Ամիրային աղջիկը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ.
ՄՈԼՈՐՈՒՄԸ

Ամիրային ապարանքին մէջ լուացարար Կիւլիւկի եւ իր աղջկան տեղաւորումը որքան ալ ըստ երեւոյթին անաղմուկ կերպով կատարուեր էր, առաջին օրէն իսկ տան ներքին կարգուսարքին մէջ զգալի փոփոխութիւններ առաջ եկած էին սակայն։ Հանըմը, զուարթ եւ դիւրահաղորդ, սիրալիր երեւցած էր մօր ու աղջկան նկատմամբ։ Գետնայարկը գարտէզին վրայ նայող երկու խուցեր անոնց տրամադրութեան տակ դրուած էին։ Տեղաւորման գործողութիւններու միջոցին, տոքթորը բնաւ չէր երեւցած։ Մինակ մաման քանի մը անգամ եկած էր աչքէ անցնելու նորեկներուն կայքը, ու շատ ողորմելի գտնելով զայն, պատուիրած էր Խաչոյին եւ խոհարարուհիին որ անկողնոցէն երկու անկողին հանեն՝ Կիւլիւկ հանըմին ու Սոֆիին համար։ Հոգածութեան այս ցոյցին առջեւ, լուացարարուհիին աչուըները լեցուած էին։ Աղջիկը շնորհակալութեան բառեր մրմնջեց։ Պառաւ խոհարարուհին, զոր այս անակնալ ասպնջականութիւնը սրտմտեցուցած էր, ցած ձայնով դժգոհանքի բառեր կը մռլտար։

Ասո՞նք որ սատանային ծակէն ելան, կ՚ըսէր, խոժոռ նայուածք մը նետելով նորեկներուն։

Իսկ Խաչոյին դէմքին վրայ ներքին գոհունակութեան մը ճառագայթը կար, որուն հոգեբնական բացատրութիւնը գուցէ ինք ալ չկարենար տալ. մինակ Սոֆիին աչուըներուն անուշ ու թովիչ սեւեռումները բարերար ազդեցութիւն մը կ՚ընէին իր երիտասարդի թարմ ու կոյս զգայնոտութեան վրայ…

Ցորեկուան մօտ, տոքթորը վերջապէս բարեհաճեցաւ սենեակէն իջնալ։ Յաղթանակի ցոլացումը կար դէմքին վրայ։

Բարի եկա՛ք, բարի եկա՛ք, ըսաւ, մայր ու աղջկան ձեռքը բռնելով, շատ գոհ եմ որ մամայիս առաջարկը չմերժեցիք…

Երիտասարդին տիրապետող ներկայութեանը, Սոֆի բոլոր մարմնով կը դողար եւ բառ մը չէր գտնար իրենց եղած այդ ընդունելութեան համար, սրտերնուն զգացումը արտայայտելու։

Օրիորդին համար ամէն տեսակէտով օգտակար պիտի ըլլայ այս փոխադրութիւնը, շարունակեց երիտասարդը, պիշ պիշ աղջկան նայելով, վասնզի ոչ միայն մամայիս պէս ազնուական կնոջ մը հետ պիտի ապրի, այլեւ յանձն կ՚առնեմ իր դաստիարակութեամբ զբաղելու…

Շատ ազնիւ էք, մրմնջեց Սոֆի, ու իր տժգոյն դէմքը պահ մը կը շիկնէր։

Աստուած սիրտիդ կէօրէ տա՜յ, տոքթոր, հառաչեց Կիւլիւկ հանըմ, որ սակայն մեծ բան մը չէր հասկցած երիտասարդին խօսքերէն։

Երկու սենեակները աչքէ անցընելով, ոքթոր Մարկոսեան առաջարկեց մօրը որ Սոֆիին սենեակը համեստօրէն կահաւորուի։ Մաման հաւանեցաւ։ Տարերը պատրաստ էին։ Ամիրային տունը կարասիներով կը յորդէր։ Ամբողջ սենեակներ կային ճոխօրէն կահաւորուած, որոնց դուռը կը բացուէր փոշիները վանելու համար միայն, ամիսը մէկ երկու հեղ։ Մէկ քանի թիկնաթոռներ, երկու գորգ, հայելի մը, քոնսոլ մը իսկոյն փոխադրուեցան գետնայարկի այդ սենեակը։ Տիկին Մարկոսեան, բարեացակամութեան տագնապէ մը բռնուած, ամէն մէկ կարասիին տեղաւորուելուն՝ մազթանք մը կ՚ունենար աղջկան հասցէին.

Բարով վայլես, աղջիկս…

Շնորհակալ եմ, տիկին։

Տոքթորը փափաք յայտնեց մօրը որ Սոֆին միշտ մասնակցէր իրենց ճաշերուն։ Այս առաջարկը սիրայօժար ընդունուեցաւ։ Լուացարարուհին խոհանոցը պիտի ճաշէր, խոհարարուհիին եւ Խաչոյին հետ։ Ցորեկուան ճաշին վրայ հասաւ Թադէոս աղան։

Տեսա՞ք մի ինչ աղէկ խերով բան եղաւ, յայտարարեց ան բոլորշի ու յաղթական նայուածքով մը դէպի նորեկները… Ամիրայի տուն ըսածդ կտոր մը խալապալըխը կ՚ըլլայ հէ՞։

Սեղանին վրայ, Մերկերեան, քանի մը գաւաթ կլլելէ ետք, սկսաւ տան ներքին նոր կարգադրութիւնները տնօրինել։

Դուն, աղջիկս, կ՚ըսէր Սոֆիին դարձած, դուն հանըմին բէշէն չես զատուիր, նայէ քի ինքզինքդ հազ ընել տաս… հէմ տոքթորէն ալ դաս առ. շատ բան կը սորվիս անկէ, հէ՞, տոքթոր, ի՞նչ ըսիր։

Ինչո՞ւ չէ, փութաց պատասխանել Մարկոսեան, պարապ ժամանակներս կրնամ օրիորդին օգտակար ըլլալ։

Որքա՛ն ազնիւ էք, կը մրմնջէր խեղճ աղջիկը, շուարած, շփոթած՝ ինքզինը յանկարծ փոխադրուած տեսնելով աշխարհ մը, որ իրեն բոլորովին անծանօթ էր մինչեւ այն ատեն եւ որուն հանդարտ փարթամութիւնը, հնամենի պերճութիւնը եւ ազնուաթուրմ մթնոլորտը, իր կուսական հոգին զմայլանքով եւ տեսակ մը գոռոզութեամբ ալ կը լեցնէին։ Այդ սեղանը, իր սպիտակ ժանեկազարդ ծածկոցովը, իր հոյակերտ պտղանօթովը, ճենապակիէ փալփուն պնակներովը եւ արծաթեղէն սպասներովը, հիացում եւ պատկառանք կ՚ազդէր աղջկան, որուն աչուըներուն առջեւն էր տակաւին իրենց ողբալի խղիկին մէջ ամէն անգամ ափափոյ պատրաստուած փայտէ խարխուլ ցածլիկ սեղանը, որուն շուրջը գետնատարած կը նստէին ինք ու մայրը, եւ որուն սպասները այնքան հին էին, որքան վար տեսակէ։ Այդ պերճափառ ու հացալից սեղանին առջեւ։ Սոֆի իր շարժումներուն կանոնաւորութիւնը կը կորսնցնէր, անոնց ամէն մոկուն մէջ տգեղութիւն մը եւ անպատշաճութիւն մը տեսնելով, եւ ճիգեր ընելով որպէսզի տէբլասէ մը չնկատուի հոգ։ Հացին շերտը պատռելու կամ պատառաքաղը պնակէն բերնին տանելու ձեւին մէջ կ՚ուզէր այնպիսի նրբութիւն մը դնել, որ հիւրամեծար ու ազնուական սեղանակիցներուն զգացնել չտար իր խոնարհ ծագումը, իբր թէ անծանօթ բան մը եղած ըլլար իր լուացարարուհիի մը աղջիկ ըլլալը։ Իր երկչոտ, բռնազբօսիկ եւ դանդաղ կեցուածքը չվրիպեցան երիտասարդին ուշադրութենէն, որ մերթ անոր կը դառնար եւ շեշտով մը, որուն մէջ ջերմ հոգածութիւն մը կը թրթռար.

Չուտէ՞ք, օրիորդ, ինչո՞ւ չէք ուտեր։

Ո՜հ, շնորհակալ եմ, կ՚ուտեմ կոր, կը պատասխանէր Սոֆի՝ յուզումէն պատառին խոշորնալը զգալով բերնին մէջ։

Կեր, աղջիկս, կեր, կը կրկնէր անդիէն տիկին Մարկոսեան՝ ոյժ տալով տղուն հրաւէրին։

Աղջիկս, աստեղը ա՛լ տունիդ պէս է, վրայ կը բերէր անխուսափելի գանձապահը, ժօռատ լինտերը ծծելէն շառաչաձայն։

Այս յորդորները եւ քաջալերանքները աւելի կը սասկացնէին աղջկան տագնապը, որ չէր գիտեր ինչպէս իր երախտագիտութիւնը յայտնէր այդքան ջերմ հոգածութեան, որ ամէն կողմէ իր վրայ կը տեղար՝ չէր գիտեր ինչո՜ւ սակայն։

Ճաշը լմննալէն ետք, հանըմը, կարծես անմիջապէս հասկցնելու համար դերը զոր Սոֆի այդ տան մէջ պիտի ունենար, մայրական շեշտով մը ըսաւ.

Աղջիկս, ինծի եկուր քիչ մը լրագիր կարդա՛։

Վերը, սրահին մէջ, ուր ընտանիքը կը ժողովւէր ընդհանրապէս, լայնանիստ թաւշապատ բազմոցներու վրայ ընկողմանեցան տիկին Մարկոսեան, տոքթորը, Մերկերեան, իսկ Սոֆի աթոռով մը տեղաւորուեցաւ ձուաձեւ սեղանի մը առջեւ՝ ծածկուած մետաքսաթել հազուագիւտ գորգով մը, որուն վրայ խառն ի խուռն դրուած էին լրագիրները, հանդէսներ, պռոշիւրներ։ Մանկամարդ աղջիկը ատոնք կը պրպտէր, ընտրելու համար տիկինին ճաշակին յարմար բան մը, բայց կը վարանէր։

Ի՞նչ կ՚ուզէք որ կարդամ, տիկին։

Ճաշին վրայէն սանկ թոհաֆ բան մը ըլլայ, անանկ չէ՞, Թադէոս աղա։

Սիրտ նեղացնող բան չըլլայ տէ ի՜նչ կ՚ուզէ ըլլայ, պատասխանեց Մերկերեան, որ բնաւ չէր սիրեր մարսողութեան միջոցին որեւէ կերպով խանգարուիլ։

Վերջին Մասիսը կարդացէք, օրիորդ, ըսաւ տոքթորը։ Զօհրապ գեղեցիկ նորավէպ մը ունի, «Մամայիդ բարեւ ըրէ՜»…

Տղաս, առարկեց մայրը, Զօհրապը շատ վրան բաց կը գրէ կոր, ընտանիքներու մէջ չի կարդացուիր…

Մամա, վրան բաց գրականութիւնը ա լա մօտ է հիմա… ըստ նոր գրագէտներու՝ անբարոյականութեան մէջէն պէտք է հանել բարոյականը. Զոլայի սկզբունքն է ասիկա, թէեւ տակաւին մեր բարքերուն չի յարմարիր, քանի որ դեռ մեր ազգը ատիկա ըմբռնելու չափ զարգացած չէ…

Ինչպէս ընտանեկան ամէն խնդիրներու, գրական այս փոքր միջադէպին մէջ ալ տոքթորին կարծիքը գերազօր պիտի հանդիսանար։ Սոֆի, որ կը սպասէր վիճաբանութեան ելքին, երիտասարդին կը նայէր՝ հրամանը անկից սպասելու պէս։

Մասիսը կարդացէք ուրեմն, օրիորդ, ըսաւ երիտասարդը, մատը երկնցնելով սեղանին այն կողմը ուր այդ շաբաթաթերթին վերջին թիւը կը գտնուէր։

