Յիշատակներ հայկական ճգնաժամէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԵ. ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԾՈՒՂԱԿ

Պէրութ գտնուող Հայերը գրեթէ միշտ կ’այցելէին ինծի։ Անոնցմէ մին կը պատմէր Խրիմեանի խօսքերը ու կ’ըսէր։

«Խրիմեանը Երուսաղէմ տանող շոգենաւը քարափ հասած էր վերջապէս. փափաքեցայ զինք տեսնել, ու յաջողեցայ։ Խրիմեանի առաջին խօսքն եղաւ.

Աքեա մօտ է եւ կրնամ հոն երթալ, այնպէս չէ՞։

Չէ՛, Հայրիկ, հեռուէ, եւ իր մասնաւոր նաւահանգիստն ունի, որ ասկէ 6-7 ժամ կը տեւէ։

Խրիմեան սկսաւ լալ եւ հետաքրքրուեցայ պատճառն իմանալ։

Չե՞ս գիտեր, մեր Ճանկիւլեան Յարութիւն աղան հոն է, կ’ուզէի վերջին անգամ մը ըլլալով զինքը տեսնել»։

Քաղաքին զբօսարանները պատելու ատեն, լրտեսներն այնչափ անճարակ էին որ կարելի չէր աչքէս վրիպիլ. նոյնիսկ գօմիսէր մը քովս եկաւ նստեցաւ բացարձակապէս կեղծելով թէ ժամանակին ինծի Պոլիս տեսած եւ քանի մը անգամներ տեսնուած ենք որով այլեւս հին ծանօթներ կրնայինք նկատուիլ։

Լրտեսուելուս պարագան ինծի կասկած մը ներշնչեց այնպէս որ համոզուեցայ թէ այս ազատութիւնս բոլորովին դաւադրական է եւ որոշած են զիս լարուած թակարդի մը մէջ ձգել։

Աքեա գտնուած միջոցիս հեռագրատան ցրուիչը իբր բարեկամ ինծի ըսած էր որ ազատութեանս խնդրին մէջ Պէրութի Ֆրանսական հիւպատոսը միջամտած է եւ նոյնիսկ կառավարութեան հարցուցած թէ ինչո՞ւ ազատ չեն թողուր զիս։

Ուր որ ըլլայի, նորէն կը լրտեսուէի. գօմիսէրը նորէն հանդիպեցաւ մեզի. վերջապէս միշտ լրտե՜ս լրտե՜ս։

Երեքշաբթի օր թէ՛ խտիվական եւ թէ Ֆրանսական շոգենաւ կար. ցորեկէն վերջը ժամը 2ին . Ե. ) կը մեկնէին։ Ֆրանսականը Կիպրոս հանդիպելէն վերջ Մէրսինի ճամբով Պոլիս պիտի երթար։ Որոշեցի Ֆրանսական շոգենաւով փախչիլ։

Պարսիկ Ապտուլլահը որ Աքեայի բանտէն ազատուած Պէրութ եկած եւ Ֆրանսական հիւպատոսին դիմած էր ողորմութիւն խնդրելու։ Հիւպատոսը ստուգելու համար թէ իրօք Աքեայի բանտակեա՞լ մըն է, հարցուցած էր թէ զիս կը ճանչնա՞ր եւ ես հիմա ո՞ւր կրնամ ըլլալ։ Ապտուլլահ կը պատասխանէ թէ Ճանկիւլեան էֆ[էնտի]ն արդէն ազատ արձակուած, Պէրութ եկած է։ Հիւպատոսը իրեն ըսեր թէ անիկա մենք ազատել տուինք բանտէն, բայց դեռ մինչեւ հիմա երեւան չելաւ։

Ապտուլլահի այս խօսքերը լսելէս վերջ իսկոյն Աքեայի ցրուիչին խօսքը յիշեցի։ Մէկը ղրկեցի հիւպատոսարան որ լսածներս ստուգելէ վերջ ըսէ հիւպատոսին։ Թէեւ Ճանկիւլեան ազատուած է, բայց վստահ չէ, որովհետեւ կը լրտեսուի միշտ. ինք իր պարտականութիւնը կատարելու համար անձամբ պիտի գար, բայց մտածելով որ դրութիւնը աւելի պիտի ծանրանայ, այդ պատճառաւ էր որ իմ միջացաւ իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը կը յայտնէ։ Հիւպատոսը հաւանած էր իմ այդ կերպ մտածելուս եւ ըսած էր.

