ՄԻԼՈՅԻ
ԱՍՏՂԻԿԻՆ
Քու
մարմարեայ
հպարտ
վիզդ
է՝
որ
այսօր
Դուրս
կարկառուած
կործանումէն
դարերուն՝
Իբրեւ
շուշան
կամ
նունուֆար
մը
աղուոր
Կ'իշխէ
բոլոր
մեծ
Արտերուն
վրայ
խոհուն:
Աչքերուդ
մէջ
ամբողջ
լոյսը
կը
ցոլայ
Հելլէնական
մըշտապայծառ
Երկնքին,
Ցայտեց
հոգի
մ'այդ
բիբերէդ
մարմարեայ՝
Երբոր
ինկան
մուրճին
ներքեւ
հանճարին:
Արձանէդ
իսկ
գորով
ու
կեանքը
կը
բղխի՝
Կարծես
ծընած
ըլլայիր
նոր՝
ծովէն
գէջ,
Կարծես
վիհին
լուս
կաթիլները
աղի
Դեռ
շողային
այտերուդ
զոյգ
փոսին
մէջ:
Բայց
քու
թեւերդ
ո՞ւր
մնացին,
ո՛վ
Աստղիկ.
Խորը
ծովո՞ւն՝
թէ
տարրերուն՝
ընկղմած
Դեռ
կ'որոնեն
Սիրոյ
մարգրիտն
ըզմայլիկ՝
Ճակտին
համար
մեր
Աշխարհին
զառամած:
1913,
մայիս,
Բերա