ՀԱՅ
ԿՆՈՋ
ԴԵՐԸ
ՄԵՐ
ՕՐԵՐՈՒՆ
ԴԷՊ
Ի
ԵՐԿԻՐ
Երբ
արագ
ակնարկ
մը
նետենք
հայ
կնոջ
ցոյց
տուած
ընդունակութիւններուն,
անոր
հանճարին
եւ
գործունէութեան
կերպին
անցեալին
եւ
փոխանցման
շրջաններուն
մէջ-
ինչպէս
եթէ
աչքի
առաջք
ունենանք
այդ
գործունէութեան
եղանակը,
որուն
յանգած
է
մեր
օրերուն
քաղաքական
նոր
ձեւերու
ազդեցութեամբը
բարեփոխուած՝
որոշ
եզրակացութեան
կը
հասնինք
որ
շատ
թանկագին
տարրեր
կան,
կան
նաեւ
բարի
տրամադրութիւններ
բայց
այդ
ամէնը
չեն
մտած
իրենց
յատուկ
լաւագոյն
եւ
բնականոն
ուղղութեան
մէջ,
այս
գլխաւոր
պարագայէն
յառաջ
եկած
են
սխալ
հասկացողութիւններ,
կամքի
եւ
ջանքերու
ի
զուր
վատնում
եւ
հետեւաբար
անբացատրելի
ամլութիւն
մը։
Նախորդ
յօդուածներով
ջանացի
բացատրել
թէ
ինչպէս
մայրաքաղաքացի
հայ
կինը
ինքնաբերաբար
գեղեցիկ
շարժումով
մը
ձեռք
առած
է
դաստիարակութեան
գործը.
բռնապետութեան
տաժանելի
եւ
զարհուրելի
օրերուն
գիտենք
նաեւ
թէ
ինչպէս
բնագաւառի
հայ
կինը
եւ
հայ
քոյրը
յաճախ
բաժնելով
անհաւասար
եւ
յուսահատական
պայքարներու
բոլոր
վտանգները
բաժնած
են
նաեւ
երբեմն
իրենց
ամուսնոյն,
իրենց
եղբօր
բանտը
եւ
աքսորը…եւ
մեր
ատենները
երբ
աղէտին
յաջորդող
մղձաւանջային
օրերուն
մեզի
կարելի
եղաւ
աւերուած
ու
ջարդուած
հայութեան
մը
ողորմելի
բեկորներուն
մօտենալ
անձամբ
տեսանք
այն
գուրգուրալի
օգնութիւնը,
որ
ամէն
կողմէն,
արտասահմանի
քաղաքներէն,
Պոլիսէն,
Իզմիրէն
եւ
թէ
մանաւանդ
ուրիշ
հայկական
գաւառներէն,
հայ
կինը
փութացուց։
Բայց
բոլոր
այս
սրտապնդող
երեւոյթներուն
առաջք
կրնա՞նք
ըսել
թէ
մեր
բազմակարօտ
ազգին
բոլոր
պէտքերը
գոհացուցած
են։
Պատկերը
որ
կը
ներկայացնէ
մեր
կրթական
գործը
առ
հասարակ
կարելի
եղածին
չափ
գէշ
է.
ոչ
միայն
քաղաքներու
մէջ
ուր
ամէն
միջոց
ունին,
կրթական
ծրագիրը
կը
մնայ
աննկարագրելի
կերպով
յետամնաց
վիճակի
մը
մէջ,
այլ
նաեւ
չերեւիր
ոչ
մէկ
դրդում
ուսուցչական
մարմնին
կողմէն,
ոչ
մէկ
անհանգստութիւն
եւ
վրդովմունք
գիտակից,
ըսել
կ՚ուզեմ
մտաւորական
տարրերու
կողմէ,
այնպէս
որ
հաւանականութիւններ
կան
որ
այս
այսպէս
շարունակուի։
Այլ
սակայն
անըմբռնելի
զանցառութիւն
մըն
է
ասիկա։
Ահաւասիկ
երեք
տարի
է
որ
երկրին
դուռները
բացուած
են,
ամէն
կողմէ
քաղաքակիրթ
երկիրներու
առաւելութիւնները
անձամբ
զգացող
տարագիրներ
վերադարձած
են
մեր
մէջ,
միւս
կողմանէ
մամուլի
էջերը
բաց
են
ամէն
կարգի
պահանջներու
եւ
գանգատներու
բայց
ոչ
մէկ
խլտրում,
ոչ
մէկ
ձայն,
դպրոցական
տարեշրջանները
կը
բոլորուին
ու
կը
վերսկսին
ինչպէս
հին
րէժիմի
տակ։
Միւս
կողմէ
գաւառներու
մէջ
ուսմունքի
եւ
լուսաւորութեան
ծարաւի
սերունդներ
կը
մնան
առանց
օգնութեան,
ականատեսները
կը
պատմեն
թէ
ինչպէ՞ս
սովէ
տանջուող
ամբողջ
գաւառներ
հացի
հետ
գիրք
կը
խնդրեն
հաւասար
անհամբերութիւնով
մը.