Սոֆի առաւ թերթը, ու իր նրբաձոյլ մոմեղէն մատուըներովը սկսաւ թղթատել զայն՝ ծանուցուած նորավէպը գտնելու համար։ Երիտասարդը, թիկնաթոռին մէջ թաղուած, հեռուէն կիսափակ աչուըներով կը զննէր աղջկան պաշտելի սիլուէդը, որ հոն սրահին մէջտեղը կ՚անջատուէր՝ դիմացի պատուհաններէն մաղուող լոյսին մէջ, հէլլէն կիսաքսաշող վարսերուն հարուստ կապոցին տակ, իր չքնաղ անձնիքէն անսահման դիւթութիւն մը սփռելով, անուշաւէտելով կարծես մթնոլորտը, զոր Մերկերեանին թոռմած ապուշ դէմքը եւ մամային խոժոռ ու դիւային նայուածքը կը թունաւորէին։ Այս հակադրութիւնը հիմա երիտասարդին աչքին կը զարնէր, եւ հաճոյքի, երջանկութեան զովութիւն մը կը սփռուէր իր երակներուն մէջ, ու ա՛լ գինովութիւն մը եղաւ իրեն համար երբոր Սոֆի, վերջապէս գտնելով նորավէպը, սկսաւ կարդալ զայն իր ձայնին նուաղուն, մեղուշ հնչեղութեամբ, որուն ծածանուտ ու քիչ մը հիւանդագին թրթռացումը նորօրինակ ու հազուագիւտ երաժշտութիւն մըն էր։ Ամբողջ քսան վայրկեան, տիրող լռութեան մէջ, զոր երբեմն Մերկերեանին ծնօտին երեժկտալու աղմուկը միայն կը խանգարէր, կարդաց, մանաւանդ երգեց այդ ձայնը, գրուածքին գեղեցկութիւնը արժէցնելով, եւ նիւթին բղջախոհ անառակութիւնը՝ մագիտսրային նրբութեամբ մը արտայայտուած՝ աւելի վեր ցայտերով ընթերցուհիին կուսագեղ անմեղութեան քով։ Տոքթորին համար անուշ երազի, հոգեցունց հմայքի րոպէ մը եղաւ ատ։ Իր վերացմանը մէջ՝ անոր դադրելէն ետքն ալ՝ կարծես լսել դեռ թրթռացումը այդ գեղգեղումին, ու վերջին բառը՝ «Մամայիդ բարեւ ըրէ»՝ այնքան զմայլանքի որքան ցնցող շեշտով մը արտաբերուած՝ կ՚երկարէր անուշ եւ հեռաւոր մեղեդիի մը պէս։

Հաւնեցա՞ր, մամա, հարցուց տոքթորը սթափելով իր անրջանքէն։

Աղուոր է, զաւակս, բայց…

Աղէկ ամա, ընհատեց անդիէն Մերկերեան, բազուկներուն վրայ մեղմօրէն լարուելով, ասանկ վրան բաց պաներ կազէթաներուն մէջ գրելո՞ւն ի՛նչ տեղը կայ ճանըմ, չեմ հասկնար կոր։ Ըռէպէնսոնի պէս պատմութիւններ գրեն նէ չը՞լլար…

Երիտասարդը որոտագոչ քահքահ մը արձակեց, եւ Սոֆի ճիգեր ըրաւ իր խնդուքը զսպելու համար։

Այս տեսակ բաներ չէք հասկնար, Թադէոս աղա, ըսաւ տոքթորը հեգնող շեշտով մը ասիկա գրականութիւն է. Ռոպէնսոնի պատմութիւնը պզտիկները կը կարդան, ասանկ գրուածքներն ալ չափահասները…

Թո՛ղ ըսածիդ պէս ըլլայ, տոքթոր, պատասխանեց գանձապահը եւ ստիպողական գործի մը պատրուակով առաւ քալեց։

Մարդուկին մեկնումէն յետոյ, տոքթոր Մարկոսեան ցոյց տալու համար թէ որքան վերահասու էր հայ գրական ժամանակակից շարժումին, համառօտ տեսութիւն մը ըրաի օրուան աչքառու գրողներուն եւ անոնց արտադրութիւններուն վրայ՝ ռոմանթիք եւ իրապաշտ գրողներու վարկպարազի մէկ զուգակշիռովը։ Եւ իբր թէ նիւթովը յափշտակուած սրահին մէջ վեր վար պտտելով, լայն շարժումներով որոնք հեռաւոր չտեսնուած հորիզոններ կ՚ընդգրկէին, երիտասարդը իրապաշտ դպրոցին գեղեցկութիւնը, մարդկայնութիւնը եւ կենսունակութիւնը պատմեց, Զօլա, Մոբասան, Միռպօ, Տօտէ իրար խառնելով, անոնց դրուատիքը բանահիւսելով, խօսքերէ աւելի գլխի եւ ձեռքի պերճախօս ժետդերու օգնութեամբ, եւ խորհրդաւոր մեծիմաստ բառերու վրայ երկարատեւ շեշտումներով։

Օ՛ֆ, Զօլա՛ն, օրիորդ, Զօլա՛ն, մե՜ծ, մե՜ծ մարդ։

Սոֆի կ՚ունկնդրէր՝ երկիւղած ու զմայլոտ լռութեամբ, այդ ուռուցիկ ու բարբառուն հմտութեան քով իր ճղճիմ տգիտութեան բովանդակ մեծութենէն գրեթէ ամօթահար։ Անդին թիկնաթոռին վրայ մաման կը մրափէր՝ գլուխը յենակին տուած, կծկուած չոր շրթներուն բացուածքէն ակռապլիկ լինտերը ցուցնելով։

Զօլա՜ն, Զօլա՜ն, կը շարունակէր երիտասարդը՝ կանգնած աղջկան առջեւ, նայուածքը անոր աչուըներուն մէջ մխրճելով, պէտք է կարդալ Զօլան, օրիորդ… կ՚ուզէ՞ք կարդալ։։

Ինչո՞ւ չէ, տոքթոր, կը թոթովէր Սոֆի, քանի որ դուք կ՚ուզէք…

Այո՛, կ՚ուզեմ, կ՚ուզեմ որ զարգանաք, օրիորդ, արժանի էք զարգանալու. ահա այս վայրկեանէն մատենադարանս ձեր տրամադրութեան տակ կը դնեմ։ Եկէք, խնդրեմ, եկէք ցոյց տամ ձեզի։

Ու բռնելով մանկամարդ աղջկան ձեռքէն, որ բոլորովին շուարած էր, քաշեց տարաւ իր յարկաբաժինը, դռները փակելով իրենց ետեւէն։

Իր երազած ու խենթի պէս ըղձացած էակին հետ այդպէս առանձնափակ, գիտութեան, գրականութեան եւ մոլութեան մարդուն մէջ պզտիկ ու վաղանցիկ պայքարը մղուեցաւ։ Իր նպատակին այդքան հեշտօրէն հասած ըլլալու մտածութիւնը արդէն բարոյական ու ֆիզիքական ալ գոհացումով մը կը թուլցնէր, կը մեղմացնէր իր վայրագ տրամադրութիւնները, որոնք օրերով այրեր տոչորեր էին իր էութիւնը։ Հիմակ, մէկ թափով, կրնար տիրանալ անոր, բոլոր իգական հրապոյրներուն, մարմնական բոլոր այդ շնորհներուն։

Հիմակ, որ զանիկա իր մօտ բերած էր, եւ վստած որ ա՛լ ան պիտի չփախչէր, կամաւորաէպս կ՚ուզէր հեռացնել գերագոյն ու այնքան մոլեգնօրէն սպասուած, փայփայուած րոպէն, որպէսզի ետքէն ան շա՛տ աւելի ուժգին, աներեւակայելի եւ խորին ըլլար։ Եւ յետոյ պէտք էր վերջապէս իրականօրէն ապրիլ վիպական դիւցազնի մը կեանքը։ Իր այս յիմար կամէութիւնը իր առիփներուն եռուզեռին մէջ անհամբեր աճապարանք մը որքա՜ն տափակ ու ռամիկ ժեսդ մը պիտի ըլլար իր կողմէ։ Ամէն բան սրտաշարժ բանաստեղծութեամբ մը եւ տրամաթիկ վիպականութեամբ մը շրջապատելը, ընդհակառակը որքան գգուական ու հաճոյալի իրեն համար։

Իր տարփանքի, տիրացումի ահեղ պէտքին մէջ, հպարտութեան մը ծառացումը կը զգար, մեծանուն ամիրայի մը թոռան՝ որեւէ հասարակ աղջկան մը ֆիզիքական շնորհներուն առջեւ խոնարհելու, քաշկռտուելու, հառաչելու նուաստութեան ըմբռնումը։ Չէ՛, ամէն գնով, այս ստորնութեան պիտի չենթարկէր Մարկոս ամիրային յիշատակը։ Իր երազներուն, իր բաղձանքներուն առարկան պէտք էր որ մղուէր, վազէր մինչեւ իրեն աղերսական խոյանքով, լալահառաչ իր սէրը, իր գգուանքը մուրալ, իր ստուըներուն պլլուէր, մարմնին վրայէն սողոսկէր մինչեւ իր շրթները, առփանքի մոլեգին տապլտուքներով, հեշտոախտութեան լպիրշ ու ալ անվերապահ շարժումներով, ու ինք, վերջապէս, կարկցաբար զիջանէր գոհացում տալ այդ անդիմադրելի պահանջին, ու, նկատումներու խենթ մոռացումով մը, ա՛լ ինքն ալ իր կիրքերուն, իր առչփներուն հոսանքին անձնատուր, ապրէր գերագոյն ու անմահական վայրկեանը։ Ու երեւակայուած այս զառանցոտ պատկերին թելադրութեան տակ, երիտասարդը ջղագրգիռ եւ ինքնակորոյս, յանկարծ կը լարուէր բազուկներուն վրայ, աչուըները լայնաբաց, ճակատը քրտնաթաթաւ։

Օ՛հ, Սոֆի՛, Սոֆի՛։

Ու կ՚իյնար նորէն շնչասպառ եւ ոչնչացած։

Շատ չանցած, ամիրային աղջիկը բոլորովին անձնատուր եղաւ մանկամարդ աղջկան. տան մէջ ամէն իշխանութիւն անոր յանձնեց։ Սկսաւ ա՛լ գրեթէ դուրս չելլալ իր սենեակէն։ Շաբաթը մէկ կամ երկու հեղ միայն, իր յաւերժական սեւերովը փաթթուած, Սոֆիի թեւին կռթնելով՝ եկեղեցի կ՚երթար։ Եւ ամէն անգամ որ այդ տարօրինակ զոյգը երեւար հոն, իրարանցում մը առաջ կուգար. փսփսուք մը կը սկսէր ականջէ ականջ, հեռուէ հեռու նայուածքներ փոխանակուելով։

Քա նա, ամիրային աղջիկն է…

Գիւլիւկին աղջկան թեւը մտած. վո՞ւրկէ վուր իրար կտան ասոնք։

Վույ Ասված համբերութիւն տայ, աղջիկ, ատ սընըրլըրին տերտը չքաշուիր…

Չի քաշուիր ամա, եաղլը տեղ ինկան մարու աղջիկ… ինչ ալ ըլլայ, ամիրայի աղջիկ է, վաղը մէկալնօր շնորհքով ճէհէզ, թրախումա ալ կուտայ րապութալը մարդու հետ կը կարգէ։ Մենք մեզի մտմտանք, քուրս։

Բէք ալ շնորհքով աղուոր աղջիկ է, հիչ չամաշրճիի աղջիկ է չես ըսեր…

Սոֆի, որ ամիրային տունը ընդունուելէն ի վերպ նայուածքին, քալուածքին եւ շարժուածքին մէջ վէսութիւն մը առեր էր, եւ իր երբեմնի դպրոցական ընկերուհիներուն ա՛լ առաջուան մտերմութիւնը ցոյց չէր տար, կը զգար թէ ամէն դուրս ելլալուն տիկինին հետ՝ հանրային այնագ հետաքրքութեան եւ ասուլիսին առարկայ կը դառնար, ինչ որ չափէն աւելի կը գգուէր իր սնամիտ եւ փառասէր աղջկան զգացումները։ Նոր ու շքեղ պարեգօտներուն մէջ, զորս հանըմը, տոքթորին թելադրութեամբ, շինած էր իրեն եւ որոնք ա՛յլապէս դուրս կը ցայտեցնէին եւ կ՚արժեցնէին մանկամարդ աղջկան հազուագիւտ գեղեցկութիւնը, Սոֆի վարժ ու բնական կեցուածք մը ունէր, իբր թէ պզտիկութենէ այդ պերճանքը տանելու սովորած ըլլար, այնքան անբռնազբօս, ազատ ու համարձակ էին իր շարժումները։

