ԿՆՈՋ
ԴԱՏԻՆ
ՆՈՐԱԳՈՅՆ
ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐԸ
Կինը
հիմն
է,
եթէ
կ՚ուզէք,
ակն
ու
աղբիւրը
ցեղի
մը։
Կինը
ցեղի
մը
ներշնչումն
է։
Alfred
Henry
Lewis
Կնոջ
ազատագրութեան
հարցը
նոր
թափով
մը
սեղանի
վրայ
եկաւ
դարձեալ,
առաջին
կին
պատգամաւորի
մը՝
Նորվէկիացի
Տիկին
Ռօկսգադի
ընտրութեան
առիիթով։
Աւելորդ
պիտի
ըլլար
անշուշտ
անգամ
մըն
ալ
ուրուագծել
Ֆէմինիսդ
շարժումին
էութիւնը,
երբ
անիկա
բոլորովին
ծանօթ
է
ամէն
կարգի
ընթերցողներու.
բայց
շահեկան
էր
անշուշտ
քննել
թէ
ի՞նչ
յեղաշրջութեան
ենթարկուած
է
անիկա
այս
վերջին
ժամանակներս
եւ
ի՞նչ
բաներ
եղած
են
դրդապատճառները՝
անոր
ստացած
նորագոյն
ուղղութիւններուն։
Յայտնի
է,
եւ
նոյնիսկ
այդ
շարժումին
թշնամիները
կը
խոստովանին
թէ
կնոջ
թօթափած
է
գրեթէ
բոլորովին
իր
քննադատելի
եւ
մարդկային
բնութեան
հետ
անհաշտ
կողմերը,
եւ
անիկա
փոխանակ
ըլլալու
կարգ
մը
յանդուգն
եւ
եզականապէս
օժտուած
կիներու
մէկ
բուռն
արտայայտութիւնը՝
դարձած
է
ընկերային
յեղափոխութեան
ամենամեծ
օժանդակը։
Առանց
կնոջ
ազատագրութեան
կարելի
չէ
այլեւս
բանաձեւել
ոեւ
է
ընկերական
վիճակի
բարւոքում
եւ
ապագայ
ընկերութեան
իտէալ։
Հին
բարքերով
անդամալուծուած
եւ
նախապաշարումներով
կաշկանդուած
երկիրներու
մէջ
է
միայն
որ
կը
կարծեն
թէ
մարդկութեան
կէսը
պահելով
բռնութեան
եւ
ստրկութեան
մէջ
կարելի
է
ոեւէ
չափով
տանելի
կեանք
ստեղծել.
բոլոր
այն
տկարութիւնները
եւ
թերութիւնները
որ
կը
վերագրուին
կնոջ
եւ
որոնց
վրայ
հիմնուելով
անհետռատես,
փոքրիկ
բռնաւորներ
կ՚արդարացնեն
իրաց
այդ
վիճակը՝
հետեւանքն
են
կնոջ
մինչեւ
հիմա
ապրած
ստորադասի
դրութեան.
տարիներու
եւ
դարերու
ընթացքին
կնոջ
վզին
կապուած
անբորտակելի
շղթաները
զինքը
անչափահաս
տղու
մտայնութեան
հասցուցած
են.