«Երեքշաբթի մեր շոգենաւը կայ որ Կիպրոս կ’երթայ, թող Կիպրոս երթայ, կամ թէ հիմայ քեզի տուած նամակս թող նաւապետին տայ. Նաւապետը ձրիաբար զինքը պիտի տանի ուր որ ինք ուզէ»։

Քարափ գացի անցագիրս հանել տալու. երբ պաշտօնեան անունս իմացաւ իսկոյն թուղթն առաւ ու սկսաւ գրել. իրեն ըսի որ Երուսաղէմ երթալէս վերջ Վան պիտի մեկնիմ։ Չլսել կարծեց. անցագրին մէջ կը գրէր թէ Մէրսինի ճամբով Վան պիտի երթամ։ Իրեն ըսի որ այդ ճամբաները մեզի ծանօթ չեն. մեր ճամբան Տրապիզոնն է։ Գրագիրը առանց իմ խօսքերուս կարեւորութիւն տալու, իր ուզածին պէս գրեց եւ յետ գրութեան մըն ալ աւելցուց սապէս.

«Այս մարդը ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած ըլլալով ներուած է. ուստի հարկ եղած դիւրութիւնը պէտք չէ զլանալ, եւ այլն»։

Անցագիրս վերջացուց եւ ինծի կուտար, երբ պէտք եղած դիտողութիւնը ըրի ըսաւ.

Կառավարութիւնը այս հրահանգը տուած է մեզի. ազատ էք կառավարութեան դիմել եւ պէտք եղած դիտողութիւնը հոն ընել»։

Կը մտածէի թէ դաւադրութիւնը կատարեալ է եւ թակարդը պատրաստ. կ’ուզեն ինծի անծանօթ ճամբաներով ղրկել. որպէս զի դէմս մէկ քանիննը հանեն եւ կամ ուրիշ դաւադրութեամբ զիս ոչնչացնել տան։ Չէ՜, ատիկայ ինծի համար մարսելիք պատառ մը չէ, ըսի ինքնիրենս։ Որոշեցի ոստիկանութեան տնօրէնին երթալ եւ ստուգել խնդիրը։ Նորէն դէմս ելաւ գօմիսէրը եւ ցաւակցութիւն յայտնելով ըսաւ.

Մենք ծախուած մարդիկներ ենք, դժբախտաբար ժամանակնիս չներէր որ պարտականութիւննիս կատարենք. կը յուսամ թէ կիրակի օր պիտի տեսնուինք։

Ի՞նչ, կը կարծէք որ մինչեւ կիրակի հո՞ս պիտի մնամ. ո՛չ, վաղն իսկ կը մեկնիմ։

Անշուշտ Ֆրանսականով, չէ՞։

Ի՞նչ, Խտիվական չկա՞յ. ըսի զարմացական ձեւով մը։

Խտիվական ալ կայ։

Ինչո՞ւս պէտք Ֆրանսականը. ես Օսմանցի եմ. Օտար նաւով ինչո՞ւ մեկնիմ։

Կեցցե՛ս, ցտեսութիւն ըսելով մեկնեցաւ։

Երբ խնդիրը ոստիկանութեան տնօրէնին պարզեցի, ըսաւ.

Կարելի չէ Երուսաղէմ երթալդ, ի՞նչ ընելու պիտի երթաս։

Ուխտի կ’երթամ։

Հա՜, ո՞ւխտ ընելու կ’երթաս. դուն կը կարծես որ Վան գտնուած միջոցիդ չէի՞նք գիտեր ինչ ըլլալդ։ Վանը քեզի նեղ եկաւ Պոլիս գացիր ու տակնուվրայ ըրիր, հիմա ալ պիտի ուխտես որ երթաս ուրիշ տեղե՞ր ընես։ Գնա կուսակալին ըսէ։

Ուրեմն կ’երթամ ըսելով, դուրս ելայ սենեակէն։

Մտածելով որ այդ մասին պնդելով կրնայ ըլլալ որ կասկած հրաւիրած ըլլամ վրաս եւ զիս հսկողութեան ներքեւ առնեն, ուղղակի պանդոկ եկայ, Աղաճանեանը կանչեցի եւ ըսի.

Պէտք է որ Ֆրանսական շոգենաւը մտնեմ վաղը, որպէս զի Կիպրոս երթամ եւ անկից ալ արտասահման։ Կարո՞ղ էք ըսածներս կարգադրել։

Ի՞նչ կուզէք որ ընենք. մենք պատրաստ ենք ամենայն սիրով լսելու եւ գործադրելու։

Վստահելի մակոյկավար մը կը վարձէք, պայմանաւ որ, շուտ մը զիս քարափէն առնէ եւ անմիջապէս Ֆրանս. շոգենաւը տանի. եթէ զուգաթի ըլլայ մակոյկը աւելի լաւ։ Իրեն պատուիրեցէք որ շատ զգոյշ ըլլայ. ճիշտ ժամը 12ին քարափին առջեւ կենայ. իմ անկողինս դուք պիտի տանիք մակոյկը. երբ մակոյկը ցատկեմ այլեւս թռչունի նման թռելու եւ շոգենաւ հասնելու է։

Այդ շատ հեշտ է եւ մեզի համար դիւրին. ուրեմն հիմակուընէ այդ մարդը գտնենք եւ վաղուան համար պատրաստենք։

Շատ շնորհակալ եմ, բայց պիտի խնդրեմ որ չափէն աւելի զգուշութեամբ պատրաստէք. պէտք է գիտնաք որ փոքրիկ անզգուշութիւն մը եւ թերութիւն մը կեանքս վրայ տալուն պատճառ պիտի ըլլայ. արդէն գիտէք որ սկիզբէն ի վեր կը լրտեսուիմ եւ թէ ինձ դէմ թակարդ մը լարուած եւ դաւադրութիւն մը պատրաստուած է։

Արդէն Պէրութ հասնելէս մէկ օր վերջ ընտանիքիս հեռագրած էի թէ «Ազատ եմ այլեւս»։

Լրտեսներէ շրջապատուիլս, մասնաւորապէս գօմիսէրի մը հսկողութեան ենթարկուիլս եւ այդ ձեւով անցագիր մը տրուիլը նկատի ունենալով, որոշեցի թէ՛ ինքզինքս կասկածի չենթարկելու եւ թէ անոնց քիթին խնդալու համար խաղ մը խաղալ։

Անմիջապէս քանի մը նամակներ եւ բաց նամակներ գրելով Աքեա, Վան եւ Պոլիս ղրկեցի. այդ նամակներովս կը գրէի թէ հետեւեալ օրը, երեքշաբթի Խտիվական շոգենաւով Պէրութէն կը մեկնիմ դէպի Մէրսին եւ անկէ անմիջապէս ճամբայ ելլելով Վան պիտի երթամ։

Դիտմամբ բաց նամակներ գրեցի որ նամակատունը ձանձրութիւն չը կրէր բանալ կարդալ. եթէ բանար ալ պիտի տեսնէր թէ միեւնոյն իմաստով գրած եմ, եւ բոլորովին պիտի համոզուէր թէ Խտիվական շոգենաւով Մէրսին կ’երթամ եւ անկէ ալ դէպ ի Վան... ։

Այդ օրը (Երկուշաբթի երեկոյ), ի պատիւ ինծի սեղան մը պատրաստուած էր Պէրութի վաճառականներու միոյն տան մէջ։ Սեղանին հրաւիրուած էին Երուսաղէմի Պէրութի Տեսուչը եւ Պերութի մէջ գտնուած վաճառականներէն եւ պատուաւոր ազգայիններէն 17-18 Հայեր։

Սեղանին մասնակցողներէն շատ քիչերն էին որ գիտէին թէ յաջորդ օրը Կիպրոս պիտի փախչիմ. իսկ ամենքն ալ գիտէին որ յաջորդ օր անպատճառ պիտի մեկնէի Պէրութէն։ Բնական էր որ բաժակաճառեր սկսէին. առաջին բաժակը քանի որ իմ կենացս առաջարկուած էր, երկրորդ բաժակը պէտք էր որ ես առաջարկէի նախ Հնչակեան կուսակցութեան յաջողութեան։ Առաջարկած բաժակս պարպուելէն վերջ, սեղանին մասնակցող տարիքոտ մէկն ըսաւ.

Այո՛, պէտք է Հնչակեան կուսակցութեան յաջողութեան համար միշտ պարպենք մեր բաժակները եւ բարեկամութիւններ ընենք։ Բայց պարտք կը դնենք ձեր վրայ եւ կը խնդրենք որ շուտով երթաք եւ մեր Հնչակը ազատէք Արփիարի ձեռքէն. այս մասին շատ կը խնդրենք…

Արտասանած խօսքերէն այնչափ ազդուեցայ որ քաղաքավարութեան հակառակ ըլլալով, խօսքը ընդհատեցի ըսելով.

Ի՞նչպէս, Հնչակը ազատե՜մ Արփիարի ձեռքէն. Հնչակը ե՞րբ Արփիարի ձեռքն անցած է. կը խնդրեմ շուտ բացատրեցէք ձեր ըսածները։

Ես արդէն յուզումէս ոտքի ելած էի, եւ կ’սպասէի լսել բացատրութիւնը. յանկարծ մէկ երկուքը ըսին.

Ոչինչ չկայ, Արփիարը կ’ուզէ եղեր որ ինքն ալ Հնչակի մէջ յօդուածներ գրէ եւ այդ պատճառաւ աննշան անհամաձայնութիւն մը ծագած է Նազարբէկի եւ Արփիարի միջեւ եւ շատ հաւանական է որ մինչեւ հիմա վերջացած է։

Ես դեռ ոտքի վրայ կեցած սեղանակիցներուս երեսը կը նայէի, տեսայ որ մէկ քանիները միեւնոյն բանը կը հաստատէին հաւանութեան նշաններով. համակերպեցայ աւելի այն գերազանց պատճառաւ որ քաղաքավարութեան դէմ էր իրենց ուրախութիւնը տխրութեան փոխել։

Թէ՛ պանդոկին մէջ եւ թէ Երեքշաբթի առաւօտ մակնելէս առաջ որչափ որ հետաքրքրուեցայ միշտ յօդուած գրելու ու չգրելու անհամաձայնութեան խնդիր մը կայ եւ շատ հաւանական է որ այժմ վերջացած է կ’ըսէին։

Անշուշտ անտրամաբանական կ’ըլլար 15-20 անհատներու խօսքին չհաւատալ եւ միայն մէկ մարդու ըսածներուն կարեւորութիւն տալ. եւ չուզեցի այլեւս հետաքրքրուիլ։

Հեռուէն ինծի ցոյց տուին մակոյկը որ արդէն անկողինս եւայլն մէջն էր։ Անցագիրս տալու միջոցին ինձ հանդէպ կոշտ վարմունք մը ունեցող պաշտօնեային քիթին խնդալէ վերջ ուզեցի մակոյկ նստիլ։

Պաշտօնեան ամրուկը սեղանին կրթնցուցած գլուխը ձեռքին մէջ առած կը մրափէր. իրեն մօտեցայ անցագիրս եւ 20 փարա սեղանին վրայ դնելով արթնցուցի եւ ըսի.

Թերեւս ժամը երկուքին գործ ունենամ եւ բազմութիւնը շատ ըլլայ, անցագրիս վրայ «տեսնուած է» գրեցէք որ վերջանայ։

Պաշտօնեան 20 փարան առնելով, «տեսնուած է» գրելէն վերջ նորէն սկսաւ մրափել. այս անգամ գլուխը սեղանին վրայ դնելով։

Ֆրանսական շոգենաւին մէջն էի այլեւս։ Մակուկավարը երկտող մը կ’ուզէր ինձմէ շոգենաւ հասած ըլլալուս համար. իրեն այնպէս պատուիրած էին Պէրութի բարեկամներս։ Երկտողը տուի մակուկավարին ու մեկնեցաւ, եւ մենք ճիշդ ժամը երկուքին Պէրութէն մեկնեցանք հոն թողլով Խտիվական շոգենաւը։

Դեռ Կիպրոս չհասած, սոսկալի փոթորիկ մը սկսած էր. Լարնաքայի առջեւ այն աստիճան կատաղի ալիքներ կային որ մակուկավարները չէին համարձակեր գալ մեզի առնելու, շոգենաւը անդադար կը սուլէր։ Կիպրոսցիներն իսկ յուսահատուած չէին ուզեր այդ վտանգալից վիճակին մէջ մակոյկ նստիլ։

Ծովեզերքը ահագին բազմութիւն լեցուած էր իբր հանդիսատես։ Ես քովիս նամակը յանձնած չէի նաւապետին. եթէ հակառակ պարագային եւ բուռն փափաքիս, Լարնաքա չկարենայի դուրս ելլել, այն ատեն պիտի յանձնէի նամակը։

Վերջապէս մարդ գլուխ 6 շիլին սակարկելով հինգ հոգի մակոյկ իջանք. ալիքները այն աստիճան կատաղի էին որ անկողիննիս եւ մենք փառաւոր կերպով թրջուեցանք։ Կը մտածէի եւ ինքնիրենս կ’ըսէի թէ արդեօք կեանքս միշտ այսպէս փոթորկալի՞ց պիտի ըլլայ։

Մակոյկը անկարելի էր որ եզերքին մօտենար, որովհետեւ խորտակուելու վախ կար։ Մակուկավարը ցամաքէն մարդիկ կանչեց որոնք գրեթէ մերկացած ծով մտան եւ մեզի կռնակնին առած դուրս հանեցին։ Երբ ցամաք ելայ, վրայէս գլուխէս ջուրեր սկսան վազել, որովհետեւ ծովու ալիքները բոլորովին թրջած էին զիս։ Ինքզինքս այլեւս ամէն վտանգէ ազատ կը նկատէի։ Վերջապէս Համիտեան դաւադրութենէ մը ճողոպրած եւ ինքզինքս բոլորովին ազատ կը նկատէի անգլիական հողին վրայ. միայն թէ չէր կարելի մտքէս վրիպէր զուգադիպութիւն մը։

1897 Յունուար առտուն էր որ Լարնաքա կը հասնէի, այսինքն նոր տարիին առաջին օրը. ուրեմն նոր տարիի առաջին օրէն կ’սկսէր բռնապետութեան ճիրանէն ազատուիլս։ Նոր տարիին հետ նոր աշխարհ կը մտնէի, եւ թէ նոր ապրիլ կ’սկսէի։ Անմիջապէս Հնչակեան ընկերները զիս շրջապատեցին եւ Կուսակցութեան ներակայացուցիչ Ասլանը իսկոյն Լոնտոն Նազարբէկին հեռագրեց բանտէն ազատուիլս։

Տօնիկեան Ասլանը իբր Հնչակեան ներկայացուցիչ իրեն սենեակը տարած էր զիս եւ իսկոյն թրջուած հագուստներս եւ ճերմակեղէններս փոխել տուաւ։ Բնական էր որ փափաքէի ժամ առաջ տեսնուիլ կամ տեսնել Լարնաքայի մէջ գտնուող բոլոր Հնչակեան ընկերները որոնցմէ բաժնուած էի հագուստներուս թաց ըլլալուն պատճառաւ։ Ասլանին յանձնարարեցի երթալ այնպիսի զբօսարան մը կամ տեղ մը` ուր կարելի ըլլայ տեսնել բոլոր ընկերները։ Ասլանը վարանոտ կերպով մը առաջարկեց որ լաւ է քիչ մը հանգստանամ ու վերջէն ընկերները տեսնեմ։

Իմ հանգստութիւնս ժամ առաջ ընկերներուս հետ տեսնուելու մէջ կը կայանայ, պէտք է երթանք, ըսի, ու մեծ սրճարան մը գացինք։

Սրճարանին մէջ որչափ որ 10-20 ընկերներ ներկայ էին, հետզհետէ եկան միւս ընկերները եւս, որոնց թիւը գրեթէ կրկնապատկեցաւ։ Բնական էր որ ամենքն ալ քիչ շատ գոհացնէի իմ բոլորովին անակնկալ ազատումիս պատմութիւնովը, եւ ինծի եղած բոլոր հարցումներուն պատասխանելէս վերջ, կարգը ինծի եկած էր հարցնելու մեր Կուսակցութեան ներքին խնդիրներու մասին։ Այս հարցումներուս պատասխանը եղաւ վարանում, կծկտուիլ եւ գլուխնին առջեւնին ծռիլը, այս անակնկալ վարուելակերպն ինծի զարմանք պատճառեց եւ սկսայ աչքերս չորս կողմ դարձնել եւ ընկերները դիտել. ամենքն ալ յանկարծակիի եկած լուռ ու մունջ կը մտածէին։

Ի՞նչ կայ, մի՞ գուցէ դժբախտութիւն մը տեղի ունեցած է որ ամենքդ ալ կը մտածէք եւ չէք ուզեր պատասխանել։

Նորէն լռութիւն. պատասխան չկար։ Յանկարծ յիշեցի նախորդ օրուան սեղանին

Ինչո՞ւ կ’ուզէք ինձմէ պահել, կը կարծէք որ ես լսած չըլլամ տեղի ունեցած դժբախտութիւնը։

Նորէն պատասխան չկար, եւ գերեզմանային լռութիւն մը կը տիրէր։

Ասլան առաջարկեց ճաշի երթալ։ Ոտքի ելայ. միայն Նշանը հետեւեցաւ միզի. Միւսներուն ցտեսութիւն ըսելով բաժնուեցանք։ Ճամբան շատ ստիպեցի որ Ասլան պարզէ եղած անցուդարձն։ Ասլան խոստացաւ ճաշէն վերջ պարզել։ Սենեակին պատշգամը նստած էինք. Ասլան սկսաւ պատմել։ Իրեն պատմութենէն եզրակացուցի թէ Կուսակցութիւնը երկուքի բաժնուած է։