ընդարձակ
երկիրներ՝
բնակուած
հայերէ,
կը
մնան
անոք,
անօգնական ,
կնճռոտ
եւ
տաժանելի
պատահարներու
առաջք։
Ի
զուր
եւ
անշիջելի
հաւատքով
մը
տառապած
գաւառացին
իր
աչքը
կը
դարձնէ
կեդրոններու
մէջ
յայտնուող
բարի
կամքերու,
յայտնի
անհատներւո
հրապարակաւ
ըրած
յայտարարութիւններուն
եւ
գաւառի
անունով
իսկ
կազմուած
ընկերութիւններու։
Անկարելի
է
ինծի
նկարագրել
այն
յուզմունքը
որ
կ՚զգայի
ամէն
անգամ
երբ
Ատանայի
աղէտէն
ամենէն
աւելի
վնասուած
Հայաստանցի
որբուհիներ
եւ
արիներ
ամէն
մէկ
դժուարութեան
առթիւ
կ՚ըսէին.
-
Գրեցէ՛ք,
Հայուհեացին,
գրեցէք,
Տիկնանց
ընկերութեան,
մեր
տարտը
լաւ
մը
հասկցուցէք
ու
անոնք
կը
հասկնան,
ինչո՞ւ
պիտի
չհասկնան։
Շատ
անգամ
անգէտ
եւ
յետոին
թշուառութեան
մատնուած
արարածներ
էին
եմզի
հետ
խօսողները
բայց
ամէն
մէկը
գոց
գիտէին
կազմուած
հայ
ընկերութիւններու
անունները։
Թէ
ինչո՞ւ
այդ
բարենապատակ
ընկերութիւնները
չէին
հասկնար
իրենց
տէրտը,
իրենց
հոգերը
պատճառը
շատ
պարզ
է,
այդ
ընկերութիւնները
հիմնուած,
ծրագրուած
եւ
գործունէութեան
մէջ
երկրէն
հեռու,
ուղղակի
յարաբերութեան
մէջ
չեն
նպաստընկալ
եւ
խնդրարկոը
տարրին
հետ։
Հին
րէժիմի
ատեն
անանցանելի
պարիսպ
մը
մեզ
կը
բաժնէր
մեր
հայաստանցի
եղբայրներէն
եւ
քոյրերէն.
բայց
այսօ՞ր…։
Ես
բոլորովին
համոզուած
եմ
որ
բարւոք
գործունէութեան
միակ
միջոցը
տեղափոխուիլն
է
մտաւորական
ուժերուն
դէպ
ի
երկիրը,
դէպ
ի
ժողովուրդը…։
Օսմ[անեան]
Սահմանադրութեան
հռչակումին
առաջին
օրերուն
իսկ
ես
երազեցի
այդ
հրաշալի
պատկերը.
ես
երազեցի
համոզումով
ու
հաւատքս
անխախդ
մնացած
է
եւ
անշուշտ
թէ
օր
մը
ականատես
պիտի
ըլլանք
այդ
հրաշքին։
Եւրոպայի
թէ
Ամերիկայի
այլ
եւ
այլ
քաղաքներէն,
Կ.
Պոլսէն
եւ
Իզմիրէն
ամէն
դասակարգի
եւ
ամէն
տեսակ
կարողութեան
տէր
հայ
կիներ
եւ
աղջիկներ
պատուիրակութիւններ
կազմելով
կ՚երթան
դէպ
ի
երկիր
կը
ցրուին
ամենէն
մութ
եւ
ամենէն
կարօտ
անկիւնները։
Անոնք
կ՚երթան
ինչպէս
Ռուսաստանի
ազնուապետական
կիներէն
ոմանք,
ինչպէս
համալսարանականները
եւ
անձնուէր
աղջիկները
թողնելով
իրենց
քաղքենի
պերճութիւնները,
հանգստաւէտ
պայմանները,
փառասիրութիւնները,
սէրերը
եւ
հրահրքները.
կ՚Երթան
դէպ
ի
ժողովուրդին
համեստութիւնով
եւ
հոգինին
զեղուն
նորատեսակ
հրայրքով
մը.