Կիւլիւկ հանըմ, որուն վիճակը, այդ փոփոխութեամբ, որեւէ բարոյական փոփոխութիւն չէր կրած, ու նորէն, առաջուան պէս, ծառայելու, տատելու հանգամանքին մէջ կը գտնուէր, սա պզտիկ տարբերութեամբ որ ա՛լ ապրուստի դժնդակ հոգովը չէր տառապեր, Կիւլիւկ հանըմ, որուն էութիւնը յամրօրէն յափշտակում մըն էր իր աղջկան էութեամբը, եւ որուն մտածումը անոր երջանկութիւնն էր միայն, վերացումի, շլացումի կեանք մը կ՚ապրէր յորմէհետէ ինք ամիրային խոհանոցը մտած էր, իր աղջիկը անոր ճոխազարդ սենեակները, որոնց մէջ կը շրջէր ոռ թէ իբրեւ ծառայ մը, այլ գրեթէ իբրեւ տիրուհի, որուն առջեւ կը խոնարհէր ապարանքին սպասորեարը եւ որուն, այդ հանգամանքներուն մէջ, հնազանդիլը՝ նոյնիսկ իրեն համար, իր մայրութեանը համար նուաստացում մը նկատելէ շա՛տ հեռու, հպարտութիւն մը, փա՛ռք մը կը նկատէր հէ՜ք կինը։

Հապա՜, ախճիկս ասոր լայըխ էր, կը պարծենար միամտօրէն քանի մը ցանցառ բարեկամուհիներու, որոնք երբեմն պարտէզին կողմի դռնէն ամիրային խոհանոցը կը մտնէին կամացուկ մը երկիւղածօրէն, Կիւլիւկ հանըմին հետ տեսակցելու համար։

Քա վերը ընտ՞որ տեղ է, կը հարցնէին այցելուհիները ցած ձայնով, ամիրային հեռաւոր խորհուրդէն ազդուած։

Մի՛ հարցուներ, քուրուկ, կը պատասխանէր լուացարարուհին խորհրդապահօրէն, էս պիլէ սայղըյով կ՚ելլամ. խըյախ պան է, սարա՛յ, սարա՛յ…

Վույ օտկդ պագնեմ, մ՚ըսեր…

Ախճի՛կս կը վայելցունէ կոր, կ՚աւելացունէր Կիւլիւկ հանըմ, ամպարագիծ փորը երկու ձեռքերովը գրկած, լխկած ու ծամածուռ դէմքին վրայ գոհունակութեան ճառագայթումով մը. ամա, քուրուկս տուն ըսէ, լայըխ չէ՞ր, հէ՞։

Լայըխ էր, քուրուկ, լայըխ էր։

Արեւուն կոտրտիմ։

Խե՛րը տեսնաս…

Ասանկ բաթեթիկ տեսարաններ այնուհետեւ յաճախադէպ եղան ամիրայական խոհանոցին մէջ։ Կիւլիւկ հանըմ, խոնարհսիրտ ու բարի կին, ամենեւին չփորձուեցաւ հպարտութեան հով կը առնել աստիճանի այն բարձրացումէն, զոր ունեցած էր՝ Հ… գիւղի հասարակութեան լուացարարուհիներէն այդ խոհանոցը փոխադրուելով յանկարծ։

Այս մասին աւելի առաքինի երեւցաւ քան իր աղջիկը, որ իր շուրջը պտտող ամիրայածին էակներուն հաւասարելու փորձառութիւնը ունեցաւ։ Մինակ պառաւ խոհարարուհին էր որ պահ մը մթին ամպ  մը տարածեց իր համեստ երջանկութեան վրայ, իր գետնին վրայ այդ մեծազանգուած նորամուտին ներկայութիւնը ոտնձգութիւն մը նկատելով՝ պառաւը գրեթէ ամէն օր կը մռլտար ու կը տռտռար, ամենաչնչին բաներէ բարկանալով եւ պոռալով լուացարարուհիին երեսն ի վեր։ Կիւլիւկ հանըմ ի սկզբան որքան որ ուզեց համբերել, ի վերջոյ սակայն այդ խստաբարոյ եւ խոժոռ պառաւը այնքան անյանդուրժելի վարմունք մը սկսաւ ունենալ իրեն հանդէպ, որ դառնացած, սրտմտած, գնաց լալով, հառաչելով իրողութիւնը պատմեց իր աղջկան։ Սոֆի ալ, իր կարգին, տոքթորին հաղորդեց այր գործը, ու այս վերջինն ալ օր մը իր ներկայութեան կանչեց ցնդած խոհարարուհին եւ խիստ շեշտերով սպառնաց որ եթէ իր այդ ընթացքը շարունակէր Կիւլիւկ հանըմին հանդէպ, իսկոյն պիտի ճամբուէր։ Պառաւը, սարսափահար, կապկպուեցաւ, դողդողաց, լացաւ, երդում պատառ ընելով որ սխալ եւ սուտ էր իր մասին ըսուածը. եւ տքալով ու հառաչելով ելաւ գնաց իր սենեակը։ Այդ օրուընէ սակայն, խաղաղութիւն սիրապետեց խոհանոցին մէջ, եւ պառաւը ա՛լ սկսաւ քաղցրութեամբ վարուիլ Կիւլիւկ հանըմին հետ։

Գալով Խաչոյին, ինչպէս ըսինք, ան երջանիկ էր, ոչ միայն որովհետեւ օրիորդին երեւումէն ի վեր հանըմին խստութիւններէն ազատած էր՝ անոր հետ ուղղակի յարաբերութենէն գրեթէ մեծ մասամբ դադրելով, այլ որովհետեւ նոր ստեղծուած այդ նազելահասակ եւ քնքուշ տիրուհին՝ իր ձայնին նուաղկոտ եւ թրթռուն շեշտերովը իր գաւառացիի անխաթար, անապակ հոգին կը խռովէր, անուշ զգայնոտութեան մը մատնելով զինքը եւ յարգանքով խառն հիացուկի մը մղելով իր երկչոտ ու կոյս սիրտը։ Ա՛լ այնուհետեւ, իր մենութեան թախծոտ րոպէներուն, գաւառացի պարմանին չյիշեց իր հայրենի գիւղին կարմրայտ, խպնոտ ու կոնճ աղջիկները, որոնց շատ հեղ կը հանդիպէր, վերջալոյսին , աղբիւրին շուրջը. ատոնց հեռաւոր սիրլուէդները քիչ քիչ հալեցան լմնցան լուսաւոր դիւթութեան առջեւ իր մանկամարդ տիրուհիին, որ իր սրտին, մտքին ու հոգիին մէջ պարապ տեղ մը չէր ձգեր։

Բարթող աղան իսկ, Կատարինէին ու Մագթաղինէին հայրը, որոնց կը շարունակէր դեռ իր հայրութիւնը ընել, անոր համար որ տակաւին յարմար թեկնածուներ չէին ներկայացած այդ երկու շնորհալի կոյսերուն ձեռքը խնդրող, այն շատ զօրաւոր եւ ցաւալի պատճառաւ որ այդ հոյակապ զոյգը աղջիկնութեան թարմութիւնները կոխել անցնելէ յետոյ, չափահասութեան սահմաններն ալ անցելով՝ հանդիսաւորապէս ոտք դրած էին պառւութեան նախադուռին վրայ՝ իր պատուական ծնողքին հառաչանքներուն եւ ողբերուն մէջտեղ, Բարթող աղան իսկ տեսակ մը գոհունակութիւն զգաց Սոֆիին անակնկալ երեւումէն ամիրայական տան մէջ, վասն զի՝ տիկին Մարկոսեան յարմար դատեց որ իր նողկատեսիլ գործակատարը այնուհետեւ կալուածներու հաշիւը ուղղակի մանկամարդ աղջկան տար եւ դրամն ալ անոր յանձնէր։ Սոֆի թէեւ հաճելի չգտաւ հրէշին հետ իր այդ շփումը, բայց ստիպուեցաւ համակերպիլ տիկինին կամքին։

Վերջապէս, հանգուցեալ Մարկոս ամիրային տան մէջ ամէն բան նոր ուղղութիւն մը, նոր զարկ մը, նոր երեւոյթ մը ստացաւ Սոֆիի ներկայութեամբը մանաւանդ երբ, իր առաջին շուարումներէն եւ տատամսումներէն յետոյ, կեանքի անակնկալ փոխանցումի չլացումը, աղջիկը իր հաւասարակշռութիւնը եւ պաղարունութիւնը գտնելով՝ սկսաւ տիրականօրէն քալել, խօսիլ, կարգադրել, վարուիլ։ Ամիս մը չտեւած, ապարանքին ներքին կացութիւնը իր այս վերջնական ու կանոնաւոր հանգամանքը ստացած էր։

Անոր խաղաղ շրջանակէն դուրս, թաղին մէջ, ժամանակ մը շարունակուեցան մեկնութիւները, չարախօսութիւնները, անհեթեթ բացատրութիւնները՝ ամիրային տան բնակչութեան այս նոր բաղադրութեան մասին, բայց ինչպէս որ ժամանակը ամէն բանի կը յաղթէ, Հ… գիւղին ամենէն կատաղի բամբասողներուն ալ յաղթեց, որոնք ինքնաբերաբար դադրեցան խօսելէ ամիրային աղջկան եւ պարագաներուն վրայ։

Հանրային շշուկները քիչ քիչ մարած էին, եւ ամիրային տան բնակութեան բազմանալը այլեւս դադրած որեւէ գայթակղական հանգամանք ունենալէ։ Ընդհակառակը, վերջիվերջոյ Մերկերեանին ազդեցիկ բրոբականդային շնորհիւ, ընդհանուր գաղափար մը կազմուեցաւ թէ չափէն աւելի բնական բան մըն էր որ լուացարար Կիւլիւկ եւ իր աղջիկը ամիրային տունը փոխադրուած էին, ծառայութեան հանգամանքին տակ։ Նոյնիսկ ըսուեցաւ թէ հանըմը ամսական մը կը վճարէր Սոֆիին եւ իր մօրը։ Հետեւապէս Հ… գիւղին հասարակութիւնը պահ մը թող տուաւ որ ամիրային ապարանքը ինք իր մէջ ամփոփուած ապրի։

Բժշկութեան թեկնածուն, հակառակ իրական տոքթորի հովեր առած ըլլալուն, դեռ կը մնար բժշկութեան ուսանող, վիճակ մը որ կը շարունակուէր իբր ութը տարի է ի վեր եւ որ այսպէս ժամանակ  անցնելով, սովորական եւ բնական վիճակ մը դարձած էր եւ որ ոչ զարմանք կը պատճառէր այլեւս, քանի որ ատով ամենէն աւելի հետաքրքրուող անձը, մաման, վերջին ատեններս դադրած էր նոյնիսկ հասկնալ ուզելէ թէ իր զաւակը դեռ բժշկութեան ուսանո՞ղ էր թէ վկայուած բժիշկ։ Երեւութապէս, անիկա իրեն համար սոքթոր մըն էր, քանի որ ինք ատ անունը կուտար անոր, քանի որ տնեցիները եւ բոլոր զիրենք ճանչցողները ատ անունը կուտային անոր, քանի որ նոյնիսկ քարդ մը կար, որուն վրայ տպուած էր, վսեմ պարզութեամբ մը. «տոքթոր Ա. Մարկոսեան»։ Եւ անոր այս հանգամանքին վաւերացման քիչ չէին նպաստեր նաեւ այն խեղճ հիւանդները, որոնք սուտ համբաւէ մը կարթուած, կուգային ափ առնել կեղծ բժիշկին դուռը՝ իրենց ցաւերուն դարման փնտռելու համար։

Երիտասարդը, որուն միտքը խօլ, շարժումնալից, ցնցող կեանքի մը երազներով կը չարչարուէր միշտ, իրապաշտ վէպին պատկերներէն հալածուած, զանոնք ապրելու ցնորական տենդէ մը չարչարուած շարունակ, ա՛լ քիչ քիչ բոլորովին թողած էր գիտական զբաղումները, իր սիրական ծրագիրնրուն յօրինուածութեան նուիրուելու համար ամբողջովին։ Ութը տարուան մէջ, գերբնական ճիգերով եւ խաբէական միջոցներով կրցած էր քաշկռտուիլ մինչեւ վեցերորդ կարգ, ու հոն կանգ աւած էր։ Շաբաթներով ոտք չէր կոխեր դպրոց, հեռու կ՚ապրէր իր դասընկերներէն, կենցաղասէր, շուայտ մտերիմներ գտած ըլլալով Բերայի զբօսավայրերուն մէջ, որոնց մշտամնաց յաճախորդն էր։ Ապականութեան այդ միջավայրին մէջ, ուր կ՚ուզէր իր շահատակութիւններով գերակշիռ եւ աչքառու դիրք մը ունենալ, պարծենցած էր թէ սիրային սքանչելի յաղթանակ մը տանելու վրայ էր եւ թէ ի մօտոյ իր բարեկամները զինքը պիտի տեսնէին չնաշխարհիկ աղջկան մը հետ, որ ընդհանուր զմայլանքի առարկայ պիտի դառնար։ Հետեւապէս, իր շրջանակին մէջ բուռն հետաքրքրութիւն մը կար զինքը վերջապէս տեսնելու այդ երեւակայական հուրիին հետ, որուն շնորհներուն դրուատիքը կ՚ընէր անհուն շաղփաղփանքով, ալքոլի շոգիներուն մէջ մտամոլոր, կիրքէն բռնկած։

Պիտի տեսնէ՛ք, կը բացագանչէր, բազուկները օդին մէջ շարժելէն դէպի այն ուղղութեամբ, ուր հաւանօրէն կ՚ապրէր այդ փառաւորուած գեղեցկութիւնը։

Սակայն, ե՞րբ պիտի տեսնենք։

Պիտի տեսնէ՜ք, պիտի տեսնէ՜ք, կը պոռար ան նորէն։

Եւ իբր թէ ուզելով մաքագործուիլ այն ապականութենէն որուն մէջ կ՚ապրէր ինք ու իր ընկերներն ալ, գաղափարական սիրոյ ծառացումով, այպանանքներ կ՚արձակէր անոնց երեսին, սպառնական շեշտով մը։

Լղրճուկ բոզ մը չկարծէք, ծօ՛, կ՚աղաղակէր. մաքուր հրեշտակ մըն է ան, անբիծ տատրակ մը, որուն անունը բերաննիդ իսկ չէք կրնար առնել… ե՛ս արժանի եմ անոր, ե՛ս… թո՛ւհ, սա բոզե՜րը…

Եւ կը թքնէր, կը թքնէր, զզուանքի, նողկանքի ծամածռումներով, զայրացնելով իր բարեկամները, որոնք փոխարինուիլ կ՚ուզէին այդ՝ փառաբանուած հուրիին գոյութիւնը կասկածի ենթարկելով։

Նայինք կա՞յ ատ տատրակը։

Հը՛, հը՛, կը մռլտար կեղծ տոքթորը, գլխի խորհրդաւոր ճօճումներով, պիտի տեսնէ՜ք, պիտի տեսնէ՜ք։

Երկարաշունչ կերպով, այդ ախտաւոր շրջանակին մէջ իր հովուերգած էակին հետ յաղթական մուտք մը ընելու գործը կը պատրաստէր հիմա, ջախջախելու համար իր ընկերները, որոնք ա՛լ սկսած էին հաւատ չընծայել իր պոռոտախօսութիւններուն, շատ լսած ըլլալով ատանկ պատմութիւններ, առասպելական ու անկարելի։ Իր կարդացած վէպերուն տպաւորութեան տակ, ամիրային թոռը իր գոհացումը կը գտնար նմանօրինակ սիրային արկածներու հերոսը նկատելով պահ մը ինքզինքը՝ համոզուած ու անկեղծ շեշտերով բորբոքուելով, յուզուելով, պատմելով զանոնք իր բարեկամներուն, որոնք յաջողած ըլլալով դիպուածաւ կամ մասնաւորապէս ստուգել ատոնց ունայնութիւնը, կը յամառէին չհաւատալ հիմա այս նոր սիրերգութեան։ Բայց երիտասարդը՝ անոնց այս յամառութենէն աւելի գոհ կը մնար, այդ անպատուիչ  թերահաւատութիւնը յաղթականօրէն եւ վերջնականապէս ջախջախելու անայլայլ ապահովութեամբ լեցուած։

Եւ մօտաւոր ապագայի մը՝ իր սկսելիք նոր եւ յուզումնալից կեանքին բերմամբ բացառիկ ծախսերու հարկաւորութիւնը նախատեսելով, տոքթորը միտքը դրաւ չգոհանալ ամսական հինգ ոսկի թոշակով, զոր մայրը սահմանած էր իրեն։ Ներկայ կամ ապագայ դրութեան մէջ իրեն առնուազն ամիսը տասնըհինգ ոսկի պէտք էր՝ իր պատրաստած ծրագիրը գործադրելու համար համեստօրէն։ Համեստօրէն, այո՛, որովհետեւ իր երազած սիրային հերոսները այդ կեանքը ապրելու համար, ափով նետած էին ոսկին, մինչդեռ ինք հաշուելով պիտի ծախսէր, ինք, Մարկոս ամիրային թոռը, որ ափսո՜ս, պիտի կրնար այդ մեծ կենցաղասէրներուն կեանքը ապրիլ հիմա, եթէ աղէտ մը ամէն բան յեղաշրջած չըլլար ժամանակին։

Շատ դժուար չեղաւ իրեն համոզելու մայրը որ այնուհետեւ կալուածներուն գործերը բոլորովին իրեն յանձնուէին, եւ ինք ուզածին պէս տնօրինէր ամէն բան, ճամբայ տալով Բարթող աղային, որուն վրայ արդէն մեծ կասկածներ կը ծանրանային։ Ամիրային աղջիկը, որուն միտքը հետզհետէ կազմախօսական ընդարմացման մը կ՚ենթարկուէր եւ հլու խաղալիք մը կը դառնար զինքը շրջապատողներուն ձեռքը, ան որ յամառ ու աննուաճ տիրապետող մը եղած էե ատենօք, որեւէ ընդդիմութիւն ցոյց չտուաւ։

Ամէն բան ուզածիդ պէս ըրէ, զաւակս, ըսաւ ան՝ Մարկոսեան գերդաստանին ճակատագիրը այդ յիմարին ձեռքը դնելով։

Եղերական եւ հետաքրքրաշարժ եղաւ այն տեսարանը, ուր մեր շիլ մսագործը —Կատարինէին եւ Մագթաղինէին հայրիկը առաջիկայ առթիւ ապարանք գալուն՝ տոքթորին խուցը առաջնորդուեցաւ լսելու համար այն նոր կարգադրութիւնը, որուն համեմատ իր գործակատարի երկարամեայ պաշտօնէն վար կ՚իյնար Բորթող աղա։

Տոքթորը, առանց երկար բարակ յառաջաբաններու, խնդիրը բրտօրէն մարդուկին ներկայացուց.

Բարթող աղա, ըսաւ, նոյնիսկ քիչ մը սպառնական շեշտով մը, անոր պատռուած ռնգեղջիւրի կիսադէմքը դիտելէն, սա մեր ախարէթներուն խոնթրաթները, թուղթերը, բանլիքները, ինչ որ վերջապէս կայ, շուտ մը գնա բեր ինծի, պէտք է, շո՛ւտ…

Մսավաճառին պաղած աչքը երերաց, դարձաւ, արիւնոտեցաւ։ Դէմքին խորտակուած գիծերը կծկուեցան, ծաղկաւեր մորթին վրայէն կարծես սարսուռներ անցան։ Եւ որպէսզի այլանդակօրէն հաշմուած այդ դէմքը, ուր հոգիին փոթորիկները չէին կրնար իրենց յոյզերը արտացոլել, այդ աստիճան տակնուվրայ կ՚ըլլար. պէտք էր որ ներքին մրրիկը տարապայման սաստկութիւն մը ունենար։

Ողջ աչքը յառեց երիտասարդին վրայ, որ դէմը կեցած էր, մինչ ինք քով աթոռի մը ծայրը նստած էր, եւ ձայն ծպուն չհանեց։

Չլսեցի՞ր, Բարթող աղա, սա մեր ախարէթներուն թուղթերը բաները բերէիր, պէտք է, կրկնեց տոքթորը աւելի ուժեղ ձայնով մը։

Բէք աղէկ, ճանս, պերեմ ամա, ի՞նչ կայ, խե՞ր է, մինչուկ հիմա մէկ ասանկ պան մը չէր եղած, խե՞ր է, հարցուց մսավաճառը խղդուած, խոռչային ձայնով մը։

Խերը մերը քեզի պէտք չէ, Բարթող աղա պատասխանեց ամիրային թոռը, ա՛լ մեր ախարէթներուն հետ գործ չունիս դուն, կ՚օգտէ որքան… կ՚օգտէ՛, հասկցա՜ր, գնա թուղթերը, հաշիւները բեր, լմննայ։ Գործ ունիմ, մ՚սպասցուներ ինծի։

Պէտք է գիտնալ թէ տարիներ անցնելով վեր պատուական մսավաճառը շատ ծերացեր եւ ինկեր էր։ Իր հոյակապ զոյգ մը տատրակներուն, Կատարինէին ու Մագթաղինէին աղջկնութեան յաւերժացումը մէկ կողմէն, անդադրում եւ սպառող տատանք մը միւս կողմէն՝ ուժաթափ ըրած, ծերացուցած էին զայն։ Քիչ քիչ մսավաճառութեան գործը թողած էր, վասնզի շուն կատու որսալու տաժանքին ա՛լ չէր կրնար տոկալ, մանաւանդ որ միակ աչքը զոր ունէր քանիմը տարիէ ի վեր նշանառութեան ամէն յարմութիւն կորսուած էր։ Հետեւապէս կրնայ ըսուիլ որ խեղճ մարդը այդ մէջոցներուն միայն Մարկոսեան կալուածներուն մատակարարութեան գործը ունէր իբրեւ ապրուստի միջոց եւ յետին ծայր խեղճութեան մէջ էր։

Արդ, երեւակայել իր խռովքը, երբ ապրուստի այս յետին միջոցն ալ կոպտօրէն, վայրագօրէն կը յափշտակուէր իր ձեռքէն։

Ճանըմ ի՞նչ կայ, ի՞նչ եղաւ, կը թոթովէր ձեռքերու յուսահատ եւ աղերսական կարկառումով մը, մէկ ֆալցօ պա՞ն մը ըրի, էֆէնտի…

Էրկա՛ն ըրիր, Բարթող աղա, պոռաց երիտասարդը, ոտքը գետին զարնելով. պէ ախպար, աս մեր ախարէթներուն թուղթերը, հաշիւները, բանլիքները բեր ըսի, խօսք չե՞ս հասկնար։

Շանթահարուած, ոչնչացած, ծերը ոտքի ելաւ։ Կուզին տակը ամփոփուած, դողդողալով, դանդաչուն, առաւ քալեց, ա՛լ առանց բառ մը արտասանելու։ Երեսը մոխիրի գոյն առած էր, ողջ աչքը ապակիի փայլով մը կը փայլէր։

Կատարինէ՛ս, Մագթաղինէ՛ս, կը կոծէր ճամբան, ձեռքը գլխուն զարնելով, լմնցա՜ն, լմնցա՜ն, լմնցա՜ն…

Տուն հասնելով, Բարթող աղա անմիջապէս անկողին ինկաւ։ Կը տքար, կը հեւար, կը զառանցէր։ Երկու անհեթեթ տատրակները քովը ժողվուեցան։ Կինը, խրստիկ հանըմ, փութաց խնամքներ հասցնել։ Երկրորդ օրը մարդուկին վիճակը ծանրացաւ։ Կինը աղքատախնամին վազեց բժիշկի համար. մինչեւ որ պաշտօնական ձեւակերպութիւնները կատարուեցան, իրիկուն եղաւ եւ Բարթող աղա աւելի գէշցաւ։ Այլանդակօրէն հիւանդ էր Բժիշկը ուշ ատեն հասնելով, յուսահատաբար գլուխ երերցուց։ Տատրակները յորդ արցունք կը թափէին։ Խրստիկ հանըմ «վա՛խ մարդս, վա՛խ» կը հեծէր։

Սրտի կաթուած է, ըսաւ բժիշկը, Խրստիկ հանըմին, կամ բարկացեր է կամ վախցեր է։

Կ՚աղէկնա՞յ, հարցուց խեղճ կինը անձկագին։

Աստուա՛ծ գիտէ, պատասխանեց գիտութեան մարդը։

Բարթող աղա, կռնակի վրայ ինկած, ողջ աչքը քստմնելի սեւեռմամբ մը ձեղունին յառած, տաժանագինօրէն կը հեւար։ Պաղատական եւ լալագին հարցումներուն, զորս իր տատրակները կ՚ուղղէին իրեն՝ դիակի լռութիւն կը պահէր. կարծես չէր իմանար։ Առաջին անգամ ըլլալով՝ իր էութենէն բխած այդ զոյգ մը սիրասուն էակներուն գորովի գեղումներուն առջեւ անզգայ կը մնար։ Այս պարագան սարսափ կուտար աղջիկներուն եւ կնոջը։ Բարթող աղան, այո գորովագութ հայրը, ատանկ անդիմադրելի սրտազեղմանց անտարբե՞ր ըլլար։ Երբեմն ափեղցփեղ բաներ մը կը մռլտար, խոճկորի ցաւագին կաղկանձիւններու պէս, առանց աչքը իր տեղէն խախտելու։ Հինգ օր, գիշեր ցորեկ հսկեցին անոր անկողնին շուրջը, բայց իրենց բոլոր խնամքները ապարդիւն մնացին։ Բարթող աղա մեռաւ, աչքը ձեղունին սեւեռած, առանց բառ մը արտասանելու։ Իր կեանքին պէս՝ մահն ալ քստմնելի եղաւ։ Կրնայ ըսուիլ որ աչքը բաց գնաց, իր զոյգ մը տատրակներուն արգասաւորումը տեսնելու երջանկութենէն զրկուած։ Իր բոլոր երազները, յոյսերը, դիտաւորութիւնները, որոնց որոճացումովը կը սնանէր, գիշեր ցորեկ, սառած էին հիմակ իր աչքին այդ ահռելի սեւեռումին մէջ։ Այս յեղակարծ ու կոշտ մահով, անգործադրելի կը մնային ահող, քստմնելի, եղեռնական ծրագիերներ, զորս ան ամէն օր կը յօրինէր, իր հետապնդած նպատակին հասնելու համար։ Մարկոսեան գերդաստանին կալուածները մեծ վտանգէ մը կ՚ազատէին Բարթող աղային անհետացումովը։ Յանձին այս մարդուն, կատուներու եւ շուներու աշխարհը կը կորսնցնէր իր Ատիլան։ Ու թէեւ Կատարինէ եւ Մագթաղինէ օրիորդները գորովոտ եւ պաշտելի հայր մը կը կորսնցնէին Բարթող աղայի մահուամբը, միւս կողմէ, սակայն, ընկերութիւնը աղէտէ մը կ՚ազատէր։

Աղջիկները իրենց հօրը դիակին վրայ ինկան լալով պոռչտալով։ Խրստիկ հանըմ իր ցաւին արտայայտութեանը մէջ աւելի համեստ ու գաղտնապահ եղաւ։ Դրացիները հասան։ Անոնց ետեւէն տէրտէրը եւ ժամկոչները, որոնք հազիւ կրցան մսավաճառին անհեթեթ ու գարշելի դիակը սգաւորներուն ձեռքէն խլելով ճաղը նետել ու ժամ վազցնել։

Ամբողջ գիւղը զարմացաւ Բարթող աղայի անակնկալ մահը իմանալով, բայց ոչ ոք ցաւեցաւ։ Տիկին Մարկոսեան «խե՜ղճ մարդ» մը ըսաւ։ Տոքթորը անգութ եւ իմաստալից քմծիծաղ մը ունեցաւ ու լռեց. իրմէ զատ ոչ ոք գիտէր որ Բարթող աղային մահուան պատճառը ինք էր եղած։ Ասիկա գաղտնիք մը մնաց միշտ։ Շաբաթ մը ետքը, ինք, տոքթորը անձամբ հանգուցեալին տունը գնաց եւ կալուածական թուղթերը եւ հաշիւները առաւ։

Մէկ շաբաթ պտտեցան Բերա, Ղալաթիա, Պոլիս, Վոսփորի քանի մը թաղերը, իրենց տուներն ու խանութները այցելոելով, վարձուորներուն հետ տեսնուելու եւ Բարթող աղայի հաշիւները, անոնց բերանացի յայտարարութեանց հետ բաղդատելու համար։ Երբոր ամէն բան աղէկ մը քննեց հասկցաւ, հաստատեց որ ամէն ամիս հանգուցեալ մսավաճառը երեք չորս ոսկի կը գրպանէր՝ բացի հարիւրի վրայ իր առած իրաւունքէն. եւ անոր անակնկալ մահուամբն ալ տասը ոսկիի կորուստ մը կար վերջին ամսուան վարձքերուն վրայէն, գումար մը, զոր կարելի չէր պահանջել անոր այրիէն։ Երիտասարդը սրտի բաւական կուշտ գոհունակութեամբ մը տեսաւ՝ որ Մարկոսեան գերդաստանը տակաւին 360 ոսկիի մօտ տարեկան եկամուտ մը կը վայելէր, եւ այս կլորիկ գումարը կրնար ամբողջովին ինք տրամադրել ուզածին պէս, նկատելով որ Մարկոսեան գերդաստան ըսելով այլեւս միայն ինք կը հասկցուէր գրեթէ։

Երբոր այսպէս իր ձեռքին մէջ տեսաւ մեծ ամիրային յաջողութեան իրաւունքը եւ իշխանական հարստութեան մը բեկորները, Արշակ իր յօրինած ծրագիրներուն վրայ մտածեց երկարօրէն, անոնց ամբողջ քաղցրութիւնը։ Ու ա՛լ ժամանակը եկած նկատեց իր դիւրին որսին վրայ ձեռք դնելու։ Նախ եւ առաջ ամբողջովին իր յարաբերութիւնը դադրեցաւ բժշկական վարժարանին հետ, որմէ ա՛լ օգուտ չկար իրեն, եւ այս մասին ալ համոզեց իր մայրը։ Ըսաւ անոր թէ Թուրքիոյ էն մեծ համալսարաններն իսկ այլեւս անկարող էին իրեն որեւէ բան սորվեցնելու, թէ ինք չէր զիջաներ այդ համալսարանները յաճախել եւ թէ իր ուսումը աւարտելու համար օր մը ու իր ծրագրին հեռաւոր մէկն մասն էր անիկա Ֆրանսա պիտի երթար։ Մաման՝ շատ բնական եւ բանաւոր գտաւ իր զաւկին այս ընթացքը, մանաւանդ որ իր մայրական արժանապատուութիւնը վերջին ծայր կը գգուուէր սա պարագայէն թէ իր որդին այնքան հմտութիւն ամբարած ըլլայ որ այլեւս համալսարաններ նեղ գային իրեն։ Անդիէն վրայ հասաւ անխուսափելի Մերկերեանին համամտութիւնն ալ։

Անանկ է, ճանըմ, անանկ է, դպրո՛ց, դպրո՛ց, վե՞րջը. բժշկութիւն է նէ սորվեցաւ էղաւ կնաց. հիւանդ կը նայի՞ս կոր, ըռէչէդա կը գրե՞ս կոր, լմնցա՜ւ, եզրակացուց մարդը վճռաբար։

Եւ որպէսզի դպրոցէն բոլորովին հեռանալը հասարակութեան վրայ յոռի տպաւորութիւն մը չթողու, Արշակ՝ իր սովորական ձայնատարին՝ ծեր գանձապահին միջոցաւ զրոյց մը հանել տուաւ թէ ինք փարիզ պիտի երթար ուսումը կատարելագործելու համար։ Ամէն բան այսպէս հոգալէն, կարգադրելէն ետքը, երիտասարդը ինքզինքը ամբողջովին իր ծրագիրներուն գործադրութեան նուիրեց։

Արդէն, իր խորունկ ու յօսնական նայուածքներովը, իր նշանակալից եւ բարբառուն հառաչանքներովը, գրեթէ աղջկան երեսն ի վեր կը պոռար իր ներսը գոռացող փոթորիկը, երբոր մինակ մնային իր խուցին մէջ կամ սրահը, նոյնիսկ մամային ներկայութեանը։ Շատ անգամ, գիշերային հաւաքման պահուն, տոքթորը, իր վարպետին յիշատակէն սադրուած, մէկէնիմէկ թուղթի կտոր մը կը քաշէր գրպանէն, եւ ոտքի կանգնած, բեմբասացի  մը պէս, ոտանաւոր մը կը կարդար, ընդհարապէս սիրային, լուսին, աստղ, ծաղիկ, գարուն, սէր, յուսահատութիւն բառերուն անհեթեթ ու այնարիր մէկ շաղապատումը, զոր կերտելու համար իրարու քով բերած էր զանազան հեղինակներու քերթուածներէն գողցուած տողեր, երբեմն ամբողջ տուներ։ Մաման եւ մանկամարդ աղջիկը, հիացկոտ նայուածքոներով, զմայլական յափշտակութեամբ մտիկ կ՚ընէին այդ յանկարծաբանութիւնը, բանաստեղծին մեղուշ, թրթռուն, դաշնակաւոր ձայնին յուզող շեշտերէն մագնիսուած, իրենց աւելի մեծ ըլլալով, որքան արտասանուած բանաստեղծութիւնը անհեթեթ ու անիմաստ ըլլար։ Երիտասարդին այս բերմական շարժուածքները տարօրինակ կպաւորութիւն մը առաջ կը բերէին աղջկան վրայ։ Եւ երբոր քերթուածին ամենէն խանդակաթ եւ ցայտուն կէտին հասնէր աչքը, տարփալից ու նուաղուն, աղջկան նայուածքին խառնէր, այս վերջինը անուշ ու գինովցնող սարսուռներով կը դողար, ա՛լ շուրջի իրերը չտեսնելով, ա՛լ մոռնալով իր կացութիւնը։ Մինչ բոլորովին տարբեր էր մամային տպաւորութիւնը, տոքթորին բանաստեղծական այս պոռթկումներուն առջեւ, քերթուածին գեղարուեստական աղուորութիւնը կամ արտասանողին ձայնին քաղցր ելեւէջները, յուզիչ շեշտեր չէին որ կը գինովցնէին զինքը. այլ սա չոր ու մերկ գաղափարը, թէ իր զաւակը՝ ատանկով՝ ոչ միայն գիտութեան մարդ մը կը ներկայանար, այլեւ գրականութեան։ Օր մը, իր մէջ պէտք մը ծագեցաւ հանրութեան ալ իմացնելու իր զաւկին այս պահծու եւ երկնային առաքինութիւնը։ Վերջապէս շատ սեղմ շրջանակի մը մէջ էր որ բանաստեղծը կը լսուէր, կը գնահատուէր, կը հաւնուէր։ Անիրաւութիւն, զրկանք էր ասիկա։ Մարկոսեան գերդաստանին համբաւին ու փայլին դէմ հարստահարութիւն մը։ Ուստի թախանձանօք պահանջեց տոքթորէն որ այդ քերթուածները հրատարակել տայ լրագիրներուն մէջ։ Ձեռնածուն, որ կը հասկնար իր այդ կարծեցեալ բանաստեղծութեանց բողվանդակ ծաղրելիութիւնն ու խաղքութիւնը, դժկամակութիւն ցուցուց, մասնաւորապէս ծանրանալով սա կէտին վրայ թէ իր այդ վսեմ ու գեղեցիկ գրուածքները հրատարակելու արժանի հայ թերթ չիկար։ Խեղճ կինը, այս առարկութեան մէջ իսկ, իր եսասիրութիւնը գգուող պարագայ մը նշմարեց, իր զաւկին գրուածքները հրատարակելու արժանի թերթ չէր գտնուե՜ր։ Իր մտքին ունայնութեանը մէջ ասիկա շատ բնական գտաւ։ Թէ իր զաւակը ամէն գրական հրատարակութենէ բարձր ըլլար, անառարկելի բան էր աս, մանաւանդ երբ այս հաստատումը ընողը բուն իսկ իր որդին էր, հաստատումներուն ամենէն վաւերականը եւ անհերքելին։ Ասով սակայն չյուսահատեցաւ մաման. չէ՛, անպատճառ աշխարհք իմանալու էր Մարկոսեան բանաստեղծի մը գոյութիւնը։

Քանի որ ատանկ է, Արշակ, ըսաւ դուն ալ առանձին գիրքով մը մէջտեղ կը հանես գրածներ չըլլա՞ր զաւակս։

Կ՚ըլլայ, մամա, բայց դեռ շատ քիչ է։

Շատցուր, զաւակս, շո՛ւտ շատցուր։

Բարձր, եզական մարդու մը գաղափարը կ՚ուզէր ներշնչել աղջկանը, որպէսզի ետքէն աւելի դիւրաւ ու տիրապետօրէն կարենար անոր ներարկել ապականութեան ժահրը, որմէ այնքան առատօրէն կը սմուցանէր իր հոգիին մէջ, անծանօթ ու մեղաւոր բաղձանքներու սարսուռներ ապրեցնելու համար անոր։ Եւ որպէսզի այդ նուրբ ու պաշտելի էակին մօտենալով ինքը բարոյական կամ ընկերային անկումի մը ենթարկուած չըլլար, նախ զանի մինչեւ իրեն բարձրացնելու պէտք զգաց։ Ասոր համար ամենէն անհրաժեշտ ու դիւրին սատարը մաման պիտի ըլլար։ Ողոքիչ խօսքերով, սրտաշարժ յորդորներով յաջողեցաւ համոզել զայն որ սպասուհիի մը պէս չվարուէր մանկամարդ աղջկան հետ, մանաւանդ օտարներու առջեւ այնպէս մը ընէր որ ամէն մարդ մղուէր հաւատալու թէ Սոֆի ոչ միայն բնակարանի փոփոխութիւն մը ունեցած էր ամիրային տունէն ներս մտնելով, այլեւ միեւնոյն ատեն իր ընկերային աստիճանն ալ բարձրացում մը կրած էր՝ շնորհիւ այնպիսի անձի մը որ իր ընկերային բարձր դիրքին բերմամբը կրնար հասարակ մահկանացուի մը բացառիկ ու նախանձելի էակի մը հանգամանքը տալ. ինչպէս թագաւաոր մը որ աստիճաններ կը շնորհէ իր հպատակներուն, հանըմը իր հիւրերուն առջեւ սկսաւ այնպէս վարմունք մը ունենալ Սոֆիի հետ, որ հիւրերը զարմանալով հանդերձ, մտածեցին թէ լուացարարուհիին աղջիկը սպասուհիի մը ըլլալէ շատ հեռու՝ ամիրային գերդաստանին մէկ անդամին հանգամանքը ստացած էր։ Թերեւս, ըսին, տիկին Մարկոսեան աղջիկը չունենալով՝ իբրեւ այն նկատել ուզած էր Սոֆին։ Դուրսը, մակոյկով պտոյտներու ատեն, Ոսկեղջիւրի վրայ, հանըմը եւ Սոֆին պատուոյ տեղը կը բազմէին քով քովի, մինչ տոքթորը մէկ կողմ կը նստէր իբրեւ կնամեծար քավալիէ, երկու կիներուն նկատմամբ յարգանքի միեւնոյն վերաբերումով։ Այս ցոյցերը շուտով ծառայեցին այն նպատակին, որուն կը հետամտէր Արշակ։ Ա՛լ հանրութիւնը ստիպուեցաւ ընդունիլ որ լուացարար Կիւլիւկին աղջիկը սպասուհի մը չէր ամիրային սանը մէջ։ Ընդհակառակը, իր դիրքը այնքան պատուաւոր էր հոն որ ենթադրողներ իսկ եղան թէ տոքթորը Սոֆին պիտի առնէր. բայց այս ենթադրութիւնը շուտով ջրուեցաւ, երբ ի նկատի առնուեցաւ ամիրային թոռան բարձրաթռիչ ու ամբարահաւաճ նկարագիրը, որ երբեք թոյլ պիտի չտար իրեն հասարակ եւ աղքատ աղջկան մը հետ կապ հաստատել։

Բայց եթէ, ըսին, տոքթորն ալ չառնէ, զէնկին մարդու մը կրնա՛ն տալ եա։

Բախտաւոր աղջիկ է եղեր,, լմնցա՜ւ, յայտարարեցին ուրիշներ մէկ խօսքով։

Բերայէն մասնաւոր մօտիսդ երկու օրիորդին նոր պարեգօտներու պատրաստութեանը համար։ Աղքատներու տուին անոր հին հանդերձները։ Մէկ քանին պառաւ խոհարարուհին առաւ։ Այս իրարնցումին առջեւ, աղջկանը այս յառաջխաղացութեանը հանդէպ, Կիւլիւկ հանըմ որուն ընկերային մակարդակը որեւէ փոփոխութիւն չէր կրած— եւ ոչ իսկ իր ռամկական բարբառովը կարող կ՚ըլլար իր զգացածը բանաձեւել. մինակ կը դիտէր, լուռ հանդիսատես կ՚ըլլար, իրողութիւնը հաստատելով, եւ երբեմն սա պարզ բայց հոգեցունց բացագանչութիւնը երկինք նետելով.

Ողորմութեանդ մեռնի՜մ, է՛յնաւոր տէր։

Իր նոր ու պերճ արդուազարդերուն մէջ՝ Սոֆի կրցաւ իր նրբուղէշ գեղեցկութիւնը արժեցնել։ Քանի մը ամսուան հանգստաւէտ կենցաղը իսկոյն ազդած էր անոր ֆիզիքականին վրայ. այտերը թաւշոտ գեցունութիւն մը առած էին, ուսերուն ցցուածութիւնը մեղմացած էր եւ քալուածքին մէջ աւելի ժիր, աշխոյժ ու կենդանի բան մը կար։ Դէմքին տխրութեան հիմը, աչուըներուն տրտմական սեւեռումը, իր դիւրաբեկ անձնիքին թողած որբի, լքուածի տպաւորութիւնը մեծապէս փոխուած, բարեփոխուած էին։ Իր փայփայած իտէալներուն այդքան մօտիկ զգալով ինքզինքը, հոգեկան անդորրում մը ունեցաւ, որ կը շեշտուէր՝ այդ իտէալներուն ամբողջովին կարենալ տիրանալու հեշտաւէտ ինքնավստահութենէն։ Սոֆի, աղքատութեան մէջ, իր համեստ աղջկան անշուք ու անհրապոյր յարդարումին մէջ աւելի՛ բարի էր, աւելի՛ շնորհալի, աւելի՛ առաքինի։ՀԻմակ քիչ մը հպարտ եղաւ, բաւական եսասէր, չափէն աւելի պերճամոլ։ Մայրը, զոր առաջ այնքան կը սիրէր, ա՛լ առաջուան խանդաղատանքը չէր ներշնչեր իրեն։ Ամիրային հանգստաւէտ եւ հոյակապ սրահներուն մէջ բազմած պահուն չէր մտաբերեր ամենեւին որ իր մայրը, իր ահագին մարմինովը, կը շարունակէր տատիլ խոհանոցի մը կամ լուացարանի մը սպառող մթնոլորտին մէջ։ Ընդհակառակը, ասյ պարագան սկսաւ շատ բնական բան մը թուիլ իրեն, նոյնիսկ սեղանին վրայ մօրը կողմէն սպասարկուիլը իրեն համար որեւէ տգեղութիւն չնկատուեցաւ։ Երիտասարդը շիտակ եւ ճիշդ հաշուած էր՝ նիստուկացի այդ անակնկալ եւ ցնցող փոփոխութեան հետ մէկտեղ աղջկան նկարագրին կրելիք բարոյական փոփոխութիւնները։ Դասախօսութեան պատրուակին տակ՝ աշխատանոցին մէջ գլուխ գլխի իրենց տեսակցութիւններուն մէջ, տոքթորը՝ պերճ, խօլ, հաճոյալի կեանքին դրուատիքը կը հիւսէր անանկ փայլուն եւ հրապուրիչ գծերու տակ որ մանկամարդ աղջիկը, երեւակայութիւնը գրգռուած ու վառուած, հեշտախտօրէն այդ նկարագրութիւններուն մէջ կը թաղուէր, կը մխրճուէր ու կ՚ապրէր զանոնք։ Ա՛լ հիմակ կեանքը նոր արշալոյսով մը կը ներկայանար իր շլացած աչուըներուն։ Կապոյտ ու ծիրանի կը տեսնար։ Իր նայուածքին առջեւ թանձր քող մը  կար որ թող չէր տար որոշելու օրեն այն ապականութեան եւ կորուստի վիհը ուր կը քշուէր, կը տարուէր խեղճ աղջիկը կամաւորապէս, ինքնամտոյց ծառայումով մը։

Կեանքը ապրի՜լ պէտք է, օրիորդ, կ՚աղաղակէր Արշակ խուցին մէջ պտտելով։ Վայելքի ամենէն գեղեցիկ բանն է որուն մարդ կարենայ տալ ինքզինքը։ Ամբոխէն վեր մնալու է։ Անոր քսուելէն աւելի տգեղ ու վնասակար բան չկայ։ Քու ետեւէդ անոր փառաբանական աղաղակները լսելու ես միայն, առանց իսկ զայն տեսնելուլ Վայելքը՝ այդ աղմուկէն , այդ իրարանցումէն դուրս է. խաղաղ, հեռաւոր ազնուական մայրեր, որպէս զի կարենաս ամենէն ազնիւ տպաւորութիւնները կրել. ամենէն առողջ մտածումները մտածել։ Դուք մինչեւ հիմա ի՞նչպէս ապրած էիք, օրիորդ, երբեք խորհա՞ծ էիք թէ ձերինէն տարբեր եղանակով մը պէտք է ապրիլ, ապա թէ ոչ չ՚արժեր ապրիլ։ Ո՛չ, անշուշտ. բայց հիմա կը մտածէք, կը զգաք զանիկա։ Եւ դուք արժանի էիք կեանքի այս փոփոխութեան եւ անոր հետեւանքներուն, որոնցմէ շատը դեռ ձեզի համար անծանօթ բաներ են, բայց որոնց վերջապէս պիտի ծանօթանաք… եւ իմ միջոցաւս…

Յետոյ ընդհատելով, խոհուն, մտածկոտ երեւոյթով մը կանգ կ՚առնէր՝ ակնարկը տարտամ եւ անորոշ, հեռաւորութիւններու վրայ իբր թէ թափառկոտ… ու վերսկսելով, աւելի մօտենալով աղջկան եւ անոր մէկ ձոռքը բռնելով, մտերմական ու մեղմ թոնով մը.

Սոֆի, առաջին վայրկեանէն որ քազ տեսայ, անդիմադրելի համակրութիւն մը զգացի… վիճակդ գութս շարժեց. ուզեցի որ փոխուի ան… ու փոխուեցաւ, եւ դեռ շատ պիտի փոխուի… միայն թէ, միայն թէ…

Աղջիկը, որուն հոգին կը սարսռար այս սրտապատառ տեսարաններուն առջեւ, չէր գիտեր ի՛նչ պատասխանէր ամիրայի մը թոռան այդ թգալից եւ համակրալից արտայայտութիւններուն, ու իր անուշ մելամաղձոտ նայուածքո՛վը աւելի կը խօսէր քան վարդ շրթներովը։

Անշուշտ սիրոյ բացարձակ յայտարաութիւնը չէր ասիկա. բայց այսքանն իսկ բաւական էր, որպէս զի Սոֆի, հրճուանքէն խելայեղ, սրտատրոփ, քանի մը օր ատոր գինովութեան տակը ապրէր՝ ենթադրութիւններու տատանումէն ալեկոծ, երիտասարդին մերթ շա՛տ պայմանադրական, գրեթէ պաշտօնական կեցուածքին առջեւ բոլորովին վարանոտ։ Իր մատղաշ ու անփորձ մտքին մէջ կ՚ուզէր իրարու հետ հաշտեցնել տոքթորին վարմունքներուն հակասութիւնը։ Հիմակուընէ իսկ՝ սիրոյ անվերապահ ու անկեղծ յայտնութեան անուշութիւնը չխմած, անոր տառապանքի եւ դառնութեան բաժինը կը սկսէր ապրիլ։ Երիտասարդին սողոսկող, պատիպատ, մերթ քծնող, դիւրահաղորդ, մերթ պաղ, գրեթէ խոժոռ վարմունքը, իր մտքի, երեւակայութեան խոյանքներուն մէջ յեղակարծ կասումներ կը պատճառէր, որոնք ուժգնօրէն կը ցնցէին զինքը, տխրութեան, յուսահատութեան տագնապներու կը մատնէին։ Հակազդեցութեամբ մը, այդ տագնապներուն հանդարտութենէն յետոյ, իր մէջ կը զգար սիրոյ հրդեհին արծարծուիլը, անոր կապանքներուն մէջ աւելի՛ եւ աւելի կաշկանդուիլը։ Կը սիրէր այդ տարօրինակ մարդը, անոր խենթ բայց վսեմ շարժումները, անոր յայտնած անսովոր, ծայրայեղ, գայթակղեցուցիչ գաղափարները, որոնք այնքան խորունկ տպաւորութիւն մը կը ձգէին իր վրայ, անոր յանկարծական պայթումները՝ շանթարձակ նայուածքոներով, գլխի հերաձակ տատանումներով, անոր խօսուածքը, անոր ժպիտը, անոր վրայ ամէն բան։

Անոր ընկերակցութեամբւ անցուցած վայրկեանները երջանկութեան եւ յուզմունքի վայրկեաններ էին։ Ամէն օր, գրեթէ ամէն ժամ վերջապէս կ՚ուզէր անոր սիրոյն մերկապարանոց ու աղմկալի յայտնութիւնը, որ չէր գար սակայն, հեռուէ՛ն միայն երեւնալով, պտտելով, յամենալով։ Ասիկա կը չարչարէր զինքը, այս անհասկնալի ու երկարատեւ յետաձգումը կը սեղմէր իր հոգին, ու լացի տագնապներու կը մղէր, իր սենեակին մէջ, առանձին, պատուհանին առջեւ կանգնած։ Երբեմն, երիտասարդը, խանդավառ, խելացնոր, գինով, աղջկան ձեռքը բռնած՝ կը կենար մէկէնիմէկ, դէմքի արտայայտութեան յեղակարծ փոփոխմամբ, նայուածքի խոժոռումով, լուռ, ահաւոր։ Ու կը ձգէր կը հեռանար անխօսուկ եւ մտածկոտ, կարծես զղջալով իր տկարութեանը վրայ։ Այս տեսարանները, կրկնուելով յաճախակի, տեսակ մը ջղային դրութիւն ստեղծեցին աղջկան վրայ։ Հասաւ վայրկեան մը ուր ան տիրականօրէն, անդիմադրելիօրէն բաղձաց վախճան մը դնել անորոշ ու հատցնող, սպառող կացութեան մը, որ ա՛լ չէր կրնար երկարիլ. իրենց սէրը չէր կրնար այդ տարտամ գիծերուն տակ տեւել։ Գերբնական ճիգերով միայն կը յաջողէր զսպել իր զեցումները, չմատնուիլ բոլորովին, չտկարանալ, չհեծնել իր էութիւնը մրրկող զգացումը։ Ու երիտասարդին անգթօրէն, անողոք երկայնամտութեամբ սպասած, կանչած րոպէն եկաւ։ Սոֆի, ջղայնոտ, տկարացաւ, ինկաւ իր առջեւը, իր սէրը հեծեց, լացաւ, ողբաց։

Արշակ, այդ սրտաշարժ եւ աղուոր տեսարանը իր հոգիին ապականութեամբը աղէկ մը ըմբոշխնելէ յետոյ, խմելէ, ծծելէ յետոյ այն անբացատրելի հաճթյքը զոր՝ երկար ատեն հեւիհեւ նպատակի մը ետեւէն վազող մը միայն կ՚ունենայ, երբ վերջապէս կը հասնի անոր, վիպականօրէն ասպետական եւ շքեղ եղաւ։ Կիսանուաղ եւ լալահառաչ աղջիկը գրկելով՝ թաւիշէ աթոռի մը վրայ դրաւ, համբոյրներովը խմելով անոր արցունքները, ազնիւ եւ սրտապնդիչ բառեր մրմնջելով անոր ականջին, ու ծնրադրելով անոր առջեւ։

Այդ օրէն, յարաբերութիւններու եղանակը բոլորովին փոխուեցաւ։ Սոֆի, անվերապահօրէն, մերկացած կուսական ամօթխածութենէն, որ իր չքնաղ դէմքին հրապոյրն էր, երիտասարդին հետ իր վերաբերմունքին մէջ ա՛լ չափ ու ակնածանք չդրաւ։ Մաման, որուն ցնդածութիւնը երթալով երկիւղալի ծաւալներ կը ստանար, իր զաւկին ու այդ աղջկան միջեւ հաստատուած քիչ մը արտասովոր եւ գայթակղեցուցիչ մտերմութեան մէջ բնաւ անպատեհութիւն մը չտեսաւ։ Ընդհակառակը, կարծես թէ Սոֆի, որուն ընկերային աստիճանը գրեթէ այլեւս մոռցած էր ինք, շատ բնական բան մըն էր որ այդքան մտերմօրէն, սերտօրէն կապուէր իր զաւկին հետ, մանաւանդ քանի որ այդ վիճակը սիրայօժար կերպով ընդունուած էր իր զաւկին կողմէ, որ այդ պայմաններուն մէջ, ճարպիկութիւնը կ՚ունենար իր մամային շուրջը հոգածութեան, գուրգուրանքի, խանդաղատանքի անանցանելի պատնէշը լայնացնելու, անոր մէջ առանձնացնելու զայն բոլորովին։

Օրուան մեծագոյն մասը, մանկամարդ աղջիկը բժիշկին յարկաբաժինն էր, ուսկից անոնք միասին դուրս կ՚ելլային՝ մամային երթալու կամ ճաշի իջնալու համար։ Այլեւս, ամէն մարդ, տոքթորին դիմելու, անոր հետ յարաբերութեան մտնելու համար, պարտաւոր եղաւ նախ եւ առաջ Սոֆին տեսնելու եւ անկէց արտօնուելու։ Ցանցառ հիւանդներ, որ անխելքութիւնը կ՚ունենային դեռ անոր դիմելու, երբեմն կը ստիպուէին ժամերով սպասել նրբանցքին մէջ, երկար բազկաթոռի մը վրայ, մինչեւ որ Սոֆի դուրս ելլալով տոքթորին սենեակէն՝ արտօնէր խեղճ հիւանդը ներս մտնելու։

Կիւլիւկ հանըմ, թէեւ ամիրային ապարանքին ստորին յարկերուն մէջ կ՚անցնէր իր ժամանակին մեծ մասը, վերջ ի վերջոյ նշմարեց կացութիւնը։ Նշմարեց իր սիրական աղջկան վրայ առաջ եկած փոփոխութիւնը, ֆիզիքապէս եւ բարոյապէս. տեսաւ, ու սրտի ի՜նչ դառնութեամբ, անտարբերութիւնը, որ յաջորդած էր այն գորովալից գուրգուրանքին, զոր աղջիկը ունէր իր մօրը համար, առաջ, վերի խոնարհ խրճիթին մէջ։ Այդ պերճ ու հոյակապ ապարանքը աղէտաւոր ազդեցութիւն ունեցած էր աղջկան վրայ։ Որքան որ ալ ներքին հպարտութիւն մը զգար իր զաւկին այդ բարձրացմանը համար, ու իր մայրական սնափառութիւնը գգուուէր ատկէ, յամառ եւ խորհրդապահ բնազդ մը՝— հակառակ որ ինք զայն վանել, հեռացնել ուզէր— այդ բարձրացումին ամբողջ ունայնութիւնը ու աղէտաւորութիւնը կը փսփսար իր ականջին։ Քիչ քիչ այնպէս մը եղաւ որ այդ խեղճ մօր իր աղջկան հետ գլուխ գլխի, մտերմօրէն տեսնուելու առիթները բոլորովին ջնջուեցան։ Սոֆի, որ մօրը ննջասենեակին կից ունէր իր խուցը, փոխադրուեցաւ վերի յարկը, տիկինին յարկաբաժինը, ուր երկու սենեակներ, մէկը քնանալու, միւսը արդուազարդի, իրեն յատկացուեցան։ Առտուները տիկինին արթննալուն կը սպասէր, անոր հետ ճաշելու համար. ցորեկին եւ իրիկուան՝ նոյնպէս. մնացած ատենները տոքթորին եւ մամային մէջ կը բաժնէր ինքզինքը։ Շատ հեղ, Կիւլիւկ հանըմ սեղանին վրայ միայն կը տեսնէր աղջկան երեսը, անոր ծառայելու համար պարզ սպասուհիի մը պէս։ Գաղսնի հառաչանքներ կը խեղդէին հէք կնոջ լայնախարիսխ կուրծքը, նայուածքներուն մէջ ցաւով խառն պաղատանքներ կը ցոլային, երբ աղջիկը դիպուածով իրեն նայէր։ Զանիկա սիրելու, գգուելու, գրկին մէջ սեղմելու հաճոյքէն, միակ հաճոյքը զոր ունեցած էր, ա՛լ բոլորովին զրկուեցաւ։ Բայց իր այս կսկիծը ոչ մէկուն հաղորդեց, անով էրուեցաւ, տոչորուեցաւ։

Աղջիկը մոլորեցնելու միջոցներուն մէջ, երիտասարդը չափ չդրաւ։ Իր խուցին մէջ անոր հետ իր ապրած հեշտալի րոպէներուն, փոքր արաբական աստիճանադարակի մը վրայէն կ՚ելլար, շիշ մը ըմպելիք կ՚առնէր եւ իրարու ետեւէ քանի մը գաւաթ կը խմէր. յետոյ Սոֆիին կ՚երկնցունէր գաւաթ մը, զոր անիկա յօժարափոյթ իր շրթներուն կը տանէր՝ ըմպելով հեշտաւէտ խմիչքը եւ անոր պարգեւած զուարթութենէն ոգեւորուելով, աչուըներ ցանկութեան ճառագայթներով լեցուն, այտերը վառ եւ շրթները ըղձատռիփ կծկումներով բացխփիկ։ Անզգալիօրէն, մանկամարդ աղջիկը կը գինովնար, կը տարուէր, կը վերանար. եւ այս տեսակ գինովութեան օր մըն էր որ ան, յափշտակուած, խելակորոյս, երիտասարդին պաղարիւն գգուշաւորութենէն գրգռուած, ինկաւ անոր գիրկը, հեծհեծալով, լալով, անձնատուր ըլլալով այդ ապականութեան, որ խմեց, ծծեց մաքուր ու անապակ այդ էութիւնը, անոր երակներուն կոյս արիւնին մէջ դունջը մխրճելով, իր ժահրը, թոյնը ներարկելով անոր։

Ա՛լ անկէց ետքը, Սոֆի այդ տղուն կիրքերուն եւ ահարկու քմահաճոյքներուն գերին եղաւ։ Իրենց յարաբերութիւններուն մէջ սանձ չդրին, այդ ապօրէն եւ մեղաւոր կենակցութեան համար, քօղարկում եւ զգուշութիւն, աւելորդ շարժումներ թուեցան իրենց։ Աղջիկը իւրացուած, տիրապետուած, թովուած, ամիրային թոռան խենթութեան ոլորտին մէջ դարձաւ՝ խելակորոյս թիթեռնիկի մը յուսահատ թեւածումներովը։ Թեւ թեւի, անոնք պտոյտներու ելան, Պոլսոյ էն ազնուապետական վայրերուն մէջ երեւցան։ Աղջկան զմայլելի ու չքնաղ շարժուձեւերը, անսգիւտ դիմագծութիւնը, գեղադիտակ ու արքենի հասակը ամենուն ուշադրութիւնը, սքանչացումը գրաւեցին։ Արշակի բարեկամները, որոնք սովորակապ պոռոտախօսութիւններ նկատած էին անոր շողիքոտ նկարագրութիւնները, ծանուցուած հիւրիի մասին, ափիբերան եղան, երբ առաջին անգամ տեսան այդ հոյակապ աղջիկը անոր թեւը, գլուբ գլխի։

Վրանիս իլիմո՛ն քամեց, կ՚ըսէր անոնցմէ մէկը անկեղծօրէն խոստովանելով իրենց ջախջախումը։

Ծօ ո՞ւկէ գտեր է, ո՞ւրկէ, կը հարցնէին միաբերան այդ կենցաղասէր  երիտասարդները, որոնց համար ատանկ էակի մը նուաճումը Վաթէրլօ մը շահելու չափ կարեւորութիւն ունէր։

Պռավօ՛, կեցցե՛ս, Արշակ, կը բացագանչէին ասդիէն անդիէն, երիտասարդին յաղթանակը պանծացնելով։

Արշակ, որ կը զգար շուրջը յարուցուած իրարանցումը, անտարբեր կը մնար, դիտմամբ հեռու կենալով իր մտերիմներէն, զանոնք բոլորովին կատղեցնելու համար։

Կեանքը, որուն վարագոյրդ մէկէն ի մէկ այդպէս բացուեր էր իր առջեւ, նորօրինակ էր ու ցնորեցուցիչ՝ Կիւլիւկ հանըմին աղջկան համար։

Ամօթխածութեան, համեստութեան, բարութեան շնորհքը, որով իր կոյս աղջիկը ճակատը լուսապսակուած էր, քիչ քիչ անհետացաւ՝ երբ ամիրային թոռան ապականարար մատուըները դպան անոր։ Իր առջեւ իր հէք մօրը նշանակալից ու աղեկէզ հառաչանքները, անոր յանդիմանանքով ու աղաչանքով լեցուած նայուածքները ոչ ազդեցին իր վրայ, ոչ իր գութը շարժեցին։ Ու երբ օր մը, հազուադէպ առիթէ մը օգտուելով, Կիւլիւկ հանըմ, աղջկանը հետ առանձին մնացած, սա հարցումը ուղղեց անոր՝ անբացատրելի շեշտով մը.