Վախնալու բան չկայ, որչափ որ երկուքի բաժնուած է, մեծամասնութիւնը մեր կողմն է, ըսաւ։

Ասլան իսկոյն վեր ելաւ եւ միւս սենեակը երթալով ահագին շրջաբերականներ բերաւ (որ երկու կողմէն ալ հրատարակուած էին) եւ ինծի տուաւ որպէս զի կարդամ ու բոլոր անցուդարձերուն իրազեկ ըլլամ։ Շրջաբերականները ուշի ուշով կարդացի եւ անկից վերջ սկսայ մտածել, որովհետեւ անոնց պարունակութիւնը շատ տխուր եւ ցաւալի էր. որոշեցի միանգամ ընդ միշտ այդ տխուր ու ցաւալի անցեալի մասին ո՛չ գրել եւ ոչ ալ խօսիլ։

Որչափ որ խոր մտածմունքներու մէջ թաղուած մտովի այդ որոշումն կուտայի այդ մասին ոչ գրել եւ ոչ ալ խօսիլ, բայց Ասլան եւ Նշան ամբողջ ուշադրութիւննին յարած կ’սպասէին լսել կարծիքս այդ ցաւալի դէպքի մասին։

Ասլանի եւ Նշանի համբերութիւնը թերեւս սպառած էր եւ հաւանական էր իրենք ըլլային լռութիւնը խզողը. բայց իրենց ակնկալութեան բոլորովին հակառակն տեղի ունեցաւ։

Հնչակեան Կուսակցութեան պառակտումն այնչափ գէշ ազդած էր իմ վրայ որ կարծես սիրտս ու հոգիս դաշունահար եղած ու արիւնոտած էր. այդ արիւնը սրտիս մէջ բնական էր որ չպիտի մնար, սիրտս պոռթկաց եւ այդ պոռթկումի արդիւնքն եղաւ տղայի մը նման հեկեկալով լալ։ Քովիններս բնական էր որ պիտի ջանային զիս յուսադրել եւ մխիթարել, բայց ապարդիւն. ես միայն իմ սրտիս կսկիծով կը գալարուէի եւ կ’ողբայի Կուսակցութեան պառակտումն. ինծի համար աւելի ցաւալին այն էր թէ, ինչ որ բռնապետութիւնը յաջողած չէր Հնչակեան Կուսակցութիւնը իր բիրտ ուժով տկարացնել, մենք Հնչակեաններս ինքնաբերաբար տեղի ունեցած հերձուածով Կուսակցութիւնը կը կը տկարացնէինք։ Լուռ ու մունջ դեռ արտասուացս շիթերը չդադրած պատրաստած անկողնոյս մէջ փռուեցայ հոն թափելու արտասուքներս...

Առաւօտ էր Ասլան այնպէս ենթադրած էր թէ անպատճառ Նազաբէկի կողմ պիտի անցնէի։ Իր հարցման պատասխանեցի։

Հիմայ ոչինչ չեմ կրնար ըսել քանի որ երկու կողմն ալ ունիմ հին ընկերներ, հետեւաբար հապճեպով որոշում մը տալս կրնայ ըլլալ որ ապագային սխալած ըլլալս զգացնէ ինձ։ Թէեւ ես այնչափ հաւատք չունիմ Արփիարի վրայ բայց պէտք ունիմ խնդիրը մօտէն եւ մանրամասնօրէն քննել, որպէս զի սխալ քայլ մը առած չըլլամ. պէտք է երկու կողմի ընկերներուս հետ շփուիմ, գաղափարներու փոխանակութիւններ ունենանք, անկից վերջ խնդիրը ինքնին կը դիւրանայ. ուրեմն այժմ ես փափուկ դրութեան մէջ կը գտնուիմ։

Նոյն առաջարկն ըրաւ ինծի նաեւ Արփիարի կեդրոնի անդամ Միհրան Սըվազլըն որ Լարնաքա կը գտնուէր, եւ ես նոյնը պատասխանեցի իրեն, ինչ որ պատասխանած էի արդէն Ասլանին։

Լարնաքայի մէջ Արփիարականները աւելի շատ էին. որչափ որ Ասլանին հիւր եղած էի, կը տեսնուէի միշտ Արփիարականներու հետ եւ կը լսէի իրենց ըսածները։ Վերջապէս ինծի համար դեռ գոյութիւն չունէր Կուսակցութեան պառակտումը. բոլոր Հնչակեաններու հետ կը տեսնուէի իբր Հնչակեան ընկեր։

Վերքը շատ խորունկ էր եւ ցաւը կսկծալի. այդ կսկիծը շատ անգամներ աչքերէս արտասուաց շիթեր կը խլէր, եղածը եղած էր. դառն իրականութեան մը հանդէպ կը գտնուէի։ Տեղի ունեցած պառակտման եւ գժտութեան վերջ տալը իմ կարողութենէս շա՜տ ու շատ վեր էր. պէտք էր եւ ստիպեալ էի համակերպիլ. ուրիշ ճար չկար։

Ինծի կը մնար անխտիր ամէն Հնչակեաններու հետ իբր ընկեր տեսնուիլ, լսել եւ հաւաքել տեղեկութիւններ ու փաստեր որոնց վրայ միայն հիմնուած կարելի էր իմ դիրքս ճշդել. ուրեմն պէտք էր շուտով Լոնտոն երթայի եւ խնդիրը մօտէն շօշափէի։

Ընկերներս գիտէին որ Կիպրոս շատ չպիտի մնամ. փափաքեցան զիս Նիքոսիա տանիլ եւ թէ արդէն Նիքոսիոյ երեւելի վաճառականներէն Կիւվէզեանի տիկին Յուլիանէ մեր ընկերուհին մասնաւորապէս հրաւիրած էր զիս, իրենց տունն հիւրնկալելու համար։

Փափաքեցայ Նիքոսիա գտնուած անգլ. բանտը տեսնել, ինչ որ շատ կը գովէին մեր ընկերները։ Բանտին տնօրէնութեան սովորութիւնն էր որ, բանտ այցելողները տոմարը պէտք էր ստորագրէին։ Կարեւորութիւն չտալով իսկական անունովս եւ մականունովս ստորագրել ուզեցի, ստորագրելէս վերջ թուրք պաշտօնեան բացագանչեց։

Դուք այն Ճանկիւլեա՛նն էք, որ եօթը տարի առաջ Գուրպան Պայրամին առաջին օրը ձեր Պատրիարքարանի ցոյցին պարագլուխն էիք. այնպէս չէ՞։

Ո՛չ, ես երեք օր առաջ Պոլիսէն Կիպրոս հասայ եւ քանի մը օրէն նորէն Պոլիս պիտի վերադառնամ, ես ուրիշ Ճանկիւլեան մ’եմ։

Պաշտօնեան չկլլեց ըսածս, բայց ի՞նչ փոյթս եւ ինչ կարող էր ընել, ոչինչ։

Անգլ[իական] բանտն ընկերներուս պատմածէն աւելի գտայ։

Նախ բանտ մը որուն մէջ բնաւ խտրութիւն չկար։ Իշխանի զաւակէն մինչեւ ամենայետին աղքատին զաւակը պէտք էր միակերպ ուտէին, հագուէին եւ ապրէին. ըստ բանտային օրէնքին, յանցաւոր եթէ ըլլար իշխան մը եւ կամ ամենէն յետին մէկը, սահմանուած պատիժը պիտի կրէր առանց մազի մը չափ բացառութեան։

Ծխելը որ արգիլուած էր, նորէն ընդհանուր էր։ Փուռին մէջ պատրաստուած հացը մէկ տեսակ էր եւ եփուած կերակուրները ամենուն համար էին։ Բաղնիքը պարտաւորիչ էր 15 օրը անգամ մը. անկէ առաջ գացողներուն համար արգելք չկար։ Քանի մը տեսակ արհեստներ կային որ ըստ կամս էին. ուզող բանտակեալը կարող էր աշխատիլ. որոշուած օրականը տնօրէնին քով կը մնար երբ բանտէն ազատուէր տոկոսով մէկտեղ կ’առնէր ու կ’երթար։ Մաքրութեան այնչափ հոգ կը տարուէր որ աղտոտները պատիժի կ’ենթարկուէին։

Բանտարկելոց այցելութեան եկողներու որոշեալ օրերէն զատ ոչ ոք կարող էր ներս մտնել ու այցելել։ Մաքուր հիւանդանոց մը եւ կանոնաւոր դեղարան մը ունէր։ Պտոյտի համար կատարեալ ազատութիւն կար լայն ու ընդարձակ բակին եւ պարտէզին մէջ։

Ամէն մէկ բանտարկեալի խուցին մէջ մահճակալ մը եւ անկողին մը եւ գիրք մը կար։ Դուրսէն խուցերու դռներուն վրայ տախտակներ կախուած էին, որոնց վրայ յատակ կերպով գրուած էին բանտարկելոց ձերբակալման թուականը, պատիժի որքան ըլլալը եւ ազատ արձակուելու թուականը։

Բանտին մէջ հանգիստ չկեցող կամ ո եւ իցէ յանցաւորի մը համար ո՛չ շղթայ կար եւ ոչ ծեծ ու ոչ ալ կոշտ հայհոյութիւններ, այդ տեսակներուն համար (անշուշտ գործած յանցանքին համեմատ) քար կոտրել կար. բանտարկեալը իրեն օրինակ տրուած քարի չափով ու մեծութեամբ պէտք էր կոտրէր որոշ ժամու մը մէջ. եթէ մինչեւ որոշեալ ժամուն չկոտրեր ու չվերջացներ, այն ատեն յաւելում կ’ըլլար եւ բանտարկեալը ստիպեալ էր շուտ կոտրել վերջացնել, որպէս զի կրկին յաւելում չըլլար։ Պատիժի ուրիշ տեսակ մ’ալ կար։ Ճիշդ խոշոր կլոր ժամացոյցի նման` այսինքն 50 սանդիմէթր խոշորութեամբ եւ այդ ժամացոյցին ետին տպագրական մեքենայ մը դարձնելու պէս փայտ մը կար շարժելու համար. որպէս զի սլաքը յառաջանար։ Յանցանքին համեմատ բանտին տնօրէնութիւնը կ’որոշէր թէ այդ ժամացոյցին վրայի սլաքը մինչեւ ո՞ւր պիտի հասնէր որոշեալ ժամու մը մէջ. եթէ բանտարկեալը ծուլութիւն ընէր եւ ետեւի այդ անիւը չդարձնէր եւ որոշեալ ժամուն սլաքը որոշ տեղը չհասնէր, նորէն շարունակել կուտար, անշուշտ վրան յաւելում ընելով։ Ահա այս երկու պատիժներն էին որ պիտի կրէին բանտարկեալները։ Թուրքիոյ բանտերուն բաղդատմամբ ասիկա արքայութիւն է կ’ըսէի եւ պատրաստուած էի մեկնիլ երբ թուրք պաշտօնեան եկաւ եւ ըսաւ.

Ի՞նչպէս գտաք, հաւնեցա՞ք մեր բանտին եւ օրէնքին որ մեր պաշտօնեան անշուշտ ձեզ բացատրեց։

Այո, հաւնեցայ. շնորհակալ եմ որ արտօնեցիք եւ գաղափար մը կազմեցի։

Թրքական բանտերու հետ բաղդատելով մերինը ի՞նչպէս կը գտնաք։

Ես ոչ բանտարկուած եմ եւ ոչ ալ Թուրքիոյ բանտերը տեսած. բայց պատմածնուն նայելով բաղդատմամբ ձեր բանտերը հիանալի են։

Գիտէի թէ պաշտօնեային նպատակն ի՛նչ էր. կ’ուզէր խօսք առնել ինձմէ։ Մտովի ըսի. շա՜տ ուշ մնացեր ես, ողորմելի արարած։

Արդէն դրան քով հասած էինք. շնորհակալութիւնս յայտնելէն վերջ մեկնեցանք բանտէն։

Լարնաքա էի։ Հալէպէն հոն հասան Հնչակեան Գրիգորեան եղբայրները, երբ զիս տեսան զարմացմամբ ըսին.

Կառավարութիւնը կարծելով թէ Խտիվական շոգենաւով Մէրսին ելած էք. Մէրսինը Իսքէնտէրունը տակն ու վրայ կ’ընէ եւ ձեզի կը փնտռէ։ Ատանա, Հալէպ եւ ուրիշ տեղեր հեռագիրներ տուած է ձեր մասին լուր մը առնելու։ Շատ զղջացած են որ ձեզ հսկողութեան ներքեւ Մէրսին ղրկած չեն. վերջապէս գիշեր ցորեկ Ճանկիւլեանը կը փնտռեն։

Քանի որ կը փնտռեն, ըսել է կը փափաքին որ տեսնուինք. կը յուսամ որ վերջէն պիտի կարենամ տեսնուիլ, ոչ թէ իրենց ուզած ձեւով այլ իմ ուզած ձեւովս. իսկ հիմա որոշած եմ արդէն Եւրոպա երթալ ու քիչ մը պտտիլ։

 

ՎԵՐՋ Դ. ՄԱՍԻՆ