան եւ պարզեցին ամէն ինչ: Այլեւս գաղտնիք չի մնաց: Առաջին ասպարէզ նետուողն եղաւ Իհսան Ֆիքրի: Նախ՝ երկաթուղիով Ատանայէն Տարսոն-Մէրսինի այցելութիւն մը կատարուիլն որոշուեցաւ, որուն համար մէջտեղ իյնալով հանգանակութիւն կատարեց որուն հաւասար չափով մասնակցեցան թէ Թուրք եւ թէ հայ երիտասարդները:

Ատանա-Տարսոն-Մէրսինի ճամբորդութիւնը կատարուեցաւ մեծամեծ ցոյցերով ու խրախճանութիւններով, որոնց միջոցին «Կեցցէ՜»ներու շարքերուն մէջ կը գոչէին մեր Թուրք եղբայները «Կեցցե՜ն Հայերը», որուն կը պատասխանուէր «Կեցցե՜ն Թուրքերը» եւ երկու կողմէ ձայներն միանալով օդերը կը թնդացնէին «Կեցցե՜ն Օսմանցիները»: Մէրսինի մէջ քաղաքապետութեան կողմէ պատրաստուած շքասեղանին վրայ ազատաշունչ բանախօսութիւններ եղան Թուրքերու եւ Հայերու կողմէ: Իրիկունը վերադարձին աննկարագրելի ցոյցերու մէջ ընդունուեցաւ եւ թափօր կազմուելով երգերով, «Կեցցէ»ներով եւ անընդհատ ծափահարութիւններով ժողովուրդը կառավարութեան պարտէզն առաջնորդուեցաւ ուր եկաւ նաեւ կուսակալն, հրամանատարն իրենց հետեւորդներով: Քաղաքապետութեան թատրոնին բեմին վրայ Իհսան Ֆիքրի սոխակ մը դարձաւ, կարգ մը սովորական բանաձեւերէ ետքը կուսակալին եւ միւս պաշտօնեաներուն համար ընդհանուր ժողովուրդին հետ առաջարկեց որ Սահմանադրութեան պահպանման համար կուսակալը երդում ընէ: Խեղճ Պահրի փաշա դողդողալով երդումն ըրաւ, նոյնպէս միւս պաշտօնեաներն: Նոյն օրուան հանդէսին նկարագրութեանցը հետ շնորհաւորական հեռագիրներ տրուեցաւ Մ. Յ Գօմիթէի Մանասթըրի, Սելանիկի եւ Պոլսոյ ճիւղերուն, որոնց տակ ստորագրեց Ատանայի ժողովուրդին կողմէ «Իհսան Ֆիքրի»:

Սոյն հեռագիրին երկրորդ օրը անմիջապէս շնորհակալութեան հեռագիր հասաւ Կեդրոնէն եւ կը յանձնարարուէր Գօմիթէին ճիւղ մը կազմել: Ասոր վրայ Իհսան Ֆիքրի փայլեցաւ, ամէն մարդ սկսաւ Իհսանի շուրջը դեգերիլ: Իհսանը պիտի կազմակերպէր Իթթիհատին Ատանայի մասնաճիւղը:

Օրուան հերոսը Իհսան Ֆիքրի՝ լաւագոյն առիթէն օգտուիլ ուզելով իր գլուխը ժողվեց իր նախկին բարեկամներն եւ սկսան Իթթիհատի կուսակցութեան անդամներ արձանագրել: Կառավարական պաշտօնեաներն ամբողջութեամբ առահի դիմեցին արձանագրուելու, վերջապէս անդամներուն թիւը հարիւրի հասնելէ ետքը տասներկու անդամէ բաղկացեալ վարչական խորհուրդի մը ընտրութեան ձեռնարկուեցաւ, որոնցմէ եօթը Թուրք, երեքը Հայ, մէկը Յոյն եւ մէկը Արապ պիտի ըլլար եւ ընտրուեցան քուէի կարգով Իհսան Ֆիքրի, Տօքթ. Էշրէֆ Սիւլէյման (Առողջապահական քննիչ), Տօքթ. Ասըմ (Քաղաքապետութեան բժիշկ), Մուխթար Ֆիքրի եւ Պաղտատի Զատէ Ապտիւլրահման (Ապտիւլ Գատիրի տղան) էֆէնտիները, երկու զինուորական Էրքեանը հարպ գօլ-աղասը Լութֆի պէյ եւ հարիւրապետ Ալի Րուհի էֆ[էնտի], իսկ Հայերէն՝ Ստեփան Պզտիկեան, փաստաբան Կէօկտէրէլեան Կարապետ եւ Չալեան Կարապետ էֆ[էնտի]ները, Յոյներէն՝ փաստաբան Քիրեագօ եւ Արապ քրիստոնեաներէն՝ Իլիաս Թիւրքմէն էֆէնտիները: Ասոնք անմիջապէս գործի ձեռնարկելով հրաժարեցուցին նախ կուսակալն Պահրի փաշան, որ պահ մը դիմադրեց եւ վերջը մեծ անպատուութիւններով ու խայտառակութիւններով վռնտուեցաւ Ատանայէն: Պաշտօնեաներ հրաժարեցուեցան ու նորեր դրուեցան եւ որով պահ մը տեղական կառավարութիւնը Իթթիհատի կուսակցութեան հրամաններուն կը հետեւէր կէտ առ կէտ: Իթթիհատի միւս անդամները շաբաթը մէկ անգամ երկուշաբթի օրերը կը գումարուէին եւ շրջակայ ճիւղերու ու կեդրոնական թղթակցութիւնները կը կարդացուէր եւ եղած դիտողութիւններն ու հարցապնդումներն կ՚ունկնդրուէր: Շրջականերն ալ կազմակերպելու եւ նորանոր ճիւղեր հաստատելու համար երկու Թուրք եւ մէկ Հայէ բաղկացեալ պատգամաւորներ ղրկուեցան, որոնք կրակ ու բոց ժայթքող բանախօսութիւններով ազատութիւն եւ հաւասարութիւն քարոզած էին: Սոյն կրակոտ բանախօսութիւններն եւ մանաւանդ հաւասարութեան խօսքերը շատ գէշ տպաւորութիւն ըրած էին ռամիկ եւ տգէտ Թուրք գիւղացիներուն վրայ, որոնց արձագանգը կը լսէինք այն ատեն գիւղերը եւ շրջակայ քաղաքները գտնուող Հայերէն:

Իհսան Ֆիքրի բնիկ Իզմիտցի ըլլալով բուն անունով Ահմէտ Թօսուն, Սելանիկի Երկրագործական պաշտօնեայ եղած, ուրկէ Տիգրանակերտ աքսորուած եւ անկէ ալ Փայասի բերդը փոխադրուած անցեալն անծանօթ մէկն է: Իր թշնամի ազգակիցներն, անցեալին համար շատ գէշ տեղեկութիւններ կուտան եւ սակայն քիչ շատ կրթութիւն ստացած, լեզուն բերնին մէջ դարձող, գրիչը թուղթին վրայ սահող եւ Փայաս աքսորուելովն ինքզինքը ազատական հռչակող երիտասարդ մըն է եւ որ Պահրի փաշայի միջոցաւ Փայասէն ազատած եւ Ատանայի մէջ մեռած կալուածատէր հարուստ Մէննան պէյի աղջիկն առած կ՚ապրէր: Իհսան Ֆիքրի Սահմանադրութենէն առաջ Արհեստից Վարժարանին տնօրէն եղած էր, սակայն վերջը Սահմանադրութենէն քիչ առաջ պաշտօնանկ ըլլալով տեղն անցաւ Կէրկէրլի Զատէ Ալի էֆ[էնտի]ն, որ մոլեռանդ Թուրք մըն է:

Ատանայի Իթթիհատի Կեդրոնին ստացած կարեւորութենէն օգտուելու հետամուտ եղաւ Իհսան Ֆիքրի: Առաջին օրէն սկսաւ հալածել իր նախկին թշնամիներն, որոնց կարեւորագոյնն էր Կէրկէրլի Զատէ Ալի էֆէնտին։ Իհսան Ֆիքրի՝ իր կարգ մը արբանեակներով կ’աշխատէր Իթթիհատի միջոցաւ տապալել եւ իբրեւ զեղծարար դատապարտել տալ Կէրկէրլի Զատէն: Վերջինն ալ ունէր իր համախոհներն, որոնք եւս սկսան բուռն ընդդիմութիւն մը ընել Իհսան Ֆիքրիի, որուն համար կարգ մը անպատիւ ծանուցումներ փակցուցին շուկաները եւ վերջապէս Կէրկէրլի Զատէն անպարտ հռչակուեցաւ եւ Իհսան Ֆիքրին բարկութենէն ինքզինքը կ՚ուտէր: