Ատանայի կեանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅ ՅԵՂ[ԱՓՈԽԱԿԱՆ] ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Սահմանադրութեան բարիքները Հայոց ծանօթացնելու եւ Սահմանադրութիւնը ամրապնդելու համար Հայ Յեղ[ափոխական] կուսակցութիւններն ալ ասպարէզ իջան: Ասոնց մէջ ալ անկեղծներուն հետ կարգ մը շահամոլներ խառնուեցան որոնք Ազգային շահը նկատի առնելէ աւելի իրենց անձնական փառքը հետապնդելու նկրտեցան եւ որով իրարու մէջ կուսակցական անվայել պայքարն ծայր տուաւ:

Առաջին լսարանը բացուեցաւ Հ[այ] Յ[եղափոխական] Դաշնակցութեան ճշմարիտ ներկայացուցիչներու նախաձեռնութեամբ, որմէ ետքը ծնաւ Հնչակեանը եւ վերջապէս ասոնց երկուքէն անջատ չեզոք «Ազգային Լսարան»ը: Կիրակի օրերն, ցաւ ի սիրտ, երեք տարբեր տեղեր բանախօսութիւններ կ՚ըլլար եւ շատ վերջը բարեբախտաբար պահ մը գոնէ բանախօսութիւններն Մայր Եկեղեցւոյ մէջ միասին ըլլալն որոշուեցաւ Տ. Մուշեղ Սրբազանի ընդդիմութեան եւ նոյնիսկ հրաժարելու սպառնալիքին շնորհիւ: Եւ կուսակցութիւնները մեծ ընդունելութիւն գտած կը խօսէին ու կը զարգացնէին Հայ ժողովուրդը: Թուրքերն ալ կը յաճախէին սոյն գլիւպները եւ մտիկ կ’ընէին ու կը ծափահարէին եղած բանախօսութիւնները:

Ազգային Լսարան-Ընթերցատունը գիշերային դասախօսութիւն մ՚ալ հաստատեց որով դասեր կ՚աւանդուէին, ուսումէ, կարդալ գրելէ զուրկ եղողներուն եւ գործերն այս վիճակին մէջ կ’ընթանային միշտ դէպ ի յառաջդիմութիւն, լուսաւորութիւն եւ զարգացում:

Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ատանայի մէջ հրապարակ իջած ատենն էր. Իթթիհատի կուսակցութեան կողմէ հրաւէր եկաւ, նշանաւոր Բանաստեղծ-Ազատական եւ Ատանայի նախկին կուսակալներէն հանգուցեալ Զիա փաշայի գերեզմանը պաշտօնական այցելութեան երթալու: Մեծ թիւով Հայեր Ազգ[ային] վարժարան հաւաքուելով գոյնզգոյն դրօշակներով եւ երգերով մեծ շուկայէն անցուեցաւ եւ Իթթիհատի գլիւպը բազմաթիւ Թուրքերու հետ խառնուած այցելուեցաւ «Ուլու Ճամի»ի գերեզմանատունը, որուն մէջ թէ Թուրքերուն եւ թէ Հայերուն կողմէ յուզիչ դամբանականներ խօսուեցան: Սակայն այս պահերուն կը դիտուէր եւ յայտնի կերպով կը տեսնուէր թէ կարգ մը յետադէմ Թուրք կրօնամոլներու շատ գէշ կ՚ազդէր սոյն Թուրք եւ Հայ ցոյցը Թուրք մզկիթին մէջ, մանաւանդ Հայերէն երգեր ալ երգուելով:

Տէրսիմի ապստամբապետ Իպրահիմ փաշայի ետեւէն Ատանայէն ղրկուած զինուորներուն պատիւ մը եղաւ Հնչակեաններու առաջնորդութեամբ: Նորէն մեծ թիւով Հայեր կիրակի օր մը Ազգ[ային] Վարժարանին մէջ ժողված թափորով դրօշակներով «կեցցէ»ներու աղաղակներով եւ երգերով գնացուեցաւ: Կամուրջին գլուխը ուր կազէօզներ բաշխուեցաւ զինուորներուն եւ հրաժեշտի բարեմաղթութիւններ եղան զինուորներուն: Ասոնց ամէնքը սակայն Թուրք կրօնամոլներուն ջիղերուն փափուկ թելերուն կը դպչէր եւ մանաւանդ բռնապետութեան վարժուած եւ նոյն միջոցին մեծ մասով պաշտօնանկ եղած պաշտօնեաներու շատ գէշ կ՚ազդէր:

Ասոնցմէ ետքը Պոլսէն լսուեցաւ Իթթիհատ եւ Ահրար կուսակցութիւններուն հակառակութիւնները: Ասոր վրայ Ատանայի Իթթիհատի կուսակցութեան փափաքը պահ մը մարեցաւ եւ պաղեցաւ եւ Իհսան Ֆիքրին սկսաւ Ահրարի հովեր առնել, զոր մատնանիշ ըրաւ «Րէհպէրը Իթիտալ» թերթը:

Այս միջոցին էր Միութեան եւ Յառաջդիմութեան Կուսակցութեան Կեդրոնէն Ատանայէն անդամ մը ուզուեցաւ Սէլանիկ, ուր ընդհանուր ժողով պիտի գումարուէր: Ատանայի Իթթիհատին կողմէ Սէլանիկ ղրկուեցաւ Առողջապահական տեսուչ Տօքթ. Էշրէֆ Սիւլէյման պէկ: Էշրէֆ պէկ վերադարձին վերակազմեց Ատանայի Իթթիհատին մասնաճիւղը, նոր ընտրութիւնով եւ գաղտնի գործելակերպով: Մէկ երկու Հայեր ալ նորէն մտած էին սոյն երկրորդ կազմակերպութեան մէջ ալ: Եւ գործերն ու ժողովներն կը մնային գաղտնի իրենց մէջ:

Ազատութենէն մէկ երկու օր առաջ Պոլիս մեկնող Տ. Մուշեղ Սրբազան երկար ատեն Պոլիս մնաց հակառակ Ատանայի փափուկ ժամանակին: Պահրի փաշայի եւ որով Տ. Մուշեղ Սրբազանի հակառակորդներն սկսան չարախօսել, Տ. Մուշեղ Սրբազանի թերութիւններն խոշորացոյցով դիտել եւ ռամիկ ժողովուրդն համոզել որ այլեւս չընդունին իբրեւ Առաջնորդ: Տ. Մուշեղ Սրբազան ասոնց ամենքը լսելով հանդերձ արձակ համարձակ եկաւ Ատանա, թէեւ չի գտաւ նախկին տաք վերաբերումը:

Պահրի փաշայի փախուստէն ետքը մէկ երկու ամիս փոխանորդ կարգուեցաւ Միրլիվա Ալի փաշա որ վախկոտ մէկն էր եւ կը դողար Իթթիհատի դէմ: Այս միջոցին Ատանայի կուսակալ ընտրուեցաւ Գոնիայի կուսակալ Ճէվատ պէկ, որն որ ճիշդ աւստրիական պօյքօթին օրը հասաւ Ատանա, որուն դիմաւորութեան գացող հազարաւոր ժողովուրդներն գլխէն բռնի հանել տուին Ֆէսը:

Ճէվատ պէկ չափազանց տկարակազմ, ծերուկ եւ ամուրի Թուրք մըն էր: Շարժուձեւերն ալ կը մատնէին չափազանց վախկոտութիւնն ու անկարողութիւնը: Միշտ աղաչանքով պաղատանքով կը վարուէր ընդհանուրին հետ եւ չէր գիտեր բնաւ իր պաշտօնին յարգն ու աստիճանը: Պատասխանատուութենէ վախցող, օրէնքին առջեւ դողացող տիպար մըն էր: Մինչդեռ Ատանացիք Պահրի փաշայի խստութենէն վախցած ու վարժուած, հիմա բոլորովին արձակ համարձակ կը գտնէին ինքզինքնին:

Իհսան Ֆիքրի՝ տեսնելով կուսակալին անկարողութիւնը, ուզեց զայն գործիք ընել իր քմահաճոյքներուն եւ Կէրկէրլիի դատին առթիւ ստիպեց որ անմիջապէս պաշտօնանկ ընէ ու դատապարտել տայ եւ երբ Կէրկէրլին անպարտ արձակուեցաւ, ալ փակաւ նոր կուսակալին Ճէվատ պէկի պոչին. «Կուսակալ ղրկած են փայտի կտոր մը, ոչնչութեան օրինակ մը, պառաւ կնիկ մը, որ բանէ մը տեղեկութիւն չունի» գրեց Իթիտալին մէջ եւ Ճէվատ պէկ ասանկ ծանր նախատինքի մը դէմ լուռ մնաց: Իհսան՝ ա՛լ աւելի համարձակութիւն գտած՝ հարուածեց, անպատուեց եւ զէրօյի իջեցուց կուսակալին աստիճանը: Եւ Ճէվատ պէյ լուռ ու մունջ տուն կ’երթար առանց անգամ մը գոնէ շուկան իջնելու եւ տեսնելու իր գտնուած քաղաքն: Ամէն մարդ կ՚ուզէր կուսակալը տեսնել եւ կուսակալն իր սենեակին մէկ անկիւնը կծկտած նստած էր: Իհսան Ֆիքրի կուսակալի հրաժարումը առաջարկեց Իթիտալին մէջ, որուն ականջ տուող չեղաւ եւ վերջապէս իր վրէժը լուծելու համար Կէրկէրլիի դէմ միթինկ մը կազմելու ծանուցում մը հրատարակեց, որուն միջոցին կուսակալին ալ հակառակ խօսուելով հրաժարումը պիտի խնդրուէր: Միւս կողմէ Կէրկէրլիի մարդիկն ալ կարգ մը արբանեակներով միթինկ մը գումարելու ծանուցում մ’ըրին միեւնոյն տեղւոյն համար: Բարեբախտաբար նոյն օրը եւ նոյն ժամուն առատ անձրեւ մը տեղաց եւ որով բնական կերպով առաջքն առնուեցաւ սոսկալի արիւնահեղութեան մը: Երկրորդ միթինկի ձեռնարկութիւնն արգիլուեցաւ ոստիկանութեան կողմէ որով Իհսան ա՛լ աւելի կատղեցաւ:

Կուսակալ Ճէվատ պէկը Ատանա հասածին պէս լեցուած ու թունաւորուած էր Առաջնորդ Տ. Մուշեղ Սրբազանի մասին, որով շատ պաղ ընդունելութիւն գտաւ Տ. Մուշեղ Սրբազան նորեկ կուսակալէն: Առաջնորդին միջամտած խնդիրը ընդհակառակը կը կատարուէր եւ որով մեծ յուսահատութեան մը մատնուած էր: Տ. Մուշեղ Սրբազան Ատանայի շրջականերն այցելութեան ելած էր եւ Էրզինի կառավարիչին Ասաֆ պէկի կողմէ պաղ ընդունելութիւն եւ հակառակութիւն գտած էր: Կուսակալութեան անարժան Ճէվատ պէկը Համիտիյէ այցելելով Հայոց Եկեղեցիին զանգակին հնչումը արգիլած էր եւ որով տեղւոյն Հայերը մեծ յուսահատութեան մատնուելով Ատանայի առաջնորդին դիմեցին:

Առաջնորդն Ատանա վերադարձին Էրզինի կառավարիչին եւ Ատանայի կուսակալին կարգ մը ապօրինի արարքներուն համար բողոքեց Երեսփ[ոխանական] Ժողովին, Վարչապետին եւ ուրիշ տեղերու: Բողոքագրին օրինակը հրատարակուած էր Պոլսոյ Եէնի Կազէթային մէջ: Ասաֆ պէկ Առաջնորդին բողոքագիրն ու ամբաստանութիւններն կարդալով կատղած էր եւ անմիջապէս խիստ պատասխանագիր մը հրատարակեց Րէհպէրը Իթիտալ թերթին մեջ, Տ. Մուշեղ Սրբազանն ամբաստանած էր իբրեւ բռնակալ կաշառակեր եւ Պահրի փաշայի կաշառքի միջոցը: Սրբազանը պատասխանը գրեց եւ սակայն թուրք թերթը չի հրատարակեց եւ այս միջոցին գիշերօթիկ վարժարանի մը ծախքն հանգանակելու համար Տ. Մուշեղ Սրբազան Եգիպտոս մեկնեցաւ, ուր կը մնայ մինչեւ այսօր:

Սահմանադրութեան հրատարակումէն ետքը ամէն տեսակ զէնքեր հասան Ատանա եւ արձակ համարձակ կը ծախուէին: Անցեալ տարուան Յուլիսի վերջերէն մինչեւ այս տարուան Ապրիլ 1 թուականը Ատանայի մէջ ամենէն աւելի ծախուած ու սպառուածն էր՝ միայն հրազէն: Ազատութեան քարոզիչներ Իհսան Ֆիքրի եւ ուրիշներ կը պոռային «Զինուեցէ՛ք եւ պատրաստուեցէ՛ք Սահմանադրութիւնը պահպանելու»: Ժողովուրդին լուսամիտ եւ ռամիկ դասակարգերն հաւասար չափով եւ մանաւանդ գիւղացիներն մեծ եռանդով կը զինուէին եւ իրենց ունեցածն ու չունեցածը տալով զէնք եւ միայն զէնք կ՚առնէին: Շուկաները հոս հոն զինավաճառներու նորանոր խանութներ բացուեցան եւ կարծես ժողովուրդը կը յափշտակէր զէնքերը: Օրուան առեւտուրը եւ շահը զէնքի վրայ էր: Շուկաները պտըտող տասնեակ մունետիկներ զէնք եւ միայն զէնք կը ծախէին: Բազմաթիւ Թուրք տղաքներ շուկաներու մէջ տանձ խնձորի տեղ կապարէ փամփուշտներ կը ծախէին եւ «Իքիշէր մէթալիյէ Գարատաղ ֆիշէնկի՜» ձայներով մեր ականջները կը խուլնային: Այս ամենը տեղական կառավարութեան աչքին առջեւ կ’ըլլար, եւ կառավարութիւնը չէր արգիլեր: Զինավաճառներն իրենց զէնքերը ծախելու համար, նորանոր սուտեր յերիւրելով մէջտեղ կը նետէին: Ինչպէս անցեալ տարի Րամազանի Պայրամին օրուան համար լուր ելաւ թե «Հայերը պիտի ջարդուին»: Կառավարութեան աչալրջութեան շնորհիւ բան մը չեղաւ: Վերջը լուր հանեցին թէ «Տասն օր ետքը Հայերը անպատճառ պիտի ջարդուին» եւ այս ջարդի լուրերը շարունակեց մինչեւ սեւ, անիծեալ օրերը:

Եւ Հայու Ջարդը փափաքող վատ մոլեռանդները տեսակ տեսակ սուտերով եւ գործերով կը գրգռէին Թուրք խուժանը: Օր մը լուր հանեցին թէ Հայերը զինարանը պիտի կոխեն, ուրիշ օր մ’ալ տարաձայնեցին որ Հաճընի ժողովուրդը ապստամբած Ատանայի վրայ կը քալէ, եւն. եւն.: Թելադրիչներուն նպատակն էր այս սուտ զրոյցներով Թուրք խուժանը գրգռել եւ Հայերուն վրայ յարձակել տալ: Օր մ՚ալ յանկարծ լսուեցաւ թէ Ուլու Ճամի՝ մեծ մզկիթին դուռը աղտ քսած են: Սոյն լուրը մեծ սարսափի մատնեց Ատանայի Հայութիւնը եւ կառավարութիւնը երկրորդ գիշերը մասնաւոր պահակներու միջոցաւ բռնել տուած էր աղտ քսողները, որոնք քննուելով հասկցուած էր թէ Թուրք էին եւ դիտմամբ կ’ընէին: Կառավարութիւնը առանց պատժելու ազատ արձակած էր ըսին այն վատերը եւ որով ջարդի թալանի սիրահար վայրագները ազատ ասպարէզ գտան եւ աշխատեցան օրէ օր իրենց համախոհներ պատրաստել: Օրեր կ՚անցնէին եւ ջարդի լուրերը կ՚ընդհանրանային:

Պոլսոյ մէջ յեղյեղուած «շէրիաթ կ’ուզենք» խօսքը Ատանայի մէջ ալ արձագանգ գտաւ: Նոյնիսկ օր մը կարգ մը Թուրքեր շուկան ինկած սկսան պոռալ «Կիները շուկան չի պիտի ելլեն մեր շէրիաթը կ’արգիլէ, հակառակը շարժողներն բզիկ բզիկ պիտի ընենք»։ Հայերը սարսափած կառավարութեան դիմեցին եւ կառավարութիւնը այդ չարագործները շուկաներէն ժողվելով բանտարկեց եւ օր մը վերջն ալ արձակեց: Արդէն Ճէվատ պէկի պէս թուլամորթ անկարող կուսակալէ մը ասկէ աւելի ի՞նչ կը սպասուէր, սակայն անոր անկարողութիւնը մեզի շատ սուղի ապրանք եղաւ:

Մօտեցան անիծեալ օրերն եւ տարաձայնութիւն մը սկսաւ «Հայոց Զատկին օրը պիտի յարձակին Թուրքերը»: