Յիշատակներ հայկական ճգնաժամէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԳ. ՔԵԱՄԻԼ ՊԷՅԸ ԵՒ ՍՈՒԼԹԱՆ ՀԱՄԻՏ

Ոստիկանութեան նախկին նախարար ազատամիտ եւ Հայասէր Քեամիլ պէյ դէպի Հայերս ունեցած իր համակրութիւնը որ քանիցս գործնական կերպով ցոյց տուած էր, ինչպէս նաեւ ցոյցին օրը Հայերուս հանդէպ ունեցած ազնիւ վարմունքը. այս պարագաները ի նկատի ունենալով. մեր ընկերներէն մին հետաքրքրուելով ջանացած էր յիշեալ Քեամիլ պէյի անցեալը, ներկան ու ապագան կարելի եղածին չափ ուսումնասիրելով ինձ ղրկել։

Քեամիլ պէյ 1836ին ծնած էր Պոլսոյ մէջ։ Հազիւ 18-19 տարեկան եղած միջոցին ծովային զինուորութեան մէջ մտնելով եւ հարիւրապետի աստիճանին հասնելով հրաժարած էր։

1863ին Վանայ Ատելջավազի գաւառին գայմագամութեան պաշտօնին կը կոչուի։ Իր պաշտօնավարութեան միջոցին այն աստիճան ահ ու սարսափ կ’ազդէ եւ ազդեցիկ կ’ըլլայ որ, իր սահմանին մէջ պտոյտի եւ քննութեան ելած միջոցին աւազակները եւ չարագործները ձեռբակալելով ու ձեռքերնին ետին կապել տալով կը պատուիրէ եղեր որ ուղղակի կառավարութեան բանտ երթան. եւ իրոք բանտ կ’երթան եղեր առանց նոյնիսկ ոստիկանի մը հսկողութեան։

1869ին Վանայ Հէքեարիի Ճիւլամէրկ գաւառին գայմագամ կը նշանակուի։ 1876ին Պոլիս կուգայ եւ ՊարթընիԳայմագամ կ’անուանուի։ Շէյխ Ապտուլլահի դէպքին առթիւ պաշտօնով Պարսկաստանի սահմանագլուխ կ’երթայ եւ խնդիրը կարգադրելէն վերջ Պոլիս կը վերադառնայ։ Գօսօվայի կուսակալութեան մէջ Րումէլիյի Չէրքէզ գաղթականներու մէջ ծագած խռովութեանց եւ ոճրագործութեանց պատճառաւ հոն կը ղրկուի եւ իսկոյն խնդիրը կը կարգադրէ։ Մինչեւ 1884ին իբր վարձատրութիւն պարբերաբար Սուլթանէն նուէր կ’ստանայ մօտաւորապէս 7-8000 ոսկի, եւ Ա. եւ Բ. կարգի արծաթ եւ ոսկի պատուանշանները, պատուանշան մը կ’ստանայ նաեւ Գարատաղի իշխանէն։ Քեամիլ պէյ մինչեւ այդ թուականը իրեն տրուած պաշտօնները այնչափ բարւոլ եւ խղճմտօրէն կը կատարէ որ Համիտէն կը գնահատուի եւ Համիտ 1884 թուականին զինքը ոստիկանութեան նախարար կ’անուանէ, եւ այդ պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 1890 Յուլիս 15 Գումգաբուի ցոյցին օրը։

Յուլիս 16ին Քեամիլ պէյ ցոյցին առթիւ հետեւեալ տեղեկագիրը կուտայ Սուլթանին։

Ահա տեղեկագիր բնագրին թարգմանութիւնը.

ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ

Երէկի անկարգութիւններուն Հայերու կողմէ Պատրիարքարանի եկեղեցւոյն մէջ կատարելու որոշմադրութիւնը նախապէս ըլլալով ոստիկանական օրինաց պահանջմանց համաձայն հարկ դատուած ուղղութեամբ արգելիչ միջոցներու անթերիօրէն դիմուած ըլլալը, կամ ո՛չ, Ձերդ վեհափառութեան տեղեկացնելու փափաքով կատարուած գործառնութեանց բացատրութեան կը փութամ հետեւեալ կերպով.