կինը
դարձած
է
ճարպիկ,
խորամանկ,
ստախօս
եւ
քծնող
եւ
իր
ներքին
զօրութեան
արտայայտութիւնը
զգալով
միմիայն
իր
հրապուրողի
հանգամանքին
մէջ,
եղած
է
նաեւ
պչրող
եւ
նենգաւոր
եւ
զարմանալի
չէ
որ
երբ
առիթը
ներկայացած
է
իր
վրէժը
լուծած
է
մասնակի
կերպով,
բայց
անողոք
եւ
նրբին
չարութիւնով
մը։
Այդ
մարդուն
կնոջ
վրայ
գործած
դարաւոր
բռնապետութեան-նուիրագործուած՝
ժամանակի
ընթացքին-
մէկ
բնական
հակազդեցութիւնն
էր
Ֆէմինիզմի
առաջին
օրերուն
երեւան
բերած
չափազանցութիւնները
եւ
անտեղի
պահանջները
որոնք
դիւրին
առիթը
ընծայեցին
քննադատութիւններու,
բայց
ժամանակի
ընթացքին,
քաղաքակիրթ
երկիրներու
մէջ
կնոջ
տրուած
բարձր
դաստիարակութեան
շնորհիւ
կիները
մտան
իրենց
յարմարագոյն
եւ
ճիշդ
ուղղութեան
մէջ
եւ
հետզհետէ
գրեթէ
առանց
մեծ
դժուարութիւններու
տեղ
շահեցան։
Այսօր
այլեւս
ոչ
մէկ
իմաստուն
կին՝
հարցը
կը
դնէ
հաւասարութեան
սկբզունքին
վրայ,
կինը
մարդուն
համարժէք
է,
այո՛,
բայց
ոչ
հաւասար
կամ
նման,
այս
պարզ
խնդիրն
էր
որ
սկիզբները
մէկ
եւ
միւս
կողմէ
թիւը
կարծիքներու
տեղի
տուած
էր.
ֆիզիքական
կազմութեան
տարբերութիւնը
գիտականօրէն
յառաջ
պիտի
բերէր
նաեւ
բարոյական
եւ
հոգեկան
տարբերութիւններ։
Պնդել
թէ՝
կինը
կարող
է
ի
հարկին
այր
մարդու
յատուկ
ամէն
արհեստները
եւ
պաշտօնները
կատարել.
Ֆիմինիսդներու
մոլեռանդութեան
հետեւանքն
էր
ինչպէս
նաեւ
սխալ
էր
պնդել
հիմնուելով.
կնոջ
կազմութեան
փափկութեան
վրայ
թէ
այս
վերջինները
մշտնջենական
խնամակալութեան
կարօտ
էին։
Նշանաւոր
եւ
գործունեայ
ֆրանսացի
գրագիտուհիի
մը
Տիկին
Ժիւլիէթ
Ատան
ի
սա
կարծիքը
կարելի
է
իբրեւ
ամենէն
ճիշդ
եզրակացութւնը
ընդունիլ
այդ
վէճին։
-
«Կինը
մարդուն
հաւասար
չէ,
անիկա
համարժէքը
եւ
ամբողջացնողն
է.
ընկերութիւն
մը
կրնայ
միմիայն
տեւել
այն
ատեն
երբ
կնոջ
եւ
մարդուն
անձերուն
հասկացողութիւնը
կ՚ունենայ»։
Հեղինակաւոր
եւ
այլեւայլ
մեծ
ազգերու
պատկանող
գիտուներ,
իմաստասէրներ
եւ
ընկերաբաններ
իրենց
զանազան
արտայայտութիւններուն
մէջ
համաձայն
կը
գտնուին
այս
եզրակացութեան
որը
տիրական
ուղղութիւնը
կուտայ
ներկայ
կնոջական
դատին։
Բնութիւնը
արդէն
ճշդրած
է
դիրքերը.
որքան
ալ
մութ
եւ
նոյնիսկ
կիսավայրենի
համայնքներու
մէջ
երթանք
եւ
տեսնենք
որ
ընտանիքին
մէջ
կնոջ
դերը
միշտ
նոյնն
է.
անիկա
իր
վրայ
առած
է
պարտաւորութեանց
ամենէն
նուիրականը
եւ
թերեւս
ամենէն
դժուարը՝
տղոց
դաստիարակութիւնը,
ու
ամենէն
աւելի
բռնութեան
տակ
եղած
երկիրներու
մէջ
իսկ
կինը
իր
ընկերական
դերը
կ՚սկսի
երբ
մայր
կը
դառնայ,
իր
ձգտումները,
իր
փափաքները
եւ
իտէալները
կը
հետապնդուին
եւ
կը
գործադրուին
իր
իսկ
բարոյական
միջոցներով
զինած
զաւկին
բազուկովը.