Սոֆի, ի՞նչ է աս էղածը, հալխը ի՞նչ կ՚ըսէ… աղջիկը, ամբարտաւան ու զայրացկէտ ծառացումով մօրը նայեցաւ քովնտի ու արհամարհական, ու հազիւ թէ բառ մը նետեց.

Ցնդա՜ծ։

Մաման ալ, իր թմրութեան եւ յափշտակութեան խորունկէն, կրցաւ պահ մը գլուխը վեր առնել՝ իր զաւկին ըսելու համար.

Արշակ, զաւակս, ի՞նչ է աս Սոֆիին հետ…

Երիտասարդը կամաց մը մօրը ականջին մօտեցաւ ու քստմնելի ժպիտով մը փսփսաց.

Մի՛ վախնար, մամա, կը զուարճանամ կոր…

Թադէոս աղան «աս տղուդ եուլարը քաշէ կտոր մը» ըսաւ անցած օր։

Բայց Թադէոս աղան չի՞ մտախեր կոր որ աւելի աղէկ է Սոֆիի մը հետ ժամանակ անցունել քան թէ բոզերո՛ւ հետ… հէ՞, մամա…

Մաման դարձաւ զաւկին աչուըներուն մէջ նայեցաւ, ու հասկցաւ.

Աղէկ, զաւակս, աղէկ, մինակ քիչ մը խոհեմութեամբ վարուէ։

Հ… գիւղին մէջ, Արշակի ու Սոֆիի այս սանձարձակ, անվերապահ ու մերկապարանոց կենակցութիւնը բողոքներու եւ յարձակումներու փոթորիկ մը պայթեցուց նորէն։ Երկար ատեն անոնք խօսակցութեան գլխաւոր նիւթը եղան ընտանեկան հաւաքոյթներու։ Այս առթիւ, բարոյականի պերճախօս քարոզիչներ երեւան ելան։ Մասնաւորապէս անոնցմէ, որոնց բարոյականը արդէն շատ կասկածելի ու շատ խախուտ հիմ մը ունէր։ Մեծ մասամը, մանաւանդ աղջիկներն ու կիները, նախանձէ շարժելով է որ գետնէ գետին կը զարնէին Սոֆին։ Անոր վարած փառաւոր կեանքը, անոր ակնախտիղ արդուզարդը, անոր գեղեցկութիւնը նախանձի նոպաներու կը մատնէին զանոնք։

Քա՜, հետը էյլէնմիշ կ՚ըլլայ կոր. վազը մէկալնօր կը տեսնաք, էրէսի վրայ պիտի ձգէ…

Չէ՛, չէ՛, կ՚առնէ, ան ի՛նչ վարպետ աղջիկ է քի… տղան ճանկը անցուցեր է կը խախցունէ կոր…

Ըլլալիք բան չէ. ամիրային աղջիկը չի ձգեր որ զաւակը ատ չամաշրճիին աղջիկը առնէ… դուն կիտե՞ս ի՜նչ ճատը է ան…

Հա՛, հա՛, էյլէնմիշ կ՚ըլլայ կոր հետը…

Երբեմն, Արշակ եւ Սոֆի քանի մը օր բացակայ կ՚ըլլային տունէն։ Բերա, օթէլի մը մէջ կ՚անցընէին ժամանակնին, կառքի պտոյտներ ընելով մինչեւ Շիշլի, մեծ գարեջրատուններու մէջ կանգ առնելով, գիշերները թատրոնները պտտելով, Քրիստալ, Քոնքորտիա եւայլն։ Առաջները քանի մը անգամ, տիկին Մարկոսեան այս բացակայութեանց համար բուռն կերպով յանդիմանեց տղան, որ, իր սովորութեանը համեմատ, գորովանօք մամային ճիտը պլլուելով ներում խնդրեց, յետոյ նորէն նոյն ընթացքը կրկնելու համար։ Նմանօրինակ քանի մը տեսարաններու կրկնութենէն ետքը, մամային համար սովորական թուեցան այլեւս այդ բացակայութիւններն ալ։ Ու ա՛լ չբողոքեց։ Մնաց որ, տարիքին հետ, մտաւորական ու ջղային թմրութիւն մը ամէն համք, ամէն կորով, ամէն խոյանք կը փճացնէր այդ կնոջ մէջ, որ այլեւս ինքիր վրայ ամփոփուած կ՚ապրէր, մոռնալով բոլոր իր երբեմնի ձգտումները, փառասիրութեան, անբարահաւաճութեան տագնապները, որոնք իր ամենօրեայ մղձաւաջներն էին, ու ա՛լ անգիտակցօրէն, անասնականօրէն, բնազդօրէն ապրելով կեանքը, իր գեղեցկօրէն կահաւորուած սենեակներուն խորհրդասքող թերաստուերին մէջ պտտցնելով իր ուրուային ու կմախքաձեւ սիլուէդը, տրտում, լուռ, մտախոհ։ Իր միակ բարեկամը, հաւատարիմ Մերկերեանը երբմն կուգար իր կեանքին միօրինակութիւնը խզելու, իրական կեանքին քաշելով զինքը, հին յիշատակներու պրպտումով իր հոգին ցնցելու, սիրտը փղձկեցնելու համար։

Սակայն, մեծ ծախսերը որոնց ենթարկուած էր հիմա ամիրայական պիւտճէն, շուտով վտանգեցին զայն, այն աստիճան որ տոքթորը երկար վարանումներէ յետոյ վերջապէս կալուածի մը ձեռքէ հանուելու անհրաժեշտութիւնը յայտնեց մամային։ Մաման նախ ըմբոստ շարժում մը ըրաւ, զաւկին կրկնակի պնդումներուն վրայ՝ անմիջապէս տեղի տալու եւ վաճառման ձեւակերպութիւններուն լուռ ու մունջ համակերպելու համար։ Մարկոս ամիրային մեծ հարստութեան յետին բեկորները փճանալու վտանգին մէջն էին։ Երեք հարիւր ոսկիի գումար մը անցաւ Արշակի ձեռքը։ Եղանակը ամառ ըլլալով, տոքթորը օդափոխութիւն մը անհրաժեշտ դատեց մասնաւորապէս մամային համար։ Մաման մերժեց հեռանալ իր հանդարտ անկիւնէն, բայց արգելք չեղաւ տոքթորին եւ Սոֆիին, որոնք ամիս մը գացին վերին Վոսփոր անցուցին, անխնայ դրամ մսխելով, բոլորովին վիպական պերճութեամբ մը շրջապատելով իրենց կենակցութիւնը, օդափոխութեան գացող հարուստ դասակարգին ուշադրութեան եւ խօսակցութեան առարկայ դառնալու աստիճան։

Աշնան սկիզբը. տոքթորը եւ մանկամարդ աղջիկը գիւղ դարձան։ Մաման պագաւ երկուքն ալ։ Սոֆիին մայրը լալով աղջկան ճիտը ինկաւ, երբ առանձին զիրար տեսան անոնք։ Սոֆի, յեղակարծ խղճահարութենէ մը ցնցուած, թողուց որ խեղճ կինը գգուէ, համբուրէ զինքը։ Հեկեկանքները անոր կուրծքը կը պատռէին, եւ ատեն ատեն դժնդակօրէն կ՚ըսէր. «ա՛խ, զաւա՜կս, զաւա՜կս, ասոր վերջը, ի՞նչ պիտի ըլլայ… հալխը ի՞նչ կ՚ըսէ…»

Սոֆի, սթափելով, ինքզինքը ազատեց մօրը դեռ կէնճ բազուկներէն, որոնք իր նիհար իրանը կը սեղմէին. «օ՛ֆ, նորէն ի՜նչ խենթ բաներ կ՚ըսես, մայրիկ…»։ Ու հեռացաւ գնաց։

Տոքթորը մակոյկ մը գնեց, իրիկունները պտոյտներ կատարելու համար Ոսկեղջիւրիվրայ։ Երբեմն մաման հետերնին կ՚առնէին։ Շատ հեղ, անոնք մինչեւ Քէհատհանէի խորերը կ՚երթային եւ լուսերը վառելէն շատ ետքը տուն կը դառնային, թեւ թեւի։

Աշնան վերջալոյսի հանդարտ ու աղուոր իրիկուն մը, տոքթորը եւ Սոֆի մակոյկէն ելան՝ Քարա Աղաճի ափունքին վրայ պտտելու։ Մարդ չկար։ Դիմացի եզերքին վրայ, մենաւոր ապարանքեր, գոց վանդակափեղկերով, կռնակնին լերան տուած, կը կենային, մթնշաղի երկար ու գորշ ստուերներուն մէջ թիրոլեան գիւղանկար—պատկերի մը մտերիմ երեւոյթովը։

Ծովային բադերը կարմիր խօլ ոլորտներով կը սաւառնէին մանր ալիքներուն վրայ, կառաչներ արձակելով։ ՀԵռուն աղիւսի գործարաններուն հնոցները մուխի հոծ ու մութ գարգմանակներ կը ձգտէին երկարել օդին մէջ։ Զոյգը կը պտտէր, ազդուած բնութեան խորհուրդէ, դիտելով բոլորի համայնապատկերը, այնքան այլազան որքան խորհրդաւոր։ Եզերքին շատ մօտէն կը քալէին։ Երիտասարդը երբեմն կը ծռէր, քար մը կ՚առնէր եւ հորիզոնական նետուածքով մը չորս հինգ ալիքի կատար մէկ անգամէն կը ծակէր։ Սոֆի, «պռաւօ՛» մը կը շշնջար, ինքն ալ փորձելով ու չյաջողելով։ Պահ մը հասած էին դարափին վրայ տեղ մը, ուր եզերքին հողը կամաց կամաց փլիչելով գրեթէ խոռոչ մը ձեւացուած էր։ Ծռելով միայն կարելի էր այդ խոռոչին ներքին մասը տեսնել, ալիքներուն բախումը հետզհետէ խորունկցուցած ըլլալով զայն։ Յանկարծ ստուեր մը ելաւ այդ փոսէն ու եզերքին վրայ ցցուեցաւ։ Այդ անակնկալ երեւոյթին ի տես, երիտասարդը եւ աղջիկը խրտչեցան։ Ցնցոտիներով ծածկուած երիտասարդ մըն էր, գլուխը բաց, խռուացած մազերով, որոնք մինչեւ աչուըները կ՚իյնային։ Ոտքը բոպիկ էր։ Նողկալի եւ արգահատելի բան էր։ Շրջագայողները դեռ երկու քայլ հեռու էին իրմէ, ու իր առջեւէն պիտի անցնէին. սպասեց ու նայեցաւ, պիշ ու ահարկու նայուածքով. Սոֆի մեռելի գոյն առաւ. տոքթորը դողաց, առանց գիտնալու թէ ինչո՛ւ։ Սոֆի մեքենական շարժմամբ մը, բռնեց երիտասարդին թեւը «ո՛հ, ո՛հ» մը ընելով։ Անցան։ Մարդը չշարժեցաւ տեղէն, բայց զոյգին հետեւեցաւ պիշ ու ահարկու նայուածքովը։

Մակոյկ նստինք, մակո՛յկ, մրմնջեց աղջիկը պաղատագին ու սարսափահար ձայնով մը։

Բայց ո՞վ էր այս մարդը, հարցուց տոքթորը ետին դառնալով եւ մարդուն նայելով, որուն յիմար ու կատաղի սեւեռումը նորէն դողացուց զինքը. ի՞նչ գէշ նայուածք է. ո՞վ էր, ճանչղա՞ր, Սոֆի։

Չէ, չէ, չճանչցայ… բայց երթանք, մակոյկ երթանք, կ՚աղաչեմ։

Արդէն մակոյկին հասած էին. մէջը նետուեցան ու ճամբայ ելան։ Սոֆի, դեռ տժգոյն եւ դողահար, ետին դարձաւ եզերքին ուրուականը նայելու։ Ան դեռ հոն էր, խռուահեր գլուխովը, խենթ ու սարսափելի նայուածքովը, անշարժ եւ սպառնալից։

Համբի՜կ, մրմնջեց աղջկը ակռաներուն մէջէն։ Ո՛հ, ի՜նչ եղեր է, Աստուա՜ծ իմ։

Եւ մակոյկը՝ մթնշաղի ա՛լ բոլորվին գորշացած ստուերներուն մէջէն սահեցաւ գնաց, մինչ դարատափին վրայ, տեսիլքը կը մնար անշարժ, իր ահաւոր աչքերուն շանթովը կարծես մինչեւ ետքը հարուածելու երկու սիրահարները…