Հայոց Պատրիարքին ազգային իրաւանց պաշտպանութեան գործին մէջ գործած թերացումը պատրուակելովիր այս ընթացքը քննադատելու համար Պատրիարքարանի եկեղեցւոյն մէջ քանի մը Հայերու կողմէ ցոյց մը կազմակերպելու դիտում կենալը Հայու մը միջոցաւ լուր առինք։ Խնդրոյն քննութեան ձեռնարկուած պահուն առանց զէնքի այս կարգի ցոյցի մը կիրարկումը մտադրուած ըլլալը, աներկբայելիօրէն հաւատարիմ ճանչցուած ուրիշ Հայ տեղեկաբերի մը կողմէն իմացուեցաւ։

Ինչպէս յայտնի է. կառավարական հրամանով եկեղեցիները ոստիկանական պաշտօնեաներ ղրկել, կատարուած իրադարձութիւններուն հսկել եւ կրօնական ծէսերու բերմամբ եկեղեցիներու մէջ հաւաքուելու հակառակիլ, Հայոց տէր եղած առանձնաշնորհմանց բովանդակութեան անհամապատասխան ըլլալով եկեղեցիներուն դուռը ոստիկաններ կեցնել եւ աւելորդ մարդ ներս չմտնել անկարելի էր։

Թէպէտեւ ոստիկանական տեսակէտով, իբր ձեռք առնուելիք միջոց, Պատրիարքարանի բոլորտիքը հարկ եղած չափով մարդ կեցնել եւ այն կողմեր պահակազօրքեր պտտցնել օրինական էր, սակայն եւ այնպէս Հայերու խորհուրդներուն տէրութեան կողմէ մասնաւոր ուշադրութիւն ընծայուիլը չզգացնելու անհրաժեշտութիւնը կը հարկադրէր մեզ Պատրիարքարանի շրջափակին մէջ պահանջուածէն աւելի ժանտարմա եւ բօլիս չպահել երբէք։ Ուստի իրագործելի միակ միջոցը անցնող դէպքերուն խիստ ուշադիր ըլլալ եւ հիւլէի չափ անպատեհ ընթացք մը երեւան գալուն անմիջապէս անդորրութեան եւ կարգապահութեան անխափան պահպանման հսկելու միջոցներ ձեռք առնելու մէջ կը կայանար։

Ծառանիդ այդ կէտը ոստիկանական տեսչութեան ներկայութեան, ոստիկանապետ Հիւսնի էֆէնտիին յայտնեցի եւ այս կերպ շարժելով հանդերձ խնդրոյն կարեւորութիւն ստացած պարագային իսկոյն մուայէտէի [1] վայրը հեծելազօրք մը ղրկելով ինձ իմաց տրուիլն եւ միւս կողմէ ալ Պատրիարքարանէն երեք կամ առաւելն հինգ վայրկեան հեռաւորութիւն ունեցող Գատըրկայի պահականոցը դիմելով բաւականաչափ կանոնաւոր զօրք առնել, եւ կարգապահութեան վերահաստատման հսկելնին յանձնարարեցի։

Եւ, երբ, Եպարքոսութեան կողմէ, Հայերուն որ եւ իցէ անկարգութեան տեղի չտալու մասին ծայր աստիճան հոգծաու գտնուելու պարագան շեշտող կայսերական իրատէի հաղորդագիրը ստացայ, խնդիրը գօմիսէրի մը միջոցաւ ոստիկանապետին հաղորդեցի եւ ընձենուելիք միջոցներուն գործադրութեան, եղանակի մասին խիստ արթուն եւ խոհական վերաբերմի շեշտեալ պատուէրներ տուի։

Առտուան Ձերդ Վեհեփառութեան շնորհներէն կարօտ չմնալու եւ Հայկական խնդրի մասին իրաւամբ կայսերական հրաման մը տուած ըլլալը կամ ո՛չ. ստուգելու համար մուայէտէի պաշտօնական հանդէսին փութացի։

Ձեր Վեհափառութիւնը դեռ Պէշիքթաշի աղօթարանը չէր իջած, երբ, Նորին Վսեմութիւն ներքին գործոց նախարար փաշան զիս կանչելով Հայերու մտադրած ցոյցի մասին կատարեալ հոգածութիւն ի գործ դրուելու կարիքը տեղական կառավարութեան Ձեր Խալիֆայութեան իրատէի հարազատ պահանջքը ըլլալը յայտարարեց. Քաղաքապետութեանց պաշտօնեաներն եւս տեսնել եւ հարկ եղած կերպով շարժելու պէտքը բերանացի շեշտեց, նաեւ սոյն պաշտօնական հրահանգը գրաւոր կերպով եւս ինձ հաղորդել խոստացաւ։

Այդ միջոցին, ծանօթ խնդրոյն մասին, Արդարութեան գործոց տնօրէն Րիզա փաշայի հետ ալ կարծեաց փոխանակութիւն մը ունեցայ։ Ցոյցը Պատրիարքին դէմ կազմակերպուած ըլլալուն պատճառով Պատրիարքին եկեղեցի չիջնալովը. ցոյցի ալ հարկ չմնալը, որով Պայրամի առթիւ որ եւ իցէ անկարգութեան հաւանակութեան վերացումը, բաց աստի Պատրիարքը եկեղեցի չմտցնելու մասին պատճառ գտնել անկարելի չըլլալը ծառանուդ կողմէ մէջ բերուեցաւ։ Սակայն Նորին Վսեմութիւն Րիզա փաշա, պատրիարքին եկեղեցի մուտքը արգիլուիլը Հայերուն մտադրած ծրագրին տէրութեան կողմէ կարեւորութիւն տրուած ըլլալու զանոնք աստիճան մը եւս շփացնելու բնոյթ ունենալը զգացուց։ Սոյն եզրակացութիւնը իմ կողմէ եւս հաւանական նկատուեցաւ։

Կը մնար ներքին գործոց նախարար փաշային հրամաններուն համաձայն պէտք եղած տեղերը զօրաւոր եւ ազդու հրամաններ տալ։ Ուստի Քաղաքապետութեան խորհուրդի նախագահը տեսնել հարկ եղաւ։ Չորրորդ գրասենեակի տնօրէն Մուսթաֆա էֆէնտիէն յիշեալ Ահմէտ փաշան փնտռեք եւ գտնել խնդրուեցաւ։ Երբ արդէն Ձերդ Վսեմութեան գալուստն ալ տեղի ունեցաւ։

Պաշտօնական աղօթքի փակումէն ետք Պէշիքթաշի Սրբազան պալատը երթալ հարկ եղաւ։ Հոն կայսերական փոխադարձ շնորհաւորութեան հանդէսին ներկայ գտնուեցայ։

Մուայէտէի առաջին մասի լրանալէն եւ Ձեր Վեհափառութեան մեր երախտաւոր բարերար Տիրոջ հանգստասենեակ ուղղուելէն անմիջապէս ետք եկեղեցւոյ մէջ Հայերուն ունեցած խեռ ընթացքը լրաբեր բօլիսի մը միջոցաւ իմացայ։

Իրողութիւնը գրի մը միջոցաւ Ձերդ Վեհափառութեան հաղորդելու պատրաստուած պահուս մէկ մ’ալ ՁերՎեհափառութիւն, թագաւորաց թագաւորին կողմէ ուզուիլս իմացայ։ Մեր Վեհապանծ Տիրոջ դէպքին առաջքը առնելու մասին նուաստիս հրահանգներ տուած միջոցին իրողութեան ուրիշներու կողմէ տեղեկագրուած ըլլալը այլեւս հարկ չտեսայ անկարողիս եկած տեղեկութիւնները հաղորդելու։ Բաւականացայ միայն կայսերական բարձրահռչակ հրովարտակի տրամադրութիւններկ ազդուապէս գործադրելու համար դէպքին վայրը փութալ։

