Յիշատակներ հայկական ճգնաժամէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ. ԲԱ՞ՆՏ ԹԷ ԴԺՈԽՔ

Շոգենաւը հետզհետէ նաւահանգիստին մօտենալով կը դիտէի որ խռնուած երկսեռ բազմութեան մէջ իրարանցում մը տեղի կ’ունենար, մանաւանդ որ աչքերը շոգենաւնուս վրայ յառած էին։ Վերջապէս շոգենաւը խարսխեց։ Հարիւրապետը 12 բանտարկեալները մակոյկի մը մէջ լեցնելով քանի մը ոստիկաններով նաւահանգիստ ղրկեց։ Բազմութեան ուշադրութիւնը այլ եւ դարձաւ մակոյկին վրայ, իսկ երբ պաշտօնեաները տեսան թէ դեռ շոգենաւին մէջն եմ, դարձեալ աչքերն դէպ ի շոգենաւ դարձան. վերջապէս մակոյկով մը հարիւրապետը զիս առնելով դուրս հանեց։

Քանի որ Նաթուրեան ալ բարձրահասակ եւ սրածայր մօրուք ունէր, ոստիկանաց յիսնապետն եւ գօմիսէրը հարիւարպետին հարցուցին թէ. ո՞րն է Ճանկիւլեանը։ Այն ատեն տեսայ որ ամբողջ ժողովուրդին աչքերը իմ վրայ յառած էին։ Թափոր կազմուեցաւ, եօթը զոյգ բանտարկեալներս ոստիկաններէն շրջապատուած պարսպադռնէն ներս մտանք։ Աքեայի փողոցնեը շատ նեղ էին, ամէն ոք կ’ուզէր զիս մօտէն տեսնել ու դիտել։ Գօմիսէրը կ’սպառնար որ ճամբայ բանան. փողոցը նեղ բազմութիւնը շատ. գօմիսէրը ստիպուեցաւ ժողովուրդն անխնայ կերպով մտրակել, ինչ որ ինծի շատ գէշ կ’ազդէր, մանաւանդ որ գօմիսէրը կը մտրակէր առանց աջ ու ձախ նայելու. ճամբան երկու անգամ կանգ առած հազիւ թէ կառավարական պաշտօնատունը մտանք, որու ընդարձակ բակը եւ վարի վերի յարկի պատուհանները բազմութեամբ լեցուած էր։ Ժողովուրդի այդ հետաքրքիր նայուածքին պահ մը ինքզինքս զուարթ ու անտարբեր ձեւացուցի, բայց չգիտեմ թէ այդ նայուածքներէն ինչո՞ւ ազդուեցայ եւ քրտինքի մէջ ողողուեցայ։

Զիս հազարապետին ներկայութեան տարին. իր քովը քանիներ նստած էին. ինչպէս կ’երեւէր իրենց հետաքրքրութեան պատճառաւ հոն նստած էին։ Հազարապետը ձեռքն ունեցած երեք հեռագիրները աչքէ անցուց. անոնցմէ մէկը իր քով նստողին տուաւ. կարդալէն վերջ զարմացական շարժումներ տեսնուեցան իր դէմքին վրայ։

Հազարապետն արդէն հասկցած էր թէ ես եմ Ճանկիւլեանը։ Երեք հեռագիրներ ձեռքը բռնած ոտքի ելաւ ու քովերնիս եկաւ կրկին ստուգելու թէ՝ ե՞ս եմ Ճանկիւլեանը (Նաթուրեան միջամտելով ըսաւ թէ, այո՛. ինքն է Ճանկիւլեանը)։ Հազարապետը զինքը կշտամբեց ձեռքի երեք հեռագիրներն ինձ ցոյց տալով ըսաւ.

Էֆէնտի՛, ասոնք ամենքը ձեզի համար եկած են։

Չը գիտեմ թերեւս այնպէս ըլլայ։

Հրամայեց ոտքերուս շղթան քակել. երկաթագործը որ բակին մէջ իր գործիքներով կ’սպասէր ամենէն առաջ իմ ոտքիս օղակն ուզեց քակել, ձեռքովը շօշափեց եւ գլուխը շարժելով արաբերէն քանի մը խօսքեր մրմռաց. դարձաւ դէպի Նաթուրեանի ոտքի օղակին։ Նաթուրեանը գետին պառկեցուց, քանի մը մուրճի հարուածով քակեց շղթայի օղակն։ Երկաթագործն հազիւ 20 տարեկան երիտասարդ մ’էր. իր ձեռքի շարժումէն եւ խօսքի ձեւերէն այնպէս կ’երեւէր որ ինք չպիտի կարենար շղթան քակել. դիտմամբ Պոլիս այդ տեսակ օղակ մը եւ գամ զարկած էին։ Վերջապէս ստիպեցին եւ երկաթագործը զիս գետին պառկեցուց, 20 վայրկեանի չափ մուրճի հարուածներ տալով աշխատեցաւ, չնայելով որ երբեմն այդ մուրճի հարուածները շեղելով ի՛նչ սոսկալի ցաւ կ’զգայի շղթային երկաթէ օղակը սրունքիս ոսկորներուն դպչելով. պառկած վիճակիս մէջ աչքերս բոլորտիքս եւ վերի յարկը խռնուած բազմութեան վրայ կը դարձունէի. շատերը երբ մուրճի հարուածի շեղիլն կը տեսնէին դէմքերնին կը թթուեցնէին եւ կը ծամածռէին. աչքիս հանդիպեցաւ 18-20 տարեկան երիտասարդ մը, որ աչքերն դէպ ինձ յառած թաշկինակով արտասուքը կը սրբէր. բնական էր որ այդ երիտասարդին արտասուելն ուշադրութիւնս պիտի գրաւէր եւ ես չպիտի մոռնայի անոր լալը։

Վերջապէս չկրցաւ քակել եւ զիս այդ դրութեան մէջ նորէն հազարապետին տարին, որ ինծի ըսաւ.

Աղա պէյ, այս երկաթագործը դեռ նոր վարժուած չըրագ մ’է, արդէն մէկ երկաթագործ կայ քաղաքին մէջ. միւսները բացակայ են, ասոր վարպետը վաղը պիտի գայ. երկաթդ վաղը կը հանենք չը՞լլար։

Ատիկա ձեր գիտնալիք գործն է, ես ի՞նչ ըսեմ։

Դարձաւ յիսնապետին «տարէք» ըսաւ։

Ժողովուրդին մեծ մասը դեռ կ’սպասէր անշուշտ գիտնալով թէ անպատճառ զիս բանտ պիտի տանին։

Ճանբայ պիտի ելլէինք. պէտք էր շղթան տանիլ. բայց խորհեցայ որ 30 օխայէն աւելի շղթայ մը մէկ ձեռքով տանիլ անկարելի է։

Ժամը 11ն էր. այդ ծանր շղթայի մէկ մասը ուսիս վրայ դիզելով եւ մնացեալ մասը ձեռքս առնելով, 7-8 հրացանակիր ոստիկաննեպով շրջապատուած եւ թուրքերէն գիտցող յիսնապետի մը եւ գօմիսէրի մը հետ զիս դէպ ի բանտ կը տանէին։ Ճանբան նորէն բազմութիւնը կը հետեւէր մեզի։

Ճանբան գլխարկով մէկը դէմերնիս ելաւ, զարմացմամբ ինծի նայեցաւ եւ գօմիսէրն ու յիսնապետը յարգանօք իր բարեւն առնելնէն վերջ յիսնապետը ինծի ըսաւ. ասիկա Ռուսական հիւպատոսն է։

Փոքրիկ դռնակէ մը բակի մը մէջ մտանք. յիսնապետ մը բակի մէջտեղ նստած էր եւ բոլորտիքը շարուած էին քանի մը ոստիկան զինուորներ. յիսնապետը եւ գօմիսէրը զիս նստող բանտին տնօրէն յիսնապետին յանձնեցին եւ մեկնեցան։ Վրաս խուզարկելէն վերջ ոստիկանները զիս առաջնորդեցին եւ ես իրենց հետեւեցայ. փոքրիկ սրահ մը մտանք, սրահին մէջ գտնուած երեք դուռներէն մէկ դռնակը (գուզու գաբուսը) բանալով զիս ներս մտցուցին։ Ներսը սոսկալի մութ էր, երկու ձայներ հասաւ ականջիս. «հրամայեցէք Յարութիւն աղա, հրամայեցէք Յարութիւն էֆ[էնտի]»։ Անշուշտ Հայ էին, բայց ես իրենց դէմքերը չէի տեսներ. թեւս մտնելով վերը անկողնոյ մը քով նստեցուցին զիս. ակնարկ մը նետեցի իսկոյն սենեակին մէջ եւ սենեակին առաստաղը, չկրցայ սրտիս պոռթկումին դիմադրել, լռելեայն ըսի. «Այս բա՞նտ է թէ դժոխք»։ Է՜հ, ո՜վ քանի տարի այս դժոխքին մէջ տանջուելէն վերջը պիտի մեռնիմ. իրաւ է որ մահուան պատիժի գործադրութիւնը աւելի լաւ էր քան թէ Աքեա ղրկուիլս։ Հայ բանտարկեալները Արմենակ, Նշան, Գէորգ եւ Մինաս էին, որոնք մահուան եւ 15 տարուան դատապարտուած էին՝ սովորական յանցանքներով։ Մօտաւորապէս 200է աւելի բանտարկեալներ կային որոնք Արաբ, Թուրք, Կաթոլիկ, Յոյն, Պուլկար, Առնաւուտ, չէրքէզ եւ գնչու էին։ Բանտին յատակը գետնէն վեց սանդխտամատ ցած էր. յատակն հող ու ցեխ էր. բանտին սենեակները պատուհան չունէին, այլ միայն առաստաղէն 1-2 փոքրիկ լուսամուտները։ Ճէմիշները սենեակներուն մէջ էին, ինչպէս նաեւ լուացուելիք ջուրի փոքրիկ ծորակներ։ Ամէն բանտարկեալներն ալ շղթայակիր էին։ Բանտարկեալներն առ հասարակ գերեզմանին մօտեցած դալկահար դէմքեր ունէին. հիւանդանոց չկար. Սենեակներուն մէջ գարշահոտութիւնը սոսկալի էր, խոնաւութիւնը վերջին աստիճան։ Ահա այդ երեք սենեակներէն միոյն մէջ էր որ իմ շղթայակիր պատիժս պիտի կրէի, ո՛վ գիտէ քանի՞ տարի։ Մլուկը, ոջիլն եւ լուն այնչափ շատ էին որ հազիւ կրցայ քանի մը ժամ քնանալ։

* * *

Բակին մէջ աթոռներուն վրայ նստած էին զինուորական հրամանատարը, ընդհ. դատախազը եւ հազարապետը, որ դարձաւ դէպ ի ինձ եւ ըսաւ.

Արթին էֆէնտի հոս Աքեա է. բանտին վրայ զօրանոց է եւ թնթանօթներ շարուած են. հոս Պոլիս չէ. անշուշտ լսած ես որ կ’ըսեն «այս դուռնէն ներս մտնողը կատու է, իսկ դուրս ելլողը առիւծ» [1] ։ Ուստի Պոլիսը մոռնալու ես. ըրած գործդ գիտե՞ս եա՛ պէտք է հոս խելօք կենաս։

Իմ ըրածներս կամ յանցաւոր ըլլալս միայն Աստուած եւ ես գիտեմ. խելօք եւ հանդարտ կենալ ու չմնալ ինձ կը վերաբերի. ինչ որ ընելու ըլլամ ինծի ըրած կ’ըլլամ, ոչ ոքի ըրած չեմ ըլլար, ըսի։

Հազարապետը նորէն կ’ուզէր խօսիլ, իսկ հրամանատարն ոտքի ելաւ եւ հազարապետին խօսքը ընդհատելով ըսաւ.

Այլեւս բան մը ըսելու պէտք չկայ, որովհետեւ ինքն ըսաւ թէ միայն Աստուած գիտէ, «էօյլէ եա՞», եթէ հանարտ մնայ զինքը հանգիստ պիտի թողունք. իսկ եթէ հանդարտ չկենայ զինք պիտի չարչրկենք։ Այս չէ՞ր ըսածներդ, հարցուց հրամանատարը»։

Այո՛, ճիշդ ձեր մեկնածին պէս։

Պռավօ՛, լաւ պատասխանեցիր, Աստուած համբերութիւն տայ, հրամմեցէ՛ք երթանք։

Հազարապետը դուրս չելած բանտին փոխ տնօրէնին ականջէն վար բան մը փսրտաց։

Շատ դժուարութեամբ շղթայիս օղակը քակեց երկաթագործը. անոր փոխարէն 20 օխանոց խոշոր օղակներով շղթայ մը անցուցին ոտքիս։ Այդ «Իզմիր տէմիրի» ըսուածը մեծ եւ ծանր յանցաւորներու ոտքը կը դնեն եղեր։ Է՜հ, ի՞նչ կարող էի ընել պէտք էր համակերպէի։

Հետզհետէ ընտելացայ բանտի սովորութեան եւ վարուելակերպին։ Արմենակ եւ Նշան սկսեցին հետեւեալը պատմեալ ինձ բանտի եւ Աքեայի մասին.

«Աքեայի մէջ կաշառակերութիւնը, զեղծումը իրենց գագաթնակէտին հասած են. կաշառքը կ’սկսի նոյնիսկ երկու ղրուշէն. ամենայետին ոստիկանէն մինչեւ կառավարիչը բոլորն ալ կաշառակերութեան ախտէն վարակուած են։ Իրենց համար նշանակութիւն չունի իշխանութիւնը, Համիտը եւ Աստուածը, խիղճ ու գութ իրենց սրտերնուն մէջ հիւլէի մը չափ տեղ չունին։ Պաշտօնեաներուն դրամ տուր, ամէն ինչ ըրէ։ Բանտի տնօրէնէն սկսեալ մինչեւ յետին ոստիկանը առանց կաշառքի բանտին մէջ պաշտօնեայ չեն ըլլար, որովհետեւ բանտին մէջ թէ՛ հանգիստ կը մնան եւ թէ բանտարակեալներէն կաշառք կ’առնեն։ Յանկարծ բանտարկեալներուն շղթաները կը փոխեն եւ կը մեծցնեն նկատելով որ գոնէ բանտարկեալը 5-10 ղրշ. ունի քովը տալու եւ շղթան թեթեւցնելու։ Քովը դրամ ունեցողի անկողինը կը վերցնեն ամենէն գարշահոտ տեղը կը դնեն, այսինքն ճիշդ ճէմիշի քով, նկատելով որ այդ բանտարկեալը չպիտի կարենայ տոկալ այդ գարշահոտութեան, երբ վճարէ 5-10 ղրշ. ը եւ արդէն իրենք գիտեն բանտարկեալին կարողութեան չափը. այն ատեն անոր անկողինը կը վերցնեն իր ուզած տեղը կը դնեն, իսկ այդ ճէմիշներուն քով մշտական կերպով կը մնան չքաւոր եւ աղքատ բանտարկեալները։ Ինչպէս կաշառ տուող բանտարկեալին կրօնքը եւ ազգութիւնը կարեւորութիւն չուոնի իրենց համար, նմանապէս ալ մշտական կերպով ճէմիշին քով կեցողին կրօնքը եւ ազգութիւնը. վերջապէս դրա՜մ ու դրա՜մ, ուրիշ ոչինչ։ Երեք սենեակի մէջ պէտք է պատսպարուին բանտարկեալները, ըլլան անոնք 200. ըլլան 500. մինչդեռ սովորական կերպով եթէ տեղաւորուին, հազիւ 150 բանտարկեալ կը տեղաւորուին. իսկ բանին տնօրէնութիւնը ի՛նչ կ’ընէ, բանտարկեալ կը բերէ դռնակէն ներս կը մտցնէ առանց մտածելու թէ տեղ չկայ. գետինը ցեխերու մէջ պիտի պառկի բնաւ իրենց հոգը չէ, երբ ամենէն քիչը 10 ղրշ., վճարէ այն ատեն է որ իրեն տեղ պատրաստել կուտայ։

Բաղնիք երթալու համար պէտք վճարել առ նուազն 5 ղշ. կաշառք, եթէ ոչ տարիներով առանց բաղնիքի մնալն իրենց փոյթը չէ։ Օրական տրուած հացերը թէ՛ պակաս եւ թէ խմոր են. բողոքելը բնաւ օգուտ մը չունի. սկսեալ հազարապետէն, բանտի տնօրէնէն եւ փոխ-տնօրէնին կաշառք կ’առնեն փռապանէն եւ բնական է որ փռապանը հացերը խմոր, պակաս եւ փտած ցորենի ալիւրէ պատրաստէ։ Սենեակներուն մէջ սրճեփութիւն ընող խեղճ բանտարկեալները ստիպուած են ամսական որոշ գումար մը տալ տնօրէնին եւ փոխ-տնօրէնին։ Դիտմամբ դրամով խաղ խաղալ կուտան, խաղատէրը իր շահածին %25ը պէտք է տայ տնօրէնին եւ փոխ-տնօրէնին, իսկ ինչ որ յաճախ կը պատահի, խաղին պատճառաւ կռիւներ կը ծագին, ատիկա աւելի նպաստաւոր է տնօրէնին, իսկոյն կռուարարներուն ոտքը ամենածանր շղթան կը զարնեն եւ անկողիննին ամենէն գէշ տեղը կը փոխադրեն, եւ որովհետեւ տնօրէնին բանտարկեալ լրտեսներն իրեն լուր տուած են թէ որո՞նք շահած եւ որո՞նք կորսնցուցած են. անոր համեմատ միջնորդ (սմսար) բանտարկեալներուն միջոցաւ բանակցութեան կը մտնեն եւ սակարկութիւնը (կաշառք) կը վերջանայ։ Սովորութիւն է որ բանտարկեալին եկած նամակը իրենք կարդալէ վերջ իրենց իրենց տէրերուն յանձնեն, եւ որովհետեւ նամակին մէջ գրուած է իրենց որչափ դրամ ղրկուիլը, ատիկա իրենք հասկնալէ վերջ իրենց միջնորդներուն միջոցաւ քանակն որոշելով իբր նուէր կը պահանջեն եւ կ’առնեն. թէեւ բանտարկեալը խոհեմ, պարկեշտ եւ հանդարտ մէկն է, բայց կ’ստիպուի տալ, եթէ չտայ, օր մը պատրուակ բռնելով կամ լիրբ բանտարկեալ մը թելադրելով՝ այդ պարկեշտ մարդուն հետ կռիւի բռնել կուտան, եւ այն ատեն ուզէ չուզէ պիտի վճարէ. որովհետեւ կռիւին պատճառաւ յանցանքն իր վրայ բեռցուցած է տնօրէնը։ Ամէն մէկ սենեկին բանտարկեալները օրական երկու ժամ դուրս կ’ելլեն՝ բակին մէջ օդ առնելու համար. ըսել է ամէն մէկ բանտարկեալ 48 ժամէն վերջ երկու ժամ օդ պիտի առնէ, իսկ այն բանտարկեալներն որոնք ամսական 20-30 ղրշ. կը վճարեն տնօրէնին, ամէն օր առտուընէ մինչեւ իրիկուն բակին մէջ կը պտտին եւ օդ կ’առնեն»։

Արմենակի եւ Նշանի այս պատմութիւնը դեռ պիտի շարունակէին, բայց այլեւս չկրցայ համբերել եւ նողկանքով մը իրենց ըսի։

Ըսել է հոս դժոխք է եղեր եւ ոչ թէ բանտ։

Միւս օրը փափաքեցայ որ շարունակեն իրենց պատմութիւնը։

«Աքեայի բանտն որ սոսկալի եւ անտանելի դրութեամբ հռչակաւոր եղած է Թուրքիոյ մէջ, եւ արդէն այս բանտէն գէշ բանտ մը չկայ Թուրքիոյ մէջ, այնպէս որ այո բանտին անունը սարսուռ եւ սոսկում կ’ազդէ եղեր։ Ժամանակին Միտհաթ փաշա քննչութեան լիազօր պաշտօնով Սուրիոյ կողմերը կուգայ, քանի որ Աքեայի անունը այնչափ գէշ ազդած էր նաեւ իր վրայ՝ կը փափաքի անձամբ տեսնել թէ իրօք լսուածին չափ սոսկալի՞ տեղ մըն է։

Կէս օրէն վերջ կուգայ այս դրան առջեւ կը կենայ (դուռները ամբողջովին վանդակորմի ձեւով շինուած են որպէս զի դուրսէն նայող պահապանները ներսը տեսնեն). ներսի գարշահոտութիւնը ամենէն շատ դուռնէն է որ դուրս կ’ելլէ։ Միտհադ փաշան այդ գարշահոտութեանը չդիմանալով իսկոյն թաշկինակը քիթին կը տանի, ներս կը նայի, շատ դժուարաւ բանտարկեալները կը տեսնէ. կը դիտէ որ մսային զանգուածներ են որ կը շարժին մեռելային դէմքով եւ շղթաներու շառաչման հետ «Փաշա էֆէնտի, մէրհնմէթ էթ» կը պօռան։

Միտհադ փաշան կը դառնայ իրեն ետին կեցած կառավարիչին. ընդհ. դատախազին եւ հազարապետին ու կ’ըսէ.

Դուք խիղճ ու գութ չունի՞ք, Աստուծմէ չէ՞ք վախնար. ասոնք փոխանակ հոս լեցնելու, տարէք ծով լեցուցէք որ մէկ անգամէն խեղդուին ազատուին։

Երեք սենեակի բանատարկեալներ միաձայնութեամբ կը պօռան.

«Աստուած կեանք տայ փաշա, շնորհակալ ենք. թող մեզ ծով լեցնեն, որպէս զի ազատուինք մէկ անգամէն»։

Միտհադ փաշան ձեռքի շարժումով մը կը լռեցնէ բանտարկեալները եւ կ’ըսէ կառավարիչին։

«Շուտով այս դուռները բացէք, ասոնք ամբողջն ալ շոգենաւ դրէք եւ Սուրիական Տրիպոլսոյ բանտը ղրկեցէք»։

Անմիջապէս կ’սկսին բանտարկեալները շոգենաւ փոխադրել եւ Սուրիական Տրապոլսոյ բանտը ղրկել։ Կառավարութիւնը այս բանտին բանալիները հրամանատարին կը յանձնէ։ Հրամանատարը խորհելով որ աւելի յարմար է զէնքերու մթերանոցը զօրանոցին ներքեւ ըլլայ. հոս կը մթերէ հրացանները, սուրերը եւայլն։ Վեց ամիսէն վերջ կը տեսնեն որ կէսէն աւելին խոնաւութենէն փտած եւ անգործածելի դարձած են։ Իսկոյն մնացածները ուրիշ տեղ կը փոխադրեն եւ դուռները կը գոցեն։ Քանի որ Լիմանը կրկին բանտի վերածել պարզապէս հասոյթ մ’էր այստեղի պաշտօնէից համար, քանի մը տարիէն վերջ նորէն բանտի կը վերածեն։ Կը տեսնե՞ս աղքատ բանտարկեալները 14 ժամ կ’աշխատին 25-30 փարայի համար, ան ալ այնպէս դժուար գործ (Արմաւենիի տերեւներ բերել ու հիւսել եւ զամբիւղ պատրաստել)։ Կը տեսնե՞ս, տեղեր կան որ գիշեր ցորեկ ճրագով կ’աշխատին, օրական 30 փարայի համար. ցորենի կոթերը գոյնզգոյն ներկել, վերջէն փոքրիկ զմելիով մը քաշել եւ սիկառէթի եւ այլ տուփեր շինել։ Շատեր կան որոնք յոյս չունին թէ դուրսէն իրենց համար դրամ պիտի ղրկուի եւ կամ իրենք աշխատելու եւ ծառայելու անկարող են, ուստի իրենց օրական հացերէն մէկ կամ երկուք ծախելով իրենց միւս պէտքեր կը հոգան։

Կը տեսնե՞ս, այս 200է աւելի բանտարկելոց մէջ հազիւ 4-5 բանտարկեալ կայ որ ամէն օր կերակուր կը պատրաստէ ու կուտէ, իսկ մնացեալները հացը աղին մէջ թաթխելով կամ պղպեղն հացին հետ ուտելով օրերնին կյանցընեն։ Քաղաք մը եւ բանտ մը, որուն մէջ «Սահթիթ»ը [2] նշանակութիւն կ’ունենայ, այլեւս ի՞նչ կ’սպասուի անկէ։ Մինչեւ այսօր բողոքած ենք քանի մը անգամ եւ միշտ կը բողոքենք, բայց լսողն ո՞վ է, ոչ ոք. ամենքն ալ կաշառակեր եւ զեղծարարներ են»։

Արմենակի եւ նշանի այս համառօտ պատմութենէն վերջ, ես այլեւս համոզում գոյացուցի խուլ Իսաքի ըսածին թէ «Ծովը նետուիլն աւելի նախամեծար է քան թէ Աքեայի բանտը երթալ մնալ»։

Աքեայի բանտին անունը «Դժոխք» կոչել աւելի յարմար էր քան թէ «Լիման»։ (Աքիայի բանտին անունը «Լիման» է)։

Աքեա հազար տունէ բաղկացեալ պարսպապատ քաղաք մ’է, ունի 10-11, 000 բնակիչ։ Բնակիչներուն մեծամասնութիւնը Իսլամ, իսկ նմացեալը Կաթոլիկ Յոյն եւ Պարսիկ։ Պաշտօնական լեզուն արաբերէն է։ Տուներն հին շէնքեր են եւ ոչ այնչափ մեծ. եթէ երբեք սովորական կերպով բնակչութիւն համտատուի, հազիւ թէ 3000 ժողովուրդ պարունակէ իր մէջ։ Քաղաքին մէջ պարապ գետին չկայ, իսկ պարիսպէն դուրս ահագին պարապ գետին կայ. թէ՛ դուրսն աւելի օդաւէտ է եւ թէ զով կ’ընէ ամառը։ Կառավարութիւնը չարտօնէր որ ժողովուրդը պարիսպէն դուրս տուներ եւ խանութներ շինէ, որովհետեւ եթէ արտօնէ, որովհետեւ եթէ արտօնէ, ժողովուրդէն միայն աղքատ դասակարգը պիտի մնայ պարիսպէն ներս գտնուած տուներուն եւ խանութներուն մէջ, եւ որովհետեւ պարիսպէն ներս գտնուած ամբողջ խանութները, խաներն եւ տուներուն մեծ մասը՝ գտնուած մզկիթներուն կալուածներն են. կառավարութիւնը նկատելով որ, եթէ պարիսպէն դուրս շինութիւններ արտօնէ, այդ մզկիթներն իրենց հասոյթէն կը զրկուին, այդ պատճառաւ է որ արգիլած է։

Ժամանակին Աքեայի մէջ այնպիսի գէշ վուր մը կայ եղեր որ խմողները անպատճառ հետզհետէ կը գիրնան եղեր եւ արդէն 35-40 տարեկան եղած միջոցնին իրենց գիրութենէն չեն կրնար շարժիլ, իսկ անկէց վերջ ապրիլը արդէն տառապանք մը կրնար նկատուիլ իրենց համար եւ այդ հին մարդերէն քանիներ ինծի ցոյց տուին որ ոտքերնէն մինչեւ ցգլուխ պարզ մսակոյտ մ’էին, հազիւ ինքզինքնին շարժել կարենալու աստիճան։ Ժամանակին հարուստ եւ խղճամիտ կառավարիչ մը եկած է հոս եւ հիմակուան ջուրը իր անձնական ծախքով բերել տուած է եւ ժողովուրդը այդ տառապանքէն ազատած է։ Արդէն Աքեայի ժողովուրդի մեծ մասը աղքատ է եւ շատ դժուարաւ կրնան ապրիլ։



[1]            Վերջէն հետաքրքրուեցայ և իմացայ որ հազարապետի այդ խօսքերը երկու տեսակ կը մեկնուէին։ Ա. Ներս մտնող բանտարկեալ մը կատուի կը նմանէ, իսկ երբ կարենայ տոկալ և իր պատիժը լրացնելով մեկնիլ, առիւծ մ’է։ Բ. Այն բանտարկեալը որ կը յանդգնի և կը յաջողի այս տեսակ ամուր և պաշտպանուած բանտէ մը փախչիլ, անոր առիւծ անուն տալ պէտք է եղեր։

[2]            Թրքական պղինձի 5 փարանոցն է որ փարա կ’արժէ։