անոնք
կ՚երթան
տառապած
ժողովուրդին
խոնարհաբար
բացատրելու
թէ
ինչո՞ւ
ուշացած
են
եւ
փութալու
անոր
բազմատեսակ
պահանջքներուն
գոհացում
տալու։
Ու
իրենց
աչքերովը
կը
տեսնան
իրենց
ականջներով
կը
լսեն
ցեղին
անլուր
եւ
աննկարագրելի
իրականութիւնը
եւ
այդ
իսկ
պատճառով
իրենց
կանացի
բնազդին
անսպառելի
հնարամտութիւնով,
իրենց
գորովանքով
եւ
սիրով
ճարը
ու
դարմանը
կը
գտնան
վերջապէս
անմխիթար
մնացած
վիշտերու,
սուգերու
եւ
հոգերու։
Ես
վստահ
եմ
որ
գաւառի
հայութիւնն
ալ
իր
վրայ
հեծող
զարհուրելի
ճնշումէն
յանկարծ
սթափած
երազեց
նաեւ
այդ
բանը
ու
սպասեց
այդ
պատուիրակութիւններուն,
սպասեց
թուղթերու
եւ
թերթերու
մէջ
յայտնուած
խոստումներուն
իրականացման
ու
դեռ
կ՚սպասէ…։
Ո՞վ
է
կամ
ո՞ր
խումբը
այս
հրաշքին
իրագործման
մէջ
առաջնութեան
փառքը
պիտի
ունենայ.
ի՞նչպէս
եւ
ե՞րբ
պիտի
սկսի
այս
նորօրինակ
խաչակրութիւնը։
Ես
կը
յուսամ
մեր
ցեղին
անշիջանելի
կենսականութեան
մէջ,
ես
կը
յուսամ
որ
ցեղային
բնազդը
իր
անբռնաբարելի
հանճարովը
պիտի
ծնի
այդ
կիները
եւ
ուշ
չէ
թերեեւս
այն
օրը
երբ
մեր
աղջիկները
զզուած
ու
յոգնած
աշխարհին
սնամէջ
եւ
ունայն
հաճոյքներէն
ականձնին
գոցելով
ապականացնող
շողոքորթութիւններու
եւ
դարպասներու
կեղծիքին
եւ
աչքերնին
փակելով
ունայն
երեւոյթներու
խուսափող
եւ
թառամող
գեղեցկութեան՝
դիմեն
դէպ
ի
յուզումնալի
եւ
կենսաւէտ
գործունէութեանը՝
ժողովուրդին
մէջ։
Ու
այդ
գործունէութեան
դաշտը
ընդարձակ
է,
անսահման
է.
տղաքներ
ու
նոյն
իսկ
չափահասներ
կան
դաստիարակութեան
կարօս.
հիւանդներ՝
խնամելիք,
վշտացեալներ՝
որոնք
մխիթարութեան
կը
սպասեն՝
յուսահատածներ՝
որոնք
դոյզն
յոյսով
մը
պիտի
վերածնին…։
Ամբողջ
ցեղային
կեանք
մը
կայ
որ
վերստեղծող
ձեռքերու
կարօտ
է
իր
բազմաճիւղ
եւ
կնճռոտ
պահանջքներով…։
Ու
եթէ
այդ
հրաշքը
կատարուէր
ի՞նչ
հպարտութիւնով
է
որ
պիտի
կարենայինք
պատասխանել
անոնց
որոնց
մեր
ցեղային
ճակատագիրը
վճռուած
կը
նկատեն.
օտարները
եւ
նոյն
իսկ
մեզի
թշնամի
տարրերը
ակնածանքով
պիտի
անդրադառնային
մեր
անյաղթելի
կենսականութեան
այս
անվիճելի
երեւոյթին
վրայ.
եւ
ո՞վ
գիտէ
եթէ
նոյն
իսկ
օր
մը
պոռթկացող
բուռն
եւ
վայրագ
կիրքերը
թշնամիին՝
անկարողութեան
չպիտի
մատնուէին,
ընկրկելու
հարկադրուած
պայքարի
եւ
ինքնապատշպանութեան
այս
նոր,
քաղցր,
քաղաքակրթիչ
բայց
անդրդուելի
եւ
յամառ
ձեւին
առաջ,
որ
հայ
կիներու
միջոցաւ
պիտի
կատարուէր։
Ահաւասիկ
գործունէութեան
այն
նոր
եւ
փառաւոր
ուղղութիւնը
որ
կը
բացուի
հայ
կիներու
առաջք
եւ
որուն
կրնան
զինուորագրուիլ
ամենէն
խոնարհները,
ինչպէս
ամենէն
կարողները
եւ
ձեռնահասները՝
եթէ
հաւասարապէս
ներշնչուած
են
իրենց
կոչումին
իտէալով
եւ
պատրաստ
ընդունելու
շատ
դժուարին,
շատ
տաժանելի
նիւթական
պայմաններ,
վտանգները
եւ
ծանր
պարտաւորութիւններ։