Նուաստիս հոն հասած պահուն, բօլիսները Հայերը սայլերու վրայ բեռցած Սպարապետութեան Դուռը կը փոխադրէին։

Ճիշտ այդ միջոցին, երեք Հայերու ձերբակալուած նախապէս յիշեալ Դուռը ղրկուած ըլլալուն տեղեկացայ։ Դէպքին քննութեան ձեռնարկած պահուս Տէրվիշ փաշան գալով գործին իրեն յանձնուած ըլլալը յայտնելով եւ միատեղ քննութեան ձեռնարկելու մասը շեշտեց։ Ասոր վրայ միասին Պատրիարքին բնակարանը գացինք դէպքին հեղինակները իմանալու եւ այս անկարգութեանց կարապետին յիշեալ տունը բնակիլը նախապէս իմացուած, Վանցի Յարութիւն Ճանկիւլեան անուն անձը Պատրիարքին կողմէ ցոյց տրուելու եւ յանձնուելու մասին Պատրիարքին եւ ուրիշ կարգ մը եկեղեցական երեւելիներու հետ պատշաճութեան սահմանին մէջ տեսակցելու սկսանք։

Այդ միջոցին, Նորին Վսեմութեան Սպարապետ փաշան զիս Սպարապետութեան Դուռը կանչելով բռնուած յանցաւորներուն անմիջապէս Սպարաեպտութեան Դուռը յանձնելն Կայսերական իրատէով մը պահանջուած ըլլալն յայտնեց։ Ըստ որում յանցաւորները որոշուած վայրը տարուեցան եւ աս կրկին Պատրիարքարան ուղղուեցայ։

Հազիւ ժամանած էի, երբ, կրկին Սպարապետ փաշայէն ուզուելով Ոստիկանական նախարարութենէն հրաժարուած եւ կեդրոնի հրամանատար Արիֆ փաշայի սենեակին մէջ հիւր մնալու սահմանուած ըլլալս հաղորդուեցաւ։

Ա՛րդ, խնդրոյ առարկայ եղող դէպքին ծագումէն առաջ կամ վերջ անկարողիս ընթացքը ասոնցմէ բաղկացած ըլլալով, պաշտօնիս վերաբերեալ պարտականութեանց մէջ գէթ մազաչափ թերացած ըլլալու կասկածս եւ պատկանեալ պաշտօնէութեան տուած հրահանգներս բարւոք կիրարկած ըլլալը, կամ ո՛չ հրաժարեցմանս պատճառաւ ստուգելու ժամանակ չմնալով այդ կէտերը ծառանուդ անյայտ կը մնան։ Եթէ որ այս մասին մարդկօրէն թերութիւն մը գործուած է, իմ երախտաւոր բարերար թագաւորին, մեր Տիրոջ նկատմամբ ունեցաթ բազմապիսի ծառայութիւններուս միակ նպատակը Ձերդ աշխա»հակալ միահեծան վեհապետի հաճութեան նուիրուած ըլլալով մինչեւ հէքիս մասին քանիցս չզլացուած ներողութեան եւ գթութեան, այս անգամ եւս, Ձերդ երկնաշնորհ Աստուածաստուերութենէն շնորհուելու քաջայոյս լինելս յայտնել կը համարձակիմ։ Այդ մասին . . . . .

 

Ցոյցէն հինգ ամիս վերջ նոյեմբերին Մաղնիսայի կառավարիչ կը նշանակուի. եւ 1891 Նոյ. 18ին Մաղնիսայի մէջ կը մեռնի։

Ինձ նման ուրիշ Հայերն ալ որոնք մօտէն ուսումնասիրած էին Քեամիլ պէյի ազատամիտ ու ազնիւ նկարագիրը, անշուշտ անոնք ալ Քեամիլ պէյի մահուան լուրը առնելով պիտի ցաւ զգային, քանի որ Հայոցս ազնիւ եւ անկեղծ բարեկամ մը կ’անհետանար։



[1]            Պայրամի առթիւ փոխադարձ շնորհաւորութիւն մատուցանել կը նշանակէ։