ընկերական
կեանքի
թատերավայրին
վրայ
ինքը
վարագոյրին
ետեւը
կը
մնայ
բայց
ի՞նչ
կարգի
բռնութիւն
կարող
է
արգիլել
զինքը
ներշնչելու
իր
կուրծքին
վրայ
մեծցած
տղաքները։
Յաճախ
չէ՞
պատահած
միթէ
որ
հերոսական
ոեւէ
արարք,
կամ
իմաստուն
եւ
առաքինի
կեանք
մը
իբրեւ
առաջին
հիմնական
դրդապատճառ
ունեցած
ըլլայ
մայրական
արցունքի
կաթիլ
մը
կամ
գոհունակութեան
ժպիտ
մը։
Կինը
իբրեւ
մայր
ամենակարող
է
եւ
այդպէս
ալ
եղած
է
միշտ.
ինչ
որ
ալ
ըլլան
հետզհետէ
կեանքի
ընծայած
պայմանները,
ինչքան
ալ
մարդիկ
խաթարուին
կամ
ազնուական
դէպքերու
եւ
տարիներու
ընթացքին
առաջին
դաստիարակութիւնը,
մայրական
դրոշմը,
անջնելի
հետքեր
կը
թողու
մարդու
մը
խառնուածքին
մէջ։
Այսօրուան
կինը,
իր
գերագրգռուած
ձգտումներով,
իր
ստացած
բազամակողմանի
դաստիարակութիւնով
ուրիշ
բանի
չի
ձգտիր,
բայց
եթէ
ընդլայնել
իր
իր
ազդեցութեան
շրջանակը.
դուրս
ելնել
ընտանիքի
մը
սահմանափակ
կեդրոնէն,
իր
դաստիարակիչի
եւ
խնամողի
դերը
լայնօրէն
եւ
անկաշկանդ
կատարել
այր
մարդուն
հետ
քով
քովի,
լրացնելով
եւ
ամբողջացնելով
անոր
ջանքերը։
Կինը
բժիշկ,
հիւնադապահ,
ուսուցչուհի
թէ
փաստաբան
կը
մնայ
իր
տրամաբանական
դերին
մէջ.
ընկերական
յեղաշրջման
արագ
եւ
անդիմադրելի
ընթացքին
մէջ
անիկա
իր
ինքնուրոյն
եւ
գեղեցիկ
դերը
ունի
կատարելիք
եւ
այլեւս
պէտք
չունի
իր
ազատութիւնը
հաստատելու
համար
մտնալու
իր
խառնուածքին
անյարմար
եւ
այրերու
յատուկ
գործունէութեան
դաշտին
մէջ։
Փոխն
ի
փոխ
խնամող
եւ
ամոքող,
պայքարող
եւ
ատենախօսող
նոր
կինը
հարկադրուած
է
յայտնել
իր
սեռին
պահանջքները
իրաւունքները
եւ
ճարտարութեամբ
վարել
իրաւազուրկներու
եւ
ճնշուածներու
սրբազան
դատը։
Կնոջ
ջանքը
եւ
գործունէութիւնը
անհրաժեշտ
եւ
գնահատելի
օժանդակութիւն
մը
նկատուած
է
արդէն
բոլոր
վեհանձն
եւ
ազնիւ
իտէալներով
վառուած
մարդոց
համար
եւ
վիճողները
ու
քննադատողները
ուրիշ
ազդակ
չեն
ունեցած
այլ
միայն
ճրցակցութեան
ճղճիմ
եւ
անարժան
հաշիւներ։
Ուրեմն
Տիկին
Ռօկսթադի
ընտրութիւնը
ուրախութիւն
կը
պատճառէ
աշխարհիս
ամէն
կողմը
գտնուող
ֆէմինիսդներուն,
որովհետեւ
անիկա
նոր
դաշտ
մը
կը
բանայ
կնոջական
գործունէութեան,
կը
հայթայթէ
իր
դատին
պաշտպանութեան
շատ
նպաստաւոր
միջոց
մը
եւ
նաեւ
կը
նուիրագործէ
կնոջ
ընկերական
դերին
մեծ
կարեւորութիւնը։